Յունիս 2-ին Գերմանիոյ խորհրդարանը գրեթէ միաձայնութեամբ քուէարկեց երկար սպասուած բանաձեւ մը՝ «Յիշողութիւն եւ ոգեկոչում 1915-1916 թուականներուն Հայ եւ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութեան» վերնագրով: Բնագրին մէջ, ներառեալ վերնագիրը, չորս անգամ կը գործածուի «ցեղասպանութիւն» բառը:

Հինգ էջնոց այս բնագրին մէջ Գերմանիոյ խորհրդարանը ցաւ կը յայտնէ որ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի տարիներուն Գերմանական Կայսրութիւնը, որպէս Օսմանեան Կայսրութեան դաշնակից, անփառունակ դեր ունեցած է, լաւատեղեակ ըլլալով հանդերձ կատարուող սպանութիւններու մասին, եւ չէ փորձած արգիլել ցեղասպանութիւնը:

Այսպիսով Գերման խորհրդարանը չընկրկեցաւ Թուրք պետութեան եւ այլ թրքամէտ կազմակերպութիւններու ճնշումին դիմաց:
Կայսերական Գերմանիան որպէս Օսմանեան Կայսրութեան առաջին համաշխարհային պատերազմի դաշնակիցը, եւ Գերմանիան իր ողջակիզման անցեալով ու նաեւ որպէս այսօրուայ թուրք պետութեան գլխաւոր գործընկերներէն մէկը, մասնաւոր դեր մը եւ պատասխանատուութիւն մը ունի: Նաեւ Գերմանիոյ մէջ կ՚ապրին գրեթէ երեք միլիոն Թուրքեր:
Թուրքիան, Իսրայելը, Գերմանիան, Միացեալ Նահանգները, Մեծն Բրիտանիան, Հնդկաստանը, Չինաստանը եւ Ճափոնը Հայկական ցեղասպանութիւնը չճանչցող գլխաւոր բանալի երկիրներ են:
Այս առիթով մեր մասնաւոր գնահատանքը կերթայ Գերմանիոյ հայ համայնքի այն գործունեայ անդամներուն, կազմակերպութիւններուն եւ հաստատութիւններուն, որոնք տարիներ շարունակ մեծ զոհողութիւններով ու հետեւողականութեամբ հետապնդեցին այս հարցը: Մասնաւոր շնորհակալութիւն մեր Գերմանացի բարեկամներուն, ծագումով հրէայ գրողներու, մտաւորականներու, նաեւ Թուրքիա ծնած գրողներու, մտաւորականներու, մարդկային իրաւանց պաշտպաններու, որոնք անսալով իրենց մարդկային խղճի ձայնին՝ մեծ աջակցութիւն ցոյց տուին այս առթիւ։ Մասնաւորաբար Գերման խորհրդարանի ծագումով թուրք երկու անդամներ, Կանաչներու նախագահ Ճեմ Օզտեմիրը, որ այս բանաձեւի հեղինակներէն է, եւ Ձախ կուսակցութենէն Սեւիմ Տաղտելէն, իրենց քաջ եւ յստակ կեցուածքով, հակառակ բազմատեսակ սպառնալիքներու եւ վիրաւորանքներու, օրինակելի մարդկային կեցուածք ցոյց տուին:
Գերմանական մամուլը, գրեթէ բոլոր կարեւոր թերթերը եւ եկեղեցիները իրենց կեցուածքով մեզի շատ նպաստեցին: Հռոմի Ֆրանցիսկուս Պապի, Գերմանիոյ նախագահ Եոխամ Կաուքի, Խորհրդարանի նախագահ Լամերթի եւ տարբեր անդամներու ելոյթները, մեծապէս նպաստեցին ցեղասպանութեան ճանաչման: Անշուշտ, Թուրք պետութեան պատասխանը ինչպէս միշտ պիտի ըլլայ աղմկոտ, վիրաւորուած, կատղած…
Բայց կը յուսանք թէ Գերմանիան անցեալը յաղթահարելու իր փորձառութեամբ կը նպաստէ, մանաւանդ ցեղասպանութեան դասաւանդումը դպրոցական դասագիրքերու մէջ ընդգրկելով, ճիշդ կողմնորոշելու համար Գերմանիոյ մէջ հասակ առնող թուրք նոր սերունդը: Կը յուսանք նաեւ որ օրէ օր շատցող թուրք քաղաքական գործիչները յստակ սկզբունքներով կը շարժին ընդդէմ ժխտողականութեան, օտար ժողովուրդներու հանդէպ վիրաւորական արտայայտութիւներ ունենալու պարագային:
Միայն Գերմանիոյ օրինակէն սորվելով, պատմութեան անկաշկանդ եւ անկեղծ քննարկումով, իր պատմութեան սեւ էջերը, յանցանքը ընդունելով, Թուրքիան կրնայ ժողովրդավար երկրի մը վերածուիլ եւ իր դրացիներուն հետ լաւ յարաբերութիւններ մշակել: Յուսանք նաեւ, որ այս պատմական յաղթանակը Գերմանահայութիւնը խթանէ աւելի լաւ կազմակերպուած ոյժի մը վերածուելու: Ուրախալի եւ յուսադրիչ էր Գերմանահայ երիտասարդութեան մասնակցութիւնը եւ գործունէութիւնը այս ուղղութեամբ:
Եւրոպայի Հայերու Համագումար
02 Յունիս, 2016 թ.