Բոլո՛րը Ուշացած Են, Բայց, Մինչեւ Ե՞րբ…

Մենք Ենք՝ Մեր Ցաւերը շարքէն

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 20 Դեկտեմբեր 2013

Այս խորագիրը, թերեւս, ոմանց համար տարօրինակ կամ արտառոց թուի, բայց, այդպէս պէտք չէ ըլլայ, երբ անիկա կը վերաբերի մեր ազգային հիմնահարցերուն ու գերխնդիրներուն, որոնք, կաղնիկաղ ու կարկտան ըլլալու չափ, մտահոգիչ ու տագնապեցուցիչ գործընթացի մը մէջ կը տուայտին եւ կամ՝ այդ ճնշող բովէն կ’անցնին:

Իսկ ազգային-գաղութային, ընկերային-հասարակական, կուսակցական-կրթական կեանքին մէջ, օրինակ, ո՞ւր չկան տեղքայլեր, մակընթացութիւններ ու ծանծաղուտներ, որոնք ցոյց կու տան, առնուա՛զն, տխուր պատկերներու եւ ատոնց հետեւանքով պակասաւորութիւններու ու թերութիւններու աճող կուտակումներ:

Մենք Ենք՝ Մեր Ցաւերը շարքէն

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 20 Դեկտեմբեր 2013

Այս խորագիրը, թերեւս, ոմանց համար տարօրինակ կամ արտառոց թուի, բայց, այդպէս պէտք չէ ըլլայ, երբ անիկա կը վերաբերի մեր ազգային հիմնահարցերուն ու գերխնդիրներուն, որոնք, կաղնիկաղ ու կարկտան ըլլալու չափ, մտահոգիչ ու տագնապեցուցիչ գործընթացի մը մէջ կը տուայտին եւ կամ՝ այդ ճնշող բովէն կ’անցնին:

Իսկ ազգային-գաղութային, ընկերային-հասարակական, կուսակցական-կրթական կեանքին մէջ, օրինակ, ո՞ւր չկան տեղքայլեր, մակընթացութիւններ ու ծանծաղուտներ, որոնք ցոյց կու տան, առնուա՛զն, տխուր պատկերներու եւ ատոնց հետեւանքով պակասաւորութիւններու ու թերութիւններու աճող կուտակումներ:

Իւրաքանչիւր մարզէ ներս, կայ բաց մը, ճեղք մը, վէրք մը, որ այսօրուան տխուր ու ցաւցնող արդիւնքին հասած է՝ ոչ թէ հիմա, այլ՝ վաղո՜ւց, գէթ քանի մը տասնամեակ առաջ, բայց, գահավիժումը եւ անկումը շարունակուած են, նոր եւ յաւելեալ աւերներ գործելով:

Ինքնարդարացումները կամ պատճառաբանութիւնները, որոնք կամայական ու պարագայական ձեւով հրապարակ կը նետուին, յաճախ ”յանցաւոր” նկատելով այս կամ այն շրջանին, երկրին, երեւոյթներուն եւ իրադարձութիւններուն ժխտական ազդեցութիւնները սփիւռքահայ կեանքին վրայ, այդքան ալ իրապաշտ եւ առարկայական չեն, ոչ ալ ընդունելի կամ՝ համոզիչ:

Ատոնք դիւրին եւ աժան ձեւեր չե՞ն, արդեօք, մեր ցաւերուն սուր կողմերը չտեսնելու, բթամտաբար հաւկոյր ձեւանալու կամ ձեւացնելու, ինքնախաբէութիւն խաղալու, երբ՝ աւելի քան յստակ ու տեսանելի է, զգալի ու շօշափելի, թէ ազգային ղեկավարութեամբ յաւակնող կարճաշունչեր ու կարճատեսներ, չեն ուզեր տեսնել իրենց քիթէն այն կողմ, բայց, կը փորձեն շրջանակ, համայնք, կազմակերպութիւն կամ գաղութ ղեկավարել (՞):
 

Ներկայիս, բոլոր մակարդակներու վրայ ու մարզերէ ներս, կը նշմարուին ճիգեր ու փորձեր, նախաձեռնութիւններ ու կարգադրութիւններ, նպատակդրելով ”բան մը” փոխել ազգային կեանքին մէջ, գոյատեւում առաջացնելու կամ վերանորոգում ապահովելու գնով:

Որքան ալ գովելի եւ ողջունելի ըլլան ատոնք, կը մնան պակասաւոր ու անգոհացուցիչ, որովհետեւ ազգային կեանքի գործօններն ու ազդակները ոտքի ու կենդանի պահելու համար, անհրաժեշտ նախադրեալներն ու ենթահողերը տկարացած են, չըսելու համար, գէթ կարգ մը պարագաներու, հիւծուած ու ամլացած են կամ կը գտնուին այդ սահանքին մէջ:

Որոշ շրջանակներ տակաւին կ’ապրին անցեալին մէջ, անցեալապաշտութեամբ կը գործեն, ոչինչ ունին տալիք, ոչ ալ կը վայելեն ժողովրդականութիւն, բայց, կը շարունակեն ծփծփալ հոս ու հոն, դասարանակրկնութեան… ամօթխածութեամբ:

Ուրիշներ կը խօսին ու կը բարբառեն, կը խոստանան ու կը ցուցադրուին, սակայն, ոչ կարողութիւնը ունին, ոչ մարդուժը, ոչ ալ հմայքը այդ բոլորը արդարացնելու, սակայն, լաւագոյն պարագային, ինքզինքնին կը դնեն… ”պոչիկ”եան գործելաձեւի մը մէջ:

Կան կողմեր ալ, որոնք հնամենի, տափակ, մռայլ ու միապաղաղ սովորամոլութեան մէջ կը տապլտկին, ոչինչ ընելու, ոչինչէ խանդավառուելու ու ոչինչով որակաւորելու սնամէջութեամբ ու դատարկապորտութեամբ:

Ոմանք ալ կը տառապին փառատենջիկութենէ ու մեծամտութենէ, մանաւանդ եթէ թառած են ճիւղի մը վրայ ու կը կարծեն այնտեղէն դիտել ու ղեկավարել (՞) ազգային կեանքը, մինչդեռ անոնք պարզապէս անհաճոյ պատկերներ են եւ անհաղորդ դէմքեր:

Իսկ անոնք որոնք հայրենասիրութեան նուիրականութիւնը ու սրբութիւնը կը շահագործեն իրենց խելապատիկի արժեչափերով, տակաւին յաւակնելով այլոց ունայնական կամ մակերեսային ”դաս”եր տալով, յաւելեալ աղէտ մըն են հայ իրականութեան համար:
 

Ինչո՞ւ այս ընդհանրական, բայց ”ողբերգական” ընդգծումները, այլապէս ալ՝ իրենց թափանցիկ պարունակներով:

Յստակ ու մեկի՛ն:
 

Ամէն ինչի մէջ ուշացում կայ:

Յապաղումը համատարած բնոյթ ստացած է:

Ուշացումը դարձած է տիրական երեւոյթ:
 

Յապաղումը ինքզինք զգացնել կու տայ ամենուրէք:
 

Կարելի՞ է հակառակիլ ուշացումի այս քաղաքականութեան, երբ ամէն օր դէմ յանդիման կը գտնուինք անոր ապառողջ ծալքերուն, մանաւանդ ի տես ազգային խայտաբղէտ կառոյցներու մեծ մասին տժգունութեան, որակաթափութեան:

Ո՞վ կրնայ չընդունիլ, որ՝

– Համայնքային (իմա՝ գաղութային) գործունէութեանց ձեւի ու որակին, ոճի ու բովանդակութեան մէջ չկան վերիվայրումներ, անհարթութիւններ կամ հիւանդկախութիւններ, որոնք կը ստուերեն գաղութներու կենսունակութեան կամ աշխատունակութեան գոյավիճակը:

Ո՞վ կրնայ չընդունիլ, որ՝

– Ընկերային կեանքը, իր զանազան շերտաւորումներով, խաթարուած վիճակի մը մէջ չի գտնուիր, գոնէ իր սահմանափակումներով, գունազրկութեամբ եւ ”քլիշէ”ութեամբ, որոնց դարմանումը կամ սրբագրումը անյետաձգելիօրէն խորհրդածելի է:

Ո՞վ կրնայ չընդունիլ, որ՝

– Կուսակցականութիւնը այն չէ ինչ որ էր հեռաւոր թէ մօտիկ անցեալին, կորսնցուցած ըլլալով իր ուժականութեան ու քաշողականութեան հմայքը, իսկ այս յետադիմութիւնը որեւէ լո՛ւրջ քննարկումի չէ դարձած (գուցէ դարձնող չկա՞յ):

Ո՞վ կրնայ չընդունիլ, որ՝

– Մամուլը այսօր չի տառապիր բազմատեսակ հիւանդութիւններէ, որոնց գլխաւորներէն են՝ խմբագիրի եւ աշխատակիցի, հրապարակագիրի ու թղթակիցի, ընթերցողի ու բաժանորդի նօսրացումները, առանց ազդո՛ւ կամ դարմանիչ միջոցներ գտնելու, փնտռելու (թէ ճարելո՞ւ):

