Բիւզանդ Գէորգեան Բարերարը

Հարցազրոյց՝ Համօ Մոսկովեանի, Պէյրութ 8 Ապրիլ 2014

Համօ Մոսկովեան.– Պրն. Բիւզանդ Գէորգեան, կը փափաքինք որ  ծանօթացնէք  Ձեր օրինակելի գործունէութիւնը՝ Սփիւռքի եւ Մայր Հայրենիքի մէջ:
 
Բիւզանդ Գէորգեան.- Անկախ եմ որեւէ կուսակցական պատկանելիութենէ եւ կը ցանկանամ բարեսիրական ներդրումս կատարել հայ ազգի զաւակներուն բարօրութեան համար։

Լիբանանի մէջ իմ գործունէութիւնս կը ծաւալի 50-է աւելի անկար ու չքաւոր հայ ընտանիքներուն սնունդը ապահովելու լիբանանահայ Գարակէօզեան, ԼՕԽ, Սոֆիա Յակոբեան, Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ եւ այլ հաստատութիւններու ընկերային ծառայողներու օգնութեամբ։ Կը ծրագրենք այդ օգնութիւնը մինչեւ 100 ընտանիքի հասցնել, մանաւանդ սուրիահայ գաղթօճախին եւ մասնաւորաբար մեր սիրելի Քեսապի ապրած արհաւիրքի օրերուն համար։ Աղիտեալ ընտանիքներուն մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ նեցուկ կանգնելու եւ թեթեւցնելու համար անոնց տառապանքը։

Հ. Մ.- Ի՞նչ աշխատանք կը տանիք Արցախի կապակցութեամբ:

Բ.Գ.– Գործունէութիւն կը ծաւալեմ ԱՐԻ կազմակերպութեան որպէս գործօն անդամ։ Այնտեղ ձեռնարկած ենք 50 նոր բնակարաններու շինարարութեան, որոնք 3 ու 4 սենեականոց արդիական կառոյցներ են։ Արդէն իսկ 10 տուն հասած է աւարտին։ Ծրագիրը 150 բնակարանի շինարարութիւնն է։ 50 բնակարանի փոխարժէքը ԱՐԻ 3-ը ապահոված է, իսկ մնացեալ 100 բնակարանները պիտի հասցնենք աւարտին, նոյնիսկ Միջին Արեւելքի այս դժուարին պայմաններուն մէջ։ Յիշեցնեմ որ Լիբանանի հայութեան արդէն ծանօթ է ԱՐԻն եւ անոր հայրենասիրական արդիւնաբեր գործունէութեան, որպէս հայրենաշէն կազմակերպութիւն։ Հայը միշտ անկարելին կարելի կը դարձնէ։ Մենք նաեւ վերաքննիչ մըն ալ նշանակած ենք շինարարութեան ընթացքին վրայ, հակառակ որ ոչ մէկ կասկած ունինք Արցախի պետութեան անբասիրութեան վրայ։ Յառաջիկայ Սեպտեմբեր –Հոկտեմբեր 2014-ին, 50 բնակարաններ կառուցուած կ’ըլլան եւ պիտի փորձենք մնացեալ բնակարաններու կառուցման անհրաժեշտ ներդրումները ապահովել նաեւ Լիբանանէն եւ այլ երկիրներէն։

Հ. Մ.- Վերջերս, Քեսապի աղէտէն ետք, Հայաստանի Խորհրդարանի պատուիրակութեան հետ զրոյց-հանդիպման ընթացքին՝ քննարկուեցաւ Սուրիահայերուն մէկ մասը տեղափոխել Հայաստան եւ Արցախ։ Այդ մասին ի՞նչ է Ձեր կարծիքը։

Բ. Գ.- Քեսապը արդէն երկրորդ Հայաստան մըն է եւ անպայման պէտք է Քեսապ վերադառնալ, պահելու-պահպանելու հայկական Կիլիկիոյ վերջին ոստանը։ Արդէն իսկ շուրջ 10,000 սուրիահայեր ներգաղթած են Հայաստան եւ Արցախ։ Դժբախտաբար, Արցախի մէջ շատ գործ կայ երկրագործական ազատ տարածութիւններուն մէջ, սակայն բնակարան չկայ։ Արդէն Գամիշլիէն հայրենադարձները այնտեղ կ’աշխատին ու դրամ կը շահին՝ վերադարձնելով մեր ներդրումները։ Կը կարծեմ որ եթէ Արցախը զօրացնենք բնակարաններով՝ շատ մը սուրիահայեր եւ այլ երկիրներէ հայրենադարձներ պիտի ուզեն Արցախ բնակիլ։ Մենք մեր կարելին պիտի ընենք որպէսզի Արցախը վերաբնակեցնենք, պետութիւնն ալ իր կարելի բոլոր միջոցները կը տրամադրէ յաջողութեան համար։ Հսկայական փոփոխութիւններ եւ դրական յառաջընթաց նկատելի է ազատատենչ լեռնաշխարհի ամէն բնագաւառի մէջ։ Մեր միակ նպատակը բնակարաններու թիւն ու քանակը աւելցնել է։

Երկրագործութիւնն ու անասնաբուծութիւնը զարգացող բնագաւառներ են Արցախի մէջ։ Կաթնամթերքներու արտադրութեան համար ալ կը ծրագրուին փոքր գործարաններ կառուցել երկիրը ինքնաբաւ դարձնելու համար։ Հակառակ Լիբանանի հայութեան դժուարին իրավիճակին, մեր յոյսը դեռ չենք կորսնցուցած Սփիւռքի հայրենասիրութեան եւ առատաձեռնութեան վրայ՝ Մայր Հայրենիքի եւ հերոս Արցախի պահպանման համար։

Հ. Մ.- Ի՞նչ է Ձեր խօսքն ու պատգամը մեր հայրենակիցներուն։

Բ. Գ.- Ամէն հայ պէտք է օգտակար դառնայ։ Մէկ թէ հազարաւոր տոլարներով, ամէն մէկը իր կարողութեան չափով։ Պէտք է հասկնալ հայրենաշինութեան կարեւորութիւնը եւ Մայրենի հողին յաւերժութիւնը…։
 
You May Also Like