
Անհուն ժպտով մ’իջնէ իմ դէմ…
Շոգիանան ցաւքս ու հոգիս,
Գիտցէ’ք որ դեռ կենդանի եմ:
Պետրոս Դուրեան
Մեզի՝ հայերուս համար Պոլիս այցելութիւնը անպայման կը ստեղծէ խառն զգացումներ, որոնց պատճառները կարելի է բացատրել հետեւեալ ձեւով.
– Սփիւռքի մէջ ծնած ու մեծցած, մանաւանդ հայօրէն դաստիարակուած անհատ մը նախ կ’ունենայ այն տպաւորութիւնը, թէ
“թշնամիներով” շրջապատուած է:



Անհուն ժպտով մ’իջնէ իմ դէմ…
Շոգիանան ցաւքս ու հոգիս,
Գիտցէ’ք որ դեռ կենդանի եմ:
Պետրոս Դուրեան
Մեզի՝ հայերուս համար Պոլիս այցելութիւնը անպայման կը ստեղծէ խառն զգացումներ, որոնց պատճառները կարելի է բացատրել հետեւեալ ձեւով.
– Սփիւռքի մէջ ծնած ու մեծցած, մանաւանդ հայօրէն դաստիարակուած անհատ մը նախ կ’ունենայ այն տպաւորութիւնը, թէ
“թշնամիներով” շրջապատուած է:
– Վայրկեանի մը համար ուր ըլլալդ մոռցած՝ կը զարմանաս թէ ինպէ՞ս փոքրիկներ սահուն թրքերէն կը խօսին
( մինչ այդ, մեր ապրած երկիրներուն մէջ, տարեցները միայն թշնամիինլեզուն կը խօսին այդքան ճարտարութեամբ):– Իսկ խճողումի մէջ, կը կարծես լսել հայերէն, աւելի ուշ անդրադառնալու համար թէ խօսակցութեան շեշտն էր որ կը նմանէր հայերէնի, իսկ խօսուածը թրքերէն էր հարիւր տոկոսով:
Պոլիս առաջին անգամ այցելող հայուն ներաշխարհը տակն ու վրայ կրնայ ըլլալ երբ Վոսփորի ափին, երկրագունդի երկու աշխարհամասերը՝ Ասիան եւ Եւրոպան իրար միացնող կէտին վրայ գտնուելով կը խորհրդածէ:
-Արդեօք ճի՞շդ էր Հայկ նահապետի դէպի լեռնային շրջանները հաստատուելու որոշումը:
– Ինչպէ՞ս կ’ըլլար որ վայրի ցեղախումբեր եկած ու բազմած էին աշխարհի ամէնէն ռազմագիտական կէտերէն մէկուն վրայ:
– Պատմական ճոխ անցեալ մը ունեցող այս քաղաքին պալատներն ու մզկիթները (որոնց լաւագոյնները հայ ճարտարապետներու՝ Սինանին, Պալեաններուն ձեռագործն են) կը հմայեն զբօսաշրջիկները, իսկ մենք ընդվզումով կը ծանօթանանք անոնց, մտաբերելով հարեմներուն մէջ բանտարկուած պարմանուհիները, ընդհանրապէս քրիստոնեայ, որոնք բռնի ուժով պոկուած իրենց ընտանիքներէն, դատապարտուած էին սուլթանի մը կիրքերուն գոհացում տալու:
“Անշուշտ, հայերէնի ուսուցման պահուն անպայման կը յիշենք զանոնք եւ հինէն եկած աւանդը կը փոխանցենք մեր աշակերտներուն”:
Քաղաքացիներուն առողջութեան եւ կեանքին հանդէպ հոգածու հիւանդանոցի եռուն մթնոլորտի հակապատկերն է Պալըգլըի լուռ եւ արտակարգօրէն կոկիկ ազգային գերեզմանատունը: Բոլոր շիրիմներն ալ առանց բացառութեան մարմարապատ են, ուր համեստ ննջեցեալներու կողքին կը հանգչին համայնքին համբաւաւոր զաւակները՝ Միսաք Մեծարենցի եւ Հրանդ Տինքի նման:
Կ’անցնինք Պոլսոյ ասիական մասը ուր Սկիւտարի կեդրոնական մէկ թաղամասին մէջ կը գտնուի ազգային գերեզմանատունը որու մուտքին արձանագրուած է
1885 թուականը: Երբ պատասխանատու պահակ Ստեփան Թալասլըօղլուին մեր ցանկութիւնը կը յայտնենք այցելելու նշանաւոր մարդոց շիրիմները, ինքնավստահօրէն կ’ըսէ: “ Հետեւեցէք ինծի, ես գիտեմ որ այստեղ ով պառկած է”: Եւ մեզ սիրով կ’առաջնորդէ շագանակի հսկայ ծառերու ներքեւ հանգչող ծանօթ անուններու՝ Պետրոս Դուրեանին, արքունի ճարտարապետ Պալեաններուն, Վարդգէս Քարենցին, բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանին, դաստիարակ Հինդլեանին, ուսուցչապետ Ռէթէոս Պէրպէրեանին դամբարանները: Գերեզմանատունէն դուրս կու գանք, կարծես փակած՝ մտքի եւ սրտի հաշիւ

Պոլսահայութեան մէջ ուշագրաւ երեւոյթ է իր հաւատքին, եկեղեցիին, համայնքին հանդէպ կառչածութիւնը: Պոլսահայերը, այո, թրքախօս են, ինչպէս ֆրանսահայերը՝ ֆրանսախօս, ամերիկահայերը՝ անգլիախօս, սակայն ոչ մէկ ձեւով կը պակսի իրենց մէջ հայկականութիւնը: Անոնք հոգւով ու սրտով փարած են ազգային հաստատութիւններուն: Իրենց այս կապուածութեան ապացոյցները բազմաթիւ են, ահաւասիկ նմուշ մը անոնցմէ:
– Քընալը կղզիին վրայ խանդավառ մթնոլորտ մը կը ստեղծուի ամառուայ եղանակին եւ ձեռնարկները անպակաս կ’ըլլան: Գարակէօզեան բարեսիրական հաստատութեան մանուկներու յատուկ կազդուրման կայանը, թատերական-երաժշտական երեկոները, կիրակնօրեայ պատարագը եւ այլ ձեռնարկներ հայկական շունջ մը կու տան կղզիին: Խօսակիցս իր խանդավառութիւնը չէր կրնար զսպել նկարագրելով Վահէ Պէրպէրեանի յաջող ելոյթը այս ամառ
“ հայկական կղզիին “ վրայ:– Օսման Պէյ պողոտայի վրայ, Հ. Տինքի սպանութեան վայրին շատ մօտիկ երաժշտական վաճառատունէն հայերէն երգ կը լսուի երբեմն, այլ եղանակներու կողքին:


-Բանկալթը-ի խճողուած թաղամասերուն մէջ ամէն քայլափոխիդ կը հանդիպիս հայերու որոնք անպայման ՝բարեւ՝ով մը զիրար կ’ողջունեն, որպիսութիւն կը հարցնեն, երգչախումբի, եկեղեցիի, ընտանեկան պարագաներու մասին տեղեկութիւններ կը փոխանակեն եւ ՝սաղ ըլլաք՝-ով մը հրաժեշտ կու տան իրարու:
-Պոլսոյ փակ շուկայի հայ վաճառականները եւ ոսկերիչները, հակառակ տնտեսական տագնապին եւ առօրեայ դժուարութիւններուն, անմասն չեն համայնքին առնչուող հարցերէն:
“ Կիրակի, պատարագը եւ երգեցողութիւնը շատ լաւ անցաւ”:
“ Ինտո՞ր պատարագ եւ օծում պիտի ըլլայ եթէ Ախթամարի եկեղեցիին խաչը չդրուի”:
Նման արտայայտութիւններ առեւտրականները կը փոխանակեն իրարու հետ,երբ գաւաթ մը թէյի շուրջ նստած կը խօսակցին:
Շուկայի նեղլիկ իր խանութին մէջ, Վարուժանը կը հիւրասիրէ մեզ թէյով: Հեռատեսիլի կայանները փնտռելէ ետք կանգ կ’առնէ լիբանանեան կայանի մը վրայ եւ կ’ըսէ:
“ Այստեղէն հայերէն լուրերը մտիկ կ’ընենք ամէն օր”:– Մարմարա ծովուն
4 կղզիներէն Պէօյիք Ատա, մեծ կղզիի մուտքի գրատունը, բազմալեզու գիրքերու կողքին կը վաճառէ նաեւ հայերէն գիրքեր, Մնձուրիէն, Մարկոսեանէն, Եսայեանէն:-Խումբ մը Վագըֆցիներ, ակումբ մը հիմնած են Բանկալթը-ի Պիլեզիք փողոցի մուտքին յարկաբաժնի մը մէջ որպէս Մուսա լեռցիներու տուն, ուր կը հանդիպին գործէն վերադարձի ճամբուն վրայ: Իսկ կիրակի կամ տօնական օրերուն, իրենց ընտանիքներով կը հաւաքուին այստեղ, տոհմիկ սովորութիւնները եւ մթնոլորտը պահելու եւ շարունակելու:
Թէեւ ներկան մարտահրաւէրներով լեցուն է՝ լեզու, դպրոց, եկեղեցի պահպանելու հարց կայ, օտար ամուսնութիւններ օր ըստ օրէ կ’աւելնան, արտագաղթը ահազանգային սահմաններու հասած է, այս բոլորով հանդերձ պոլսահայը յամարօրէն կը յայտարարէ.
“Գիտցէք, որ դեռ կենդանի եմ”: Կը սպասուի որ սփիւռքը եղբայրական ձեռք մը երկարէ, չմոռնայ, չանտեսէ, առանձին չձգէ իր ազգակիցները, ապա թէ ոչ, Դուրեանի խօսքերով.Երկրի մէկ խորշն հողակոյտն իմ,
Եւ յիշատակս ալ թառամի,
Ա’հ, այ՛ն ատեն ես կը մեռնի’մ …:
4 comments
Սիրելի Գրիգոր Գրաճեան,
Bolis
Sireli Krikor
It was a wonderful presentation of Bolis, the Armenian Istambul. I thoroughly enjoyed reading it. Well done!
Une belle description de la
Une belle description de la vie sociale des Armeniens, au moins a l”Istanbul!” avec leurs ecoles, eglises, cimetieres bien entretenues.
Il ne faut pas oublier que nous avons a Bolice (Istanbul) notre “badriarkaran”; une belle construction et un centre spirituel important.
Mais est-ce qu’on est certain de l’avenir…On n’est jamais sure avec les Turcs.
Գրիգոր Գրաճեան
KECCE PETROC DURYANN, KENDANIN MER HOGUM, kecce Գրիգոր Գրաճեան- n DURYANIN CHANACHOG! Aslamazyan A.K
Comments are closed.