
Բայց այն ինչ որ կը մնայ իւրայատուկ, շնչահեղձ ըլլալու աստիճան, արաբական երկիրներու մէջ իրարու յաջորդող իրադարձութիւններն են։ «Վարդագոյն յեղափոխութենէն» մինչեւ «Կարմիրը» իրարու կը հրմշտկեն եւ այնքան արագ՝ որ կարելի չըլլար քայլ պահել իւրաքանչիւր հանգրուանի հետ։ Մէջտեղ դրուած, տեսնուած եւ քաշքշուած իրականութիւնը «ժողովրդավարական» է, ուր հաւաքականութիւններ կþուզեն ապրիլ ազատ, առանց կաշկանդումի եւ վայելել բարւոք կեանք եւ կենսամակարդակ։



Բայց այն ինչ որ կը մնայ իւրայատուկ, շնչահեղձ ըլլալու աստիճան, արաբական երկիրներու մէջ իրարու յաջորդող իրադարձութիւններն են։ «Վարդագոյն յեղափոխութենէն» մինչեւ «Կարմիրը» իրարու կը հրմշտկեն եւ այնքան արագ՝ որ կարելի չըլլար քայլ պահել իւրաքանչիւր հանգրուանի հետ։ Մէջտեղ դրուած, տեսնուած եւ քաշքշուած իրականութիւնը «ժողովրդավարական» է, ուր հաւաքականութիւններ կþուզեն ապրիլ ազատ, առանց կաշկանդումի եւ վայելել բարւոք կեանք եւ կենսամակարդակ։
Արաբական աշխարհի քաղաքացին այսօր ընկճուած կը զգայ, կþըսէ հեղինակը։ Կþուզէ նուազագոյն կեանքի բարւոք մակարդակ, ընկերատնտեսական վիճակի բարելաւում, ազատ խօսքի եւ մտածողութեան իրաւունք, քաղաքացիական հաւասարութիւն, իրաւունքներու պահպանում, ապահովութիւն ու տակաւին…։
Արաբական աշխարհը ու անոր քաղաքացին այսօր կը փնտռէ իր երկրի վարչամեքենային օրինականութիւնը։ Հոն՝ ուր քաղաքացին պիտի զգայ յարգուած, եւ կարգ ու սարք մը, որ կþաշխատի թափանցիկ, հիմնուած բարոյական արժէքներու վրայ, հեռու զեղծարարութենէ։ «Օրինականութիւնն է,- կþըսէ հեղինակը,- որ դուռ կը բանայ պետական վարչամեքենայի բնականոն գործընթացին եւ կը հաւասարակշռէ նոյն բնականոնութիւնը քաղաքացիի առօրեայ կեանքին հետ։ Այսօրուան պայքարը,- կþեզրակացնէ հեղինակը,- գաղափարախօսական չէ, այլ՝ կենսաբանական: Մէկ խօսքով, այն իրավիճակը, ուր մարդը եւ երկիրը իրարու հետ եւ իրարմով պիտի ապրին»։
Եւ անպայմանօրէն կը բանաս պատմութեան էջերը եւ հարց կու տաս. պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ՝ չէ՞…։
Հայն ալ ապրեցաւ ընկճուածութեան եւ օրինականութեան ձգտումի պայքարը, իր բովանդակ պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն մէջ։ Այս ընկճուածութեան եւ օրինականութեան ձգտումի պայքարին մեծագոյն իրադարձութիւնը հայուն պատմութեան մէջ՝ նոյնինքն հայուն ցեղասպանութիւնն էր։ Ցեղասպանութեան որպէս հետեւանք՝ հայը տուաւ մարդկային զոհ, մշակութային եւ մտաւորական արժէքի ահաւոր կորուստ, հողային իրաւազրկում եւ տակաւին…
Եթէ Ցեղասպանութիւնը 96 տարիներ առաջ էր, իսկ այսօ՞րը, ինչպէս պիտի ներկայացնել հայկական իրականութեան համար։
