Գանատայի Բնանկարչութիւնը Եւ Արման Թաթոսեան

 Մովսէս Ծիրանի , Զալքա, Լիբանան, 29 Սեպտեմբեր 2015

Բնաւ զարմանալի չէ որ Գանատայի նման հարուստ բնաշխարհի տէր երկիր մը տուած ըլլայ հիացմունքի արժանի բնանկարչական այնպիսի տարբերակ մը, որ գեղարուեստական դպրոց մը ստեղծելու ուժը կը պարունակէ իր մէջ։ Տարօրինակը այն է սակայն որ բնանկարչական Գանատական ուղղութիւնը գրեթէ անծանօթ կը մնայ… միջազգայնօրէն։

Այո՛, Գանատայի բնութիւնը, բազմաբնոյթ է իր տարողութեամբ, առինքնող է իր արտաքին տեսքով ու հմայիչ՝ իր ներքին խորհրդաւորութեամբ, սկսեալ իր խստաշունչ ու սպիտակ ձմեռներէն, մինչեւ վիպական ու երփներանգ աշունները։


 Մովսէս Ծիրանի , Զալքա, Լիբանան, 29 Սեպտեմբեր 2015

Բնաւ զարմանալի չէ որ Գանատայի նման հարուստ բնաշխարհի տէր երկիր մը տուած ըլլայ հիացմունքի արժանի բնանկարչական այնպիսի տարբերակ մը, որ գեղարուեստական դպրոց մը ստեղծելու ուժը կը պարունակէ իր մէջ։ Տարօրինակը այն է սակայն որ բնանկարչական Գանատական ուղղութիւնը գրեթէ անծանօթ կը մնայ… միջազգայնօրէն։

Այո՛, Գանատայի բնութիւնը, բազմաբնոյթ է իր տարողութեամբ, առինքնող է իր արտաքին տեսքով ու հմայիչ՝ իր ներքին խորհրդաւորութեամբ, սկսեալ իր խստաշունչ ու սպիտակ ձմեռներէն, մինչեւ վիպական ու երփներանգ աշունները։

Գանատայի բնանկարչութիւնը սկսաւ տեղական բնոյթ ստանալ ու ինքնատիպութիւն ձեռք բերել, անցնող դարու սկիզբին երբ Թոմ Թոմսընն ու «Եօթներու խմբակը» ծրագրուած ձեւով հետախուզեցին, ուսումնասիրեցին ու պատկերեցին Գանատայի բնաշխարհի տարբեր երեսները, նաեւ՝ կոյս անտառները, լիճերն ու գետերը։ Անոնց նպատակն էր նաեւ ձերբազատիլ եւրոպական (յատկապէս անգլիական) բնանկարչութեան ազդեցութիւններէն ու ապա ստեղծել իրենցը՝ գանատականը։ Այս խումբի գեղագիտական սկզբունքներն ու կազմակերպած  ցուցահանդէսները հիմք ծառայեցին գանատական ուրոյն բնանկարչութեան զարգացմանն ու տարածմանը։

Եթէ այցելելու ըլլաք Մոնթրէալի կամ Օթաուայի պատկերասրահ-թանգարանները, պիտի համոզուիք որ գանատական ժամանակակից կերպարուեստը ոչ միայն մրցունակ է միջազգայնօրէն, այլեւ հաւասարի իրաւունքով քայլ կը պահէ մերօրեայ արուեստի շարժումներու եւ նորութիւններու հետ։ Այո՛ Գանատան սկասած է մշակութային ինքնուրոյնութիւն ձեռք բերել, որուն մէջ կենսական ու որոշիչ դեր կը կատարէ երկրի բնաշխարհը։

(Յստակացնելու համար, անմիջապէս աւելցնենք որ խօսքը չի վերաբերիր Ինուիթներու ցեղային եւ հարուստ արուեստին, որուն արժէ անդրադառնալ առանձինն։)

Եթէ տպաւորապաշտութիւնը Ֆրանսական խառնուածքի դրսեւորումն է, եթէ արտայայտչապաշտութիւննը Գերման ոգիին արտացոլումն է, ապա գանատական բնանկարչութիւնը, մէկ կողմէ երկրի բնաշխարհի տարերային գեղագիտական ուժի արդիւնքն է եւ միւս կողմէ ներգաղթած արուեստագէտներու, տպաւորութեան, ներշնչման ու անոնց անհատական խառնուածքի  արտայայտութիւնը։

Բնական է որ գանատահայ գեղանկարիչները, ի տէս երկրի գեղեցիկ բնաշխարհին ու ապրելով ու ստեղծագործելով անոր մէջ, պիտի ներշնչուէին անկէ ու պիտի փորձէին տալ, գանատական բնանկարչութեան իրենց տարբերակը։ Ինչպէս, Պերճ Չաքէճեան, Ժոզէֆ Մանտալեան, Արէգ Էլիբեկեան, Պետրոս Ասլանեան, Կարօ Մարկոսեան, ևյլ.։

Այս շարքի առաջին անուններէն մէկը անկասկած որ Արման Թաթոսեանն է։ Ան ծնած է Ալեքսանդրիա (Եգիպտոս) 1951-ին։ Ինը տարեկանին ծնողներու հետ կը փոխադրուի Գանատա, եւ 1973-ին կ՝անդամակցի Գանատայի Արքայական Արուեստի Ակադեմեային (Royal Academy of Arts), դառնալով կրտսերագոյն անդամը այս բարձրագոյն հիմնարկին։ Հայրը եւ յատկապէս մեծ հայրը օժտուած գեղանկարիչներ էին. այս վերջինը կը դառնայ անոր առաջին ուսուցիչը եւ անոր կեանքը կը մղէ դէպի արուեստ։

Գանատայի մէջ կը ծանօթանայ սերպ քանդակագործ Jose Majgnes-ին եւ ապա Adam Sheriff-Scott-ին, որուն արուեստանոցին մէջ շրջան մը ձրի աշխատելէ ետք ձեռք կը բերէ որմնանկարչական հմտութիւններ, որ ճակատագրական դեր կ'ունենայ հետագայ ստեղծագործական կեանքի վրայ։ Ան մասնագիտական կրթութիւնը կը ստանայ Մոնթրէալի McGill համալսարանի արուեստի բաժինը, սակայն աւելի կատարելագործուելու համար կը մեկնի Եւրոպա եւ յաջորդաբար կ՝ուսանի Փարիզի Academy of Fine Arts-ի եւ Իտալիոյ  Carrera Academy-ի հիմնարկներէն ներս։ Ան 1970-ին կ'այցելէ նաեւ Յունաստան, որուն արեւոտ ու պայծառ բնութիւնը կը տպաւորէ զինք ու Գանատա վերադարձին դուրս կը դնէ սեւ եւ ճերմակ ներկերը իր ներկապնակէն։

Արման Թաթոսեանի համար բնութիւնը կը վերածուի գլխաւոր «գեղարուեստական կերպարի», որովհետեւ իրեն համար «ամէն բան կայ բնութեան մէջ»։

Եւ իրապէս Արման Թաթոսեանի ստեղծագործական աշխարհը՝ իր ներշնչման աղբիւրը ու առհասարակ կեանքի գրաւականը ի վերջոյ գլխագիր բնութիւնն է։ Թէեւ ան պարբերաբար պատկերած է նաեւ դիմանկարներ և մերկուհիներ, սակայն բնութիւնը կայ ու կը մնայ իր գերխնդիրը. եթէ կ՝ուզէք նոյնիսկ իր կեանքի գեղագիտական իմաստաւորումը։ Մերկուհիներ պատկերելու պարագային, անոր մերկուհիները ժամանակակից կիներու խառնուածքն ու կեցուածքը չունին։ Հոն չկան համարձակ, ինքնավստահ ու ինքնագոհ էգերու կերպարներ, այլ բնութենէն փրթած եւ կամ բնութեան հետ մերուած կիներ են, մայրանալու ընդունակ էգեր՝ որոնք սակայն մայր ըլլալէ առաջ էգեր են և էգ   ըլլալէ առաջ՝ մարդկային էակներ։

Գանատական բնանկարիչները, յատկապէս Թոմ Թոմսընը, «եօթեակներու խմբակ»ն ու անոնց յաջորդները, ստեղծեցին գանատական բնորոշ, ուրոյն ու իւրայատուկ բնանկարչութիւն մը, ուր շարժումը մերթ բուք ու բորան է, մերթ սառնամանիք, մերթ գարնանային զովասուն զեփիւռ, եւ մերթ նաեւ աշնանային գունագեղ ու լուսաւոր տերեւաթափ։ Ի դեպ գանատական տերեւաթափը իր հմայիչ՝ բազմազան դրսեւորումներով հրդեհուած ու կենսունակ բնաշխարհ մը կը պարզէ, որ լաւապէս իր արտայայտութիւնը գտած է «եօթեակներու խմբակ»ի ստեղծագործութիւններուն  մէջ։ Անոնք նոյնիսկ գանատական բնութեան խորհրդաւորութիւնը  փորձեցին  բացայայտել ու դրսեւորել։ Արման Թաթոսեան հարազատ ժառանգորդն է անոնց, բայց ոչ կրկնողը։ Այլ ան գանատական բնանկարչութիւնը աստիճան մը վեր բարձրացուց ու զարգացուց, թեկուզ փոքր իր տարողութեամբ։

1975-ին պետական հրաւէրով Արման Թաթոսեան Հայաստան կ՝այցելէ, ուր հմայուած հայրենի բնութեամբ, քառասուն տարիներ ետք պիտի յայտարարէր. «մեր հայրենիքի բնութիւնը շատ ազդեց վրաս», ու անմիջապէս պիտի աւելցնէր. «իմ նկարչութեան մէջ ե՛ւ  Գանատայի ե՛ւ Հայաստանի բնութիւններուն  խառն ազդեցութիւնները կան»։

Ի վերջոյ եթէ ուզէ ալ արուեստագէտը չի կրնար ձերբազատուիլ իր էութենէն, իր ինքնութենէն։ Քանի մը շաբթուայ տպաւորութիւնը դժուար թէ էապէս ազդէր արուեստագէտի մը վրայ ու փոխէր իր ստեղծագործական կեանքի ընթացքը, եթէ երբեք այդ տպաւորութիւնները ընդոծին ու առհաւական բնոյթ չունենային։ Անկասկած որ Թաթոսեանի բնանկարչութիւնը իր խառնուածքով ու արտայայտչականութեամբ կը պատկանի գանատական արուեստին, սակայն պիտի չմոռնանք որ ան ծնած ու տասնեակ մը տարիներ ապրած է Եգիպտոս ու իր արմատներով հայ է։ Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ Արման Թաթոսեանի բնաշխարհը գանատական ըլլալով հանդերձ կը տարբերուի միւսներէն, իր լուսերանգներու եւ գոյներու, առաւել շարժունակութեամբ, առաւել պայծառութեամբ ու ինչ որ տեղ նաեւ կենսունակութեամբ։

Թաթոսեանի համար գերանկարչութիւնը մասնագիտութենէ մը շատ աւելին էր, իրեն համար երփնագրելը էր նաև՝ ապրելակերպ ու կեանքի իմաստ։ Ան նոյնիսկ չխնայեց իր առողջութիւնը ու անընդհատ ստեղծագործեց, առանց նոյնիսկ  հետաքրքրուելու իր արուեստի ապագայ ճակատագրով։ Այնուամենայնիւ Թաթոսեանի գործերը գնահատուած ու ցուցադրուած են  շուրջ երկու տասնեակ միջազգային հեղինակութիւն ունեցող, թանգարաններու, պատկերասրահներու եւ արուեստի այլ հիմնարկներու կողմէ, որոնց շարքին նաեւ. Massachusets National Gallery, Presidential Library Washington D.C., National Gallery of Chicago, Muse՛e d՝Art Contempօrain de Montreal, Montreal Museum of fine Arts, Tokyo Central Museum, Muse՛e National de Beux-Arts du Quebec, National Art Gallery of Santa Dominic Republic, եւայլն։

Կան արուեստագէտներ որոնք վախնալով որ պիտի չկարողանան աւարտել իրենց ստեղծագործական ծրագիրները, կեանքը արագ կ՝ապրին եւ արագ ալ հրաժեշտ կու տան կեանքին։ Թէև այս տեսակէն էր նաեւ Արման Թաթոսեան, սակայն իր ստեղծագործական առաքելութիւնը աւարտած արուեստագէտի մը գոհունակութեամբ 2012-ին մեկնեցաւ առյաւէտ, և մարդկութեանը կտակեց այնպիսի գեղանկարչութեան աւանդ մը, որ իրաւունք կու տայ մեզի զինք դասելու միջազգայնօրէն կայացած արուեստագէտներու շարքին։

Ինչպէս յաճախ, Արման Թաթոսեանի պարագային եւս դարձեալ ուշացած կը թուինք ըլլալ մենք՝ հայերս…։ 

You May Also Like