ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ («ԱՐՄԵՆԻԱ» թերթ 1 Մարտ 2011).- Համայնքի Երիտասարդներու կազմակերպութեամբ, Երկուշաբթի, 28 Փետրուարի երեկոյեան Պուէնոս Այրէսի հայութիւնը բողոքի ցոյց մը կատարեց Արժանթինի մօտ Ատրպէյճանի Դեսպանատան առջեւ, Սումկայիթի հայութեան դէմ գործուած ջարդերու 23ամեակի առիթով, դատապարտելով Ատրպէյճանի դիրքը եւ վերահաստատելով Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան ազատագրական պայքարը։

Հարկ է յիշել թէ նոյնանման բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան Ուաշինկթընի, Լոս Անճելըսի, Օթթաուայի, Փարիզի եւ այլ քաղաքներու Ատրպէյճանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն առջեւ։
Հայաստանի մայրաքաղաք՝ Երեւանի մէջ ցուցարարները բողոքեցին ՄԱԿի գրասենեակին առջեւ, ուր պահանջուեցաւ Խորհրդային Ատրպէյճանի կողմէ 23 տարիներ առաջ իրականացուած ոճիրի ճանաչումը, դէպք մը որ սկիզբ առաւ Սումկայիթ քաղաքին մէջ, սակայն ապա շուտով տարածուեցաւ երկրի բոլոր տարածքին։
Ազերի պետութեան կողմէ քաջալերուած եւ գործադրուած այս սպանդը Սումկայիթի, Պաքուի, Կիրովապատի եւ այլ քաղաքներու հայութեան մէջ ձգեց հարիւրաւոր զոհեր ու հազարաւոր վիրաւորներ։ Մինչ վերապրողները, որոնք կը հաշուէին հարիւր հազարներով, ստիպուած եղան ամէն ինչը ձգել եւ փախչիլ, արտերկրի մէջ ապահովութիւն փնտռելով։
Սումկայիթի ջարդերէն 23 տարիներ ետք, ազերի պետութեան բռնութիւնը կենդանի երեւոյթ մըն է այդ երկրի նախագահի խօսքերուն մէջ, ամէն անգամ որ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ պատերազմը վերսկսելու սպառնալիքներ կ’արտայայտէ, կացութիւն մը որ անկասկած ամբողջ Հարաւային Կովկասի կայունութեան դէմ կ’ազդէ։