1972-ին աշնան, Ռ.Ա. կուսակցութեան կազմակերպած հանդիսութեան մը աւարտին, ինծի մօտեցաւ «Զարթօնք»-ի խմբագրապետ, Լիբանանի հայութեան ականաւոր զաւակ ընկեր Գերսամ Ահարոնեան եւ առաջարկեց աշխատակցիլ օրաթերթին, արհեստավարժ մակարդակով։ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Հովակիմեան-Մանուկեան վարժարանէն նոր շրջանաւարտ, ամիս մըն ալ Գերմանիոյ Աախէն քաղաքը այցելած եւ մասնագիտացած 18-ամեայ երիտասարդի մը համար մեծ պատիւ էր այդպիսի առաջարկ մը ստանալ մեր պատմութեան եւ Հայաստանի աշխարհագրութեան նախկին ուսուցիչէն՝ սփիւռքահայ մամուլի եւ ազգային կեանքի իսկական մեծութենէ մը…։
Իր անձնական նախաձեռնութեամբ ու այն օրերու Ռ.Ա.Կ.ի ղեկավարութեան ջանքերով է, որ կարելի եղաւ հսկայ գումար հանգանակել ու կառուցել նախա-պատերազմեան Լիբանանի հայ իրականութեան լաւագոյն կառոյցներէն մէկը՝ Վահան Թէքէեան կեդրոնը՝ Պէյրութի Ժըմմէյզի թաղամասին մէջ։ Այնտեղ հաստատուեցան ոչ միայն օրաթերթին խմբագրութիւնը, այլեւ կուսակցութեան կեդրոնատեղին, իսկ վերջին յարկի լայն սրահին մէջ՝ ամէն շաբաթավերջին տեղի կ’ունենային հաւաքոյթներ, գինեձօններ եւ նորագիր կուսակցականներու շարքերու ընդունման, օծման արարողութիւններ։
Փառքի տարիներ էին, մանաւանդ որ ամէն նիւթական միջոց ապահովուած էր կայուն պահելու կուսակցութեան պաշտօնական ձայն՝ «Զարթօնք»-ը։ Հազարաւոր անդամներ Լիբանանի թէ Միջին ու Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, Եւրոպա եւ Ամերիկա։ Իսկ ամենէն կարեւորը՝ միաբան ու միակուռ շարքեր՝ որոնք քաղաքական, ազգային, մշակութային, տեղեկատուական, հայրենասիրական ամուր նեցուկ եւ աջակցութիւն էին Մայր Հայրենիքին եւ Սփիւռքին։ Գերսամ Ահարոնեանի հանդէպ յարգանքը մեծ էր, նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի վարիչներուն մօտ, ուր իր դասախօսի եւ սերունդներու դաստիարակի պաշտօնը կարեւոր դեր խաղցաւ Պօղոս-Նուպար փաշայի եւ հեռատես գործակիցներուն հիմնադրած միութեան այդ տարիներու աննախընթաց ծաղկման ու զարգացման մէջ՝ Լիբանանի թէ Միջին Արեւելքի մէջ։
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի առաջին տարիներուն, հակառակ յառաջացած տարիքին եւ վատառողջութեան, ռմբակոծութեանց եւ արձակազէններուն վտանգը անարգելով, «Զարթօնք»ի խմբագրապետը միշտ կը գտնուէր Արեւելեան Պէյրութի մէջ գտնուող խմբագրապետի գրասենեակին մէջ՝ ամէնօրեայ վտանգաւոր “ճամբորդութիւնը” կատարելով Արեւմտեան Պէյրութի իր բնակարանէն մինչեւ Թէքէեան կեդրոն։ Սակայն տարիներու խմբագրի, մտաւորականին, քաղաքական ղեկավարի յոգնեցուցիչ կեանքը, Լիբանանի հայութեան եւ Ռ.Ա.Կ.ին նուիրեալ անդամներուն արտագաղթը ի սփիւռ աշխարհի, աւելի եւս արագացուցին Գերսամին մեկնումը այս անցողիկ աշխարհէն։ Իր յաւերժ բացակայութեամբ՝ կուսակցութիւնն ու միութիւնը կորսնցուցին իրենց աննկուն առաջնորդը, քաջարի խմբագիր եւ շարքերը միաւորուած պահելու անփոխարինելի անձնաւորութիւն մը։
Մեր ջերմ բարեկամութիւնը վաղամեռիկ Շահէ Ահարոնեանին հետ նոյնպէս կարճատեւ եղաւ այս բազմատաղանդ եւ ազգանուէր երիտասարդին յանկարծակի մահուան պատճառով։ “Ընկեր Շահիկ” իր բազմիմաստ երգիծանքով, “Գերսամական” կեցուածքներով, «Զարթօնք»ին մէջ բազմաթիւ քաղաքական յօդուածներով կրնար շարունակել իր արժանաւոր հօր Մեծ Երազի ճամբան՝ սակայն ճակատագիրը անխնայ եղաւ անոր հանդէպ եւ այս աշխարհէն հեռացաւ, իղձերու եւ երազանքներու իրագործման ճամբուն վրայ։
Տարիներու ընդմէջէն միշտ կը փորձեմ պատկերացնել Մեծն Գերսամ Ահարոնեանին պայծառ դէմքը, գլուխ խոնարհելով անոր բազմավաստակ կեանքին, յիշատակին առջեւ։