Մեթր Գ. Տէրտէրեան, Երեւան, 30 Սեպտեմբեր 2018
Ուշադրութիւն, ուշադրութիւն՝ Արեւմտահայաստանը կ՚ապրի այսօր, իրաւականօրէն՝ գործնապէս՝ ճիշդ զօրաշարժի մը շնորհիւ, պետական մտածողութեան արդիւնք՝ իրատես տեսլականի մը հիման վրայ։
Տարագիր Արեւմտահայութիւնը այսօր կը բաժնուի երկու մեծ խումբերու։ Մէկը՝ մոռցած է կամ՝ մոռացութեան տուած… Արեւմտահայաստանը, դարձած է՝ ՏԱՐԱԲՆԱԿ արեւմտահայ աշխարհացրիւ բեկորներ, ՀԱՅՄԱԹԼՈՍՆԵՐ… «Ուր Հաց՝ Հոն Կաց»ի նշանաբանով, անհատական բարօրութեան մղումով, անգիտանալով՝ հաւաքականը…։ Միւսը՝ կը գիտակցի իր ՏԱՐԱԳԻՐի իրաւավիճակը, մոռցած չէ Արեւմտահայաստանը, կառչած է իր Հայ ինքնութեան պահպանումին։ Սակայն, այս խումբը՝ իր կարգին, կը բաժնուի երկու իրարմէ տարբեր ենթախումբերու։ Մէկը՝ նախաձեռնող իրաւատէրներու, իսկ միւսը՝ աղաչող պահանջատէրներու…։
Մեթր Գ. Տէրտէրեան, Երեւան, 30 Սեպտեմբեր 2018
Ուշադրութիւն, ուշադրութիւն՝ Արեւմտահայաստանը կ՚ապրի այսօր, իրաւականօրէն՝ գործնապէս՝ ճիշդ զօրաշարժի մը շնորհիւ, պետական մտածողութեան արդիւնք՝ իրատես տեսլականի մը հիման վրայ։
Տարագիր Արեւմտահայութիւնը այսօր կը բաժնուի երկու մեծ խումբերու։ Մէկը՝ մոռցած է կամ՝ մոռացութեան տուած… Արեւմտահայաստանը, դարձած է՝ ՏԱՐԱԲՆԱԿ արեւմտահայ աշխարհացրիւ բեկորներ, ՀԱՅՄԱԹԼՈՍՆԵՐ… «Ուր Հաց՝ Հոն Կաց»ի նշանաբանով, անհատական բարօրութեան մղումով, անգիտանալով՝ հաւաքականը…։ Միւսը՝ կը գիտակցի իր ՏԱՐԱԳԻՐի իրաւավիճակը, մոռցած չէ Արեւմտահայաստանը, կառչած է իր Հայ ինքնութեան պահպանումին։ Սակայն, այս խումբը՝ իր կարգին, կը բաժնուի երկու իրարմէ տարբեր ենթախումբերու։ Մէկը՝ նախաձեռնող իրաւատէրներու, իսկ միւսը՝ աղաչող պահանջատէրներու…։
Աղաչող պահանջատէրները՝ ոչ մէկ նախաձեռնութիւն կ՚առնեն՝ Արեւմտահայաստանի գործնական ազատագրութեան համար, եւ կը բաւականանան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան լոկ բարոյական, պղատոնական ճանաչումը մուրալով ուրիշներէն, նոյնիսկ՝ Մեծ Եղեռնի պատասխանատու տէրութիւններէն…։ Եւ՝ Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցին անգամ նոյնը մնացին, եւ մոռցան, կամ՝ մոռացութեան տուին Արեւմտահայաստանի հողային դատը, աններելի սրբապղծութիւն գործելով՝ սիոնական «Անմեռուկ»ը որդեգրելով իբր խորհրդանիշ, ոտնահարելով՝ Մեծ Եղեռնի նահատակներուն, Արեւմտահայաստանի հայաթափումին ու զաւթումին յիշատակը, քանի որ Մեծ Եղեռնի գլխաւոր հեղինակը՝ Սիոնիզմն էր, որ յօրինեց Մեծն Թուրանի առասպելը եւ ծրագրեց Փանթուրքիզմի առաջադրանքը, որուն առաջին քայլը պիտի ըլլար՝ հողային անմիջական կապ ստեղծել Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ՝ ճամբէն վերացնելով Արեւմտահայաստանի եւ Արեւելահայաստանի խոչընդոտները, հասնելու համար Կեդրոնական Ասիա եւ մինչեւ Չինաստան։ Փանթուրքիզմի այս ծրագրին հեղինակներն էին՝ հունգար, լեհ, ֆրանսացի, գերմանացի ու աւստրիացի հրեայ սիոնական պատմագիրները՝ Արմինիուս Վամպելին, Քոնսթանթի Պռոժեցքին, Լէոն Քահէօնը, Ալպըրթ Քոհէնը եւ Ֆրանց Ֆոն Վերները, գործածելով թրքական ծածկանուններ՝ Մուսթաֆա Ճելալետտին Փաշա, Թեքին Ալփ եւ Մուրատ Էֆենտի…։ Սիոնիզմի յօրինած Մեծն Թուրանի առասպելը եւ մշակած Փանթուրքիզմի ծրագիրը կը ծառայեն Արեւմուտքի իմփերիալիստ տէրութիւններու դէպի Արեւելք ծաւալելու ծրագրին…, որ ուղղուած է նաեւ՝ բարեբախտաբար Ռուսաստանի եւ Պարսկաստանի դէմ…։
Հայոց Ցեղասպանութեան լոկ բարոյական, պղատոնական ճանաչումը աղաչելով մուրացող այս պահանջատէրներու ենթախումբը՝ չգիտնալ ձեւացուց այն, որ այսպիսի ճանաչումներուն մեծագոյն մասին նշանակութիւնն էր. «Այո՛, եղեր է Հայոց Ցեղասպանութիւն, կը ցաւակցինք, իրաւունք ունիք, բայց՝ առնելիք չունիք»…։
Բացառութիւն կը կազմեն այն ճանաչումները, որոնք փոքրաթիւ են՝ լուրջ, անկեղծ եւ իրաւաքաղաքական նշանակութիւն ունին։ Այսպիսիներ են միայն՝ Վենեզուելլայի, Ռուսաստանի, Կիպրոսի եւ Զուիցերիոյ ճանաչումները, որոնք ոչ միայն կը ճանչնան, այլեւ՝ կը դատապարտեն, եւ՝ հողային հատուցումը արդար կը նկատեն։
