Հայկական «Տագնապ»ներու Առիթով
Պարոյր Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ, 4 Յուլիս 2018
Հայ ժողովուրդը կը հպարտանայ իր Ոսկեղնիկով:
Հայոց լեզուն զինք հայ պահած է:
Հայերէնը հայու ինքնութեան անփոխարինելի զէնքն է:
Սակայն, առանց պատմութեան բաւիղներուն մէջ մտնելու, կ’արժէ արագ հայեացք մը նետել, գէթ անցնող կիսադարու, աւելի ճիշդ՝ վերջին քանի մը տարիներու հայոց լեզուի պարզած վիճակին վրայ:
Ինչ որ տեղ, խրախուսիչ եւ յուսադրիչ ի՞նչ կարելի է գտնել կամ տեսնելհոն, երբ՝
– Աղճատուած
– Այլայլուած
– Եղծանուած
– Խափանուած
– Օտարացուած է
Իր ինքնութենէն եւ էութենէն, իր սքանչելիութենէն եւ ոսկեղնիկութենէն, միանգամա՛յն:
Հայկական «Տագնապ»ներու Առիթով
Պարոյր Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ, 4 Յուլիս 2018
Հայ ժողովուրդը կը հպարտանայ իր Ոսկեղնիկով:
Հայոց լեզուն զինք հայ պահած է:
Հայերէնը հայու ինքնութեան անփոխարինելի զէնքն է:
Սակայն, առանց պատմութեան բաւիղներուն մէջ մտնելու, կ’արժէ արագ հայեացք մը նետել, գէթ անցնող կիսադարու, աւելի ճիշդ՝ վերջին քանի մը տարիներու հայոց լեզուի պարզած վիճակին վրայ:
Ինչ որ տեղ, խրախուսիչ եւ յուսադրիչ ի՞նչ կարելի է գտնել կամ տեսնելհոն, երբ՝
– Աղճատուած
– Այլայլուած
– Եղծանուած
– Խափանուած
– Օտարացուած է
Իր ինքնութենէն եւ էութենէն, իր սքանչելիութենէն եւ ոսկեղնիկութենէն, միանգամա՛յն:
Ո՞ւր մնաց այն Արեւմտահայերէնը, որ իր գրական ու խօսակցական գեղազարդութեամբ, հարազատութեամբ ու հնչեղութեամբ, կ’ապրեցնէր ու կ’առինքնէր, կը լիացնէր ու կը կենդանացնէր:
Մամուլը եւ կրթարանը, ընտանիքը եւ ակումբը, ընկերութիւնը ու մշակոյթը ամբողջովին կը բուրէին հայերէն լեզու, իր արտասանութեամբ, գրաւչութեամբ, ոգիով, դաստիարակութեամբ եւ ընդհանրապէս
հայկականութեամբ:
Անցեալի լեզուական ու գրական ժառանգութիւնը, պատմութիւնը, դարձած էին մէկական դպրոց, ուր տիրապետող գործօնը հայոց լեզուն էր, իր արտայայտչական եւ յարաբերական լծակներով:
Այսօր, սակայն, ո՞րքանով հարազատ ենք հայերէն լեզուի անաղարտութեան եւ անբիծութեան, ո՞րքանով կառչած ու փարած ենք անոր ճիշդ գործածութեան կամ անսխալ հնչիւնաբանութեան:
Եթէ կան բացատրութիւններ (անշո՛ւշտ կան), ապա ի՞նչպէս կարելի է բառնալ զանոնք, խուսափիլ անոնցմէ, գոնէ թեթեւցնելու կամ մեղմացնելու այդ «կամայ թէ ակամայ» սայթաքումները:
Մեղաւորներ եւ յանցաւորներ փնտռելը կամ իրարու վրայ նետելը, առնուա՛զն, անպարկեշտութիւն է, որովհետեւ պատասխանատուն այս «թերացում»ին հաւաքականութիւնն է, մեր իրականութիւնը, իր զանազան շերտաւորումներով ու մասնակիցներով:
Թերեւս ալ ամենէն մեծ աղէտը կու գայ, երբ հայերէնը իր տեղը կը «զիջի» օտար լեզուի մը, կը փոխարինուի տարբեր լեզուով մը եւ կամ կը ստորադասուի ուրիշով մը:
Եթէ միջավայրը կամ շրջանակը անխուսափելի դաշտեր ունին, բայց, արդեօք, կարելի չէ՞ գտնել միջոցներ, հայերէնը պահելու կենսունակ ու կանգուն, առանց թերագնահատելու այլ լեզուները, այլ՝ նոյնինքն ընտանիքէն սկսելով, զարկ տալու հայերէնի փառաբանանքին ու պաշտամունքին, ընդգծելով անոր նախամեծարութիւնն ու նախապատուութիւնը:
Այլապէս ալ՝ հայութիւնը, իր զանազան պատկանելիութիւններով ու դերակատարութիւններով, գերագոյն պարտականութիւն պէտք է զգայ գուրգուրալու մայրենիին վրայ, պահպանելու անոր հմայքը, կարելի զգուշաւորութեամբ ու բծախնդրութեամբ, հեռու մնալու ու հեռու պահելու այն վտանգներէն, որոնք կը սպառնան անոր հպելիութեան եւ անսասանութեան, նոր սերունդին մօտ ամրացնելով այս գիտակցութիւնը, առաւելագոյն կարելիութիւններով ու հնարաւորութիւններով:
******
Այս արագ ակնարկը արձանագրեցինք, երբ վերջերս, նոյն ծիրէն ներս, բայց, տարբեր պարունակներու մէջ, ականջալուր դարձանք՝
– Խեղաթիւրուած հայերէնի մը
– Գռեհկացած լեզուի մը
– Փողոցայնացած բառապաշարի մը
– Հասարակայնացած խօսելաձեւի մը
– Այլանդակուած բառա-արտայայտութեան մը
Այս անճոռնի ու դատապարտելի երեւոյթը մեծապէս վիրաւորական է հայոց լեզուի վարկին համար, այլեւ՝ անընդունելի է անոր մեծարումի պահպանման, ստուերելով անոր գոյութեան լիարժէքութիւնը:
Ինչպէ՞ս կարելի է գարշահոտ ոճով վերաբերուիլ մեր Ոսկեղնիկին հետ կամ նեխած եղանակով մօտենալ մայրենիին հետ, զայն գործածելով թոյնի ու մաղձի դրոշմով, այս կամ այն հարց մը կամ կողմ մը պախարակելու ու քարկոծելու գնով:
Ասիկա դաւաճանական ու դաւադրական աժան փորձ մըն է, լեզուաբառապաշարը պատուար բռնելով, զայն ողողելով գծուծ հայհոյանքներով ու լուտանքներով, աղաւաղելով ամէն կարգուսարք:
Օրինակ՝
– Հայաստանի մէջ կատարուած թաւշեայ յեղափոխութեան առթիւ արձակուած քստմնելի խօսքերը (ոչ բարեկարգչական կամ իշխանափոխական)
– Ս. Էջմիածինի գահակալին դէմ շղթայազերծուած բողոքին առթիւ բարձրաձայնուած վիրաւորական սլաքները (ոչ երկիւղածական կամ որդիական)
Այսպիսի անպատուաբեր եւ անպատկառ բառամթերքային յիշոցներով հանդէս գալը, որո՞ւն «դատ»ը կը պաշտպանէ եւ որո՞ւն օգտակար կրնան ըլլալ նման տխեղծ ու տգեղ պոռթկումները, երբ կան ատոնց կրթավայել, արժանաբեր ու քաղաքավար միջոցները:
Երբեք յաւակնութիւնը չկայ, Հայաստանի, Էջմիածինի կամ Սփիւռքի մէջ կատարուած ցնցումի առաջնորդող դէպքերու պարագային, պաշտպանելու կամ մերժելու այս կամ այն կողմը (թէեւ ունինք մեր անձնական տեսակէտն ու համոզմունքը), անկրթաբարոյ ոճով ու բառերով:
Մեր հետապնդածը (պահանջա՛ծը) այն է, որ այդ բոլորը կատարուին բարեկիրթ արտայայտութիւններով, առանց դեգերելու անհարկի եւ անհաճոյ ոլորապտոյտներու մէջ:
Վերջին հաշուով, ամէն ոք ըսելիք մը ունի, հակազդեցութիւն մը ունի տիրող կացութաձեւերուն մասին, որ կրնայ ըլլալ բուռն ու խիստ, հետեւաբար, երբեք արտօնելի պիտի չըլլար… գռեհկանալու եւ աժաննալու:
Հետաքրքրական թէ ոչ, ամենէն շատ եւ աւելի նման զառիթափներու վրայ եղան այն հայաստանցիները, որոնց խժալուր ձայները լսուեցան հեռաւոր ափերէ, իրենց անվայել ու ջղագրգիռ բղաւոցներով, հայհոյալի անուանարկումներով, մինչդեռ կարելի էր նոյն քննադատութիւնները ընել առանց անարգական բառակոյտերու:
Հայ ժողովուրդը երբեք չէ եղած (ու պէտք չէ ըլլայ) այն մակարդակին վրայ, որ կ’առաջնորդէ վարկաբեկութեան՝ Հայաստանէն ներս թէ դուրս, մանաւանդ երբ որեւէ «թեզ» մը պաշտպանելու կամ քննադատելու համար, կը դիմուի հայոց լեզուին, գործածելով ամենէն նուաստացուցիչ ու քստմնելի վանկարկումները:
Ատոնք խորապէս վնաս են, ինչպէս հայ լայնծաիր հասարակութեան, նաեւ գլխագիր ՄԱՅՐԵՆԻԻՆ, որ հայ ժողովուրդի լինելիութեան խորհրդանիշն է, իր սրբազանութեամբ ու նուիրականութեամբ, զոր պէտք առանձնացնել եւ անջատել որեւէ վատահամբաւութենէ եւ աղարտութենէ:
*****
Անկասկած, լաւ եւ աւետիսաբեր լուրերը ստանալու արագագոյն ու լաւագոյն միջոցը կայ: Կայ նաեւ՝ վատագոյնն ու ստորնացուցիչը:
Ատիկա ի՞նչ կրնայ ըլլալ, եթէ ոչ հրաշագործ (ու քանդագործ) նշանաւոր բջջային գործիքը, որ առաւելապէս ծանօթ է «մոպայլ» կամ «սելիւլէր» անուանումներով:
Ո՛չ պիտի քննադատենք, ո՛չ ալ պիտի գնահատենք այս «մարդամեքենան», որ «խեր» բերելով հանդերձ, «շառ» ալ եղաւ, իր այժմէականութեամբ եւ ձախաւերութեամբ:
Վերը մեր արծարծած նիւթը, կը պատկանի յիշեալ երկրորդ ընտրութեան, որուն «զոհ»ը, մէկ կողմէն՝ մեր Ոսկեղնիկին հաշմումն է, միւս կողմէն՝ անոր շահագործումով, ինքնավարկաբեկումը:
Երբեք փափաքելի պիտի չըլլար, այս «հրաշագործ» հաղորդակցութեան միջոցը ծառայեցնել անուանարկային նպատակներու իրագործման, ի մասնաւորի գործի լծելով մեր անգին Մայրենին:
Ճիշդ է, գիտութիւնը կը զարգանայ, նոյնպէս՝ արհեստավարժութիւնը նոր նուաճումներ կ’արձանագրէ, բայց, ըլլալ զգո՛յշ, զանոնք չմղելու դէպի մեր ազգային ու լեզուական արժանապատուութեան խոցելիութեան
ուղիներէն: