Գեղանկարիչ Շահէ ՏէրՊօղոսեան

Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ, 8 Նոյեմբեր 2010

"Սարեանական" Վառ Գոյներ ու "Վան Գոգ"եան Երազային Աշխարհ
Բնութեան ու Գեղեցկութեան Պաշտամունք


 
Բազմահազարամեայ Փիւնիկէ-Լիբանանի վառ արեւը, բնութեան չքնաղ գոյները, ջինջ կապոյտ երկինքը, գողտրիկ նաւահանգիստները, ծառերն ու պուրակները…։ Այս բոլորը գեղարուեստի աշխարհէն ներկայացուած են բազմատաղանդ լիբանանահայ գեղնկարիչ Շահէ Տէր-Պօղոսեանին կողմէ։
 


Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ, 8 Նոյեմբեր 2010

"Սարեանական" Վառ Գոյներ ու "Վան Գոգ"եան Երազային Աշխարհ
Բնութեան ու Գեղեցկութեան Պաշտամունք


 
Բազմահազարամեայ Փիւնիկէ-Լիբանանի վառ արեւը, բնութեան չքնաղ գոյները, ջինջ կապոյտ երկինքը, գողտրիկ նաւահանգիստները, ծառերն ու պուրակները…։ Այս բոլորը գեղարուեստի աշխարհէն ներկայացուած են բազմատաղանդ լիբանանահայ գեղնկարիչ Շահէ Տէր-Պօղոսեանին կողմէ։
 

Բնածին տաղանդ։ Իր ստեղծագործութիւնները կը յիշեցնեն անմահն Մարտիրոս Սարեանի երիտասարդութեան տարիներու գոյները, Վան Գոգի ու Մանէի երազային աշխարհը, երկրային “դրախտ”ին հասնելու ձգտումները՝ գեղանկարչութեան միջոցով։ Կիլիկիոյ Հայոց Ցեղասպանութենէն ու բազմիցս տարագրուած սերունդի զաւակ Շահէ Տէր-Պօղոսեանի գործունէութիւնը արուեստի աշխարհէն ներս սկսած է 1979ին։

1948 թուին Պէյրութ ծնած եւ ապա Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի արուեստից բաժնէն շրջանաւարտ հայորդիին մօտ նկարչութեան տաղանդը յայտնաբերուած է 7-8 տարեկանին։

Ինքնաշխատութեամբ, գեղարուեստի շրջանակներուն հետ սերտ շփումներով, կը յաջողի նուաճել Լիբանանի գեղանկարչութեան դժուարահաճ ղեկավարութեան սիրտերը՝ մասնակցելով աւելի քան 30 հաւաքական ցուցահանդէսներու եւ 13 գիտաժողով-“սիմփոզիում”ներու, ելոյթ ունենալով Լիբանանի արուեստի շրջանակներու հրաւէրով։
 

 
_ Պէտք է խոստովանիմ, որ բախտաւոր եղած եմ աշակերտելու համբաւաւոր գեղանկարիչ Փօլ Կիրակոսեանի՝ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանին մէջ։ Իմ գործունէութեանս նեցուկ եւ քաջալերանք ցուցաբերած է քանդակագործ Տիկին Կիւլէն Տէր-Պօղոսեան, որ արուեստի դասախօսուհի է Լիբանանեան համալսարանին մէջ։ Այժմ դուստրս՝ Մարալ, որ աւարտած է Լիբանանի գեղարուեստի ակադեմիան՝ յատուկ կրթաթոշակով մեկնած է Վիեննա՝ կատարելագործուելու։ Հոն արդէն իսկ կազմակերպած է երկու ցուցահանդէս, մեծ յաջողութեամբ։

Լիբանանեան ու լիբանանահայ գեղարուեստի աշխարհին մէջ իր երկարամեայ փորձառութիւնը կը նկարագրէ Շահէ Տէր-Պօղոսեան։ Ինքզինք կը համարէ տպաւորապաշտ (impressionist) դպրոցի հետեւորդ, որուն մէջ առկայ են նաեւ իրապաշտ դպրոցի գունազարդ պատկերներ։

_ Կը նախապատրաստուիմ իմ առաջին անհատական ցուցահանդէսին, որուն համար հսկայական աշխատանք է պէտք։ Ստեղծագործութիւններս մեծ մասամբ վաղո՜ւց վաճառուած են եւ պէտք է Լիբանանի արուեստասէր հասարակութեան ներկայացնել մեր ժամանակներու գեղանկարչութեան զարգացումներուն հետ քայլ պահող, մեր երկրին ու աշխարհին գեղեցիկ եւ յուսատու բնութիւնը, դէմքերը ներկայացնող պաստառներով։

Իր ստեղծագործութիւնները յատկանշուած են կառոյցի ամրութեամբ, գոյներու համերաշխ ներդաշնակութեամբ, յագեցած քնարականութեամբ ու երաժշտականութեամբ։ Իր գործերուն մէջ կը տիրապետէ արեւի եւ հոգիէն ցայտող լոյսը՝ որպէս յոյս գալիք երջանիկ ժամանակներու։

 
1 comment
  1. «Ուսուցիչը կրնայ իր գիտութիւնը

    «Ուսուցիչը կրնայ իր գիտութիւնը փոխանցել աշակերտին, բայց ոչ իր տաղանդը։» Արուեստագէտին համբաւը, իր բերած վկայականքը  (Référence)ը չէ, այլ՝ իր ստեղծագործութեան առթած հետաքրքրութիւնն է։

    Բարձրագոյն գնահատանքը կրնայ ճակատագրական արժեզրկման հանգիլ։
    Չափաւոր գնահատութիւնը, կրնայ բարենպաստ ըլլալ եւ քաջալերական ազդանշան մը, զոր անկասկած, արուեստագէտին   օրէ օր կատարելագործման կը մղէ։

Comments are closed.

You May Also Like