Նախաձեռնող իրաւատէրներու խումբը կը բաղկանայ երեք ջոկատներէ՝ ԱՍԱԼԱ, ՏԱՀՔ եւ Արեւմտեան Հայաստանի Շարունակուող Պետութիւն։
- ԱՍԱԼԱ (ASALA)
Արեւմտեան Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի (ԱՀԱՀԳԲ) քաջասիրտ, սրտոտ եւ անձնազոհ զինուորագրեալները՝ քալեցին զինեալ պայքարի ուղիով, տուին հերոս նահատակներ, որոնց յիշատակութեան օրը՝ 7 Օգոստոսն է։ Ասոնք յաջողեցան յաղթական դուրս գալ իրենց զինեալ պայքարէն, Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան դատին ի նպաստ կատարելով միջազգային զինեալ ցնցիչ քարոզչութիւն, որ աւելի լայն արձագանգ գտաւ օտար զանգուածային լրատւութեան միջոցներուն մէջ, քան՝ հայկականին…։ Այս զինեալ քարոզչութեան իբր արդիւնք ունեցանք երկու նշանակալից իրաւական շահեր, եւ մէկ բուրժուական շրթնային միջազգային ճանաչում՝ Եւրոխորհուրդին կողմէ։
Իրաւական երկու շահերն էին՝ Պերթրանտ Ռասէլի հիմնած Ժողովուրդներու Մնայուն Դատարանի 1983 թուի վճիռը, որ Տարագիր Արեւմտահայութեան աշխարհացրիւ եւ բազմահպատակ բեկորները ճանչցաւ որպէս՝ միասնական ժողովուրդ եւ ոչ թէ հայմաթլոսներու զանգուած։ Ասիկա կարեւոր ճանաչում մըն էր, որ մենք կարենայինք օգտուիլ Ալճերիոյ մայրաքաղաքէն բխած Ժողովուրդներու Իրաւանց Տիեզերական Հռչակագրէն, 1976 թուին։ (Օրինակ՝ այս հռչակագրի Յօդ. 3-րդը կ՚ըսէ. «Ամէն ժողովուրդ որ արտաքսուած է իր երկրէն՝ իրաւունքը ունի հոն վերադառնալու»…։ Դժբախտաբար, հայ քաղաքական միտքն ու մամուլը, որոնք յետամնաց են, անտեղեակ մնացին այս խիստ կարեւոր տիեզերական հռչակագրէն, որ փոքր ժողովուրդներուն համար՝ շատ աւելի նպաստաւոր հռչակագիր մըն է քան Մարդու Իրաւանց Տիեզերական Հռչակագիրը)։
Երկրորդ իրաւական շահը այն էր, որ տարի մը ետք, 1984 թուին, այս անգամ ալ՝ կոմունիստ Լելիօ Պասսոյի Անուան Հիմնարկին Վենետիկի մէջ կայացուցած Միջազգային Սիմփոզիումը, որուն կը մասնակցէր նաեւ՝ Մեթր Դոկտ. Ռուբէն Պօղոսեան Հալէպէն, մանրամասնօրէն ճշդեց, ժողովուրդ համարուելու համար, Միջազգային Հանրային Իրաւունքին պահանջած հինգ նախապայմանները, որոնց չորսը (պատմամշակութային) արդէն կը լրացնէին Տարագիր բեկորները, եւ կը մնար լրացնել նաեւ՝ 5-րդ կազմակերպչական նախապայմանը. ստեղծել Տարագիր Արեւմտահայութեան բեկորներուն կեդրոնական, ներկայացուցչական (ընտրովի) եւ միակ լիազօր կառոյցը, որ կրնար ուրեմն ստանալ միջազգային իրաւական անձնաւորութիւն (personne juridique internationale), եւ դառնալ՝ Միջազգային Հանրային Իրաւունքի ենթակայ (sujet) եւ իր այս կարգավիճակով կրնար ներկայանալ միջազգային ատեաններու առջեւ, եւ պահանջել՝ Արեւմտահայաստանի անկախ պետութեան ճանաչումը եւ վերականգնումը։
Սակայն, այս ամէնուն անծանօթ մնացին աւանդական կուսակցութիւններուն բոլոր ղեկավարներն ու անոնց հովանաւորած մամուլը… որ մեծապէս թերացաւ՝ իր 4-րդ իշխանութեան պաշտօնը կատարելու պարտականութեան մէջ, քանի որ չունէինք եւ չունինք ազատ մամուլ։ Ցաւով եւ ափսոսանքով կ՚ըսեմ՝ թէ այս մասին գրողները եղանք միայն՝ Մեթր Դոկտ. Ռուբէն Պօղոսեանը, եւ՝ աւելի հետեւողականօրէն՝ համեստս…։
Գաղտնի Բանակը ունեցաւ առիթը գործադրելու երեսունէ աւելի յաջող գործողութիւններ, որոնց մէջ՝ ռազմաքաղաքականօրէն մեծագոյնները հանդիսացան այն ուղղակի ճակատումները, որոնք տեղի ունեցան հայ ազատամարտիկներուն եւ թուրք զինուորներուն ու ապահովութեան ուժերուն միջեւ…։ Այս մասին յանձնարարելի է կարդալ հայրենի յառաջապահ եւ յանձնառու գրող Կարօ Վարդանեանի վէպը՝ «Պայթումներ Անգարայում՝ Եւ… Ոչ Միայն» խորագրով, գրական ու գեղարուեստական բարձր ճաշակով եւ բանաստեղծական վարակիչ շունչով։ (Եղան նաեւ մի քանի զուտ ահաբեկչական գործողութիւններ, շեղած ըլլալով՝ սկզբնական ստրատեգիական ընդհանուր նախագիծէն, ինչպէս գրողիս բացատրեց հերոս Վազգէն Սիսլեան՝ աննախատեսելի դիպուածներու պատճառով։ Եւ՝ Մեծն Աւետիք Իսահակեանն է ըսողը. «Բախտի կռանը կամքն է թէեւ՝ բայց դիպուածն է տիրական»…)։
Գաղտնի բանակը կազմակերպեց նաեւ Ա. Համահայկական Համագումարը, Փարիզի ճափոնական Nikro պանդոկին մէջ, ուր սպրդած էին՝ ամերիկեան իմփերիալիզմի CIA-ի եւ ֆրանսական իմփերիալիզմի DST-ի գործուղած ոմն Հելվաճեանն ու Արա Թորանեանը, որոնք ճարպկօրէն սահած էին Համագումարի Բանաձեւի Յանձնախումբին մէջ։ Այս երկուքը՝ ի զուր փորձեցին բանաձեւին մէջ անցընել այնպիսի պարբերութիւն, ըստ որուն, Համագումարի քննարկումներուն ընթացքին հնչած է նաեւ այն պնդումը, թէ՝ առաջնահերթը Արեւմտահայաստանի ազատագրումը չէ, այլ՝ Սովետ Հայաստանի ազատագրումը՝ սովետական դաժան լուծէն…։ Յանձնախումբի ատենապետը՝ յանձնառու եւ յառաջապահ արձակագիր Գէորգ Աճէմեան, կտրուկ կերպով մերժեց այս ապակողմնորոշող առաջարկը, զոր այդ երկուքէն մէկն անգամ չէր համարձակած ներկայացնել քննարկումներու երեք օրերու ընթացքին… իսկ ատենադպիրը՝ տողերս գրողը, մոխրացուց այդ ազգաքանդ եւ ամերիկեւսիոնաթրքական իմփերիալիստներուն ծառայող առաջարկը… եւ՝ Յանձնախումբը, մեծամասնութեան ձայնով տապալեց՝ մեր ժողովուրդին երեք մեծ թշնամիներուն զեղծարարութիւնը, որ հիմնովին կը հակասէր Համագումարի միակ նպատակին, որ Արեւմտահայաստանի ազատագրումն էր Փանթուրքական բռնագրաւումէն։
Գաղտնի Բանակի զինեալ քարոզչութիւնը յաջողեցաւ Արեւմտահայաստանի ազատագրումին դատը դարձնել միջազգային քաղաքականութեան հարց, որ իր բուն նպատակն էր։ Որովհետեւ՝ ոչ երէկ եւ ոչ ալ այսօր, մենք ունինք զինեալ ազատագրութեան պահանջած բոլոր նախապայմանները, ՕԹԱՆ-ի մեծագոյն բանակներէն մէկը ունեցող Թուրքիոյ դէմ։ Քանի որ մենք՝ երկրին մէջ չունինք տեղական մարզուած ու զինուած բանակ, իսկ դուրսէն յարձակող բանակը, ըստ ռազմագիտական կանոնին, պէտք է ունենայ ներսի բանակի ուժին եռապատիկը… ոչ ալ ունինք Թուրքիոյ մարդուժը, որ այսօր 82 միլիոն է…։ Սակայն, մենք ունինք իրաւաքաղաքական աւելի մեծ ուժ քան Թուրքիան, եւ այս ուժին դիմեց ՏԱՀՔ-ը, քալելով իրաւաքաղաքական ուղիով, ինչպէս պիտի տեսնենք։ (Յիշենք, թէ մեր աւանդական կուսակցութիւններուն կազմած բոլոր «Հայ Դատի Յանձնախումբ»երը արդէն կրնային եւ ըրին միայն Հայ Դատի քարոզչութիւն, եւ այդ ալ՝ կրաւորական, աղաչական, աղերսական քարոզչութիւն միայն, եւ ոչ թէ միջազգային ցնցիչ քարոզչութիւն…)։
- ՏԱՐԱԳԻՐ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ՔՈՆԿՐԷՍԻ (ՏԱՀՔ) ջոկատը քալեց իրաւաքաղաքական պայքարի ուղիով։ Այս ջոկատը ուզեց ստեղծել Միջազգային Հանրային Իրաւունքին պահանջած կազմակերպչական նախապայմանը՝ Տարագիր Արեւմտահայութեան կեդրոնական, ներկայացուցչական (ընտրովի) եւ միակ լիազօր կառոյցը։ Համահայկականօրէն՝ երեք տասնամեակ քարոզեց, բացատրեց, լուսաբանեց եւ պաշտպանեց ՏԱՀՔ-ի ծրագիրը, եւ՝ ի զուր սպասեց բոլորի մասնակցութեան՝ համահայկական ոգիով, պետական մտածելակերպով, որոնք բացակայեցան Տարագիր Արեւմտահայութեան աւանդական կուսակցութիւններու ղեկավարութեան մօտ, մեր աւանդական անմիաբանութեան, հատուածականութեան, եւ մասնաւորաբար՝ ծանօթ կուսակցութեան մենատիրական մոլուցքին եւ ինքնանպատակութեան ախտին պատճառներով…։
Տողերուս հեղինակը՝ Մեթր Դոկտ. Ռուբէն Պօղոսեանի հետ միասին, եղաւ ՏԱՀՔ-ի կառաշարին շոգեկառքը (locomotive). գրեց՝ 100-է աւելի յօդուածներ, հրատարակեց՝ հինգ գիրքեր եւ հինգ գրքոյկներ, կազմակերպեց՝ հրապարակային քննարկումներ, բազմաձայն զրոյցներ եւ հարցախոյզեր, Պէյրութի, Հալէպի, Դամասկոսի, Նիկոսիոյ եւ Լոնտոնի մէջ։ Զինուորագրուեցան ոչ միայն հասարակական կազմակերպութիւններ՝ Լիբանանահայ Գրական Շրջանակ, Թեհրանահայ Գրական Շրջանակ, Հալէպի Ուրֆայի Վերածնունդ Մշակութային Միութիւն եւ Ֆրանսայի Հայ Երիտասարդաց Միութիւն (JAF, Jeunesse Arménienne de France), այլեւ՝ մի քանի հարիւր Տարագիր Արեւմտահայեր, որոնց շարքին երեւելի դէմքեր եւ մօտ 50 մտաւորականներ, ինչպէս՝ Պէյրութէն՝ Վահէ-Վահեան, Արմէն Դարեան, Գէորգ Աճէմեան, Դոկտ. Մարտիրոս Գուշաքճեան, Դոկտ. Երուանդ Քասունի, Յովհաննէս Աղպաշեան, Լեւոն Վարդան, Արամ Սեփեթճեան, Դոկտ. Գէորգ Եազըճեան, Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Գեղարդ կայքէջի տնօրէն եւ խմբագիր Տիգրան Աբրահամեան, Թեհրանէն՝ Գալուստ Խանենց, Աստղիկ Խանինեան, Խաչիկ Խաչեր, Նիկոսիայէն՝ պատմագէտ Դոկտ. Ագապի Նասիպեան, Փարիզէն՝ պատմագէտ Դոկտ. Արթիւր Պէյլէրեան, ջրաելեկտրագէտ Նուպար Մարթայեան եւ Բիւզանդ Արապեան, Հալէպէն՝ բժշկապետ Տոքթ. Ռոպեր Ճեպեճեան, Մեթր Դոկտ. Ռուբէն Պօղոսեան, սրտաբան եւ բանաստեղծ Տոքթ. Գէորգ Թեմիզեան եւ Ազնիւ Գիրիշեան, Դամասկոսէն՝ Վարուժան Սալաթեան, Մովսէս Հալաճեան, Անդրանիկ Արարատ (Նաճարեան), Անդրանիկ Շահպէնտէրեան եւ Սրբուհի Տէրտէրեան-Սարգիսեան, Լոնտոնէն՝ գեղանկարիչ, երգիչ եւ երաժշտագէտ Փրոֆ. Խաչատուր Փիլիկեան, թատերագէտ, Շէքսպիրագէտ եւ սինեմագէտ Յովհաննէս Փիլիկեան, Աւստրալիայէն՝ Դոկտ. Աւետիս Եափուճեան, Գերմանիայէն՝ Փրոֆ. Ժիրայր Քոչարեան, Շուէտէն՝ Դոկտ. Փրոֆ. Արամայիս Միրզախանեան, Ուփսալայէն՝ Երուանդ Խոսրովեան եւ ուրիշներ…։
ՏԱՀՔ-ի կողմնակիցները՝ ընդհանուր առմամբ, Ձախ կամ կոմունիստ էին, եւ մենք չկազմեցինք նոյնիսկ՝ ՏԱՀՔ-ի նախաձեռնող յանձնախումբ, որպէսզի Ձախին եւ կոմունիստին հանդէպ անգիտակ գերզգայունները չպոյքոթեն ՏԱՀՔ-ի համահայկական ծրագիրը։ Եւ ի զուր սպասեցինք երեսուն տարի… բայց մեր խօսքը մնաց՝ ձայն բարբառոյ յանապատի…։ Կ՚երեւի թէ՝ մենք սխալեցանք, եւ ուրիշ ջոկատ մը սկսաւ կազմակերպուիլ՝ մասնակիէն, հասնելու համար ընդհանուրին։ Այդ գործնապաշտ ջոկատը եղաւ երրորդը։
- ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ
2004 թուին, խումբ մը յանձնառու, յառաջապահ եւ պետական մտածելակերպ ունեցող արեւմտահայեր կը հիմնադրեն Արեւմտահայ Ազգային Խորհուրդ, եւ Արմենակ Աբրահամեանը կ՚ընտրեն ԱԱԽ-ի նախագահ, եւ կ՚որոշեն՝ իրաւականօրէն շարունակել արդէն իսկ անցեալին անկախ ճանչցուած Հայաստանի պետութիւնը, ստեղծելով այդ պետութեան հիմնական կառոյցներուն սաղմերը։ Տասնամեայ յամառ ջանքերով եւ հետեւողական լուռ, ոչ-ցուցադրական, այլ՝ երկար շունչի եւ աննկուն կամքի աշխատանքներով, 2014 թուին, մօտ 18 հազար արեւմտահայ նորագիր քաղաքացիներու ձայներով կ՚ընտրեն՝ շարունակուող պետութեան խորհրդարանը, 64 երեսփոխաններէ բաղկացած, որոնք կը ներկայացնեն 10 հայկական գաղթօճախներ եւ գրաւեալ Արեւմտահայաստանի մէջ ապրող կարգ մը համայնքներ…։ Այսպիսով՝ խորհրդարանին կու տան նախնական ներկայացուցչական հանգամանք, լրացնելով Միջազգային Հանրային Իրաւունքին պահանջած երկրորդ կարեւորագոյն նախապայմանը, յառաջիկային լրացնելու համար՝ կեդրոնականի եւ միակ լիազօրի հանգամանքները։
Նորընտիր խորհրդարանը կ՚ընտրէ շարունակուող Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահը՝ յանձինս Արեւմտահայ Ազգային Խորհուրդի նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի։ Ապա՝ խորհրդարանը վստահութիւն կու տայ նախագահին կողմէ նշանակուած առաջին վարչապետին կազմած դահլիճին։
ՄԱԿ-ի բնիկ ժողովուրդներու Փորձագիտական Յանձնաժողովին (կազմուած 2007 թուին) կ՚անդամակցի Արեւմտահայ Ազգային Խորհուրդը, որուն նախագահը կը մասնակցի Յանձնաժողովի նստաշրջաններուն եւ կ՚ունենայ ելոյթներ, բացատրելով Հայ Հողային Դատի մանրամասնութիւնները։
Արեւմտահայաստանի նախագահը կը հրատարակէ նախագահական հրամանագրեր, իսկ վարչապետը՝ որոշումնագրեր, որոնց շարքին՝ Սեւրի դաշնագրի ստորագրումը, Արեւմտահայաստանի շարունակուող պետութեան կողմէ։ Տեղի կ՚ունենայ դահլիճի կազմի եւ վարչապետի փոփոխում եւ ներկայիս վարչապետը կը դառնայ՝ սուրիահայ երկրաչափ Գառնիկ Սարգիսեանը։
Յառաջիկայ Նոյեմբերի վերջերէն մինչեւ Դեկտեմբեր 8, տեղի պիտի ունենան՝ Արեւմտահայաստանի շարունակուող պետութեան խորհրդարանական նոր ընտրութիւններ, անոր կազմը բարձրացնելով 75 երեսփոխանի, եւ մասնակցող արձանագրուած քաղաքացիներու թիւը աւելցնելով շօշափելի կերպով՝ 18 հազարէն վեր։ Ընթացիկ երկու ամիսներուն պիտի շարունակուին նոր քաղաքացիներ ապահովելու աշխատանքները՝ զօրացնելու համար խորհրդարանի ներկայացուցչական հանգամանքը։ Արդէն այսօր յայտնի իրողութիւն է այն, որ Արեւմտեան Հայաստանի շարունակուող պետութեան խորհրդարանը՝ Տարագիր Արեւմտահայութիւնը ներկայացնող միակ ընտրովի կառոյցն է, որ կը ներկայացնէ բոլորը՝ առանց քաղաքական եւ յարանուանական խտրականութեան, ինչ որ կը հաստատէ անոր ոչ միայն ներկայացուցչութիւնը, այլեւ՝ համահայկականութիւնը։
