«Բարոյական Յեղափոխութի՞ւն»

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, Նիկոսիա, 14 Յուլիս 2016

«Եօթանասուն եւ մէկ տարիներ առաջ երկինքէն տեղաց մահը, եւ աշխարհ փոխուեցաւ»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ  Պարաք Օպամայի մէկ ակնարկը` Ճափոնի մէջ Հիրոշիմա քաղաքի յուշակոթողին առջեւ, մայիս 2016-ին: Հոն, երբ 1945-ին հիւլէական ռումբի արձակումը պատճառեց հազարաւոր զոհեր ու քանդեց քաղաքը:

«Եթէ ներկայ ճարտարարուեստի յառաջխաղացքին զուգահեռ չզարգանայ մարդկային հեղինակութիւնը, ապա ան կրնայ աղէտալի վիճակներու հասցնել աշխարհը», շարունակեց նախագահը: Եւ այս դիտանկիւնէն մեկնելով` ան ընդգծեց ճարտարարուեստի յառաջխաղացքին կողքին բարոյական յեղափոխութեան մը զարկ տալու կարեւորութիւնը:

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, Նիկոսիա, 14 Յուլիս 2016

«Եօթանասուն եւ մէկ տարիներ առաջ երկինքէն տեղաց մահը, եւ աշխարհ փոխուեցաւ»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ  Պարաք Օպամայի մէկ ակնարկը` Ճափոնի մէջ Հիրոշիմա քաղաքի յուշակոթողին առջեւ, մայիս 2016-ին: Հոն, երբ 1945-ին հիւլէական ռումբի արձակումը պատճառեց հազարաւոր զոհեր ու քանդեց քաղաքը:

«Եթէ ներկայ ճարտարարուեստի յառաջխաղացքին զուգահեռ չզարգանայ մարդկային հեղինակութիւնը, ապա ան կրնայ աղէտալի վիճակներու հասցնել աշխարհը», շարունակեց նախագահը: Եւ այս դիտանկիւնէն մեկնելով` ան ընդգծեց ճարտարարուեստի յառաջխաղացքին կողքին բարոյական յեղափոխութեան մը զարկ տալու կարեւորութիւնը:

Գլխաւոր հարցումը սակայն կը մնայ հետեւեալը. «Ինչպիսի՞ բարոյական յեղափոխութեան մը կ՛ակնարկէ պրն. նախագահը»: Եթէ Մ. Նահանգներու նախագահին Ճափոն այցելութիւնը «լեցուն» էր ակնկալութիւններով, թէ ան ներում պիտի հայցէ եօթանասուն եւ մէկ տարի առաջ պատահած դէպքին համար, ապա այդ մէկը չիրականացաւ: Նախագահը բաւարարուեցաւ` ըսելով. «Պէտք է քաջութիւն ունենանք դուրս գալու վախի տրամաբանութենէն եւ ստեղծելու վախէ զուրկ աշխարհի համակարգ մը»:

«Ժամանակն է նախաձեռնելու եւ անհրաժեշտ է ճիշդ որոշումներ տալու` մեր կեանքերուն յառաջխաղացքին համար», ըսաւ գերմանացի գործակիցս` Հորսթ Շէօրենպրանտէ, Պերլինի մէջ, յունիս 2016-ին, երբ Գերմանիոյ մեր գրասենեակի գործակիցներուս շնորհակալութիւն կը յայտնէի իրենց երկրին Պունտեսթակի պատմական որոշումին համար: Բայց շնորհակալական այդ խօսքին դիմաց կար անոնց վճռակամութիւնը` նախաձեռնելու եւ ճիշդ որոշումներ տալու անհրաժեշտութիւնը:

Պերլինի խորհրդարանին` Պունտեսթակի պատմական այդ մեծ շէնքին դիմաց կանգ առած` կը մտածէի եւ յանկարծ սկսայ մտաբերել այն շատ մը հայկական եւ այլ տեղեկատուական ցանցերու վերլուծումները` որոշումին առնչութեամբ: Թէ ինչո՞ւ պէտք էր, որ Գերմանիան հարիւր եւ մէկ տարի սպասէր այս որոշումը տալու համար: Ու տակաւին վերլուծումներուն մէջ չէր պակսեր հաշիւի գործօնը: Վերջապէս, հայուն «սեւ աչքերուն» համար չէր, որ տրուած էր այս որոշումը, որովհետեւ Գերմանիան, Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին, իբրեւ Թուրքիոյ դաշնակից երկիր, նաեւ մեղսակից է Հայոց ցեղասպանութեան եւ պէտք է հատուցէ… եւ վերլուծումներու շարքը կ՛երկարի:

«Եթէ մենք` ամերիկացի հրեաներս, միայն կեդրոնանանք մեր ողբերգութեան վրայ եւ ջատագովը չըլլանք խօսելու այլ ցեղասպանութիւններու մասին, ինչպէս` Քամպոտիոյ, թութցիներու, եզիտիներու եւ ուրիշներու, ապա մենք անգիտացած կ՛ըլլանք մեր առաքելութեան մէջ կարեւոր բարոյական պարտականութիւն մը, թէ` մենք կոչուած ենք վերաշինելու աշխարհը», ըսաւ ամերիկացի-հրեայ եւ Ֆիլատելֆիոյ նահանգապետ Ճիմ Քենին, որ կը խօսէր Հրէական ողջակիզումի յիշատակին կառուցուելիք հանրային հսկայ պարտէզի մը հիմնարկէքին առիթով, մայիսի 2016-ին: Բայց նահանգապետը երեւի յիշեցնելու տրամադրութեամբ շեշտեց. «Նման յուշակոթողներ պէտք է ծառայեն իբրեւ ապրող վկայութիւններ, թէ այլեւս երբեք պէտք չէ արտօնել, որ հրեայ ժողովուրդը սպառնալիքի ենթարկուի եւ կամ սպաննուի»:

Եթէ տեղին եւ յոյժ կարեւոր մարտահրաւէր մըն է նահանգապետին յորդորը` ուղղուած մարդկային քաղաքակրթութեան, սակայն կայ բաց մը: Քսաներորդ դարու Ա. ցեղասպանութիւնը` Հայոց ցեղասպանութիւնը: Բայց արդեօ՞ք Հայոց ցեղասպանութիւնը պիտի դասենք նահանգապետին մատնանշած «ուրիշ»-ներու շարքին: Ցեղասպանութիւն մը, որ եթէ իր ճիշդ ժամանակին ճանչցուէր, կրնար կանխել  շատ մը նման դժբախտութիւններ, որոնք գործադրուեցան եւ ցարդ կը կրկնուին: Իսկ չարտօնելու պարագային, անիկա ոչ թէ միայն մէկ ժողովուրդի մը պէտք է վերաբերի, այլ` համայն մարդկութեան:

Պունտեսթակէն հեռանալով` ուղղուեցայ տեսնելու Պերլինի մէջ Հրէական ողջակիզումի յատուկ յուշակոթողը եւ թանգարանը: Յուշակոթողը, այսպէս ըսած, արդիական ոճով ճարտարապետական մտայղացում մըն է, որ կը ներկայացնէ գերեզմանանման տապանաքարեր: Պէտք էր փորձէի ընկալել ճարտարապետական այս մտայղացումի միտք բանին, թէ` Հրէական ողջակիզումը սարսափելի էր ու սահմռկեցուցիչ,  բայց գէթ հրեայ նահատակները կը հանգչէին, որովհետեւ Գերմանիան եւ աշխարհը ճանչցած էր զանոնք: Բայց ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս են հայոց տապանաքարերը, ե՞րբ է, որ մեր նահատակները պիտի հանգչին: Հապա մե՞նք` վերապրողնե՞րս, արդեօք պիտի կարենա՞նք հանգչիլ:

Գեղեցիկ է Պերլին քաղաքը: Կը վայելեմ այս քաղաքին գեղեցկութիւնը` անոր ընդմէջէն տեսնելով Պունտեսթակի պատմական որոշումին գեղեցկութիւնը:

Սակայն երեւի ներաշխարհիս մէջ պէտք էր կամրջէի եւ անոր հետ հաշտեցնէի նախագահին «բարոյական յեղափոխութիւն»-ը եւ նահանգապետին «աշխարհը վերաշինելու» մարտահրաւէր-առաքելութիւնը: «Բարոյական յեղափոխութեան» յառաջացումը կ՛ենթադրէ ունենալ որոշ հիմքեր, այդ հիմքերուն տուն տուող արժէքներ, որոնք իրենց կարգին կ՛ենթադրեն անցեալի անդրադարձ եւ արժեւորում, ինչպէս նաեւ` անցեալին գործուած սխալներու համար զղջում:

Իսկ «աշխարհը վերաշինելու» համար կարեւոր է հասկնալ, թէ աշխարհի հաւաքականութիւնները այլազան են, եւ թէ` անհրաժեշտ է ընդունիլ «ուրիշ»-ը, «ուրիշ»-ը, որ տարբեր է: Պէտք է տեսնել եւ յարգել այդ տարբերութիւնները:

Եւ Պերլին քաղաքի գեղեցկութեան մէջէն սկսայ կամաց-կամաց տեսնել Պունտեսթակի որոշումին գեղեցկութիւնը: Այդ օրը Պերլինի մէջ մէկդի դրի քաղաքական հաշուարկները, որպէսզի կարենայի տեսնել եւ ըմբոշխնել այդ որոշումին գեղեցկութիւնը:

Պունտեսթակի որոշումը լաւ քայլ մըն էր` ստեղծելու «բարոյական յեղափոխութիւն»-ը: Ինքն իր պատմութեան եւ անցեալին նայելով, վերանայելով` փորձ մըն է սրբագրելու սխալը: Այդ «սխալը» ընդունելով` ճամբայ հարթելու եւ սկսելու «աշխարհը վերաշինելու» գործընթացը, որպէսզի «սխալը» չկրկնուի եւ աշխարհ կարենայ պահել իր բարոյական չափանիշները:

Այս բոլորին զուգահեռ, սակայն, առկայ է գործակիցիս պատասխանը. «Ժամանակն է նախաձեռնելու եւ որոշումներ տալու անհրաժեշտութեան»:

«Բարոյական յեղափոխութիւն»-ը խօսքէն անդին գործի վերածելու համար կարեւոր է նախաձեռնելու եւ որոշումներ տալու անհրաժեշտութիւնը: Այս մէկը կ՛իրականանայ նորը շինելով եւ կամ հինը նոր հիմքերով վերաշինելով:

Պունտեսթակի որոշումը գեղեցիկ սկիզբ մըն է: Սկիզբ` «բարոյական յեղափոխութեան», որ ընթացք կրնայ տալ «աշխարհը վերաշինելու» քայլին: Աշխարհ մը, ուր «ուրիշ»-ը եւ «ուրիշներ»-ը կրնան նաեւ գոյութիւն ունենալ եւ ապրիլ, իրենց արժէքներով, իրաւունքներով եւ արժանապատուութեամբ:

Այդ մէկը կը ներառէ նաեւ հայուն արժանապատուութիւնը: Հայ ժողովուրդի նահատակները պէտք է հանգչին եւ հայուն ցաւը, եթէ կարելի չըլլայ վերացնել, նուազագոյնը պէտք է հատուցել:

«Բարոյական յեղափոխութիւն»-ը ցաւը  հասկնալու, բաժնելու եւ դարմանելու «յեղափոխութիւն»-ն է:

 
You May Also Like