Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, Թորոնթօ, 24 Յուլիս 2018
«Նոր Հայաստան, Նոր Հայրապետ» կարգախօսով առաջնորդուող հայաստանցիներու դիմաց կանգնած Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պաշտպան սփիւռքահայ զինուորագրեալները վերջերս ողողեցին մամուլի էջերը՝ իրենց այլազան պատճառաբանութիւններով տէր կանգնելու մեր աւանդական նկատուող սրբութիւններուն։ Ու թէեւ քանի մը տասնեակ հայաստանցիներու անկարգութիւններն ու ատելավառ եւ ամօթալի յայտարարութիւնները Էջմիածնի արքայ Գարեգին կղերապետին հասցէին ուղղուած որեւէ ձեւով ընդունելի կարելի չէ նկատել, եւ պատշաճութեան սահմաններուն անտեսուիլը անոնց կողմէ պէտք է քննադատել ու մեղադրել, սակայն եւ այնպէս սրբութիւնները պաշտպանելու հեւքին ծառայող սփիւռքահայերը պէտք է գիտնային նոյն բծախնդրութեամբ պաշտպան կանգնիլ այդ սրբութիւններուն, երբ սրբահոգատար սպասարկուները քսան տարուան ընթացքին իրենց սրբապղծութեամբ արգահատանքի աստիճանին հասցուցին ժողովուրդին ունեցած զգացումը իրենց հանդէպ։
Փաշինեանի քայլին հետեւող մեր հայրենի ժողովուրդը նախկին իշխանութիւնը տապալելու իր խանդավառութեան ծալքերուն մէջ անկասկած որ ունի այդ իշխանութեան «հոգեւոր» իշխանակիցը տապալելու տենչը, բան մը, որ չունի «հեռուէն հեռու» սրբութիւններու սէր քարոզող սփիւռքահայը, որ չճաշակեց նախկին իշխանութեան սանձարձակ ժողովրդավատ քաղաքականութիւնը։

Յետոյ, ինչո՞ւ շփոթել սուրբ գահը իր անսուրբ գահակալին հետ եւ ո՞ր շնորհքներուն համար է, որ այդ գահակալը կը պաշտպանուի ու կը փառաբանուի։ Իր հարուստ բարերարներուն եւ գործակիցներուն կոնդակներ բաշխելո՞ւն եւ անոնց նիւթականով ոսկեզօծ կառոյցներ բարձրացնելո՞ւն համար, կամ թէ նախկին իշխանութեան հիմերը կանգուն պահելու ծառայած իր ըրած աղօթքներուն համար։ Գահակալին զինուորագրեալ պաշտպանները յօդուածներով կը խօսին լուռ մեծամասնութեան մը մասին հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ, որ Էջմիածնի վեհութեան ու սրբութեան կը հաւատայ եւ որ, ըստ իրեն, դէմ է գահակալին դէմ կատարուած ապստամբութեան։
Արդեօք անոնք չե՞ն գիտեր, թէ մեր ժողովուրդին մեծամասնութիւնը արգահատանքով կը հետեւէր գահակալին ինքնասէր եւ բռնատէր վարուելակերպին, որու պատճառաւ քանի՜ թեմական մարմիններ եւ եկեղեցասէր ազգայիններ իրենց նախընտրած առաջնորդներուն եւ հովիւներուն կողքին կանգնած ըլլալնուն համար բարոյալքուեցան կամ չէզոքացուեցան։ Իրենց սիրելի գահակալը քոչարեանական կամ սարգսեանական իշխանաձեւ որդեգրելով՝ պաշտօնազրկեց Ֆրանսայի նախկին սիրուած առաջնորդը եւ քմահաճօրէն ստիպեց, որ Գանատայի թեմին կողմէ ընտրեալ առաջնորդ մը հրաժարի։ Եւ դեռ քանի՜ կարող եւ ժողովուրդին յարգանքը վայելող կղերական սպասարկուներ սքեմազրկուեցան կամայականօրէն, որովհետեւ կը նախընտրէին ծառայել իրենց հօտերուն, փոխանակ ծառայելու իրեն։ Այդ ուժը ան կը ստանար ժողովուրդին ատելութիւնը վաստակած իշխանութենէն, եւ նոյն ձեւով գործելու ուժը կը ստանան ուրիշ աթոռակալներ իրենց կռնակը կանգնած կուսակցական ուժերէ՝ ժողովուրդէն սիրուած եւ անոր ծառայող Տէր Մեղրիկ առաջնորդ մը Գանատայէն դէպի Անթիլիաս փոխադրելով։
Թող ոչ մէկ հայ ուրիշ հայու քարոզ չկարդայ սուրբ Էջմիածնի սրբութեան իմաստին մասին։ Անաստուած, անհաւատ եւ նոյնիսկ համայնավար հայը երբեք չէ խարխափած իր ազգային հաւատքին եւ հայ Քրիստոսի արժէքին առջեւ ծնրադրելու եւ չէ վարանած անոնց համար իր կեանքը զոհելու։ Մեր կարող հոգեւորականներէն Հայր Կոմիտաս Վարդապետ վերջերս հեռատեսիլի հայկական կայանի մը առջեւ ընդունեց, որ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒԹԻՒՆ է պէտք մեր եկեղեցիէն ներս եւ յորդորեց «Նոր Հայաստան, Նոր Հայրապետ» աղմկարարներուն՝ իրենց բողոքները օրինաւոր ձեւով ներկայացնել նկատառութեան։
Ժամանակին, Մարթին Լութեր կոչեցեալ իմաստուն կղերական մը ապստամբեցաւ Վատիկանի Պապին դէմ եւ Բողոքական շարժումը յառաջացնելով՝ պատռեց նիւթական որոշ արժեգինի փոխան արքայութիւն ծախող փաստաթուղթերը Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ (1517 թ.)։ Հայ ժողովուրդը կը սպասէ հայ Մարթին Լութերը, որ խիզախութիւնը ունենայ եկեղեցին բարեփոխելու, վախազդու հին կերպարները վերաձեւելու, եւ բողոքելու նիւթական նուիրատուութեան փոխան կոնդակներու վաճառման դէմ։
Գարեգին կղերապետին պաշտպանները իրենց թելադրուած եւ դժուար դերին մէջ կը նմանին Ամերիկայի ներկայ նախագահ Տանըլտ Թրամփը պաշտապանողներուն, որոնցմէ շատեր որպէս քրիստոնեայ քարոզիչներ բարոյականութիւն կը քարոզեն, սակայն եւ այնպէս անբարոյ նախագահ կը պաշտպանեն։ Ծիծաղելի վիճակ մըն է, որով անոնք կամովին ինքզինքնին կը խայտառակեն յանուն չես գիտեր ինչ նպատակի կամ շահի։ Արդեօք ի՞նչ շահի եւ նպատակի ծառայել կ’ուզեն Գարեգին չսիրուած կղերապետին պաշտպանները։
5 comments
Shame on you!
Maitre Barkev Davidian is absolutely justified in questioning the honesty and integrity of our self-proclaimed chieftains. Where were the leaders of AGBU, Dashnaks and Ramgavars when Karekin II abused his authority throughout two decades, when scandals after scandals were discovered, when he committed so many sacrileges against the Armenian Church?
It seems international shady sources like "rusarminfo" also are in cohoots trying to mitigate the unstopable move to dethrone the usurper Karekin by spreading unsubstantiated lies against conscientious activists. One such recent incident is the shameless act of PrimeNews.am. What sort of journalism does its editorial board practice? Spreading malicious fabrications for the purpose of character assassination — worst form of propaganda. It makes the editorial board complicit in a conspiracy to disparage an honest historian like Gevorg Yazichyan who speaks truth to power.
Shame on you!
Dikran Abrahamian MD
Բացահայտումներ Կաթողիկոսի մասին
Սիրելի հայրենակից,
Որպէսզի կոյր կեցուածք չունենաք ցանկալի է դիտել այս տեսաերիզը եւ այնուհետեւ կողմնորոշուիք Սբ. Էջմիածնի գահակալին մասին:
"Բացահայտումներ Կաթողիկոսի մասին"
No one has the right
No one has the right to interfere in the regulations of the Holy Echmiadzin and the private life of our supreme spiritual leader, even if all the allegations are true. You deserve a gay Supreme spiritual leader and you will get one after Catholicos Karekin II fulfils his lifelong spiritual supremacy. All the Armenian Holy Seats worldwide are totally independent in their administration and their housekeeping like you and me at home. This is pure enmity and revenge against the sovereignty of our spiritual leaders.
Ամէնայն Հայոց Վեհափարը
Ամէնայն Հայոց Վեհափառը Կաթողիկոսն է ընդհանուր հայութեան և իրաւոնք չունիք անարգելու:
Ինչպէս ընտրուեցաւ ժողովի մը կողմէ, գումարեցէք նոյն ժողովը և զրկեցէք անոր իր պաշտոնէն:
Ես ալ Հայ եմ և նոյն իրաւունքը ունիմ:
ԱՄՕԹ Է:
Naive մարդիկ
Հայերս naive մարդոց […..] կը կոչենք: Արդեօք իր վերջին քսան տարուայ ընթացքին նշանակուած ժողովական մարդոց կողմէ ի՞նչ տեսակ նոր անձ մը ընտրելու առիթ կ'ընծայուի:
Comments are closed.