Արեւմտեան Հայաստանի շարունակուող պետութեան քաղաքացին դառնալու համար կայ դիմումի հարցարան մը, զոր լրացնելով եւ ստորագրելով պէտք է յանձնել ձեր գտնուած երկրին մէջ անոր ներկայացուցիչին, կամ՝ email [email protected]։ Եւ՝ քաղաքացիութեան անձնաթուղթ ստանալու համար, պէտք է ատոր կցել ձեր լուսանկարը՝ անցագրերու չափով, եւ վճարել, Լիբանանի պարագային, 40 ամերիկեան տոլար՝ որպէս այս պետութեան ծախսերուն մասնակցութիւն, քանի որ այս պետութիւնը տակաւին չունի պետական գանձ, եւ մանաւանդ՝ նիւթապէս կախեալ չէ ոեւէ կուսակցութենէ կամ պետութենէ։
Իսկ խորհրդարանի անդամ դառնալու թեկնածութիւն առաջադրողները, պարտին լրացնել յատուկ հարցարան, եւ իրենց գտնուած երկրին մէջ ապրող արեւմտահայերէն 200 անձի քուէն իր թեկնածութեան։ Փոքր գաղթօճախներու պարագային, այս թիւը կրնայ նուազեցուիլ։
Թեկնածուներու անունները եւ լուսանկարները պիտի ցուցադրուին պետութեան կայքէջին վրայ՝ [email protected]։ Իսկ գրաւեալ Արեւմտահայաստանէն եկած թեկնածութիւններուն մէկ մասին միայն անուն-նկարները պիտի չցուցադրուին, ապահովական մտահոգութեամբ…։
Այս գրութեան նեղ սահմանին մէջ կարելի չէ անդրադառնալ այս պետութեան գործունէութեան բոլոր մանրամասնութիւններուն։ Ան ունի ատոնց մասին տպուած շարք մը տեղեկագրեր եւ գրքոյկներ, զորս կարելի է ստանալ, դիմելով ներկայացուցիչին կամ կայքէջին։
Անցնող 14 տարիներուն ընթացքին (2004-2018) այս ջոկատը կատարած է դանդաղ բայց հետեւողական անընդմէջ աշխատանքներ՝ աստիճանական յառաջխաղացքով, որուն թափին արագացումը նաեւ կախեալ է այդ չմասնակցողներու դրական մօտեցումէն…։
ՏԱՀՔ-ի ջոկատին նկատմամբ՝ չմասնակցող, անտարբեր կուսակցութիւններու մօտեցումը եղաւ բացարձակ ժխտական… անհասկնալիօրէն։
Սակայն, այս երրորդ ջոկատին նկատմամբ, անտարբեր չգտնուեցան ցարդ 20 հազար արեւմտահայեր։ Ասոնց թիւի բազմապատկումին՝ պարտաւոր է սատարելու հայ մամուլը, որ ցարդ կը պահէ աններելի, հայու անվայել, յանցաւոր լռութիւն մը, մեղսակից դառնալով՝ անտարբեր, անպտուղ եւ ամուլ «աղաչող պահանջատէրներուն», փոխանակ սատարելու՝ «նախաձեռնող իրաւատէրներուն»…։ Արհեստավար մամուլ մը, որ մենատէր կուսակցութեան մը ղազէթա-ն չէ, պարտաւոր է՝ ընթերցողին տեղեկացնել իր՝ թէ՛ հաւնած եւ թէ՛ չհաւնած եղելութիւնը, դէպքը կամ երեւոյթը, ազատօրէն գովելով իր հաւնածը եւ դատապարտելով՝ իր չհաւնածը, ընթերցողին եւս տալով այդ երկուքին ազատութիւնը…։ Այդ ե՞րբ է որ Հայ Մամուլը պիտի բարձրանայ արհեստավարժութեան մակարդակին, իր վրայէն թօթափելով միականի ղազէթաճիի թանձր մրուրը…։ Ունկնդրողին, միաժամանակ՝ լսողին ու հասկցողին շատ բարեւ…։
Նաեւ՝ իւրաքանչիւր աղքատ արեւմտահայ, իբր ազգային տուրք, պարտի իր այս պետութեան մուծել ամիսը մէկ տոլարի լուման… միջակը՝ իր ամսական եկամուտին տարին մէկ առ հարիւրը, հարուստը՝ իր ամսական եկամուտին տարին մէկ առ հարիւրը, իսկ միլիոնատէրը՝ իր հարստութեան տարին մէկ առ հարիւրը… այսպիսով՝ կաթիլներ քիչ-քիչ կը դառնան մեծ լիճ… կը ստեղծուի Արեւմտեան Հայաստանի շարունակուող պետութեան Ազգային Սնտուկը, եւ անոր այժմ գործող տկար հեռուստա-ընկերութիւնը հազարապատիկ կը զօրանայ եւ կը հասնի բոլոր հայկական գաղթօճախներուն… եւ կը հազարապատկէ իր քաղաքացիներուն թիւը, եւ կը կարողանայ խօսիլ միլիոնաւոր արեւմտահայերու անունով, միլիոններու ձայնով, միջազգային ատեաններու առջեւ…։ Ապա նաեւ՝ կը զօրացնէ այժմ իր հրատարակած «Հայրենիք» պաշտօնաթերթի տարեկան պիւտճէն, զայդ հասցնելու համար բոլոր հայկական գաղթօճախներուն։
Եւ տակաւին, այսպիսով՝ ալ աւելի լսելի եւ ընդունելի կը դառնայ, մօտերս, յետ խորհրդարանի նոր ընտրութեան, անոր ներկայացնելիք դիմումը՝ ՄԱԿ-ին անդամակցելու համար։ Եւ առաջին հերթին, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը՝ Բնիկ Ժողովուրդներու Փորձագիտական Յանձնաժողովին ալ յանձնարարութեամբ, կրնայ ընդունիլ Արեւմտեան Հայաստանի շարունակուող պետութիւնը որպէս դիտորդ անդամ… ինչպէս է պարագան Պաղեստին անկախ պետութեան, որ չունի ճանաչուած սահմաններով հող… բայց ընդունուած է որպէս ՄԱԿ-ի դիտորդ անդամ պետութիւն։ Հետագային, այս երկու պետութիւնները կրնան ընդունուիլ նաեւ՝ որպէս ՄԱԿ-ի լիիրաւ անդամ, երբ՝ յառաջիկայ երկու տարիներուն (2019-2020), նոր բազմաբեւեռ աշխարհակարգին մէջ, կը բարելաւուին Արեւմուտք-Արեւելք յարաբերութիւնները, որ երաշխիքն է համաշխարհային խաղաղութեան, ինչ որ խիստ հաւանական կը թուի ըլլալ այս ընթացքով, եւ՝ իբր հետեւանք, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդն ալ պիտի տայ իր հաւանութիւնը՝ այս երկու պետութիւններուն լիիրաւ անդամ դառնալու իրաւունքին, յարգելով ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման իրաւունքը, որ ոչ միայն erga omnes բոլոր բոլորին պարտադիր իրաւունք մըն է, այլեւ՝ բոլոր պետութիւններուն պարտաւորութիւնն է, օգնել՝ ինքնորոշուող ժողովուրդին։ Ասիկա՝ ոչ միայն իրաւունք-պարտաւորութիւն կու տայ եւ կը դնէ Արեւելահայաստանի պետութեան՝ օգնելու Արեւմտեան Հայաստանի պետութեան, այլեւ՝ Արցախի անկախ պետութեան, եւ նոյնպէս՝ բոլոր անդամ պետութիւններուն, վերջնականօրէն փակուած կը հռչակէ Արցախ-Ազրպէյճան շինծու հակամարտութիւնը։ Որովհետեւ՝ Արցախ-Ազրպէյճան «հակամարտութիւն» ըսուածը գոյութիւն չունի Միջազգային Հանրային Իրաւունքին մէջ, քանի որ ըստ միջազգային իրաւունքի տրամադրութիւններուն՝ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին, Ազրպէյճան չի կրնար հակադրել իր հողային ամբողջականութեան սկզբունքը… իրաւունքը պարտադիր ուժ ունի բոլորին համար՝ erga omnes է, մինչդեռ սկզբունքը հակադրելի է ուրիշ պետութեան ծաւալելու փորձին դէմ։ Այլ խօսքով, եթէ Արեւելահայաստանը փորձէ Արցախը կցել (annex) իր հողամասին, Ազրպէյճան կրնայ ասոր դէմ հակադրել իր հողային ամբողջականութեան սկզբունքը, քանի որ Հայաստան եւ Ազրպէյճան արդէն անկախ պետութիւններ են, սակայն Արցախ՝ նոր կ՚ինքնորոշուի եւ անոր այդ իրաւունքը՝ պարտադրելի է բոլորին, եւ ամէնէն առաջ՝ Ազրպէյճանին, որ զաւթողն է Արցախի…։ Ինքնորոշման իրաւունք եւ հողային ամբողջականութեան սկզբունք՝ ոչ համազօր են իրարու եւ ոչ ալ՝ հետեւաբար, իրարու հակադրելի առարկութիւններ կամ պահանջներ, եւ իրաւունքը աւելի հզօր է քան՝ սկզբունքը, որ սակարկելի է երկու պետութիւններու միջեւ, եւ կախեալ է անոնց համաձայնութենէն… սակայն ինքնորոշման իրաւունքը անսակարկելի է, եւ Լեւոն Տէր Պետրոսեան ոճիր գործեց Արցախի դէմ՝ երբ ընդունեց սկզբունքին համազօրութիւնը իրաւունքին հետ…։ Որովհետեւ՝ այս սկզբունքը կը կիրարկուի երկու պետութիւններու միջեւ՝ հորիզոնական գիծին վրայ, մինչդեռ ինքնորոշուող Արցախի իրաւունքը կը կիրարկուի Ազրպէյճանի դէմ՝ ուղղահայեաց գիծի վրայ, վարէն վեր, գրաւեալէն գրաւողին դէմ… ինքնորոշուելու իրաւունքը զաւթողին դէմ, եւ Ազրպէյճան իրաւունքը չունի զաւթելու Արցախը…։ Այլապէս՝ ամէն նշանակութենէ զուրկ կը մնայ այս erga omnes ուժ ունեցող իրաւունքը, որ միաժամանակ հռչակուեցաւ Վլատիմիր Լենինի եւ Վուտրօ Ուիլսոնի կողմէ… եւ՝ Միջազգային Հանրային Իրաւունքը այս իրաւունքը հռչակեց՝ որպէս բոլորին պարտադիր, անսակարկելի, անկապտելի, անօտարելի, անկասելի եւ անզիջելի ԻՐԱՒՈՒՆՔ։ Այսինքն. այս իրաւունքին ՏԷՐՆ անգամ չի կրնար զիջիլ զայն…։
•••
Այս տողերուն հեղինակը, որ երկրորդ ջոկատի՝ ՏԱՀՔ-ի կառաշարին շոգեկառքը՝ locomotive-ը եղաւ երեսնամեակ մը, այսօր՝ ֆիզիքապէս 85-րդ տարիքին մէջն է, սակայն իրաւականօրէն՝ մէկ տարեկան քաղաքացին է Արեւմտահայաստանի շարունակուող անկախ պետութեան, 30 Սեպտեմբեր 2017 թուականէն ի վեր՝ երբ դիմեց եւ ստացաւ իր այս հարազատ քաղաքացիութիւնը։ Քանի որ այս երրորդ ջոկատը՝ արդէն իսկ, 2004 թուականէն սկսած է կենսագործել ՏԱՀՔ-ի նպատակը՝ ստեղծել Տարագիր Արեւմտահայութեան կեդրոնական, ներկայացուցչական (ԸՆՏՐՈՎԻ) եւ միակ լիազօր կառոյցը…։
