Բռնատիրութեան Մագլցումներու Հետքերով

Սահակ Թութճեան, Լոս Անճելըս, 6 Յունուար 2011
Փոխան Խմբագրականի
 

 

Սերժ Սարգսեանի «Ոսկէ Միջինը»

Ազատութիւնը 2010ին յաւելեալ արագութեամբ շարունակեց իր ազատ անկումը՝ ազատ և անկախ որակեալ Հայաստանի խաբուած ժողովուրդի գլխուն վերեւ:


Սահակ Թութճեան, Լոս Անճելըս, 6 Յունուար 2011
Փոխան Խմբագրականի
 

 

Սերժ Սարգսեանի «Ոսկէ Միջինը»

Ազատութիւնը 2010ին յաւելեալ արագութեամբ շարունակեց իր ազատ անկումը՝ ազատ և անկախ որակեալ Հայաստանի խաբուած ժողովուրդի գլխուն վերեւ:

Ասոր շօշափելի ցուցանիշերու կարգին կարելի է թուել տարեկան այն գնահատականները զորս հրապարակեցին միջազգային «Մարդկային Իրաւանց Հսկողութիւն» (Human Rights Watch) կազմակերպութիւնը և Ուաշինկթընի «Ազատութեան Տունը» (Freedom House), ինչպէս նաեւ հայաստանեան «Խօսքի Ազատութեան Պաշտպանութեան Կոմիտէն»:

Քաղաքական ազատ արտայայտութեան իրաւունքի կոպիտ ոտնահարման (դեռ եւս) կենդանի վկաներն են՝ տակաւին կալանքի տակ գտնուող ինը քաղբանտարկեալները: Քաղաքական մեկուսացեալ կալանքի տակ եղող Նիկոլ Փաշինեան օրը օրին յաւելեալ մնայուն սպառնալիքի տակ է ոչ միայն իշխանութեան քրէակատարողական հիմնարկի «ուժայիններու», այլ նաեւ – ու մանաւանդ – օլիկարխներու կամակատար դիմակաւորներուն կողմէ: Ասոնք կը փորձեն մութին մէջ շարունակել և ամբողջացնել 2008 Մարտի 1-ի իրենց կիսաւարտ մնացած ոճիրները:

 

Հայաստանի ժողովուրդի ազատութեան դէմ ամենալուրջ, կազմակերպուած ու հեռահաս վտանգը թերեւս կարելի է նկատել այն քօղարկեալ սպառնալիքները որոնք ընդդիմութեան և այլախոհութեան դէմ հնչեցին իշխող հանրապետական կուսակցութեան 20ամեակի հանդիսութեան բեմէն՝ նոյնինքն Սերժ Սարգսեանի մէղրածոր ծանրասացութեամբ:

-1-
ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՍՊԵԼԸ


Խնդիրը իր առարկայական համաթեքսթին մէջ ընկալելու համար ընդունինք թէ, որպէս գոյավիճակ, ազատութիւնը յարաբերական է: Այս իմաստով, մեթոտաբանական որոշ իմաստ մը անկասկած կայ՝ ներկայիս ընդունուած թուային դասաւորման այն ձեւաչափին մէջ, որով կը ներկայացուի տարբեր երկիրներու ազատութեան աստիճանը:

Ըստ հայաստանեան «Խօսքի Ազատութեան Պաշտպանութեան Կոմիտէի» վիճակագրական ու հետազօտական տուեալներուն, որոնք մասամբ կը հետեւին «Ազատութեան Տունի» չափանիշերուն բայց հիմնուած են 50 լրատուամիջոցներու գործիչներու կարծիքին վրայ, Հայաստանի զանգուածային լրատուամիջոցներու ազատութեան մակարդակը ներկայիս կը գտնուի մասամբ-ազատներու (կամ՝ կիսազատներու) և ոչ-ազատներու հասարակաց սահմանագծին վրայ: Ազատութիւնը կաշկանդող և ոչ-ազատ դարձնող կարեւորագոյն գործօնը որ մատնանշուած է՝ լրատուամիջոցներու տնտեսական անկախութեան պակասն է: Իրաւական ու քաղաքական գործօններու առթած սահմանափակումը նկատուած է «մասամբ ազատ» դարձնող գլխաւոր պատճառը: Միւս կողմէ, գրաքննութիւնը պաշտօնապէս անգոյ է, սակայն իրականութեան մէջ առկայ է ամենուրեք, և լրագրողները ընկճուած են անոր ճնշման տակ: Ներկայ կիսազատ-անազատ դրութիւնը չափազանց անկայուն ու վտանգաւոր է, և կրնայ որեւէ պահուն ամբողջութեամբ իջնել ոչ-ազատներու ճահիճը:

Ըստ «Ազատութեան Տունի», որ կը յենու վիճակագրականօրէն ընտրուած անկախ անձերու կարծիքին վրայ, Հայաստանի լրատուամիջոցները կը դասուին ոչ-ազատ:

Վերջապէս, ըստ «Մարդկային Իրաւանց Հսկողութիւն» միջազգային կազմակերպութեան գնահատման, Հայաստան ներկայիս կը գտնուի ազատութիւնը ճնշող իշխանութեան տակ (Մամուլի Ազատութեան 2010ի Ցուցանիշով 101րդը՝ Լրագրողներ Առանց Սահմանի ընկերակցութեան 178 պետութիւններու ցանկին մէջ): Ու պիտի ճանչցուի որպէս այդպիսին՝ այնքան ատեն որ ազատ հեռատեսիլէ զրկուած է ընդդիմութիւնը: Նախապէս, «Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը» հաստատած էր թէ Հայաստանի իշխանութիւնները խախտած էին ազատ արտայայտութեան իրաւունքը և 13-րդ անգամ ըլլալով մերժած՝ հեռարձակման արտօնագիր տալ «Ա1+ » անկախ հեռատեսիլի ընկերութեան: Նոյնպէս կամայականօրէն մերժուած էին «ԱԼՄ» և Կիւմրիի «Գալա» հեռատեսիլի արտօնագրի վերանորոգման դիմումները: Հեռուստատեսութեան և Ռատիոյի Ազգային Յանձնաժողովը գլխաւորող Ամալեանը անոնց դէմ չխրտչեցաւ գործածելու ամենաստոր յերիւրանքներն ու զրպարտութիւնները: Անոր բերնէն միայն գարշահոտ վիրաւորանքներ կ’ելլէին «Ա1+ »ի սեփականատիրոջ և պատասխանատուներու հասցէին – իր տէրերու աչքին հաճոյանալու մարմաջով, կամայականօրէն «մեռեալ հոգիներ» կ’որակէր զանոնք: Այս ամբողջ խեղկատակութեան անդրադառնալով, միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը մեկնաբանեց թէ Հայաստանի իշխանութիւններուն համար ազատ խօսքի խափանումը աւելի հրատապ խնդիր ըլլալ կը թուի քան իր միջազգային իրաւական պարտաւորութիւններուն յարգումը:

Իրենց արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր, «Ա1+ », «ԱԼՄ» և Կիւմրիի «Գալա» հեռուստաընկերութիւնները կը պատրաստուին բողոքարկել եւրոդատարանի և դատական այլ ատեաններու մօտ:

-2-
ՔԱՂԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼՆԵՐՈՒ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒՄԸ


Ներկայ դրութեամբ, աւելորդ է քաղբանտարկեալներու կալանքի անարդարութեան մասին խօսիլ իրաւական գետնի վրայ: Ասոր պատճառը երկար բացատրութեան չի կարօտիր: Նախկին սովետական հանրապետութիւններու մեծամասնութեան օրինակով, անկախութեան հաստատումէն ի վեր Հայաստանի մէջ արդարադատութիւնը չի գործեր: Ասիկա շատ աւելի խոշոր համեմատութիւններու հասած է 1998 Հոկտեմբերի 27էն ասդին: Իսկ 2008 Մարտի 1-ին և անկէ ետք մինչեւ այսօր, հայաստանեան արդարադատութեան մասին խօսիլն անգամ անհեթեթութիւն է, մանաւանդ քաղաքական դաշտի վրայ, քանի դարձած է իշխանութիւններու պատանդն ու խամաճիկը:

Պարզ խօսինք: Օր ցերեկով յերիւրածոյ ինչպիսի մեղադրանքներ ալ բարդեն անոնց ուսերուն, իրաւական կամ քրէական լուրջ յանցագործութեան հետ առնչութիւն չունին քաղբանտարկեալներ Նիկոլ Փաշինեանը, Սասուն Միքայէլեանը, Յարութիւն Ուռուտեանը, Սարգիս Հացպանեանը, Մուրադ Բոջոլեանը, Արամ Բարեղամեանը, Արա Յովհաննիսեանը, Շմաւոն Գալստեանը և Ռոման Մնացականեանը: Անոնց բանտարկութեան դրդապատճառը զուտ քաղաքական է – միակողմանի, կարճատես ու քինախնդիր: Անոնց վաղաժամկէտ կարելի ազատ արձակումը եւս քաղաքական նկատումներով կամ հաշուարկներով կը նախատեսուի, և ոչ մէկ կապ ունի արդարադատութեան հետ: Ատիկա կրնայ տեղի ունենալ, ըսենք, արտաքին թշնամիի դէմ պատերազմի մը պարգային, կամ՝ Ռոպերթ Քոչարեանի վերադարձը կանխելու միտող իշխանութիւն-ընդդիմութիւն մասնակի համաձայնութեան մը որպէս նախապայման: Թէեւ նոյնիսկ այս վերջին սենարիոյի պարագային, իշխանութիւնները այնքան ալ հեշտութեամբ բաց պիտի չթողէին այնպիսի պատանդներու օձիքը, ինչպէս Նիկոլ Փաշինեանն ու Սասուն Միքայէլեանը: Ասիկա՝ դարձեալ զուտ նեղ-քաղաքական պատճառներով – իր թուլութեան հետեւանքով, իշխանութիւնը ինքզինք վտանգուած կը զգայ անոնց անկաշկանդ քննադատութեամբ:

Փակագծի մէջ կարելի է աւելցնել թէ, նոյնիսկ քաղաքական որեւէ բնոյթ կամ երանգ չունեցող քրէական յանցագործութիւններու պարագային, արդարադատութիւնը մերօրեայ Հայաստանի մէջ չի գործեր որպէս իրաւապաշտպանական միջոց, այլ պարզապէս իշխանութեան ձեռքին մէջ գործիք մըն է՝ իր կողմնակիցները վարձատրելու և ընդդիմադիրները պատժելու համար:

-3-
ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻՆ

Դրժելով Մարտիմէկեան ողբերգութեան առնչութեամբ բոլոր ամբաստանեալներուն ներման հրամանագիրը, իշխանութիւնները՝ դատարանի միջնորդութեամբ, 7 տարի բանտարկութեան դատապարտեցին «Հայկական Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Նիկոլ Փաշինեանը: Ան քաջութիւնը — և, դժբախտաբար, միամտութիւնը – ունեցած էր ինքզինք համոզելու որ ազատ կամքով յանձնուի իշխանութեան՝ քանի վստահ էր թէ որեւէ յանցագործութիւն չէր կատարած, և թէ ներումը կիրառելի էր իր պարագային: Եթէ որեւէ ոճրային արարք կամ յանցագործութիւն կատարած ըլլար, անշուշտ ինք բոլորէն առաջ պիտի գիտակցէր թէ պատիժը կը սպասէ իրեն, և ինքզինքը յանձնելու փորձութեան պիտի չ’երթար: Ես կասկած չունիմ թէ՝ այստեղ մենք կը խօսինք հայրենասէր, մշակուած, սկզբունքի տէր և ընտանիքը կարօտած տիպար մտաւորականի մը մասին: Իր անքաւելի մեղքն այն էր որ մարդկային նորմալ արարածներու հետ շփոթեց մերօրեայ Հայաստանի անսկզբունք և վատոգի իշխանութիւնները՝ ինքզինք կամովին յանձնելով գիշատիչ գայլերու ոհմակի մը անգոյ խիղճին:

Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի վկայութեան, դիմակաւոր յատուկ ջոկատայիններ իր վրայ գրոհեցին 10 Նոյեմբերի գիշերը իր բանտախուցին մէջ՝ հոգեբանական ու ֆիզիքական բռնութիւններու և ճնշումներու ենթարկելով զինք: Իր կալանաւորումէն ի վեր առաջինը չէ այս միջադէպը, որ կը նպատակադրէ լռեցնել զինք, կոտրել ներկայ անարժան իշխանութիւններու դէմ պայքարելու կամքը, իր չգործած յանցագործութեան համար ներման խնդրագիր կորզել իրմէ, և ստիպել որ հրաժարի քաղաքական ու լրագրական գործունէութենէ:

«Կոշ» քրէակատարողական հիմնարկի մէջ ուր բանտարկուած է, զինեալ ոճրագործներ յարմար առիթի կը սպասեն – մանաւանդ գիշերները – յարձակելու համար կալանաւոր Նիկոլ Փաշինեանի վրայ: Հակադարձելով եղած ու ծրագրուող յարձակումներու դէմ բողոքարկման, իշխանութիւնները – դասական դարձած ֆաշիստական ամբոխավարութեամբ – արձագանգեցին անհամոզիչ հերքումներով կամ անբարտաւան հեգնանքով:

Արդարադատութեան նախարարութեան քրէակատարողական վարչութիւնը գիշերային երազանք որակեց պատահարը: Միւս կողմէ, աներեւակայելի թեթեւամտութեամբ, Հայաստանի «Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանի» գրասենեակը բաւականացաւ՝ քրէակատարողական հիմնարկի պաշտօնեաներուն հետ հեռախօսակապով հետեւիլ խնդրի զարգացումներուն: «Պաշտպանները» նոյնիսկ չզիջեցան հանդիպիլ բողոքարկուին կամ իր փաստաբանին, և վերջաւորութեան յայտարարեցին թէ … միջադէպը տեղի չէ ունեցած, և թէ … Նիկոլը կը ստէ:

Ես տարակոյս չունիմ, սակայն, թէ ո՛վ է ստողը:

Տարակոյս չունիմ, քանի նոյնպէս եղաւ 2008 Մարտի 1-ին, երբ իշխանութեան ամբողջ ուժական կառոյցը — և՛ զինեալ ոճրագործները – բորենիավարի յարձակեցան անզէն ու խաղաղ ցուցարարներու վրայ: Յետոյ ալ ստեցին թէ ժողովուրդը – ներառեալ Նիկոլը – յարձակում գործած էր իշխանութեան ուժերուն դէմ: Նոյն բորենիները, նոյն ոճով, հիմա կը հրահրեն ու կը կազմակերպեն Նիկոլի դէմ գիշերային յարձակումները բանտախուցին մէջ: Եւ արդարադատական նոյն պատասխանատուները իրենց տխուր նոյն դերին մէջ են՝թաքցնելու և գլխիվայր շրջելու համար ծրագրուած ու գործուող ոճիրները:

Այս արտառոց համայնապատկերին մէջ, սակայն, առաւել ցաւալին է տեսնել թէ ինչպէ՛ս Արթուր Պաղտասարեանի կամ Արտաշէս Գեղամեանի մը բարոյական սնանկութեան մակարդակին կ’իջնէ Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան Վերջին Մոհիգանը՝ չես գիտեր արծաթի քանի՞ կտորներ ձեռքին մէջ:

Հայաստանի իշխանութեան ականջները, խիղճը, չափի զգացումն ու պետական մտածողութեան ըմբռնումը բոլոր իմաստներով կարծես խուլ են՝ աշխարհով մէկ բարձրացած բողոքի ալիքներուն դիմաց: Նիկոլ Փաշինեանի կեանքի ապահովութիւնը երաշխաւորելու, զինք ազատ արձակելու և յանցագործ պատասխանատուները պատժելու պահանջով հանդէս եկած են միջազգային իրաւապաշտպան բազմազգի կազմակերպութիւնները. Գանատայի, Ֆրանսայի, ԱՄՆ-ի, Լատինական Ամերիկայի և բազմաթիւ այլ երկիրներու աւելի քան երեք հարիւր հայ և այլազգի գիտնականներ, ուսուցիչներ, տնտեսագէտներ, լրագրողներ, ազատ ասպարէզի գործիչներ, մասնագէտներ ու մտաւորականներ. Հայ ազգային գոնկրէսը. Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի երեք տասնեակ ակադեմիկոսներ, թղթակից անդամներ, դոկտորներ ու փրոֆեսորներ. աւելի քան տասնեակ մը հայաստանեան լրատուամիջոցներու խմբագիրներ ու պատասխանատուներ. Հայաստանի Գրողներու միութեան, Թատերական գործիչներու միութեան և Ճարտարապետներու միութեան բազմաթիւ անդամներ՝ ի դէմս այս միութիւններու գործող կամակատար նախագահներուն. և այլն:

Այս առնչութեամբ տեղին է կարեւոր յիշեցում մը: Մարտիմէկեան խաղաղ հաւաքի ծիրին մէջ, գրոհող ոստիկաններու կողմէ կամայական վայրագ հարուածներու տակ տնքացող որեւէ անձ, ներառեալ Նիկոլ Փաշինեանը, բնականաբար – որպէս մարդկային նուազագոյն հակազդեցութիւն – ինքնապաշտպանութեան շարժումներ կ’ընէ երբ դժուարին կացութեան մէջ դրուի: Թոհուբոհին մէջ իր ձեռքերը կամ ոտքերը կրնան ինքնեկ շարժմամբ դպած ըլլալ զինք ծեծող ոստիկանի մը մարմնին: Նայած վերէն իրեն տրուած հրահանգին, ոստիկանը հեշտօրէն կրնայ այդ հպումը տեղեկագրել որպէս յարձակում իր դէմ:

Ոստիկանի և ոստիկանութեան իրաւունքներով այնքան մտահոգ Հայաստանի արդարադատութեան պատասխանատուներուն հարց կու տանք. Խաղաղօրէն իր քաղաքացիական իրաւունքն ու պարտականութիւնը կատարող, իր կարծիքն արտայայտող քաղաքացիին դէմ վայրագօրէն գրոհելու, զինք ֆիզիքապէս ու հոգեպէս ճնշելու իրաւունքը ո՞վ տուաւ ոստիկանին՝ որուն գերագոյն պարտականութիւնն է ծառայել իր ժողովուրդին: Վստահ եմ որ ոստիկանէն ծեծ ուտող անմեղ քաղաքացին չի կրնար տուած ըլլալ այդպիսի լիազօրութիւնը: Ամէն պարագայի, ըսել թէ Նիկոլ Փաշինեան յարձակում գործած է ոստիկանի վրայ՝ շատ նման է գառնուկը մեղադրելուն թէ իր աքացիներով յարձակած է գայլին վրայ և թոյլ չէ տուած որ – ինչպէս վայել է գառնուկի մը – առանց որեւէ ընդդիմութեան, գայլը հանգիստ յօշոտէ զինք:

-4-
ԲՌՆԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ՄԱԳԼՑՈՒՄԸ


Իշխող կուսակցութեան՝ ՀՀԿ-ի 20ամեակի հանդիսութեան, Սերժ Սարգսեան մեղրածոր սպառնախօսութեան մրցանիշ կոտրեց իր ելոյթով: Նախապէս արդէն գիտէինք թէ ան ի՛նչպէս կը ծրագրէր «եւրոպական» առումով իւրովի ժողովրդավարոթիւն հաստատել երկրին մէջ՝ ճիշդ հակադիր նախաձեռնութիւններու միջոցով: Իսկ իր այս խորաթափա՜նց ելոյթով ան յայտնագործեց «Ոսկէ Միջին» լուսաճաճանչ ճանապարհը՝ «նոր բարձր տեմպ հաղորդելու մեր քայլերին»: Իմաստութեան այս հանճարամիտ «միջինը» կը բացառէ եղեր՝ «յեղափոխական ցնցումները» մէկ կողմէ, և «տեղում դոփելու» վտանգը՝ միւս կողմէ: Իր յայտնագործութեան մէջ կը մտնեն երեք տեսակ «ընդդիմախօսներ»: Առաջինը՝ անկեղծ անհատներն են որոնք երբեմն նոյնիսկ «սուր» հարցեր կը բարձրացնեն: (Որքա՜ն պիտի ուզէինք իմանալ այդ «սուր» հարցերէն գէթ մէկ նմոյշ): Երկրորդը՝ բոլոր խնդիրներու լուծումը միմիայն իշխանափոխութեան մէջ տեսնողներն են: (Ուշադրութի՛ւն ՀՅԴ, ՍԴՀԿ, ՀԱԿ և Ժառանգութիւն, մի գուցէ ձեզ նոյն տոպրակի մէջ գցելով ու տոպրակին բերանը ամուր կապելով կը ծրագրուի նոյն անբաղձալի բախտին արժանացնել բոլորդ): Իսկ երրորդը՝ անոնք որ «յստակ» ծրագիր ունին վարկաբեկելու «հայ ժողովուրդը», «հայոց պետականութիւնը» և յատկապէս «հայոց բանակը»: (Հասկցա՞ք թէ բանն ինչումն է, նախորդ փակագիծերու մէջ ներառուած յարգելի՛ «ընդդիմախօսներ» հայոց աշխարհի):