Ո՞վ կրնայ չընդունիլ, որ՝

– Կրթական հաստափոր թղթածրարը՝ իր աշակերտական եւ ուսուցչական կարգավիճակով, դասագրքային արդի պահանջարկներով, հայերէնագիտական մանկավարժներու պատրաստութեամբ, տակաւին չէ գտած իր գոհացուցիչ լուծումն ու արդիւնքը:

Ո՞վ կրնայ չընդունիլ, որ՝

– Արեւմտահայերէն լեզուն չի տերեւաթափուիր, արագընթաց քայլերով, իր գրաւոր ու խօսակցական արտայայտութիւններով, իսկ առնուած կարգ մը քայլերը կամ այդ ընթացքը կանխարգիլող միջոցները խիստ դանդաղ են, մշուշապատ:

Վերոյիշեալ թւումներու լոյսին տակ, պէտք չէ՞ գոռալ՝
 

ԱՅՈ՛, ԱՄԷՆ ԻՆՉ ՈՒՇԱՑԱԾ Է, ՈՒՇԱՑՈՒԱ՛Ծ

Իսկ հիմա, այդ բոլորը ”հատուցանել”ու համար, խուճապի մատնուած են սփիւռքահայութեան ազգային կառոյցները, սակայն, խիստ դողդոջուն կամ յամրաքայլ շարժերով, հուսկ՝ սիրողական կամ ոչ-արհեստավարժ մօտեցումներով:

Եթէ ուշացումները արդէն իսկ աւերիչ են, նոյնքան ալ քանդիչ են մակերեսային ու փխրուն տնօրինումները, ատոնք ինչ բնագաւառի ալ պատկանին, որովհետեւ ազգային կեանքը այլեւս չի դիմանար ուշացումի քաղաքականութեան, ոչ ալ ներելի է այդ տրամաբանութեան մէջ յամենալ:
Հակառակ տարուած բարեփոխելի որոշ տուեալներու ու նախանշաններու առկայութեան, յոռետես ու թերահաւատ ըլլալու ալ պատճառներ կան, երբ ազգային կառոյցներուն մէջ տեսլապաշտութեան ո՛ւ բանիմացութեան հեղինակներ կը պակսին, ժխտական անդրադարձներ ու հետքեր ձգելով անոնց վրայ, մինչ ուշացածութիւնը չի կրնար վերանալ, եթէ ”ուղեղային ուշացած”ները պիտի մնան… ի պատուի, իսկ ուշացածութիւնը հիմնովին վերացնելու հեւքը՝ ցուցափեղկային քարոզչութիւն:

 

Վերջին հաշուով, ո՛չ մէկ կասկած, ուշացում կայ, բայց մինչեւ ե՞րբ կարելի է այդ մրափին մէջ մնալ, ուշացումը դարձնելով մնայուն… կարգախօս:

2 comments
  1. Իրապաշտ վերլուծումներ

    Իրապաշտ վերլուծումներու պակասը մեր ազգային-հասարակական կեանքին մէջ կու գայ լեցնելու Պարոյր Աղպաշեան իր յանդուգն, արդար եւ իրաւ  յօդուածներով: 

  2. Աղպաշեան …

    Պարոյր Աղպաշեան կը նմանի այն ուղևորին, որ գիշեր ատեն փապուղի կը մտնէ և  զարմացած կը դժգոհի, թէ ոչինչ կ'երևի, և  ոչինչ կը տեսնէ, բայց և այնպէս մոմ մը վառելու մասին չի մտածեր: Յիշեալ բոլոր ախտաճանաչումները օրը-օրին եղած են, անիւի գիւտը կատարողի հովեր առնելու պէտք չկայ: Ազգը հիմա լուսաւորիչներու կը կարօտի, թէկուզ մէկ մոմի սահմաններուն մէջ. Աղպաշեան այդ մոմը ունի՞, կրնա՞յ վառել: Լաւ կ'ընէ, եթէ մեր ցաւերէն միայն մէկ հատին՝ թէկուզ ամենահամեստին,  ծրագրեալ դարմանումը առաջարկէ: Եւ …  կանխայայտ շնորհակալութիւն:

Comments are closed.

You May Also Like
Read More

«Նոր Հայաստան, Նոր Սփյուռք»

Համաժողովի Հայտարարությունը Եվրոպայի Հայերի Համագումար, Գերմանիա, քաղաք Քյոլն, 2 սեպտեմբեր 2018 Հայաստանում Թավշյա համաժողովրդական հեղափոխությունը, վերջակետ դրեց ՀՀ…
Read More