Յարութ Տէր Դաւիթեան, Լոս Անճելոս, 5 Յունուար 2013
Մարդ անհատին այս աշխարհի վրայ ապրած տարիները սահմանափակ են: Հետեւաբար, եթէ անոր ուշքն ու միտքն ալ պիտի սահմանափակուին միայն այդ տարիներու տարածքին վրայ ապրելիք իր կեանքով, ապա ու՞ր մնաց տարբերութիւնը մարդուն եւ անասունին: Եթէ մարդ միայն իր գոյութիւնը ապահովելու եւ ստամոքսը կուշտ պահելու բնազդով ապրէր, ապա իր նախնական վիճակէն դուրս ելած չէր ըլլար: Բայց երբ իր առօրեայէն անդին, վեհ գաղափարներու եւ ապագայ սերունդներուն աւանդ մը թողելու գիտակցութիւնը ունեցաւ, սկսաւ քաղաքակրթութիւն մշակել: Մարդը գիտակցեցաւ, որ թէեւ ինք մահկանացու է, բայց իրմէ ծնած վսեմ գաղափարները կրնան գոյատեւել դարեր շարունակ: Հետեւաբար, այդպիսի գաղափարներու յղացման ու հետապնդման միջոցաւ, ան ոչ միայն կրնար իմաստաւորել ու արժեւորել այս աշխարհի վրայ իր գոյութիւնը, այլեւ նոյնիսկ՝ անմահանալ:
Յարութ Տէր Դաւիթեան, Լոս Անճելոս, 5 Յունուար 2013
Մարդ անհատին այս աշխարհի վրայ ապրած տարիները սահմանափակ են: Հետեւաբար, եթէ անոր ուշքն ու միտքն ալ պիտի սահմանափակուին միայն այդ տարիներու տարածքին վրայ ապրելիք իր կեանքով, ապա ու՞ր
Հայ մարդն ալ, որպէս հնագոյն ժողովուրդի զաւակ, այդ գիտակցութեամբ կերտեց իր ինքնուրոյն մշակոյթը եւ այդ ճամբով նպաստած եղաւ նաեւ համաշխարհային քաղաքակրթութեան կերտման: Պատմահայր Խորենացին դրուատեց եւ օրինակելի տիպարներու վերածեց այդպիսի անհատ առաջնորդներ, որոնք «մտքով անցածը չէին անում, այլ ուշադրութիւն էին դարձնում միայն մնայունին եւ անանցականին»: Հայ ազգը, հակառակ «փոքր ածու» մը ըլլալուն, իր դարաւոր գոյութիւնը կը պարտի իր այն զաւակներուն, որոնք գիտակցօրէն աշխատեցան ժողովուրդի մէջ տարածել վսեմ գաղափարներու հետեւելու անհրաժեշտութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը:
Բայց ինչպէ՞ս բացատրել այն հակասութիւնը, որ հանճարներու ծնունդ տուող հայ ազգը, դարերով ոտնակոխ եղած է օտարներու տիրապետութեան տակ: Արդեօ՞ք անոր համար, որ ժողովուրդը օրին ընդհանրապէս չէ հասկցած իր հանճարները, չէ կրցած ընկալել անոնց գաղափարները եւ զանոնք կիրառել իր առօրեայ կեանքին մէջ: Արդեօ՞ք անոր համար, որ չէ կրցած հաշտեցնել հանճարներու ջատագոված վարքը իր առօրեայ վարքին հետ: Անոնց գծած ուղիին հետեւիլը իր առօրեայ «հանգիստ»ի խռովման պատճառ գտած է եւ նոյնիսկ հալածած է զանոնք: Ու միայն ուշացումով, երկար տարիներ ետք գիտակցած է անոնց արժէքին, շատ մը պատեհ առիթներ ձեռքէ տալէ ետք: Հալածեալներու շարքը երկար է. Խորենացիէն մինչեւ Կոմիտաս, Չարենց ու Սեւակ, Արշակ ու Պապ թագաւորներէն մինչեւ Մխիթար Սպարապետ ու Անդրանիկ, եւայլն…
Մեր հանճարներուն ջատագոված գաղափարներուն մէջ առանձնայատուկ շեշտ մը դրուած է հաւաքական գործակցութեան գաղափարախօսութեան վրայ, որպէս փրկարար ուժ ժողովուրդի տառապանքներու վերացման: Մաշտոցէն մինչեւ Չարենց այդ պատգամն է, որ ուժգին հնչած է, բայց զարմանալիօրէն չէ դարբնուած հայ անհատի մտածելակերպին մէջ: Դժբախտաբար հայուն շեշտուած անձնասիրութիւնը միշտ ալ խոչնդոտ հանդիսացած է անձնականէն ու հատուածականէն վեր՝ ազգասիրական ձգտումներու զարգացման: Աւելին, հաւաքական ուժի պիտակին տակ, ազգային մասնիկներ ձգտած են մենաշնորհեալ իրավիճակներու ստեղծման, փորձելով իրենց տիրապետութիւնը տարածել ազգի մեծամասնութեան վրայ, բայց յանգած հակառակ արդիւնքի, վնասելով ազգային յառաջխաղացքին:
Չխորանանք մեր պատմութեան մէջ: Նայինք քսանամեակէ մը ի վեր անկախացած Հայաստանի զարգացումներուն: Ազգասիրական գիտակցութեամբ լի ո՞ր մէկ անձը պիտի համարձակէր բնապահպանական աղէտներու յառաջացման գնով, կողոպտել երկրի ընդերքի հարստութիւնները յօգուտ իր անձնական շահին: Ո՞ր մէկ ազգասէրը պիտի համարձակէր իր անձնական շահին համար գրպանել ահաւոր երկրաշարժէն տուժած ժողովուրդի համար սահմանուած օգնութիւնները, աղէտէն մօտ քսանհինգ տարիներ ետք իսկ աւելի քան չորս հազար ընտանիքներ տնազուրկ պահելով: Ո՞ր մէկ ազգասէրը պիտի համարձակէր հազարաւոր զոհուածներու արեան գնով ազատագրուած տարածքներէն հարստութիւն թիզել, բայց եւ չնպաստել ո'չ զոհուածներու ընտանիքներուն ապահովման եւ ո'չ ալ այդ տարածքներու վերաբնակեցման գործին: Ո՞ր մէկ ազգասէրը պիտի համարձակէր իր անձնական շահին համար պատճառ դառնալ գիւղացիներու խեղճացման, գիւղերու դատարկման եւ ժողովուրդի օտարացման:
Սեպհական ժողովուրդի ստրկացումն ու օտարումը Տղամարդկութիւն չէ՛, այլ՝ Ոճրագործութիւն: Փառամոլ, եսասէր ու կարճատես մարդու անասնական մտածելակերպ է: Ի՞նչ իմաստակութեամբ նորօրեայ օլիկարխները կը դիմեն այսպիսի հայրենաքանդ քայլերու, տկարացնելով իրենց ոտքի տակի հողը եւ ապագայ սերունդներու գոյերթը: Աւելի զարմանալին Սփիւրքահայ այն մարդիկն են, որոնք ականատես ըլլալով հանդերձ Աղէտի Գօտիի ժողովուրդի ծառայութեան համար կառուցուած հինգ միլիոնանոց պահեստին հարիւրյիսուն հազարով «սեփականաշնորհման», կը լռեն ու կը շարունակեն գործակցիլ այդ ոճրագործներուն հետ: Աւելի զարմանալին Սփիւռքահայ այն մարդիկն են, որոնք ականատես ըլլալով հանդերձ միլիոնաւոր տոլարներու նուիրատուութեամբ կառուցուած հիւանդանոցներու ապշեցուցիչօրէն փոքր գումարներով «սեփականաշնորհման», կը լռեն ու կը շարունակեն գործակցիլ այդ ոճրագործներուն հետ: Աւելի զարմանալին Սփիւռքահայ այն մարդիկն են, որոնք այդ ոճրագործներուն Սփիւռքեան օճախներ այցելութեան ընթացքին, զանոնք կը պատուեն հիւրասիրութեան սեղաններով, փոխան բողոքի ցոյցերու:
Այս այպանելի ընթացքով, մենք պարզապէս հող կը պատրաստենք այն հերթական աղէտին, որ անպայմանօրէն պիտի գայ մեր ազգի գլխուն, ինչպէս որ եկան անցեալի աղէտները, որոնցմէ դասեր չքաղեցինք: Եւ այնքան ատեն, որ մենք պարզ գոյութիւն մը քարշ տալու՝ «ուր հաց, հոն կաց» մտածելակերպով կ'առաջնորդուինք ու հետամուտ չենք մեր կեանքերը վսեմ գաղափարներով իմաստաւորելու. այնքան ատեն որ չենք վարակուած իրաւ հայրենասիրական գաղափարներով. այնքան ատեն որ չենք գիտակցիր հաւաքական գործակցութեամբ անարդարութեան եւ անօրինականութեան դէմ պայքարի անհրաժեշտութեան. այնքան ատեն որ կը հանդուրժենք տանիլ օլիկարխներու հայրենաքանդ լուծը ու ամէն մէկ օլիկարխի դիմաց հազարաւորներու բողոքի բանակով չենք ծառանար, մենք կը մնանք դատապարտուած մեր պատմութեան մէջ դժբախտութեան նոր էջ մը արձանագրելու:
Վեհ գաղափարներէ զուրկ օլիկարխներու համար, անտառի օրէնքն է գերակայ: Անոնց սահմանափակ մտածելակերպով, բիրտ ուժն ու նիւթն են խնդիրներու բանալին: Երբ անոնք ժամանակաւորապէս կը յաջողին կեղեքել ժողովուրդը եւ իրենց կամքը պարտադրել անոնց վրայ, կը կարծեն թէ ինչպէս անձնական, նոյնպէս ազգային խնդիրներ կարելի է նիւթականով լուծել: Իմաստակ եւ յիմար մարդու մտածելակերպ է այդ: Վկա՛յ մեր պատմութիւնն ու ազգային գոյերթը, որ պիտի չի՛ յարատեւեր առանց վեհ գաղափարներով տոգորուած գիտակից առաջնորդներու: Վկա՛յ Կարսի այպանելի եւ ամօթալի խայտառակութիւնը, երբ հակառակ ռազմական դիրքի, մարդուժի եւ զինամթերքի առաւելութեանց, առանց փամփուշտ մը արձակելու, անառիկ բերդը յանձնեցինք թշնամիին: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ բանակն ու ժողովուրդը յուսալքուած էին ու պարպուած ազգասիրական գաղափարներէ: Ժեներալներու ներկայութիւնը չապահովեց Կարսը: Հերոս գնդապետ Մազմանեանի նմաններուն ու անոնց ոգիին պակասն էր, որ պատճառ դարձաւ Կարսի յանձնումին: Երբ ունիս գաղափարապաշտ ժողովուրդ, որ Մազմանեանի նման կը հաւատայ յանուն ազգի ու հայրենիքի իմացեալ մահով անմահանալու իրականութեան, ապա նիւթական վտիտ միջոցներով իսկ կարելի է հրաշքներ իրականացնել: Վկա՛յ Սարդարապատն ու Արցախեան հերոսամարտը:
Անցած տարիներու իրադարձութիւնները Կարսի խայտառակութիւնը կը յուշեն: Որպէս զի չկրկնուի այդ խայտառակութիւնը, գաղափարապաշտ «խենթ»երու բանակը պէտք է ստուարանայ եւ Չարենցեան պատգամին անսալով՝ հաւաքական ուժ դառնայ: Միայն ա՛յդ պարագային, Պարոյր Սեւակի բնութագրութեամբ, ամէն մէկս մեր հոգու պարտքը տալով, պիտի գտնենք հնարը չընկնելու եւ չհանգելու, այլ՝ կանգուն մնալու, լինելու եւ շատանալու:
3 comments
Բռավո, Հարութ… Քեզ պես ևս
Բռավո, Հարութ… Քեզ պես ևս 10 հոգի Սփյուռքում ունենայինք, այստեղ գոնե աշխարհընկալման հետ կապված խնդիրներ չէին լինի, էլ չեմ ասում որ հաջորդ քայլով մեր երկիրը տականքից ազատելու ու շենացնելու էինք…
Անչափ գնահատելի
Հարգելի ազնվական անձիք, իբրեւ մի անծանօթ հայ մարդ, գնահատում եմ այսքան հսկայ մտածելակերպից: Այո, հենց ձեր տված լուծումն էլ տրված է վերջին նախադասության մէջ: Խորին համոզումով եւ համաձայնելով գրվածքի բովանդակության, կը-ցանկանամ հավելացնեմ որ ԺԱՄԸ ՀԱՍԵԼ Է հենց այդ ԳԱՂԱՓԱՐԻ շնչով հենց այդ ԽԵՆԹԵՐԻՆ գտնել եւ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՔԱՅԼ ՎԵՐՑՆԵԼ, երկիրը փրկելու:
Եթէ կը մտնամ այս կայքէջ,աւելի
Unedited
Եթէ կը մտնամ այս կայքէջ,աւելի ճիշտ կը վերադառնամ,միմիայն քո նման Հայորդիներու հետ շփւելու , դրդւած, մտաւոր հարաբերութեանց պահանջէն է :Քանզի քուկին վերջին պարբերութեան համար ունիմ լայնածաւալ բացադրութիւն, սակայն մերժւած, հրատարակւելէ:
Աւելի ճիշտ ծաւալուն ԶԿՈՅՑ*paper է ան, զոր որոշ անձինք-ըստ ընկեոջս,տեսակ մը հիւանդ-չուզեցին լոյս ընծայւէ: Սակայն իմ պայքարը ,հինեն կուգայ,դուն լաւ գիտես: Շուտով մէկ երկու Հայատառ շաբաթաթերթերու մէջ պիտի հրատարակւէ,*to the chagrin of some of my unfriends.Միմիայն մէկ բան աւելցնեմ: Ես կը հաւատամ գաղաբարներու բազմազանութեանց,կը յարգեմ բոլորին ալ,ուրեմն կը նախընտրեմ ըսել ՄԻԱԲԱՆԻՆՔ-Միաբանւինք,cooperate: Միութիւն չի կարող լինել -օրինակ- Ձախ եւ Աջ հոսանքներու մեջ,բայց ինչու չէ Միա բանիլ հնարաւոր է:Վկայ Ֆրանսիոյ պէս Երկիրներ….
Յարգանօք, ինչպէս միշտ
Կայծակ Փալանճեան
Comments are closed.