Համահայկական ու միջազգային քաղաքական իրավիճակներու եւ պարունակներու մէջ, հայ ժողովուրդը այսօր կþապրի Ցեղասպանութեան օրինականացումի «քաշքշուքի» ընկճուածութիւնը։ Հայը կը տքնի Արդարութեան եւ Ճշմարտութեան օրինականացումին համար։ Ցեղասպանութիւնը եւ անոր պահանջատիրութիւնը չեն կրնար քաղաքականացուիլ ու գործածուիլ որպէս «խաղաքարտ», ո՛չ ալ իբրեւ ընտրապայքարի խոստում եւ որմէ ետք՝ անտեսում։ Հայը կը պայքարի իր արժանապատուութեան ու անոր ապահովութեան համար։ Այո՝ մէկուկէս միլիոն նահատակներու միջազգային ճանաչումը եւ դատապարտումը հայուն արժանապատուութիւնն է, որ կարելի չէ ոտնակոխել…
Ու տակաւին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը հայուն մէկ այլ ընկճուածութիւնն է ու օրինականութեան պայքարը։ Եւ ինչ խօսք Ջաւախքի հայութեան սպասումներուն մասին։ Եւ վերջին շրջանին, թաքնուած, գաղտնի պահուած ու տակաւին իսլամացած ու քրտացած հայերու իրաւունքը՝ իրենց հաւատքին եւ ինքնութեան արժէքներուն մէջ ազատ ապրելու, մէկ այլ օղակն է հայուն այս օրերու ընկճուածութեան եւ օրինականութեան պայքարին։
Բայց ունինք ներհայկական ճակատը նաեւ…։ Հպարտ ենք մայր հայրենիքով եւ պետականութեան ստեղծումով, իրականութիւն մը, որ երկար տարիներ սպասեցինք, բան մը որ դարձաւ իւրաքանչիւր հայու ինքնութեան ամուր կռուանը։ Հայը աշխարհով մէկ նեցուկ է մայր հայրենիքին եւ անոր վերելքին: Բայց կան նաեւ իրավիճակներ, որմէ աշխատանքի եւ սրբագրութեան պէտք ունին։ Հայ քաղաքացին այսօր պէտք ունի ընկերային-տնտեսական աւելի բարւոք կենսամակարդակի՝ ապրելու համար հպարտօրէն եւ արժանապատուութեամբ, առանց ձգելու տուն եւ հող եւ ապաստանելու արտասահման…։ Հայրենի պետականութեան արտաքին քաղաքականութիւնը գնահատելով հանդերձ, վերջին շրջանին՝ պէտք ունին ներքին վարչամեքենային ամրապնդումին եւ այլ բնագաւառներէ ներս աւելի կանոնաւոր միջոցառումներու…։
Սփիւռքեան իրականութեան մէջ եւս կայ մշակութային «ընկճուածութիւն»։ Այսօր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն արեւմտահայերէնը դասած է վտանգուած լեզուներու շարքին։ Այս պիտի ենթադրէ, որ այս ընթացքով արեւմտահայերէնը տարիներու վրայ երկարած կրնայ կորսուիլ։ Ու տակաւին, ազգային մեր արժէքները կը զիջինք այլ արժէքներու ու կամաց-կամաց կը հեռանանք քրիստոնէական մեր հաւատամքէն՝ տեղ տալով ապակրօն մտածողութեան, որ արեւմտեան աշխարհէն զօրաւոր կերպով կը ներխուժէ մեր կողմերը։
Ընկճուածութիւնը եւ օրինականութիւնը պատմութեան բոլոր հոլովոյթներուն յաճախ իրենք զիրենք կրկնած են եւ միայն պարունակութեամբ եւ բովանդակութեամբ է որ տարբերած են տարիներու ընթացքին։
