Կիրակոս Գույումճեան, Քուէյթ, 10 Սեպտեմբեր 1018
Թաւշեայ յեղափոխութիւնը յաջորդող ժամանակաշրջանը լաւատեսութեան նոր էջ մը բացած է Հայաստանի հանրապետութեան պատմութեան մէջ: Քանի մը ամիս բաւարար դարձաւ, որպէսզի վիճակագրական տուեալներ դրական ցուցանիշ արձանագրեն երկրի տարբեր բանագաւառներուն մէջ:
Այս իմաստով բաւական հետաքրքրական էր զանգուածային լրատուական աղբիւրներու ներկայացուցիչներուն հետ Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Չորեքշաբթի, 22 Օգոստոսի երեկոյեան հանդիպումը:
Վարչապետը լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի տնտեսական, կրթական, մարզերը զարգացնելու կարելիութիւնները եւ ներկայացուց լուծումներ:
Վարչապետ Նիկոլ Բաշինեանի հանդիպումին հետեւող հայը՝ Սփիւռքի մէջ ըլլայ, թէ՝ հայրենիքի, անմիջապէս կը կռահէ ընկերային արդարութեան վրայ յենած պետութիւն կառուցելու անոր վճռակամութիւնը: Վարչապետին անկեղծ, անշահախնդիր մօտեցումները, առաջարկները, սրտբաց յայտարարութիւնները ոչ միայն յուսադրիչ են, այլ հայրենիքը միասնաբար կառուցելու հրաւէր:
Կիրակոս Գույումճեան, Քուէյթ, 10 Սեպտեմբեր 1018
Թաւշեայ յեղափոխութիւնը յաջորդող ժամանակաշրջանը լաւատեսութեան նոր էջ մը բացած է Հայաստանի
Այս իմաստով բաւական հետաքրքրական էր զանգուածային լրատուական աղբիւրներու ներկայացուցիչներուն հետ Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Չորեքշաբթի, 22 Օգոստոսի երեկոյեան հանդիպումը:
Վարչապետը լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի տնտեսական, կրթական, մարզերը զարգացնելու կարելիութիւնները եւ ներկայացուց լուծումներ:
Վարչապետ Նիկոլ Բաշինեանի հանդիպումին հետեւող հայը՝ Սփիւռքի մէջ ըլլայ, թէ՝ հայրենիքի, անմիջապէս կը կռահէ ընկերային արդարութեան վրայ յենած պետութիւն կառուցելու անոր վճռակամութիւնը: Վարչապետին անկեղծ, անշահախնդիր մօտեցումները, առաջարկները, սրտբաց յայտարարութիւնները ոչ միայն յուսադրիչ են, այլ հայրենիքը միասնաբար կառուցելու հրաւէր:
Ծանրանալով բարգաւաճ տնտեսութիւն ստեղծելու կարելիութիւններուն, վարչապետը ներկայացուց զանազան առաջարկներ: Բոլորը գնահատելի: Ողջունելի զուգադիպութեամբ մը, Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներու պարագային, վարչապետը անդրադարձաւ՝ Հայաստանի մէջ անոնց կեցութեան ընթացքին եւ վերադարձի համար գնումները Հայաստանէն կատարելու նախաձեռնութեան մը մասին: Այս ծրագիրը, հայրենիքի շահը փնտռող իւրաքանչիւր հայու պարտականութիւն սեպելով, տողերս գրողը ամիս մը առաջ ներկայացուցած էր Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանին, որուն հաւանութիւնը ունենալով, Քուէյթ վերադառնալէ ետք, մշակեց կոչ մը, ընտրելով՝ «Գնեցէք Հայաստանէն- Shop In Armenia» կարգախօսը: Դիմեցի համայն հայութեան, Հայաստան այցելող բոլոր սփիւռքահայերէն խնդրելով օտար շուկաներէ եւ վայրերէ չկատարել իրենց կեցութեան եւ վերադարձի գնումները, այլ՝ միայն Հայաստանէն: Այս նախաձեռնութիւնը միաժամանակ պիտի նպաստէ դրամատուներու մօտ օտար դրամանիշերու աճին: Պետական գանձ մուտք պիտի գործէ պատկառելի քանակութեամբ գումար, միաժամանակ բարելաւելով շուկայական առեւտուրը:
Նախաձեռնութիւնս դրական արձագանգ գտաւ Սփիւռքահայ եւ հայրենական մամուլին մէջ: Սփիւռքեան եւ հայրենական օրաթերթեր, շաբաթաթերթեր, լրատուական կայքեր անմիջապէս ընդառաջեցին եւ լոյս ընծայեցին «Գնեցէք Հայաստանէն – Shop In Armenia» նախաձեռնութեան կոչը:
Մտայղացումիս երկրորդումին ականատես դառնալով, իբրեւ հայ եւ հայրենիքի վերելքով ապրող անհատ, հպարտ եւ շնորհակալ եմ, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կ'արժեւորէր առաջարկութիւնս եւ հանդէս կու գար միեւնոյն նախաձեռնութեամբ: Փաստօրէն ընդունուած էր առաջարկս:
Այս տողերը կը գրեմ, ոչ անպայման նախաձեռնութիւնս վարչապետին կողմէ ընդունուած ըլլալու յաւակնութեամբ, այլ՝ իբրեւ հայրենիքին շահերը փնտռող եւ պահպանող հայ անհատ: Նոյն պահուն համոզուած եմ, որ բազմաթիւ սփիւռքահայեր, գործնական քայլերով եւ իրենց անձնական օրինակով, բարոյական եւ նիւթական ճանապարհներով կրնան սատարել Հայաստանի եւ Արցախի վերելքին: