խմբագրական՝ “Սփիւռք” պարբերաթերթի (թիւ 97, Նոյեմբեր 2012)
Արդէն քանի մը տարի է, ինչ հայ հասարակութիւնը կը պատրաստուի նշելու Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցը: Վերջին ամիսներուն այս աշխատանքները աւելի արագացան. կազմուեցան զանազան մարմիններ, ներառեալ` պետական յանձնաժողովը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ` իր բազմատասնեակ “պատկառելի” անդամներով, որոնց վերջերս եկան գումարուելու քանի մը նոր անդամներ, կարծէք եղածները քիչ էին: Իսկ այնպիսի ձեւով կը ծրագրուին այս ու գրեթէ ամէն գաղթօճախի մէջ կազմուած 100-րդ տարելիցի յանձնախումբերուն նախատեսած ձեռնարկները եւ այնպիսի բաներ կ՛ըլլան (կամ չեն ըլլար), որ կարծէք խօսքը կը վերաբերի … համահայկական նաւասարդեան կամ միջազգային ողիմպիական խաղերու կամ, առնուազն, համազգային մեծ եւ բերկրալի իրադարձութեան մը, օրինակ` հայոց գիրերու գիւտի յոբելեանի մը: Նման “ուրախ” տպաւորութիւն կու տայ “ամեակ” բառը, փոխան “տարելից”ի:
խմբագրական՝ “Սփիւռք” պարբերաթերթի (թիւ 97, Նոյեմբեր 2012)
Այս թոհուբոհին մէջ, գրեթէ ոչ ոք, ներառեալ 100-րդ տարելիցի մունետիկներն ու դերակատարները, ուշադրութիւն կը դարձնէ կարեւոր կէտի մը: Արդարեւ, խօսքը կը վերաբերի Մեծ Եղեռնի՛ 100-րդ տարելիցին եւ ոչ թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Արդարեւ, նոյն պետական յանձնաժողովի քարտուղար եւ անդամ պատմաբաններու բերանացի թէ գրաւոր բազմաթիւ ելոյթներուն մէջ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը բնորոշուի իբրեւ 1894-էն 1923 երկարող երեսնամեակի ընթացքին գործուած ցեղասպանութեանց շարք, որուն մէջ Մեծ Եղեռնը օղակ մըն է միայն, թէկուզ` առանցքային օղակը, որովհետեւ ան ուղեկցուեցաւ աննախընթաց ողբերգ ութեամբ` հայութեան հայրենահանումով իր հազարմեակներու հայրենիքէն: Հետեւաբար, 2015-ը ճիշդ չէ բնորոշել իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարի, անիկա Մեծ Եղեռնի՛, այն ալ` անոր սկիզբի՛ 100-րդ տարելիցի թուականն է: Այս հակասութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ինչքան մակերեսային կերպով կը մօտեցուի հայոց մեծագ ոյն ողբերգ ութեան առնչուած հարցերուն, այն ալ` պետութեան եւ համահայկական կառոյցներու կողմէ (դասական կուսակցութիւններ, Հ. Բ. Ը. Մ. [ո՜հ, ո՜չ, ներողութի՜ւն` Էյ. Ճի. Պի. Եու.], Արմինիըն Էսեմպլի օֆ Ամերիքա եւ մասամբք սոցին)…
Վերոնշեալը կարելի է չնչին բան նկատել համեմատած աւելի ահաւորին հետ. ամէնուրեք կը խօսուի
Թուրքերը իրագործեցին հայոց իրարայաջորդ ցեղասպանութիւնները` ազատելու համար Հայկական Հարցի գլխացաւանքէն: Այսինքն` Հայկական Հարցը արդէն կար ՄԻՆՉԵՒ 1894-1923 ժամանակաշրջանի ցեղասպանութիւնները: Յաւելեալ փաստ է այն տարրական իրողութիւնը, թէ Հայկական Հարցը առաջին անգամ միջազգային լայն ասպարէզ բերուեցաւ 1878-ին` Սան Սթեֆանոյի դաշնագիրով, ԵՐԲ ՀԱՅՈՑ ԱՐԻՒՆՈՏ ու ՄԵԾԱԾԱՒԱԼ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԴԵՌ ՏԵՂԻ ՉԷԻՆ ՈՒՆԵՑԱԾ: Ահա՛ հոս ալ կը կայանայ Հայ Դատը գերեզմանելու բուն դաւադրութիւնը, որն է` ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՕՐՕՐԵԼ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ՊԱՏՐԱՆՔՈՎ, լաւագ ոյն պարագային` կատարել դրամական որոշ հատուցումներու խոստումներ, հայուն իր իսկ հայրենիքին մէջ զբօսաշրջիկ ըլլալու, եկեղեցիներու եւ գերեզմանոցներու մէջ խունկ ծխելու ու աղօթք բարձրացնելու, ինչո՞ւ չէ` թուրք մոլլային հետ միասնաբար աղօթելու եւ նման սին “իրաւունք”ներ շնորհել մեծահոգաբա՜ր, սակայն, անհրաժեշտ մէկ նախապայմանով` “ԹՈՓՐԱՔ ԵՈ՛Ք” (հող տալ չկա՛յ): Եւ մենք կը տեսնենք այս դաւադրութեան իրագործումը ապահովագրական ընկերութեանց կողմէ կատարուող դրամական հատուցումներու եւ այդ նպատակով դատական քաշքշուքներու, դէպի “նախնեաց ծննդավայր” (հայանուն դաւադիրներ այսպէս կը բնորոշեն Հայրենիքը) ուխտագնացութեանց, Աղթամարի Սբ. Խաչ եւ այլ սրբավայրեր պատարագի ներկայ ըլլալու տեսքով, ստահակ ու մարդասպան սարքոզիներու, օպամաներու եւ նմաններու աճպարարութիւններով, որոնց կը հաւատայ մեր ժողովուրդին զգալի մասը, ծովը չտեսած` մերկանալով. հայերը յիմարացնելու կոչուած անարժէք օրէնք մը դեռ չհաստատուած` “Մեղսի՛, Ֆրանսա՛” կը պոռան, դպրոցներու մէջ “յաղթանակ”ի հանդէսներ կը կազմակերպեն, Ֆրանսայի դեսպանատուներ շնորհակալական այցելութիւններ կու տան, մինչեւ իսկ քծնող տգէտ մը իր զաւակը Սարքոզի կ՛անուանէ, եւ այլն: Իւրաքանչիւր տարուայ Մարտ-Ապրիլին աշխարհի հայութեան մեծ մասի քննարկման հիմնական նիւթը կ՛ըլլայ, թէ Ա. Մ. Ն.-ի նախագահը գոնէ այդ տարուայ 24 Ապրիլի իր ուղերձին մէջ պիտի արտասանէ՞ արդեօք “ճենոսայտ” կախարդական բառը, կարծէք եթէ արտասանէ իսկ` ի՞նչ պիտի փոխուի յօգ ուտ հայութեան, իսկ երբ ան չ՛արտասաներ (ու յստակ է, որ պիտի չարտասանէ)` համազգային յուսախաբութեան մթնոլորտ կը ստեղծեն ու յաջորդ տարի զայն արտասանել “պարտադրելու” կեղծ պայքարի մը սկիզբը կը յայտարարեն` իրենց կառոյցներուն գոյութեան իմաստ տալու համար… ՄԷԿ ԽՕՍՔՈՎ` ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԻՄԱՐԱՑՈՒԻ, լաւագ ոյն պարագային` ԱՆՈՐ ԿԸ ՄԱՏՈՒՑՈՒԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ…, որոնցմէ իսկական հայերը Երկրագունդէն մինչեւ տիեզերական վերջին մարմինը կուշտ են:
Եթէ իսկական հայոց համար օտարներու, առաջին կարգին` միջազգային սիոնականութեան կազմած այս ծրագիրը դաւ է պարզապէս, անոր հայազգի դերակատարները պարզապէս դաւաճաններ են, քանի որ կը գործեն սեփական ազգի շահերուն դէմ` գիտակցաբար:
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը կապ չունի Հայ Դատի լուծման հետ, ոչ ալ անոր առաջին հանգրուանն է, ինչպէս կը յայտարարեն Հայ Դատի լուծումն իբրեւ թէ հետապնդող որոշ քաղաքական կողմերու սալոնային “տեսաբան”ները: Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը բարոյակա՛ն հարց է, մարդկութեան խիղճի եւ բարոյականութեա՛ն հարցը, մինչդեռ Հայ Դատը առաւելապէս ու առաջին կարգ ին` հայոց գրաւեալ հողերու ազատագրութեա՛ն հարց է:
Հետեւաբար, յստակօրէն կը յայտարարենք, թէ մենք չենք հետապնդեր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, առաւել եւս` կը մերժենք մասնակցութիւն ունենալ զայն իբրեւ թէ միջազգայնօրէն ճանչնալ տալու “պայքար”ին: Լուսապայծառ Գևորգ Աճէմեանը դեռ տասնամեակներ առաջ կը յայտարարէր, թէ ցեղասպանութեան իրողութիւնը հարցականի տակ դնելը, հետեւաբար զայն միջազգայնօրէն ճանչցնել տալու կոչը խաղ մըն է, որու մէջ ոտքով-ձեռքով ու կամովին ինկած ենք ազգ ովի… Նախապէս տեսանելով այս դաւը, մանաւանդ 1965-ին 50-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ապարդիւն ելքը, ան աւելի եւս յանգեցաւ ճիշդ եզրակացութեան` Թուրքիոյ բռնագրաւած հայկական հողերու ազատագրութեան համար պայքարի անխուսափելի անհրաժեշտութեան: Մեզի համար, գոնէ 1975-էն սկսեալ, Մեծ Եղեռնի 60-րդ տարելիցն ալ, 61-րդ տարելիցն ալ …, 97-ն ալ, 98-ն ալ, 100-րդ տարելիցն ալ, եթէ պէտք ըլլայ` 100 + [հոս որեւէ թուանշան կրնայ դրուիլ]-րդ տարելիցն ալ ունի մէկ եւ միակ խորհուրդ` Հայաստանի արեւմտեան հատուածին եւ արեւելեան հատուածի Կարսի մարզին ու Սուրմալուի գաւառին ազատագրումը թրքական լուծէն, որուն զուգահեռ, անկէ առաջ կամ անկէ յետոյ կ՛ընթանայ միւս դրացի երկիրներու տարածքներուն կցուած հայկական հողերուն ազատագրութիւնը:
Ուշադիր ընթերցողը պիտի նկատէ, որ կը խուսափինք նոյնիսկ գործածելէ ծամծմուած, հայոց համար ներքին վտանգ պարունակող աշխարհագրա-քաղաքական եզրեր` Պատմական Հայաստան, Արեւմտեան Հայաստան, Արեւելեան Հայաստան եւ այլն: Սա պատահական չէ: Հայոց միակ Հայրենիքը` Հայաստանը մենք կը դաւանինք մէկ, միասնական ամբողջութիւն` իր արեւմտեան, արեւելեան եւ այլ հատուածներով: Մեզի համար` ներկայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը չի՛ կրնար հաւասարուիլ “Հայաստան” հասկացութեան, թէեւ անոր անբաժան բաղկացուցիչն է: Հայութեան դէմ նիւթուած դաւադրութիւնը մեծ թափ առաւ 1988-1991 շրջանի ազգ ային զարթօնքի օրերուն, երբ բերկրաթմբիրի մէջ գտնուող հայութեան դաւադրողները, դաւաճաններու մեղսակցութեամբ, 23 Օգոստոս 1990-ի “Հայաստանի անկախութեան մասին” հռչակագիրին մէջ ամրագրեցին, թէ Հայկական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւնը կը վերանուանուի Հայաստանի Հանրապետութիւն, փաստաթուղթին մէջ անմիջապէս աւելցնելով, թէկուզ փակագիծերու մէջ` “կրճատ` Հայաստան”: Յետագային այս հռչակագիրն ալ դնելով Հ. Հ.-ի երկու Սահմանադրութեանց հիմքին, դաւադիրներն ու դաւաճանները կարծեցին հասած ըլլալ իրենց նպատակին` իրաւական եւ իրողական տեսակէտներէ գերեզմանել հայոց հողային հարցը:
Չյաջողեցա՛ն ու պիտի չյաջողի՛ն:
Սիոնականութիւնը ամէն ինչ ըրաւ, նոյնիսկ նախաձեռնեց արաբական ժողովրդային “ապստամբութիւն”երը (զոր նոյն սիոնական շրջանակները անուանեցին “Արաբական Գարուն”)` արաբներուն մոռցնել տալու համար իրենց բուն խնդիրը` Պաղեստինի ազատագրութիւնը. նոյն սիոնականութիւնը, այս անգամ դաշնակցած հայոց բնաջնջումը ցեղային գերխնդիր յայտարարած համաթրքականութեան (փանթուրքիզմ) հետ, մէջտեղ նետեց ու կը տարփողէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման դաւադրութիւնը` հայոց մոռցնել տալու համար մեր բուն խնդիրը` Հայաստանի գրաւեալ տարածքներուն ազատագ րումը: Ասոր համար ալ, Թուրքիա պետական, հետեւողական եւ ծրագրաւորուած ուրացման քաղաքականութիւն կը վարէ` հայութիւնը “համոզել” տալու, թէ հայոց բուն պայքարը պէտք է ըլլայ ցեղասպանութեան ճանաչումը: Կ՛արժէ այստեղ յիշեցնել, թէ հայոց բազուկի հարուածներէն սարսափած Թուրքիոյ օրուան արտաքին գործոց նախարար Իհսան Սապրի Չաղլայանկիլը 1977-ի Նոյեմբերին Զուիցերիոյ մէջ հայ դասական կուսակցութեանց ղեկավարներու հետ գաղտնի հանդիպման ատեն, չէր բացառած Հայոց Ցեղասպանութեան “օր մը” ճանաչումը, նոյնիսկ` դրամական որոշ հատուցումներ կատարելու հաւանականութիւնը, սակայն, մատը թափ տալով սպառնացած էր. “ՀՈՂ ՏԱԼ ՉԿԱ՛Յ”…
Եւ ինչպէս արաբական շատ վարչակարգեր մեղսակից են Պաղեստինը մոռցնել տալու սիոնական դաւադրութեան, նոյնպէս ալ` Հայաստանի Հանրապետութեան իրարայաջորդ իշխանութիւններն ու Սփիւռքի դասականացած կառոյցներու մասոնական ղեկավարութիւնները մեղսակից են սիոնա-համաթրքական այս դաւադրութեան, այսինքն` փաստօրէն կը դաւաճանեն:
Թող իրենք ըսեն` “թուրք գործընկերս”, “թուրք խիզախ գործընկերս”, նոյնիսկ` “թուրք եղբայրս”, մենք պիտի ըսենք` “Թո՛ւրքն է հայոց թիւ մէկ թշնամին”:
Թող իրենք հայ-թրքական արձանագրութիւններ ստորագրեն, “ֆութպոլ” եւ ուրիշ խաղեր խաղան (Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանի լոյսերը մարել, Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի շապիկին վրայէն Մասիսները ջնջել, հայ-թրքական բարեկամութեան [sic!] մասին “Արաքսի Ափին” կոչուած ֆիլմեր նկարահանել եւ ցուցադրել, “Հայ Եղբայրս” վերնագրուած լուսանկարներու ցուցահանդէսներ կազմակերպել տալ Երեւանի մէջ, ցեղասպան պետութեան նախագահին Հ. Հ. Բարի գալստեան ծանուցումներ տարածել եւ այլն), մենք ազատագրական պայքար պիտի մղենք` արիւնով ներկելով մեր հայրենիքին սուրբ հողը:
Թող իրենք իրենց զազրելի գոյութիւնը քարշ տան` դողալով իրենց ողորմելի գոյութեան վրայ, մենք պիտի տենչա՛նք նահատակուիլ հայոց հայրենիքի ազատագրութեան համար, զի “հայոց ազգին համար մեռնիլը փառք է”:
Թող իրենք “սահմաններու բացում”է ճառեն, մենք իրենց նկատի ունեցած սահմանները չե՛նք ճանչնար ու երբեւէ պիտի չճանչնանք: Հայաստան-Թուրքիա սահմանը ոչ թէ Ախուրեանն է, այլ` անիկա Արեւմտեան Եփրատէն ալ արեւմուտք կը գտնուի:
Թող իրենք մշտապէս գոչեն` հայոց ցեղասպանութի՜ւն, ցեղասպանութեան ճանաչո՜ւմ եւ այլն, մենք պիտի գոչենք միայն եւ միայն` ՄԵՐ ՀՈՂԵ՛ՐԸ, ինչպէս 1965-ի երեւանեան համաժողովրդային ցոյցերուն եւ Սփիւռքի մէջ 1975-ի ազգային ազատագրական զինեալ պայքարի բռնկումէն ետք:
Թող իրենք մշտապէս գոչեն` դրամական հատուցո՜ւմ, այսքան միլիառ տոլար, այսքան միլիառ եուրօ վնաս կրած ենք եւ այլն, մենք պիտի գոչենք մշտապէս` ՀԱՅՐԵՆԻ՛Ք, քանզի հայոց հայրենիքը չի՛ կրնար չափուիլ նիւթական արժէք ներկայացնող որեւէ միաւորով, նոյնիսկ` Հ. Հ.-ի Դրամով, քանի որ ան յաւիտենական արժէք է:
Թող իրենք գոռան-գոռգռան-պոռպռան` ցեղասպանութեան ճանաչո՜ւմ, մենք պիտի գոռանք` ՀԱՅԱՍՏԱՆ, ՀԱ-ՅԱՍ-ՏԱՆ, Հ-Ա-Յ-Ա-Ս-Տ-Ա-Ն:
Այո՛, ՀԱՅԱՍՏԱ՛Ն, ՀԱ՛-ՅԱ՛Ս-ՏԱ՛Ն, միայն Հ-Ա-Յ-Ա-Ս-Տ-Ա-Ն:
1 comment
Սոյն բովանդակալից յօդուածին
Սոյն բովանդակալից յօդուածին յարգելի հեղինա՛կ:
Ցաւօք սրտի չեմ գիտէր Ձեր բուն անունը, քանի որ Դուք անոր չէք նշած: Կ'ուզէի Ձեր հետ միտքերու փոքր փոխանակում մը կազմակերպել:
Նախ եւ առաջ պէտք է նշեմ որ Ձեր հետ բոլորովին համամիտ եմ, որ Հայ Դատի բուն նպատակը՝ հայկական հողերու ազատագրումն եւ ազատ, իրօք անկախ ու միացեալ Հայաստանի վերականգնումն է: Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային լայն ճանաչման հարցը մէկ կողմ դնելով, կ'ուզէի Ձեզ հարցնել. Ի՞նչ եղանակով է որ Դուք կը միտէք Թուրքիոյ կողմէն բռնազաւտած հայկական հողերը ազատագրել տալ: Չէ որ դա միայն հզօր ռազմական ուժի կիրառումով հնարաւոր կ'ըլլար իրագործել: Իսկ ադ ուժը արդեօք ունի՞ այսօր Հայութիւնը:
Comments are closed.