Արաբական աշխարհը դէմ կը դնէ այսօր՝ տիրող ընկճուածութեան եւ կը պայքարի օրինականութեան հաստատման ի խնդիր։
Բայց պէտք է յիշել եւ վերյիշել, թէ հայն ալ ըրաւ նոյնը եւ իր պատմութեան բոլոր ժամանակաշրջանին։
Եւ հարցումը։ Ի՞նչ ըրաւ հայը…
Պօղոս Առաքեալ կը գրէ Տիմոթէոսին, որ կþապրէր «ընկճուածութեան» օրեր իր առաքելութեան մէջ, Եփեսոսի եկեղեցիին մէջ: Ան կþըսէ, թէ կը փնտռէր «օրինականութիւնը»՝ նոյնինքն եկեղեցիին շարքերուն համար, որ երկփեղկուած վիճակներու մէջ էր։ Եթէ նամակը քաջալերական էր, յար եւ նման յորդորի, բայց անպայմանօրէն նաեւ պիտի խթանէր Տիմոթէոսը կառչելու իր արժանիքներուն։ «Կը յիշեմ քու ունեցած անկեղծ հաւատքդ… եւ համոզուած եմ որ դուն դեռ ունիս» (Բ. թուղթ առ Տիմոթէոս 1:5)։ Եւ համոզումը կու գայ այն վճռական իրականութենէն, թէ «Աստուած մեզի երկչոտութեան հոգի չտուաւ, հապա զօրութեան ու սիրոյ եւ զգաստութեան» (Բ. թուղթ առ Տիմոթէոս 1:7):
Քրիստոնեան միշտ պիտի յիշէ իր «հաւատքին» վաւերականութիւնը եւ պիտի վերյիշէ, թէ ««… դեռ ունի» զայն, որովհետեւ քրիստոնէական «հաւատքին» այս իրականութեան մէջ կայ գոյատեւելու եւ տոկալու ուժը։ Ուժը ամուր կենալու դժուար առաքելութիւններու առջեւ՝ եւ ուժը՝ ուղիղ կենալու ճարճատող կացութիւններու դիմաց, բայց մանաւանդ ուժը՝ դիմագրաւելու համար նեղութիւն, ցաւ եւ յուսախաբութիւն։ Քրիստոնեան այն անձն է, որ կրնայ ճեղքել կացութիւնները, բայց ինք չի ճեղքուիր։ Եւ այս նոյն ուժը դուրս կը հանէ վախը մեր սրտերէն ու հոգիներէն։
Փաստուած իրականութիւն է, որ երբ վախը դուրս հանես իրականութենէդ՝ կը սկսիս սիրել կեանքը իր ամբողջութեամբ։ Կը սիրես մարդը, ընտանիքը, հաւաքականութիւնը եւ հայրենիքը: Սիրոյ ուժը միտքը կþընէ յստակ եւ խիզախ եւ ո՛չ մէկ դժուարութեան դիմաց կը տկարանայ՝ քանի կապուած է Արժէքին։ Իսկ զգաստութիւնը ինքնազսպում է, որով քրիստոնեան կը դիմագրաւէ ամէն խուճապ եւ տագնապ հաւասարակշռուած մտքով եւ տեսադաշտով, կացութիւնները վեր առնելով իր ճիշդ պարունակով եւ յարաբերութիւններով, ինչ որ կարելի կþըլլայ տեսնել գալիքը, հորիզոնէն անդին, յստակատեսութեամբ, եւ այս զգաստութեամբ է, որ կարելի կþըլլայ առաջնորդել հաւաքականութիւնները անելէն եւ խուճապէն…
Հայը հաւատաց իր Ազգային «հաւատքին» պատմական վաւերականութեան եւ Արժէքին։ Բայց անպայմանօրէն հաւատաց, թէ իր «հաւատքը» պէտք է տանի հորիզոնէն անդին՝ եւ այս նոյնինքն ուժով տարաւ զայն Ցեղասպանութեան «դժոխքէն» անդին…։ Այս հաւատքը եւ հաւատքին ուժը մղեց հայը սիրելու իր ազգը՝ Արժէքը, ինքնութիւնը, քրիստոնէական հաւատքը եւ մշակութային հիմքը։ Հայը զգաստ մնաց ամէն տեսակի դժուարութեան եւ տագնապի դիմաց՝ առանց շեղելու հիմնական տեսլականէն, քալելով մինչեւ վերջ նահատակութեան մէջէն ու նաեւ անդին…։
