
Լիբանան-Անգլիա-Սկովտիա



Լիբանան-Անգլիա-Սկովտիա


Նախապէս՝ 2004ին Շելլա Պօղոսեան ստացած էր MSc Health Promotion and Health Education տիտղոսը, նոյնպէս պետական դրամաշնորհով. ապա եւ որպէս փայլուն ուսանողուհի, աւարտին կը հասցնէ իր թէզը, Սկովտիոյ մեծագոյն համալսարանին մէջ, «Progression of Venous disease in the Edinburgh Vein follow-up study»ի մէջ, զոր պիտի աւարտէ 2011 թուականի Յունիսին։
Որդին՝ Տոքթ. Շահէ Պօղոսեան, Քուրսքի բժշկական համալսարանէն շրջանաւարտ դառնալէ ետք, անցած է Բրիտանիա, ուր կը վարէ բազմաթիւ գիտական պաշտօններ Էտինպուրկի (Սկովտիա) մէջ: Ան Նոթինկհըմի համալսարանէն ստացած է Մագիստրոս տիտղոսը Immunology and Allergy-ի մասնագիտութեան մէջ, իսկ Նիւ Քասըլ համալսարանէն արժանաւորուած է PHD-ով: Անդամ է՝ British Society of Immunology-ի, Royal Microscopical Society-ի եւ Արքայական գոլէճին:
Տոքթ. Շահէ Պօղոսեան սերտ կապեր կը հաստատէ Մայր Հայրենիքին հետ։ Ուղարկած է 2000է աւելի արժէքաւոր բժշկագիտական գիրքեր: Ան կը համագործակցի զինուորական բժշկութեան պետ՝ Տոքթ. Դաւիթ Մխիթարեանին հետ, անոր հետ կազմելով ծրագիրներ, Հայաստանի բանակին օգնելու բժշկական ճանապարհով, որպէսզի կարողանայ իր դերը կատարել ռազմադաշտին վրայ։ Միւս կողմէն, սերտ կապեր ունի լիբանանահայ միութիւններուն հետ՝ բժշկական համագումարներ կազմակերպելու եւ գաղթօճախին օգտակար դառնալու համար։
Կը մաղթենք որ յաջողութիւնները միշտ ուղեկից դառնան Պօղոսեան արժանաւոր ընտանիքի տաղանդաշատ անդամներուն, բժշկութեան, գիտութեան թէ հայ ժողովուրդին ծառայութեան մէջ։