Գանատահայոց Թեմական Առաջնորդները

Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, Լուսաբաց, Թորոնթօ, 17 Մայիս 2014

1984-ի Հոկտեմբեր ամսուն, Սէնթ Քաթրինզ քաղաքին մէջ գումարուած Էջմիածնական Թեմի եկեղեցիներու ներկայացուցիչներէն բաղկացեալ Պատգամաւորական Ժողովը հիմը դրաւ Գանատայի անկախ Թեմին եւ ընտրեց իր առաջին Առաջնորդը՝ Վազգէն Եպս. Քէշիշեանը, եւ նոյն ատեն ընտրեց իր առաջին Թեմական Խորհուրդը, որուն որպէս անդամ ընտրուելու պատիւին արժանացայ այն ատեն:

Երեսուն տարիներ անցած են այդ թուականէն եւ երեք ընտրեալ առաջնորդներու, 6, 13 եւ 10 տարիներու իրարարայաջորդ պաշտօնավարութիւններէն ետք, մօտաւորապէս տարի մըն է որ թեմը կը կառավարուի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի լիազօր պատուիրակ Նաթան Արք. Յովհաննիսեանի կողմէ: Ան նշանակուած էր ի հետեւանք սուր պայքարի մը, որ ձախողեցուց վերընտրութիւնը նախկին Առաջնորդ Բագրատ Սրբազանին:

Այս ամսուայ վերջաւորութեան տեղի պիտի ունենայ ընտրութիւնը Էջմիածնական Թեմի Առաջնոր դին, դին, որ յոյսով ենք որ իր անձին շուրջ պիտի հաւաքէ թեմի արժանապատւութեամբ եւ բարւոքութեամբ մտահոգ բոլոր  «էջմիածնասէր»   եւ եկեղեցասէր հետեւորդները:

Այս ամսուայ սկզբնաւորութեան ալ տեղի ունեցաւ Անթիլիասական Թեմի Առաջնորդին ընտրութիւնը, որ Խաժակ Սրբազանի հանգստեան կոչուելուն պատճառաւ ընտրեց այդ թեմի երկրորդ Առաջնորդը, յանձին Թորոնթոյի Ս.Աստուածածին Եկեղեցւոյ նախկին հովիւ Տ. Մեղրիկ Եպիսկոպոս Բարիքեանին (որ վերջերս եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ Անթիլիասի մէջ):

Վերոյիշեալ բացատրական նախաբանէն ետք, ինքզինքիս պիտի ներեմ վարագոյրին ետեւէն դուրս գալ եւ որպէս «էջմիածնական»ի զաւակ ջերմօրէն շնորհաւորել նորընտիր Անթիլիասական Առաջնորդ Գերշ. Մեղրիկ Սրբազանը եւ այդ թեմի բոլոր հաւատացեալները, մաղթելով որ ան յետ այսու դառնայ Էջմիածնական Առաջնորդին հետ միասին ԱՄԲՈՂՋ գանատահայոց երկու Առաջնորդներէն մէկը: Թող երկուքը իրար միջեւ կիսեն մեր եկեղեցւոյ ներկայացուցչութիւնը հանրային, պետական եւ պաշտօնական միջոցառումներուն, մէկը նստած Մոնթրէալ, միւսն ալ՝ Թորոնթօ:  Արաբական առածը կ‘ըսէ՝ «պէտքը մայրն է հնարքին», եւ եթէ մեր համերաշխ գոյակցութիւնը պէ՛տք է սփիւռքահայ կեանքի մեր հանգիստին, այն ատեն մեր արդի օրերու հոգեբանութեամբ ապրելու կարիքը մայրն է նոր վիճակի մը ստեղծումին:

Առաւել, եթէ ՙՀորիզոն՚ շաբաթաթերթի էջերով եւ յարգելի յօդուածագիր Վրէժ Արմէնի գրչով փոխանցուած փափաքով պէտք է կոչել ամէն հայ դպրոց եւ եկեղեցի մե՛ր դպրոցները եւ մե՛ր եկեղեցիները, այն ատեն ինչո՞ւ չկոչել նաեւ երկու Առաջնորդներն ալ մե՛ր Առաջնորդները: Պաղ Պատերազմի աքցանով կիսուած մեր Հայց. Առաքելական Եկեղեցին իր ազնուական անձին մէջ մարմնացուց եւ միացուց տաղանդաշատ Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա. երջանկայիշատակ Կաթողիկոսը, երբ Անթիլիասի Աթոռը թողնելով անցաւ Էջմիածին՝ որպէս ամէնուն կողմէ սիրուած եւ ընդունուած Հայրապետը: Անոր ընտրութենէն ետք եւ Պաղ Պատերազմի վերջ գտնելէն ետք Էջմիածին-Անթիլիաս ճամբան վերաբացուեցաւ…:

Թորոնթոյի հայութիւնը բախտաւորութիւնը ունեցած է իր մէջ պաշտօնավարող կարող հոգեւորականներու ծառայութիւնը վայելելու եւ անոնցմէ ոմանց Առաջնորդի պաշտօնին բարձրանալը տեսնելու: Եւ այդպէս, Էջմիածնական Թեմէն՝ Վազգէն Արք. Քէշիշեանն ու Յովնան Արք. Տէրտէրեանը, Թորոնթոյի հովուական պաշտօնավարութենէ ետք դարձան Գանատայի Առաջնորդներ, եւ Անթիլիասական Թեմէն ալ Խաժակ Արք. Յակոբեանն ու Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանը անցան Թորոնթոյի հովւութենէն եւ դարձան Առաջնորդներ:

Մեղրիկ Սրբազանը, իր եկեղեցականի մաքուր եւ համեստ նկարագրով եւ կոչումին գիտակից բուռն նուիրումով, շահած էր արդէն թորոնթոհայութեան սէրն ու յարգանքը: Իր մասին մեր լսած լուրերէն մղուած կ‘ուզենք ըսել՝  «Հալալ է քեզի Առաջնորդի պաշտօնը»:

Ու եթէ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանը ի վիճակի ըլլար իր թեկնածութիւնը դնել Էջմիածնական Թեմի Առաջնորդի ընտրութեանց, անոր ալ պիտի ըսէինք «հալալ ըլլայ քեզի Առաջնորդի պաշտօնը», որովհետեւ ան տարիներու ընթացքին ցուցաբերած է խոհեմ  եւ կարող հոգեւորական ըլլալու բոլոր յատկութիւնները:

Ամփոփելու համար մեր խորհրդածութիւնները, պիտի ուզենք ըսել որ գանատահայոց թեմական Առաջնորդները կը թուի որ լաւ կ‘ըլլան, երբ հոս՝ Գանատայի մէջ ծառայած ըլլալով արժանացած կ‘ըլլան տեղացիներու վստահութեան, սիրոյն եւ յարգանքին:

Մաղթելով որ Էջմիածնական Թեմը կ‘ընտրէ այդպիսի ծառայութեամբ օժտուած Առաջնորդ մը, սրտանց կը շնորհաւորենք մեր ընտրեալ միւս Առաջնորդը՝ Գերշ. Մեղրիկ Սրբազանը:

You May Also Like