«Բան Մը Չընել»


Հրայր Ճէպէճեան, Ազդակ, Պէյրութ, 2 Նոյեմբեր 2010
 
«Արգիլուած քաղաք”ը չինական թագաւորական պալատն ու նստավայրն էր, ուր տարիներու ընթացքին արքայական տարբեր ընտանիքներ ապրած էին: Կը գտնուի Պէյճինկ քաղաքի կեդրոնական մասին մէջ, քաղաքը կառուցուած է 1406-էն մինչեւ 1420 թուականներուն, 980 շէնքերէ եւ աւելի քան 8707 սենեակներէ բաղկացած է եւ տարածուած ՝  աւելի քան 720 հազար քառակուսի մեթր տարածութեան վրայ: «Արգիլուած քաղաքը” չինական ճարտարապետական կառոյցի մէկ լաւ ներկայացուցիչն է, եւ որ 1987 թուականին ԵՈՒՆԵՍՔՕի կողմէ արձանագրուած է իբրեւ համաշխարհային մշակոյթի կոթող:

 


Հրայր Ճէպէճեան, Ազդակ, Պէյրութ, 2 Նոյեմբեր 2010
 
«Արգիլուած քաղաք”ը չինական թագաւորական պալատն ու նստավայրն էր, ուր տարիներու ընթացքին արքայական տարբեր ընտանիքներ ապրած էին: Կը գտնուի Պէյճինկ քաղաքի կեդրոնական մասին մէջ, քաղաքը կառուցուած է 1406-էն մինչեւ 1420 թուականներուն, 980 շէնքերէ եւ աւելի քան 8707 սենեակներէ բաղկացած է եւ տարածուած ՝  աւելի քան 720 հազար քառակուսի մեթր տարածութեան վրայ: «Արգիլուած քաղաքը” չինական ճարտարապետական կառոյցի մէկ լաւ ներկայացուցիչն է, եւ որ 1987 թուականին ԵՈՒՆԵՍՔՕի կողմէ արձանագրուած է իբրեւ համաշխարհային մշակոյթի կոթող:

 

Բայց հետաքրքրական է նախադասութիւն մը, որ արձանագրուած է պալատի սրահներէն մէկուն մուտքին: Սրահը անուանուած է «Համերաշխութեան եւ խաղաղութեան” սրահ եւ թագաւորական աթոռին ետին կայ արձանագրութիւն մը ՝  գրուած թագաւորին կողմէ, եւ որ կ՝ըսէ. «Բան մը չընել”:
 
Կ՝երեւի թագաւորը կ՝ուզէր առանձնանալ հոն ՝  այդ սենեակին մէջ եւ «բան մը չընել”: Եթէ «Արգիլուած քաղաքը” իր ճարտարապետութեամբ եւ գեղեցկութեամբ հմայեց այդ օրը ՝  18 սեպտեմբեր 2010-ին, զիս ու հազարաւոր այս զբօսաշրջիկները, բայց կար նաեւ այն իրողութիւնը, որ “Բան մը չընել” նախադասութիւնը աւելիով սրեց մեր հետաքրքրութիւնը եւ մեր ուշադրութիւնը հրաւիրեց իր վրայ:
 
Բայց Չինաստան “շատ բան կ՝ընէ” այս օրերուն…:
 
Տնտեսապէս եւ ճարտարարուեստի իմաստով, երկիրը գլած անցած է համաշխարհային ամէն տեսակի գործօն:  Պէյճինկ դարձած է միջազգային շատ մը գործարարներու նստավայր ՝  դասուելով միջազգային քաղաք, ու երկիրը բացուելով համաշխարհային կարգ ու սարքին ՝  իր վրայ կեդրոնացուցած է բոլորին ուշադրութիւնը:
 
Չինաստան նաեւ սկսաւ բացուիլ եւ աւելի “հանդուրժողական” քաղաքականութիւն վարել քրիստոնէական ներկայութեան նկատմամբ: Եւ այս իմաստով, “Բան մը չընել”ը դարձաւ “Բան մը ընել”: 1978¬ին ծայր առած չինական բարեկարգումներէն ետք, Աստուածաշունչի ընկերութիւնները, գործակցաբար տեղական Ամիթի բարեսիրական կազմակերպութեան, հիմը դրին հրատարակչական գործարարքի մը ՝  Ամիթի անունով, Նանճինկ քաղաքին մէջ: Այս հրատարակչական հիմնարկին գլխաւոր նպատակն է Աստուածաշունչ հրատարակել ու բաժնել: Մինչեւ օրս աւելի քան 88 միլիոն Աստուածաշունչ հրատարակուած ու բաժնուած է. անոր 50 միլիոնը ՝  Չինաստանի համար, իսկ մնացեալը ՝  արտասահմանի:
 
Հրատարակութիւնները եղած են չինարէնով, նաեւ ՝  տարբեր լեզուներով: Չինաստան այսօր աւելի քան 30 միլիոն քրիստոնեայ գաղութ կը հաշուէ, ունի աւելի քան 55 հազար եկեղեցի:
 
Այս բոլորէն ետք տակաւին կայ հարցում մը ՝  ՙԲան մը չընե՞լ”:
Այս բան մը “ընելու” եւ «չընելու” հակասական, բայց այժմէական իրավիճակներէն անցնելով ՝  կը մտնեմ հայկական իրականութեան մէջ ՝  նոյնինքն Պէյճինկի մէջ: Հոն անպայմանօրէն ինքզինք կը պարտադրէ հարցում մը, որուն մէջ կայ նաեւ զարմանք եւ տարօրինակութիւն ՝ «Չինաստանի մէ՞ջ ալ հայ կայ”:
 
Տիգրան Կիւլեքեան Պէյրութը «ձգած է” 1976-ին:
 
Հաստատուած է Քանատա ՝  Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով եւ վերջին 15 տարիներուն կ՝ապրի Պէյճինկ: Բարեկամի մը միջոցով ստացայ անունը եւ կապ հաստատեցի անոր հետ ՝  առանց անդրադառնալու, որ աշխարհը փոքր է եւ կրնայ պատահիլ անսպասելին:
 
Անսպասելին միջինարեւելեան ժողովրդային մէկ ասացուածք է, որ կ՝ըսէ. «Լեռները իրարու չեն հանդիպիր, բայց մարդիկ կը հանդիպին”: Այս իմաստով Տիգրանին հետ հանդիպումը յատկանշական էր: Երկուքս իրարու նայելով ՝  հարց տուինք, թէ ՝  «տեղ մը հանդիպա՞ծ ենք ասկէ առաջ”: Հանդիպումը Էշրեֆիէի մեր թաղամասին մէջ էր, հոն, ուր երկուքս ալ անցուցած ենք մեր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը եւ նոյն շրջանին մէջ ապրելով ՝  իրարու հանդիպած էինք շատ անգամ: Այսօր դարձեալ կը հանդիպինք ՝  նոյն հայկական ջերմութեամբ եւ Պէյրութի ուժականութեամբ, բայց ՝  Չինաստանի մէջ:
 
Մեր հանդիպումին Տիգրան իրեն հետ բերած էր ուրիշ հայորդի մը, որ դարձեալ հայու հետ հաղորդուելու կարօտով մեզի հետ կիսեց իր օրը
եւ հարազատութիւնը: Լուսինէ Սարգսեան ծնած է Ջաւախք, պատանի տարիքէն ընտանեօք փոխադրուած է Ռուսիա: Չինարէնին եւ չինական քաղաքակրթութեան հանդէպ իր հետաքրքրութիւնը զինք բերած է Պէյճինկ ՝ համալսարանական ուսումը շարունակելու համար:
 
Տիգրան ամուսնացած է չինացիի մը հետ, նոյնպէս ՝  Լուսինէն. Լուսինէն ունի մանչ զաւակ մը: «Հետը հայերէն կը խօսիմ,- կը պատմէ Լուսինէն: Հայերէն այբբենարանը կողքին ՝  զաւակիս կը սորվեցնեմ հայկական մեր տառերը”, կը շարունակէ ան:
 
Տակաւին կայ աւելին… : Արեան կանչն ու քրիստոնէական ինքնութիւնը Լուսինէն տարած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, ուր ամուսինն ու զաւակը մկրտուած էին:
 
Կը շարունակենք մեր զրոյցը ՝  միայն աշխարհագրականօրէն գտնուելով Պէյճինկի մէջ…: Էշրեֆիէի մեր թաղամասը, մեր բոլոր դրացիները ու ծանօթ¬անծանօթ բոլոր անունները կը յիշենք ու կը զրուցենք անոնց մասին: Տիգրանին հետ կը վերյիշենք ու կը վերապրինք մեր թաղին ջերմութիւնը, հաղորդականութիւնը, նաեւ ՝  հայուն կարօտը: Լուսինէն կը հետեւի եւ երբեմն կը մտնէ խօսակցութեան մէջ ՝  մեր այդ օրուան ու պահուան վրայ աւելցնելով Ջաւախքի ջերմութիւնը…:
 
Երեք հայեր Պէյճինկի մէջ նստած են ՝  իւրաքանչիւրը իր պարունակին մէջ, անոնք եթէ մէկ կողմէ կը շեշտեն հայուն կարօտը, բայց նաեւ իւրաքանչիւրը իր պայքարով հանդէս կու գայ:
 
Տարբեր երկիրներու եւ պայմաններու մէջ ապրելով ՝  իւրաքանչիւրս կերտած էինք մեր պայքարը, բայց անպայմանօրէն նաեւ մեկնելով անհատական եւ ընտանեկան տուեալներէն ու ապրած երկրի պարտադրանքներէն: Եւ այսօր եթէ սփիւռքահայ գաղութները կը ստանան նոր տարբերակ, բայց նաեւ ՝  կենցաղ, որովհետեւ անոնք կը փոխուին իրենց անցեալի վիճակներէն ու տուեալներէն: Երեւոյթ մը, որ անխուսափելի է:
 
Այս փոփոխութեան գործօնն ալ պիտի շարունակուի, եւ մենք պիտի քալենք փոխուած ու փոխուող նոր վիճակներուն մէջէն. իրողութիւն մը,
որուն դէմ յանդիման պիտի գտնուինք կամայ թէ ակամայ, որովհետեւ ներկայ աշխարհը ունի նոր մշակոյթի պարտադրանքներ, որուն ենթակայ է նաեւ հայը, յատկապէս ՝  սփիւռքահայը:
 
Տիգրանին եւ Լուսինէին պարագան մեր նորօրեայ իրականութեան մէկ մասնիկն են: Հին սփիւռքի ջերմութիւնն ու նոր սփիւռքին բերած պարտադրանքներուն միջեւ հայը կը տարուբերի ՝  ի խնդիր եւ ի գին իր գոյապայքարին:
 
Իրականութիւն մը առկայ է ամէն տեղ ՝  աշխարհով մէկ տարածուած հայկական իրավիճակներուն մէջ:
 
Բայց «Արգիլուած քաղաքի” սրահին պատին վրայ նախադասութիւնը տակաւին հետաքրքրութիւս գրաւած է. «Բան մը չընել”: Հայուն բոլոր նոր իրավիճակներուն մէջ այս նախադասութիւնը պիտի մնայ ցցուն: Հայրենի թէ սփիւռքահայ իրականութիւններուն մէջ տիրող բոլոր պայմաններուն դիմաց կարելի՞ է «բան մը չընել”:
 
Եթէ այս նախադասութիւնը կու գայ պատմութեան արխիւներէն, բայց անպայմանօրէն կը դրուի հայուն առջեւ, այսօր, իբրեւ աշխատանքային հիմք ու գործօն իր նորօրեայ բոլոր մարտահրաւէրներով:
 
«Բան մը չընե՞լ”, թէ՞ «Բան մը (չ)ընել”:
 
Նոյն Հեղինակէն՝

 
 
You May Also Like
Read More

Հայկական Ծնունդը

Գրիգոր Գրաճեան, Պէյրութ, Դեկտեմբեր 2010 Ընտանեօք նստած ենք սեղանին շուրջ: Հայրիկը կը բաժնէ թղթիկներ, որոնց վրայ իր մաքուր…
Read More