Գրո՞ղը Տարաւ Գրողին Խիղճը

Գրողներու Համահայկական Համաժողով

 

Սահակ Թութճեան, Լոս Անճելըս, 29 Մայիս 2012

Անցած տասնամեակի վեցերորդը՝ Գրողներու Համահայկական վերջին Համաժողովը կայացաւ 20-24 Ապրիլ 2012ին, Երեւան, կազմակերպութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան և Հայաստանի Գրողներու Միութեան (այս կարգով՝ ըստ «Գրական Թերթ»ի մէջ լոյս տեսած պաշտօնական յայտարարութեան):

Գրողներու Համահայկական Համաժողով

 

Սահակ Թութճեան, Լոս Անճելըս, 29 Մայիս 2012

Անցած տասնամեակի վեցերորդը՝ Գրողներու Համահայկական վերջին Համաժողովը կայացաւ 20-24 Ապրիլ 2012ին, Երեւան, կազմակերպութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան և Հայաստանի Գրողներու Միութեան (այս կարգով՝ ըստ «Գրական Թերթ»ի մէջ լոյս տեսած պաշտօնական յայտարարութեան):

Առանց հաշուելու Հայաստանէն և Արցախէն մասնակցողները, կային 58 պատուիրակներ Սփիւռքի 20 երկիրներէ, որոնց 12ը՝ Իրանէն, 8ը՝ ԱՄՆ-էն, 6ը՝ Լիբանանէն, 5ը՝ Սուրիայէն, 4ը՝ Ռումանիայէն, 3-ական՝ Ռուսաստանէն, Վրաստանէն և Թուրքիայէն, 2-ական՝ Ֆրանսայէն ու Գանատայէն, և 1-ական՝ Կիպրոսէն, Եգիպտոսէն, Իսրայէլէն, Աբխազիայէն, Զուիցերիայէն, Լիթուանիայէն, Գերմանիայէն, Անգլիայէն, Արժանթինայէն և Աւստրալիայէն:  

Պաշտօնական գնահատմամբ, ձեռնարկն անցաւ Հայրենիք-Սփիւռք կապերու առաւել սերտացման և արդիւնաւորման կարգախօսին տակ: Ասոր որպէս տեսակ մը «հաւաստիք» յայտարարուեցաւ թէ Հայաստանի Գրողներու Միութեան (ՀԳՄ) նոր կանոնադրութեամբ, Սփիւռքի հայ գրողներն այսուհետեւ կը համալրեն ՀԳՄ շարքերը՝ լիիրաւ անդամի կարգավիճակով:

Սկզբունքօրէն, համաժողովի կեդրոնական թեման էր «Հայ գիրքը և հայ գրատպութեան ներկայ վիճակը»: ՀԳՄ-ի երկարամեայ նախագահ Լեւոն Անանեան շեշտեց թէ, համաշխարհայնացման յառաջացուցած տագնապներուն դիմակայելու համար, մանաւանդ փոքրաթիւ ժողովուրդներու յարաբերութիւնները կը պահանջեն նոր որակ ու «նոր գործիքներ, որոնցից ամենակարեւորը եղել և մնում է միասնութիւնը»:  Ան նաեւ բացատրութիւն տուաւ՝ հանդիպման համար ընտրուած թուականին առնչութեամբ: Իր ձեւակերպումով, սովորաբար ամառը տեղի ունեցող համաժողովը այս տարի կայացաւ աւելի կանուխ՝ գարնան, գլխաւորաբար երկու կարեւոր միջոցառումներու հետեւանքով – (1) Հայ գրատպութեան 500ամեակի աւարտը 21 Ապրիլին, և (2) ՄԱԿ-ի Եունեսքօ (UNESCO) կազմակերպութեան կողմէ Երեւանը այս տարուայ գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք հռչակելու որոշումը  – ինչը, աւելցուց Անանեան, «նոր բովանդակութիւն կը հաղորդի համաժողովին»: Ան ներկաները հաւաստիացուց թէ սահմանուած ժամանակի փոփոխութիւնը կապ չունի վաղ-մայիսեան խորհրդարանական ընտրութիւններուն հետ, և թէ «գրական և քաղաքական Ապրիլներու ‘ժամադրութիւնն’ ընդամէնը պատահական զուգադիպութեան արդիւնք է»:

Ըսենք անկեղծօրէն: Բաւական հզօր խոշորացոյց կը պահանջուի որեւէ իրակա՛ն ու շահեկան շօշափելի կապ տեսնելու համար՝ մէկ կողմէ գրատպութեան և Երեւանը գիրքի մայրաքաղաք հռչակելու զոյգ հանգամանքին, ու միւս կողմէ համաժողովի էապէս գրական աշխատանքներուն միջեւ – անշուշտ եթէ մոռնանք զուտ գովազդային նկատումները: Հակառակ ասոր, ի սրտէ կ'ողջունենք նման կարգախօս՝ Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրացման վերաբերեալ, ու նման ծրագրային թեմա՝ հայ գիրքի վերածնունդին նուիրուած: Ամէն պարագայի, որպէս հայ մեր հաւատոյ հանգանակին ճիշդ կիզակէտին տեղադրուած այդ երկու բայց համընկնող կէտերը աշխարհասփիւռ ամբողջ հայութեան հասարակաց մտահոգութիւններուն մաս կը կազեն: Նաեւ պիտի ուզէինք հասկացողութեամբ – եթէ ո՛չ անպայման տառացիօրէն – ընկալել այն բացատրութիւնը որ առաջադրուած էր պաշտօնապէս, այսինքն՝ «գրական և քաղաքական Ապրիլներու» վերագրուած «պատահական զուգադիպութիւնը»:

Իր համեստ համեմատութիւններով հանդերձ, այս ամէնը մենք պիտի դիմաւորէինք մեծ գոհունակութեամբ, նոյնիսկ հպարտութեամբ, եթէ զանոնք բացէ ի բաց հակասելու չգային՝ հայրենիքի ամբողջ տարածքին ներկայիս փռուած տխուր իրականութեան արտառոց պատկերները:

 Ողջոյնի պաշտօնական ուղերձներէն, ճառերէն և «յաւուր պատշաճի» ելոյթներէն զատ, համաժողովի քննարկումներուն մէջ դժուար է գտնել տագնապալի հետաքրքրութիւնը՝ մեր աչքերուն առջեւ չքացող հայատեսակին, մեր ինքնութիւնը կանգուն պահող հայ աշխատաւոր մարդուն հանդէպ: Ու՞ր մնաց «պարզ» ժողովուրդին կեանքը, կենցաղը, հոգեյուզումները, կէսօրուայ խաւարէն հալածուած երազները, տոկալէ յոգնած ու խորտակուած յոյսերը, քառուղիին վրայ չորս փակուղիներ դիմակայողի անել վիճակը: Արդեօք նուազագոյն ճշմարիտ փորձն եղա՞ւ իր ամբողջ ահագնութեամբ գէթ մօտաւոր գրական-գեղարուեստական ուրուագծումը քննարկելու՝ այսօր ազգովին մեր դիմագրաւած մարդկային ողբերգութեան: Ողբերգութիւն, որու մօտաւոր նմանը թերեւս կարելի ըլլայ գտնել մեր ժողովուրդի ապրած 1915ի օրհասական պատմութեան մէջ միայն:         

Համաժողովին կազմակերպիչներն ու հովանաւորները նախընտրեցին սալոնային ծանծաղ «քննարկումներու» ապակողմնորոշիչ քօղարկումը, անով ներկաներուն ուշադրութիւնը շեղելու համար՝ այդ խիստ վիրաւոր, գորշ և անհեռանկար իրականութենէն: Մինչ, ընդհակառակը, այդ ահաւոր իրականութիւ՛նը հանդիսացած ըլլալու էր իրենց քննական լու՛րջ աշխատանքներուն առանցքը – ա՛յդ կը պահանջէր՝ ինքզինք և իր ժողովուրդը յարգող հայ ժամանակակից գրողին խիղճը:

Եւ որքա՜ն լայնատարած, խիտ ու խոր հիւսուածքներով մինչեւ այսօր խճճուած կը մնան՝ դեռ եւս չբացայայտուած, չլուծուած այդ բազմախաւ խնդիրները, թիւրիմացութեան մէջ գցուած իմ սիրելի՛ գրչեղբայրներ: Այդ պղտոր ջուրերու մէջ յղփացած, միլիառատէրեր դարձած մեծանուն հարստահարիչները անշուշտ դեռ կը կարծեն թէ իրենց խեղճացուցած այս ժողովուրդը ա՛լ չի կրնար տիղմէն վեր բարձրացնել իր ջարդուած գլուխը, թէ ան միշտ ալ, գետնին հաւասարած արժանապատւութեամբ, քարշ պիտի տայ իր թշուառական գոյութիւնը: Թէ հայուն հայանուն բռնատէրերը զինք այնքա՛ն պիտի անօթեցնեն ու ստորնացնեն որ, իրմէ գողցուած բազմամիլիառներէն գէթ կտոր մը արծաթը որպէս ճղճիմ ընտրակաշառք պիտի մուրայ իր բռնատէրերէն՝ «կը տան՝ կը տամ» սրտաճմլիկ աղաղակով: (Մեր բոլոր գրողները լաւ կ'ընեն եթէ գտնեն 6 Մայիսի խորհրդարանական ընտրութեան առիթով հեռուստացոյցէն սփռուած ճարահատ հայ ընտրողի այս փշաքաղիչ տեսարանը, երկա՜ր խոկան անոր մասին, և ապա՛ երթան Հրանուշ  Յակոբեանի թխած գրողներու «Արի Տուն» քառնավալներուն):

Մեր ամբողջ պատմութեան մէջ, գրողը – քիչ բացառութիւններով – իշխանի մը կամ օրուայ իշխանութեան կրաւորական լծակը հանդիսացած է ըստ էութեան: Ծառայած է օտար կամ «տեղական» կեղեքիչ և ասպատակիչ սակաւաթիւ խմբակի մը՝ ընդդէմ հայ ստրուկը, ճորտը, գիւղացին, բանուորը, մշակոյթի գործիչները, և ընդհանրապէս աշխատաւոր ժողովուրդը: Հայաստանեան մամուլէն մեզի հասած արձագանգներէն հետեւցնելով, այն տպաւորութիւնը կ'ունենանք թէ՝ այդ կարգի որոշ գրողներ – ինչպէս նաեւ ոչ-գրողներ – իրենց հռետորական ելոյթներով ու թռիչքաձեւ պատկերներով փորձեցին կառուցողական շինծու մթնոլորտ մը ստեղծել համաժողովին՝ միաժամանակ յորդորներ «շռայլելով» գրողներուն: Ասոնց կարգին յատկանշական էր Արցախի Գրողներու Միութեան նախագահ Վարդան Յակոբեանի հարցադրումը. «Ի՞նչ հիմնախնդիրներ են այսօր դրուած հայրենիքի առաջ, գրողներս որքանո՞վ ենք մասնակից դրանց լուծմանը … Ես կ'ուզենայի մեր հաւաքները հեռու մնային զբօսաշրջային ու տեսակցական-խօսակցական տրամադրութիւններից, դառնային երկրին առաջ մղող շարժիչ ներուժ»: Սրտցաւ անկեղծութեան ու կամեցողութեան կորիզը կը թուի անկասկած առկայ ըլլալ այս խօսքերու ետին, սակայն անհաղորդ և անհամոզիչ բան մը կայ ամբողջ արարի կատարման մէջ: Բաւարար չէ քարոզելը՝ պաշտօնական հեղինակութեան պատուանդանի վրայ բազմած: Եւ յետոյ, հարցը պէտք էր որ ուղղուած ըլլար բուն հասցէատիրոջ՝ մեր կենաց-մահու խնդիրները զբօսաշրջային զաւեշտի վերածած Սփիւռքի նախարարին: Եթէ հայ գրողը կ'ուզէ դեռ եւս խառնակ ու փորձանաւոր մեր նոր ժամանակներու խիզախ ռահվիրան ըլլալ, կամ՝ հայկական գարնանային ազատագրութեան արժանաւոր շունչը դառնալ, ան չի՛ կրնար ընդունիլ հովանաւորութիւնը հակաժողովրդական և ապազգային առկայ հեղինակութեան: Այդ հեղինակութեան մարմնացումն են՝ գրողներու տիկնիկային թատրոնին թելերը հակակշռող բոլոր հաստատութիւնները – ներառեալ պետութիւնն ու անոր օժանդակ նախարարութիւնները, մարմիններն ու կազմակերպութիւնները: Հակառակ պարագային, եթէ ընդունի այդ պաշտօնական ու գործնական հովանաւորութիւնը, այն ատեն գրողը կը կորսնցնէ իր անկախութիւնն ու մտաւորական անկողմնակալութիւնը, կը հեռանայ իր գլխաւոր գոյապատճառէն, այսինքն գրողի կոչումէն, ու կը դառնայ իր հովանաւորին կրաւորական գործիքը: Կը նշանակէ թէ, ազգային մեր ներկայ պայմաններուն տակ, առաքելութեանը գիտակից հայ գրողը կրնայ իր արժանապատւութիւնը պահպանել՝ ընդդիմադիր դիրքերու վրայ միայն:  

Հայաստանի ժողովուրդը իրենց հլու կամակատար հօտին վերածելու ձգտող ներկայ իշխանութիւնները վերջին տարիներուն կը փորձեն կերպով մը իրենց հովանաւորութեան տակ համախմբել նաեւ Սփիւռքի մէջ հասարակական ու մշակութային վարկ վայելող մարմիններն ու անձերը:  Ծրագրուած ու կազմակերպուած որոշ աշխատանք մը կը տարուի այս առնչութեամբ:  Կարգ մը սփիւռքահայ գրողներ ու մտաւորականներ դժբախտաբար չեն անդրադառնար թէ Հայաստանի մէջ օլիկարխներու գիշատիչ իշխանութիւնը որեւէ կերպով կամ չափով չի հետաքրքրուիր հայ մշակոյթի ու յատկապէս գրականութեան ճակատագրով:  Անոր ուզածն է պարզապէս սփիւռքահայ անզգոյշ կարգ մը գրողներու հայրենասիրական խանդն ու խանդավառութիւնը շահագործել՝ առաւել եւս ամրապնդելու իրենց հակաժողովրդային, ապազգային տիրապետութիւնը հայրենի ժողովուրդին և — ինչու՞ չէ –   սփիւռքահայութեան վրայ:     

Տեղի տալ Հայաստանի և հայութեան վախճանը նախապատրաստող այս իշխանութեան խաղերուն՝ վարկաբեկիչ է բոլոր հայ գրողներուն համար անխտիր – Հայաստանի և Սփիւռքի մէջ հաւասարապէս: Երբեք պէտք չէ մոռնալ ներկայ իշխանութիւններու իսկական նկարագիրը: Անո՛նք են որ Ցեղասպանութիւնը դեռ չթօթափած հայութիւնը դարձեա՛լ գլխատեցին 27 Հոկտեմբեր 1999ին Ազգային Ժողովի դահլիճին մէջ՝ հանրածանօթ մեծադղորդ անուններով «հայոց» ձեռքով: Զանոնք ներկայացնող «նախագահ» մըն էր որ 1 Մարտ 2008ին անարգեց, բռնաբարեց ու կամայականօրէն սպաննեց իրեն վստահուած հայ անմեղ քաղաքացիները (և ապա, այդ ոճիրին համար, Երեւանի միակ տղամարդը հռչակեց ինքզինքը): Անոնց անարգ իշխանութենէն ակամայ փախչողներու արտագաղթով է որ մինչեւ այսօր կ'արիւնաքամուի Հայաստանը՝ որպէս թուային կորուստ Ցեղասպանութեան համազօր … առ այժմ: Անկախութեան քսան տարիներուն, ժողովուրդին հերոսական ազատամարտիկներու արեամբ կերտուած աննախընթաց յաղթանակները ի սպառ վատնուեցան՝ ապիկար օլիկարխներու իշխանութեան կողմէ, որոնք այնքա՛ն զբաղած էին սեփական ժողովուրդի շահագործմամբ ու թալանով որ ժամանակ չունէին ստեղծագործ դիւանագիտութեամբ քաղաքականապէս ամրագրելու ժողովրդային այդ փայլուն յաղթանակները: Նոյն ժողովրդատեաց բռնապետերը հիմա զբաղած են «եռուն» գործունէութեան կեղծումով, նմանարկմամբ, մինչ իրենց թալանած միլիառները կը փոխադրեն երկրէն դուրս՝ անոնց «միանալու» համար երբ վաղը փախուստ տան՝ երկիրն ու ժողովուրդը ձգելով իրենց բախտին, այսինքն դժբախտութեան:

Շնչասպառ 21-րդ դարը թեւակոխած Հայկի թոռները – մեր հնամեայ մաքառող, օտարներէն և իւրայիններէն բազմիցս խաբուած այս ժողովուրդը – դեռ որքա՞ն ատեն պիտի հանդուրժէ իր գոյութեան սպառնացող սադրանքներու գրոհին: Քաղաքակիրթ կոչուած աշխարհի մը անտարբեր նայուածքին տակ զինք կոտորեցին ու դժոխքի անդունդն ի վար քշեցին: Իր լաւագոյն զաւակներն իրմէ հեռացան գունդ առ գունդ: Իր իշխանաւորներն ու հարստապետերը զինք փետեցին իր ապրուստէն և արժանապատւութենէն: Իր հոգեւոր առաջնորդները իշխողներուն սեղանակիցը դարձան և իր հոգի՛ն փետեցին: Իսկ այստեղ, իրեն հոգեկից նկատուած գրողները, իր անունով, զբօսաշրջութեան համար այցի եկած են՝ իր կեղեքիչներուն հետ ճառախօսութիւններ փոխանակելու: Եղա՞ւ ասիկա, սիրելի հայ գրողներ:

Համբերութի՜ւն մեր աննման ժողովուրդին, իր յառաջապահ ազատամարտիկներուն, անոր ապագայով տագնապող բոլոր ընդդիմադիրներուն:

Ու քիչ մը աւելի յանդգնութիւն (de l’audace, encore de l’audace, et toujours de l’audace), ճշմարիտ խոհականութիւն, և մեր ժողովուրդի համար պճեղ մը խիղճ՝ մեր նուիրեալ գրողներուն:    

 

 

You May Also Like