Բայց ի՞նչ պիտի ընէ հայը, այսօր, իր հազարումէկ հիմնահարցերուն դիմաց…։
Հայը պիտի վերաշխուժացնէ իր մէջ իր Ազգային «հաւատքի» այս ուժը։ Այս ուժով հայը պիտի տոկայ ամէն դժուարութեան, եւ այս ուժով հայը պիտի սիրէ իր ինքնութիւնը, մշակոյթը եւ հաւատքը։ Պիտի սիրէ իր հայրենիքը եւ պիտի աշխատի անոր վերելքին, բայց պիտի սիրէ Արդարութեան եւ Ճշմարտութեան համար իր պահանջատիրութիւնը եւ անոր վաւերականութեան համար ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ։
Բայց ամէնէն կարեւորը, հայը պարտի պահել իր զգաստութիւնը, նոյնիսկ երբ անհաւասար է իր պայքարը։ Զգաստութիւն համահայկական, միջազգային հիմնահարցերու մէջ, բայց նաեւ՝ ներհայկական հարցերու մէջ։
Ներկայ ժամանակներուն տիրող տարբեր իրավիճակներու մէջ հայուն այսօր պէտք է զգաստութիւն։ Առանց տարուելու այս կամ այն տեսակի կարգախօսներէ, մեր ներքին ու արտաքին ընկճուածութիւններուն եւ օրինական որոնումներուն արժէ տքնիլ յենելով մեր հաւաքական մտքին, անկախ մեր տարբեր մտածողութիւններուն եւ տեսակէտներուն։ Մեր հաւաքական միտքն է ու այդ մտքին մտայղացումն է, որ մեզ դուրս պիտի բերէ մութ փապուղիին մէջէն։
Հայը Ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդ է եւ այս իրականութիւնը հայը կը դնէ, որպէս ժողովուրդ եւ պետականութիւն, յատուկ կարգավիճակի մէջ։ Եւ այս ոչ թէ գերակայութեան համար, այլ մեր բոլոր հարցերուն եւ աշխատանքային ծրագիրներու բնագաւառներու մէջէն պիտի գերադասել հիմնական նպատակակէտը՝ Ցեղասպանութիւնը եւ պահանջատիրութիւնը։
Պատմութեան կրկնուող իրականութիւնները ընկճուածութեան եւ օրինականութեան գործօնները հայը պիտի դիմագրաւէ ո՛չ թէ վարդագոյն կամ այլ յեղաշրջումներով, այլ հաւաքական մտքի ստեղծած ուժով եւ այդ ուժին շնորհած սիրովը՝ հողին, մշակոյթին եւ արդար դատին, եւ այս սէրը հայը պիտի ընէ զգաստ, ինչպէս ըրաւ երբ քալեց Տէր Զօրի «մահուան շուքի ձորէն», բայց այդ նոյն ձորին մէջէն տեսաւ հայուն վերապրումը։
Ընկճուածութեան եւ օրինականութեան գոյապայքարը, եթէ կրկնուող պատմութեան իրականութիւնն է, բայց անպայմանօրէն հայուն վերապրելու հրամայականն է։
1 comment
Հարգելի Պրն. Հրայր
Հարգելի Պրն. Հրայր Ճէպէճեան,
Բավականին նեղություն կրած եք Ձեր մտքերը շարադրելու ու ընթերցողին համոզիչ խոսք ասելու ուղղությամբ… Կրոնական դոգմատիկ ասույթներով ցանկանում եք ելք գտնել քաղաքական ու տնտեսական բարդ հարցերի համար, որոնք պահանջում են գիտական, սոցիալական ու դասակարգային տեսանկյունից մոտեցումներ: Ցավում եմ ,Ձեր գրությունը լուրջ քննադատության չի դիմանում…
Հարգանքներով՝
դոկտ. Արամայիս Միրզախանյան
Comments are closed.