Ոչ միայն պարզ մշուշապատումով, այլ դիտումնաւո՛ր պղտորութեամբ հայ ժողովուրդի տարբեր հատուածները շփոթեցնելու և ապակողմնորոշելու կը միտին այս ելոյթին մէջ շաքարապատուած բայց խիստ թունալից միջուկով սպառնալիքները: Ատոնք առայժմ կեդրոնացուած են առաւելաբար լրատուամիջոցներու, իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու և անհատներու դէմ: Ներկայ հանգրուանին, կը փորձուի ընդդիմադիր կազմակերպութիւններու ենթահողէն առանձնացնել ու մեկուսացնել իշխանութիւնը քննադատող առաջին գիծի «անբաղձալի» տարրերը: Իշխանութիւնը չի կրնար հանդուրժել որ լրատուամիջոցներն ու իրաւապաշտպանները կատարեն իրենց պարտականութիւնը՝ սրբագրութեան համար լոյսին բերելով այն անօրինութիւններն ու յանցագործութիւնները որոնք վերջերս անհամեմատ բազմացած են կառավարական մարմիններուն և յատկապէս բանակին մէջ: Իր ելոյթի կոպիտ ոճով, Սերժ Սարգսեան հասկցուց թէ անսաստողներուն դէմ կիրառելու է հետապնդման բոլոր տարբերակները, ներառեալ՝ քրէական հետապնդումներ, պետական գաղտնիքի տարածման մեղադրանքներ, լրտեսութեան ու դաւաճանութեան ամբաստանութիւններ: Նոյն շունչով ան եզրակացուց թէ՝ պէտք է ուժեղացնել հասարակական վերահսկողութիւնը այս մեղադրանքներու կարելի բոլոր թեկնածուներուն վրայ: (???): Դժուար է Մալխասեանի կամ Աճառեանի «հնացած» բառագիտութեան հիմամբ լրիւ հասկնալ այս սերժամտածողութեան ներքին խո՜ր իմաստը: Թերեւս կարելի ըլլար պրծիլ՝ «հասկցիր այն ինչ կ’ուզես» ձեւակերպումով: Հեշտ բայց վտանգաւոր կը նկատեմ նման փախուստը: Յոռետեսութեամբ ամբաստանուելու ռիսքը յանձն առնելով, մենք առողջ կամ լուսաւոր ծալքեր չենք տեսներ այս միտքերը շաքարապատող ուղեղին մէջ:

Սերժ Սարգսեանի այս յայտարարութեամբ մենք կը տեսնենք Հայաստանի ժողովուրդը կեղեքող աւազակապետական բռնատիրութեան մէկ նոր մագլցումը: Իր «հեղինակաւոր» ցուցմունքով, Հայաստանի ներկայ օլիկարխներու հարստապետութեան կը տրուի կանաչ լոյսը՝ անցնելու մերկապարանոց բռնատիրութեան և ամբողջատիրութեան – եթէ, անշուշտ, Հայաստանի ժողովուրդը չկասեցնէ նման աղէտը: Ամբոխավարական, հակաժողովրդական ու հակաժողովրդավարական կեղծ ազգայնականութեամբ քօղարկուած ֆաշիզմը միշտ ալ վերջին հանգրուանը հանդիսացած է ժողովուրդներու ստրկացման և անխնայ շահագործման: Եւ ատոր առաջին ցուցադրական թիրախը գրեթէ միշտ եղած են՝ ժողովուրդի ցաւերուն ու խիղճին արձագանգող մամուլը, իրաւապաշտպանները, մտաւորականներն ու արուեստագէտները:

 

2 comments
  1. Սիրելի Սահակ Թութճեան, Գրիչդ դալար

    Սիրելի Սահակ Թութճեան, Գրիչդ դալար, ձայնդ անսպառ… Ամեն ինչ ասված է ու՞ր է ելքը… Արամայիս Միրզախանյան Շվեդիա, Սթոքհոլմ

    aramais.mATlive.se

  2. Is there a solution?

    I share Sahag Toutjian’s concerns and his depiction of what has evolved in Armenia. His meticulous, scientific and artfully presented case leaves almost no room for questioning the soundness of the arguments.

    There is a big problem though. A good number of Diasporans have lost faith in the leaders in Armenia, whether from the ruling party or the opposition. Moreover, there is an increasing perception that the situation in Armenia is heavily influenced by what goes on in Russia. Given the geopolitical unfavorable concerns and security challenges, it seems Armenia will de facto be within the sphere of influence of Russia for the foreseeable future.

    It would have been appreciated if the author would have provided some proposals of how to improve the situation. HAK and the other opposition parties who profess to bring change do not seem to agree on a common platform for reasons that are mostly clear to people who follow developments in Armenia. In the absence of such a plan it seems the next parliament and the presidency will just be an extension of the present pathetic and shameful status quo.

    Would anybody suggest solutions?

Comments are closed.

You May Also Like