Տօքթ.Սարգիս Ատամ, Ֆրանքֆուրթ, 6 Նոյեմբեր 2013
Գերմանիոյ զանազան քաղաքներու մէջ, Թարգմանչաց Տօնին առթիւ, տեղի կ՚ունենան հայ համայնքներուն հիմնադրութեան նուիրուած հանդիսութիւններ:
Մինչեւ 1960-ական թուականները Գերմանիոյ մէջ մօտաւորապես 2000-3000 հայեր կ՚ապրէին, բայց չունէին գործունեայ որեւէ հայկական հաստատութիւն մը: Անոնք ժամանակի ընթացքին կարողացան իրենց փոքր ու սահմանափակ պայմաններով հայ մշակութային եւ եկեղեցական կեդրոններ հիմնել: Երբ որ Թուրքիայէն, Արաբական եւ այլ երկիրներէ Գերմանիա եկող հայերու ներգաղթի հոսանքը սկսաւ, 70-ական թուականներէն ասդին, հայերը սկսան Գերմանիոյ երկու խոշոր եկեղեցիներու սրահները եւ եկեղեցիները որպէս հիւր օգտագործել եւ այս ձեւով Գերմանիոյ Հայ համայնքային կեանքը զարգացնել:
Տօքթ.Սարգիս Ատամ, Ֆրանքֆուրթ, 6 Նոյեմբեր 2013
Գերմանիոյ զանազան քաղաքներու մէջ, Թարգմանչաց Տօնին առթիւ, տեղի կ՚ունենան հայ համայնքներուն
Մինչեւ 1960-ական թուականները Գերմանիոյ մէջ մօտաւորապես 2000-3000 հայեր կ՚ապրէին, բայց չունէին գործունեայ որեւէ հայկական հաստատութիւն մը: Անոնք ժամանակի ընթացքին կարողացան իրենց փոքր ու սահմանափակ պայմաններով հայ մշակութային եւ եկեղեցական կեդրոններ հիմնել: Երբ որ Թուրքիայէն, Արաբական եւ այլ երկիրներէ Գերմանիա եկող հայերու ներգաղթի հոսանքը սկսաւ, 70-ական թուականներէն ասդին, հայերը սկսան Գերմանիոյ երկու խոշոր եկեղեցիներու սրահները եւ եկեղեցիները որպէս հիւր օգտագործել եւ այս ձեւով Գերմանիոյ Հայ համայնքային կեանքը զարգացնել:
Թուրքիայէն եկող հայերու խումբի մեծ մասը Թուրքիոյ գիւղական վայրերէ Գերմանիա կու գային. անոնցմէ այն քիչերը, որոնք հայերէն խօսիլ, գրել ու կարդալ չէին գիտէր, համայնքային կեանքի մէջ հայերէն լեզուի եւ իրենց ազգակիցերու հետ շփման դժուարութիւններ ունեցան: Թէեւ Հայերը Գերմանիա տարբեր երկիներէ եկած էին, սակայն նոյն ազգին զաւակներն էին. հետեւաբար, ազգային եկեղեցիին, ագային մշակոյթին, ազգային ինքնութեան, մայրենի լեզուին պահպանման ու գոյատեւման համար միասնութեան գիտակցութեամբ պայքարելու էին:
1970-ական թուականներուն Գերմանիոյ Համպուրկ, Պերլին, Քէօլն, Ֆրանքֆուրթ, Շթութկարտ եւ Միւնիխ, իսկ 1980-ական թուականներուն Պրեմէն, Պրօնշըվայկ, Պիլէֆէլտ, Տուիսպուրկ, Նօյվիտ, Հանաու, Նիւրինպէրկ, Քիհլ եւ այլ քաղաքներու մէջ Հայ մշակութային, եկեղեցական միութիւններ եւ ակումբներ սկսան հիմնադրուիլ:
Ֆրանքֆուրթի Հայ Մշակութային Միութիւնը 45 Տարեկան
Գերմանիոյ մէջ, Թարգմանչաց Տօնի առիթով կազմկերպուած ձեռնարկներու շարքին, 25 Հոկտեմբեր 2013-ին, Ֆրանքֆուրթի Հայ Մշակութային Միութիւնը իր հիմնադրութեան 45 ամեակը նշեց երաշժտական փառաւոր հանդէսով մը:
Յոբելեանական հանդէսը բացուեցաւ Միութեան ատենապետուհի Լուսինէ Վարտումեանի ողջոյնի խօսքով, եւ իրենց սիրտի խօսքերով հանդէս եկան Գերմանիոյ Հայոց Բարեխնամ Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք.Պեքճեան եւ համերգասրահի վարչութենէն Տօքթ. Զվէն Մաթթիըսըն: Տօնական գեղարուեստական ծրագրին իրենց մասնակցութինը բերին Արեւիկ Պէկլերեան, Լուսինէ Խաչատուրեան, Իրինա Յովհաննիսեան՝ դաշնակով, Սեդա-Ամիր Քարայեան մեներգով, Կորիւն Ասթարեան սաքսոֆոնով, Սէրկէյ Խաչատուրեան թաւջութակով, Աննա Միքաէլեան գեղանկարներով եւ Իշխան Նազարեան քանդակագործութիւններով:
Ֆրանքֆուրթի Հայ Մշակութային Միութիւնը հիմնուած է 1968 թուականին, տարբեր երկիրներէ ժամանած սակայն նոյն խմորէն մի քանի նուիրեալ հայորդիներու կողմէ Ֆրանքֆուրթի մէջ, Մայն գետի ափերուն, նպատակ ունենալով վառ պահել Հայ մշակոյթի ջահը: Միութիւնը կը համագործակցի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Թեմի Իշխանոթիւններուն եւ Գերմանիոյ Հայոց Կեդրոնական Խորհուրդի հետ: Այսպէսով միանգամայն կամուրջ կը դառնայ պետական իշխանութեան եւ հայ ու տեղական ազգային փոքրամասնութիւններու միջեւ:
Պերլինի Հայ Համաքին Հիմնադրութեան (1923-2013)
90 Ամեակի Հանդիսութիւնը
Պերլինի Հայ համայնքը, որ հիմնուած է 26 Հոկտեմբեր 2013-ին, Շաբաթ երեկոյեան Պերլինի մէջ, Հ.Հ Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի եւ Պերլին քաղաքի Շարլօթէնպուրկ թաղամասի Թաղապետ Պր. Ռայնհարտ Նաօմանի հովանաւորութեամբ, յոբելեանական հանդէսով մը նշեց իր հիմնադրութեան 90 ամեակը:
Հանդէսի բացման խօսքը արտասանեց Հ.Հ Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ թաղապետ Պր. Ռայնհարտ Նաօման, իսկ յոբելեանական հանդէսի գլխաւոր բանախօսն էր Պօղում Համալսարանի դասախօս Փրօֆ. Միհրան Տապպաղ: Հանդէսի գեղարուեստական-երաժշտական բաժնին մասնակցեցան դաշնակով Անահիտ Տէր Թաթշաթեան, մեներգներով Հրաչուհի Պասսէնց եւ Գոռ Յարութիւնեան:
Հարաւային Գերմանիոյ Պատէն-Վիւրթընպերկ Նահանգի Հայ Համայնքը Կը Նշէ Իր Հիմնադրութեան 4Օ Ամեակը
Հարաւային Գերմանիոյ Պատէն-Վիւրթէմպերկ նահանգի Հայ համայնքը 24-27 Հոկտեմբեր 2013-ին Շթութկարտ քաղաքի մէջ նշեց իր հիմնադրութեան 40 ամեակը՝ եկեղեցական արարողութիւններով եւ գեղարուեստական-մշակութային ձեռնարկներու շարքով: Համայնքը, որ 40 տարի առաջ մեծամասնութեամբ բաղկացած էր Թուրքիայէն եկող հայորդիներէ, շատ նեղ ու սահմանափակ պայմաններու տակ նուրիրեալ ու կամաւոր ծանր աշխատանքներով ,Կէօբինկէն քաղաքի մէջ հիմադրուած է: Համայնքը այսօր ունի շուրջ 3000 հայ բնակչութիւն:
Թարգմանչաց տօնի առթիւ պատրաստուած Համայնքի հիմնադրութեան 40 ամեակի յոբելեանական մշակութային հարուստ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 24 Հոկտեմբեր 2013-ին նահանգի մայրաքաղաք Շթութկարթ քաղաքի մէջ, համայնքի հոգեւոր հովիւ Տ. Տիրատուր Սարդարեանի եւ Շթութթկարտ Սըթիֆթ եկեղեցւոյ գերմանացի քահանայի աղօթքով:
Ողջոյնի խօսքերով ելոյթ ունեցան Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգեշնորհ Տ.Սերովբէ Վրդ. Իսախանեան, Հ.Հ Գերմանիոյ Դեսպանատան ներկայացուցիչ Պր.Աշոտ Սմբատեան եւ Շթութկարտ քաղաքի քաղաքապետութեան ներկայացուցիչ Պր.Կարի Բարգովիչ: Ձեռնարկի գեղարուեստական-երաժշտական բաժինը ծաղկեցուց Ռուբէն Մելիքսէթեան դաշնակի երաժշտութեամբ: Նոյն օրը տեղի ունեցաւ նաեւ Փրօֆ.Կարէն Սվասճեանի “Համամիաւորութիւն եւ Ինքնութեան Պահպանում” վերնագրեալ բանախօսութիւնը:
Յոբելեանական ձեռնարկներու շարքը շարունակուեցաւ հետեւեալ ծրագրով.
25 Հոկտեմբեր 2013
- Եղիշէ Չարենցի “Իմ Հայաստան” Գիրքի երաժշտական-գրական երեկոյ
- "Հայ Խոհանոցը եւ Հայկական Ճաշեր" վերնագրով բանախօսութիւն.
- Հայ Ճազային երաժշտութեան համերգ՝ մասնակցութեամբ մեներգիչ Վարսէնիկ Աւանեան, դաշնակահար Վահագն Հայրապետեան, Նորայր Գարթասեան՝ տուտուկով, սաքսօֆօնիսթ Արմէն Յուսնունց քառեակին:
26 Հոկտեմբեր 2013
- Հայերէնի եւ Հայ Այբուբենի Ներկայացում,
- Մուրիէլ-Վայսպախի "Բարկութիւնէն Դէպի Հաշտութիւն" գիրքի ներկայացում,
- Լէօնիտաս Քրիսանթօբօլոսի “Հայաստանի Խորտակումը” գիրքի ներկայացում.
- Տիանա Գրուկէրի “Հայաստանէն Հեքիաթներ” պատմուածքը,
- Տօղան Ագհանլըի “Մօր Լռութիւնը” անուն թատրոնի ներկայացում:
27 Հոկտեմբեր 2013 Կիրակի Ս.Պատարագ:
Գեղարուստական-մշակոյթային ձեռնարկներու շարքը իր աւարտին հասաւ 27 Հոկտեմբեր 2013-ին Ժուլիէթ Կալսիթեան, Աննա Մանասեանց, Միքայիլ Պապաճանեան, Տաթեւիկ Մոկացեան, Քրիսթինա Ալթունեան, Վաչէ Բագրատունի, Գրիգոր Ասմայեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած յոբելեանական երաժշտական համերգով:
15 – 24 Նոյեմբեր 2013 թուականներուն Շթութկարդի մէջ տեղի պիտի ունենայ նաեւ Հայ Կինոֆիլմի Փառատօն որու ընթացքին մշակութասէր այցելուներուն պիտի ցուցադրուին հանրածանօթ հայ ֆիլմի բեմադրիչներու շուրջ 20 շարժանկարներ: