Աւետիս Ռազմիկ, 7 Օգոստոս 2014
Գրասեղանիս վրայ կը յամենայ հատոր մը՝ «Ռումբը» խորագրեալ:
Դուք լսա՞ծ էք որ մէկը ուրիշներու պատճառով, բոլորովին անտեղեակ հանգամանքներու բերումով հասնի մահուան եզրին, հրաշքով փրկուի, մշտապէս դառնայ հաշմանդամ եւ այդ պատուհասին պատասխանատուներուն նկատմամբ դառնայ ոչ միայն ներողամիտ ու բարեացակամ, այլ՝ բարեկամ, յարգալիր ու համակիր: Շատ բնական է որ մարդ յիշաչարութեամբ եւ ոխով առլցուի անոնց հանդէպ, որոնք ծանրագոյն վնաս հասցուցած են իրեն. բարկանայ եւ ինչու չէ` չարանայ նաեւ:
Սակայն՝ «ամէն չարիքի մէջ բարիք կայ», կ'ըսէ ժողովրդական խօսքը: Այսպէս է պարագան սպանացի լրագրող, գրող, մտաւորական Խոսէ Անտոնիօ Գուռիարանի:
Աւետիս Ռազմիկ, 7 Օգոստոս 2014
Գրասեղանիս վրայ կը յամենայ հատոր մը՝ «Ռումբը» խորագրեալ:
Դուք լսա՞ծ էք որ մէկը ուրիշներու պատճառով, բոլորովին անտեղեակ հանգամանքներու բերումով հասնի մահուան եզրին, հրաշքով փրկուի, մշտապէս դառնայ հաշմանդամ եւ այդ պատուհասին պատասխանատուներուն նկատմամբ դառնայ ոչ միայն ներողամիտ ու բարեացակամ, այլ՝ բարեկամ, յարգալիր ու համակիր: Շատ բնական է որ մարդ յիշաչարութեամբ եւ ոխով առլցուի անոնց հանդէպ, որոնք ծանրագոյն վնաս հասցուցած են իրեն. բարկանայ եւ ինչու չէ` չարանայ նաեւ:
Սակայն՝ «ամէն չարիքի մէջ բարիք կայ», կ'ըսէ ժողովրդական խօսքը: Այսպէս է պարագան սպանացի լրագրող, գրող, մտաւորական Խոսէ Անտոնիօ Գուռիարանի:
Ան հայկական զինեալ պայքարին անծանօթ, հայկական դատին ու հայ ժողովուրդի պատմութեան գրեթէ անճանաչ, 1980 Դեկտեմբեր 29-ին, Մատրիտի «Սպանիոյ հրապարակ» վայրին մէջ համարեա մահամերձ կը վիրաւորուի Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակին (ԱՍԱԼԱ) կազմակերպած մէկ ռմբահարման հետեւանքով: Փաստօրէն, հայ-թրքական հակամարտութեան պատահական անմեղ զոհ մը. զոհ մը՝ որ հետագային իրեն համար պիտի բացայայտէր արդարացի դատ մը, տառապած ժողովուրդի մը պատմութիւնը, Կովկասի փէշերուն թառած պետութիւն մը եւ տարասփիւռ ազգի մը դեռ գուպարող բեկորները: Եւ այս նորայայտ իրականութիւնը զինք պիտի առաջնորդէր պրպտելու ազգի մը անցեալն ու անոր երիտասարդ սերունդին ցասման պատճառները եւ որպէս արդիւնք՝ ընթերցողներուն գրասեղանին պիտի հասնէին սպաներէնով երկու հայամէտ աշխատութիւններ՝ «Ռումբը» ( 1982 թ.) եւ «Հայերը՝ Մոռցուած Ցեղասպանութիւնը» (2008 թ.): Ահա առաջին հատորին թարգմանութիւնն է որ կը յամենայ գրադարանիս մէջ, հրատարակուած 2012 թուականին՝ թարգմանութեամբը
Ռումբը արդեօ՞ք միայն չարիք է. սպանացի հեղինակը կը գրէ. «Ռումբը փոխել է իմ կեանքը, մասամբ՝ դէպի լաւը…»:
Սպանացի լրագրողը առանձինն չէր որ կը ցնցուէր ԱՍԱԼԱ-ի հարուածէն: 1975-1985 թուականներուն ԱՍԱԼԱ յաճախ կը գրաւէր միջազգային լրատուութեան առաջին դիրքերը. յաճախ կը դառնար հեղինակաւոր օրկաններու հիմնական խորագիրը: Անգարայի իշխանութիւններուն ցաւոտ խնդիրներէն էր ան, քանի Թուրքիա մէկ-մէկ կը կորսնցնէր արտաքին դիւանագիտութեան իր կառկարուն քատրերը: ԱՍԱԼԱ-ն Հայկական Ցեղասպանութիւնը, հայկական պահանջատիրութիւնը եւ մեր բարձիթողի եղած դատը իր աղմկայարոյց արարքներով կը վերածէր քննարկումի օրակարգի:
Նոյն տարիներուն, այլ ժողովուրդներու ազատագրական շարժումներ, նոյնպիսի արարքներով կը փորձէին քանդել լռութեան պատը՝ իրենց դէմ բարձրացած, կը հետապնդէին արդար պայքար մը՝ արիւնալի դրուագներով: Պաղեստինեան, իրլանտական, պասքերու այս ծաւալող հոսանքին միացաւ հայկականը, աւելի ուշ՝ քրտականը: Իսկութեան մէջ անոնք արդարութիւն եւ իրաւունք որոնող ճիչեր էին, արհամարհանքէ եւ անիրաւութենէ բխած բողոքի պոռթկումներ:
Տարբեր էին ժամանակները. այլ ըմբռնումներ եւ արժէքներ կը դաւանէին մարդիկ: Միջազգային յարաբերութիւնները, գաղափարախօսական հակասութիւնները, ժողովուրդներու բարոյական սկզբունքները տարբեր դրուածք հաստատած էին աշխարհի վրայ: Մին՝ հերոսավայել կը յուղարկաւորէր իր նահատակը, ուրիշներ զայն կը կոչէին տեռորիստ ու մարդասպան, որովհետեւ՝ ազատագրական պայքարներ անխուսափելիօրէն կը բախէին արեւմտեան կայսերապաշտութեան շահերուն:
ԱՍԱԼԱ-ն ցեղասպանուած հայութեան յաջորդած երրորդ սերունդին տրամաբանական արտայայտութիւնն էր. սուգն ու ողբը մերժած եւ ապա բողոքի ու թղթային պահանջատիրութեան անարդիւնաւէտութեանը համոզուած կրակոտ սերունդ մը, որ ծնունդ տուաւ յախուռն, անձնուէր, հայրենասիրութեան ոգիով գօտեպնդուած երիտասարդներու, յատկապէս Միջին Արեւելքի տարածքին: Անոնք չհանդուրժելով միջազգային անտարբերութեան փաստն ու թրքական ուրացումը, զէն ի ձեռին եկան հաշիւ ու արդարութիւն պահանջելու Թալաաթներու եւ Էնվերներու յետնորդներէն: ԱՍԱԼԱ-ն կը սնէր հայ ազատագրական պայքարի ոգեղէն ակունքներէն, մեր հերոսներուն փառահեղ սխրանքներէն եւ կը զօրաշարժէր նորօրեայ սերունդները՝ յանուն Հայաստանին ու հայութեան:
ԱՍԱԼԱ-ն տասնամեակ մը ամբողջ իրագործեց ինքնատիպ, օրինակելի եւ դիպուկ գործողութիւններ, երբեմն շշմեցնելով թշնամիներն ու ապշահարելով հետախուզական բազմաթիւ ցանցեր ու լրտեսական գործակալութիւններ: Այդ ընթացքին, ինչպէս այլ շարժումներու պարագային, ցաւալիօրէն ինկան կողմնակի անմեղ զոհեր:
Անվիճարկելի է, որ ԱՍԱԼԱ-ի հարուածներէն ամենաահեղը Անգարայի Էսենպողա օդակայանին մէջ կայացած «Կարին-
Օգոստոս 7-ը մեր օրացոյցին մէջ ցուցանշուեցաւ որպէս ԱՍԱԼԱ-ի Նահատակի Օր: Այսօր այդ հերոսներուն յիշատակի օրն է:
1975-1985 տասնամեակին ինչպիսի՜ վեհ երիտասարդներու երազներ դադրեցան անկախ Հայաստանի վսեմ ճանապարհին: Սալոնային կեանքը թողած եւ փշէ պայքարը նախընտրած ի՜նչ ծիրանափայլ ճակատներ պանծացուցին պատմութիւնը հայոց: Գերագոյն զոհաբերութեան ի՜նչ պայծառ հրաշք որդիներ սասանեցին թրքական անվտանգութեան եւ անոր մեղսակից պետութեանց ապահովական մարմինները:
Սակայն ամենանողկալին ո՛չ թրքական իշխանութեանց հակազդեցութիւնն էր եւ ո՛չ ալ անոնց լծակիցներուն վերաբերմունքը, այլ՝ այն պղտորած արիւնով հայերու բաջաղանքը, որ մեր ազատագրական պայքարն ու նահատակները կը կոչեն ահաբեկչութիւն եւ ահաբեկիչներ: Անոնք ձայնակցելով միջազգային լրտեսական ոստայններուն՝ դիտաւորեալ կը խծբծեն մեր ազնուարիւն եւ ընտրելագոյն նահատակներուն եւ հերոսներուն յիշատակն ու անունը: Ո՞վ արտօնած է նման սողուններու հարցականի տակ առնելու եւ անհեթեթօրէն պիտակաւորելու ցանկացած ֆետայիի եւ ազատամարտիկի գերազնիւ ձգտումն ու հերոսատիպ սխրագործութիւնը:
3 comments
Invitation
I like to invite Jose Antonio Gurriaran to Vanatsor, Armenia to stay in my home.
My phone number is. 00374 91716160.
Founder-president
Addendum to my earlier letter: I`m the founder-president. of INTERKAP of Armenia (since 1990) in Vanatsor.
Մենք երբեք չենք մոռանա
Մենք երբեք չենք մոռանա Հայոց ցեղասպանությունը.
Comments are closed.