Այս մէկ տարեկան քաղաքացին, իր նոր ծննդեան առաջին տարեդարձին, գնաց Երեւան, եւ 27 Սեպտեմբեր 2018-ին, Արեւմտահայաստանի շարունակուող պետութեան Երեւանի Կեդրոնին մէջ, տուաւ բանախօսութիւն մը, այս երեք ջոկատներուն շուրջ, ուր ներկայ եղան նաեւ՝ առաջին ջոկատին կողմէ հերոս Վազգէն Սիսլեանը եւ երրորդ ջոկատին ընտրեալ նախագահ Արմենակ Աբրահամեանը եւ վարչապետ Գառնիկ Սարգիսեանը։ Ասիկա պատահական զուգադիպութիւն մը չէր, այլ՝ օրինաչափ, քանի որ երեք ջոկատները կը հետապնդէին միեւնոյն նպատակը, տարբեր ուղիներով։ Այս բանախօսութեան վերնագիրն էր՝ «Արեւմտահայաստանը՝ Այսօր», յիշեցնելու համար թէ բռնագրաւեալ Արեւմտահայաստանը այսօր՝ տակաւին ողջ էր՝ գէթ իրաւապետականօրէն…։
Արեւմտեան Հայաստանի շարունակուող պետութեան հեռուստաընկերութեան կայանը հարցազրոյց մը ունեցաւ այս մէկ տարեկան քաղաքացիին հետ, կայանի աշխատասրահին մէջ, համեստ կահաւորումով, բայց արդիական սարքաւորումով եւ երեք քամերաներով։ Յիշեցնենք նաեւ, թէ՝ այս քաղաքացին արդէն կ՚աշխատակցի Արեւմտահայաստանի շարունակուող պետութեան «Հայրենիք» պաշտօնաթերթին, որուն 4-րդ թիւը լոյս տեսած է ցարդ, եւ 5-րդին մէջ լոյս պիտի տեսնէ նաեւ այս գրութիւնը։ Եւ՝ նկատի ունենալով անոր իրաւագէտի հանգամանքը՝ ընտրուած է Արեւմտահայաստանի շարունակուող պետութեան Սահմանադրական Խորհուրդի աւագ անդամ։
Երեւանի մէջ, ան՝ բնականաբար, ողջունեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յեղաշրջումին առաջին փուլի խաղաղ յաղթանակը՝ օլիգարխներու աւազակապետական համակարգին դէմ, որուն դէմ ինք 28 տարիներ գրած էր բուռն յօդուածներ եւ ստորագրած մարտակոչեր… եւ անոր մակագրեց իր հատորը՝ «Դարադարձի Անդոհանք Եւ Մարտակոչեր», մաղթելով՝ որ Փաշինեան յաջողի հասնիլ յեղափոխութեան փուլին… կանխելով օլիգարխներու հաւանական հակայեղափոխութիւնը… հաստատելու համար Դ. Հանրապետութիւնը։ Նաեւ՝ տեսակցեցաւ տաղանդաւոր յառաջապահ յանձնառու գրող Կարօ Վարդանեանի հետ, որ առաջին ջոկատի հերոսական գործողութիւններուն մասին ստեղծագործած էր գրական բարձր մակարդակով եւ առինքնող շունչով հատորը՝ «Պայթումներ Թուրքիայում… Եւ Ոչ Միայն» վերնագրով։ Նաեւ՝ ան տեսակցած էր յառաջապահ պայծառամիտ ու պարկեշտ պատմագէտ Դոկտ. Վլատիմիր Պետրոսեանի հետ, որ նախաձեռնած էր, բնականաբար, հանդիպում մը՝ Հայաստանի Միացեալ Յառաջդիմական Կոմունիստական Համախմբումի նախագահին՝ Վազգէն Մեխակի Սաֆարեանի, եւ Համախմբումի նախագահութեան 26 անդամներուն հետ, Համախմբումի Մշակութային Կեդրոնին մէջ, Փաւստոս Բիւզանդ փողոցին վրայ։ Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Արեւմտահայաստանի եւ Արեւելահայաստանի ազգային հրատապ խնդիրները, եւ շրջանային ու միջազգային դրական, հայանպաստ զարգացումները։ Հիւրը ներկաներուն, որոնց մէջ կը գտնուէր նաեւ՝ Արեւմտահայաստանի վարչապետ Գառնիկ Սարգիսեան, պարզեց՝ Լիբանանի Կոմկուսի Հայկական Կազմակերպութեան ներկայի վիճակը, իսկ Վազգէն Մ. Սաֆարեան պարզեց Հայ Կոմկուսի վիճակը եւ Համախմբումին աշխոյժ դերակատարութիւնը երկրի քաղաքական եւ մշակութային կեանքին մէջ, եւ թուեց՝ այն երկվեցեակ մը բարենորոգումներն ու առաջարկները, զոր Համախմբումը ներկայացուցած է վարչապետ Փաշինեանին։ Ապա նաեւ յայտնեց, որ Չին Կոմկուսը, որ 90 միլիոն անդամ ունի, սերտ յարաբերութիւն կը պահէ Համախմբումին հետ եւ լրջօրէն հետաքրքրուած է Հայաստանի եւ Արցախի բարգաւաճումով ու ռազմական զօրացումով՝ Փանթուրքիզմի վտանգին դէմ։ Ան փափաքը յայտնեց սերտացնելու գործակցութիւնը Հայաստանի կոմունիստներուն եւ Լիբանանի Կոմկուսին եւ յատկապէս անոր Հայկական կազմակերպութեան եւ Լիբանանահայ Գրական Շրջանակին միջեւ, որուն հիմնադրութեան 50-ամեակի հանդիսութեան, Պէյրութի մէջ, ելոյթ ունեցած էր նախագահութեան 26 անդամներէն արձակագիր, բանաստեղծ, խմբագիր եւ նախկին պատգամաւոր Նորիկ Պետրոսեանը, որ դահլիճին մէջ կը գտնուէր, եւ որ մօտեցաւ հիւրին՝ տողերուս հեղինակին… ու ողջագուրուեցանք ջերմագինս…։ Ան հեղինակած է 10-է աւելի հատորներ, եւ՝ խմբագիրն էր «Հայաստանի Կոմունիստ» պաշտօնաթերթին, Հայ Կոմկուսի Ա. քարտուղար հիւլէաբնագէտ Սերկէյ Պատալեանի օրով։
•••
Այս տողերուն հեղինակը՝ Արեւելահայաստան այցելած է երեք անգամ։ Առաջինը՝ 1973 թուին, Բ. Հանրապետութեան մեր Նոր Ոսկեդարի օրերուն, Լիբանանի Հայ Համալսարանաւարտներու Համահայկական Միութեան խումբին հետ։ Երկրորդը՝ 2001 թուին, Գ. Հանրապետութեան օլիգարխիական աւազակապետական համակարգին (վայրի դրամատիրական) օրերուն, իբր իրաւաբան ներկայացնելով՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկկոսութիւնը, Ս. Էջմիածինի մէջ կայացած իրաւագէտներու միջազգային գիտաժողովին՝ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններ նիւթով։ Իսկ այս երրորդը՝ 2018 թուին, Դ. Հանրապետութեան գալուստին սպասումով՝ երբ իրականացած է՝ առաջին փուլը օլիգարխիկ համակարգէն ազատագրումին։
Այս առիթով, իմ ջերմ եւ անզսպելի մաղթանքս է՝ որ Արեւելահայաստանը վերջնականօրէն ազատագրուի օլիգարխիկ համակարգէն՝ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ճամբով, եւ օլիգարխիան չկարողանայ սարքել հակայեղափոխութիւն… որպէսզի՝ Փաշինեանի ղեկավարած յեղաշրջումը հասնի իրաւ եւ լիարիւն յեղափոխութեան…, եւ աւետէ Դ. Հանրապետութեան գալուստը։
Իսկ Տարագիր Արեւմտահայութեան կոչ կ՚ընեմ՝ փոխանորդաբար առաջին եւ երկրորդ ջոկատներուն, եւ անձնապէս, որպէս՝ locomotive-ը ՏԱՀՔ-ի կառաշարին, եւ որդին՝ Շապին Գարահիսարցի Արմենակին եւ հայրենակիցը Ամենայն Հայոց Ազգային Հերոս Զօր. Անդրանիկին, սատարելու երրորդ ջոկատի ազգաշէն եւ պետութենաստեղծ սուրբ գործին՝
- Քաղաքացին դառնալով Արեւմտահայաստանի շարունակուող պետութեան, եւ՝
- Արեւմտահայաստանի շարունակուող պետութեան անձնաթուղթը առնելով՝ մասնակցին այս պետութեան խորհրդարանի յառաջիկայ երկրորդ ընտրութեան՝ ամէն գնով։
Որպէսզի՝ զօրացնեն այս պետութեան ներկայացուցչական հանգամանքը, եւ այդպիսով մօտեցուցած ըլլան՝ Արեւմտահայաստանի շարունակուող անկախ պետութեան ՄԱԿ-ին անդամակցելու թուականը։
Կանխայայտ ողջոյններ եւ ջերմ շնորհաւորանք՝ այս կոչը ունկնդրող, բայց եւ լսող ու ըմբռնող, անմիջապէս գործի անցնող բոլոր արեւմտահայերուն։
ՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Երեւան, 30 Սեպտեմբեր 2018
1 comment
ՏԱՀՔ ջոկատը
Յարգարժան Պրոֆ. Մեթր Գ. Տէրտէրեանին ցանկանում եմ քաջ առողջություն, արևշատություն և խորին յարգանքիս հավաստիքը:
Յարգարժան Պրոֆ. ՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԸ այն անձնավորություններից մէկն է, ով իսկապես կառաշարին շոգեկառքն (locomotive) է դարձել՝ իր մտավոր կարողությամբ, ազգային բարձր գիտակցությամբ և նվիրականությամբ: Պրոֆեսորի այս չափազանց հետաքրքիր վերլուծական հոդվածը և դրան կից տեղեկատվությունները հետաքրքիր և կարևոր են սփյուռքում քաղաքական, հասարակական աշխատանք կատարող անձանց համար:
Թէ ինչքանով կարդարանա «Երրորդ ջոկատի» նպատակներն ու պայքարի նրա ուղին և կառուցվածքային տարբերակը՝ ժամանակը ցույց կտա:
Այն ինչ համայն հայության, նամանավանդ համասփյուռքյան համախմբման, ինքնակազմակերպանն է վերաբերում՝ դա օդի և ջրի պէս անհրաժեշտ է մեզ, այլ ճանապարհ գույություն չունի: «Համասփյուռքյան Ներկայացուցչական» վերկուսակցական կառույցն է, որ կկարողանա համայն սփյուռքին համախմբել, նրա անունով հանդես գալ և Սփյուռքը միջազգային կառույցների և դիվանագիտական ու քաղաքական հարթակներներում ներկայացնել:
Վերջում ցանկանում եմ մէկ ճշդում անել իմ բնակության վայրի մասին. «ՏԱՀՔ»-ի մասնակից-աջակիցների շարքին իմ բնակավայրը ներկայացվել է «Ուփսալա», ինչը ճիշտ չէ: Ես՝ Երվանդ Խոսրովեանս կբնակվեմ Գերմանիա, Դորտմունդ քաղաքում:
Ջերմ ողջույններս նաև «Գեղարդ»-ի խմբագությանը.
Հարգանօք՝ Երվանդ Խոսրովյան
Comments are closed.