«Դաշնակցութիւնը Այնտեղ Է, Որտեղ Հայոց Պետականութիւնն Է»
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Երկուշաբթի, 21 Մայիսին, լրագրողներու հետ կարճ զրոյց ունեցաւ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեան:
Նախարարը նշեց, որ բոլոր այն ծրագիրները, որոնք արդիւնաւէտութեամբ բարձր են եւ կը միտին Հայաստանի մէջ մրցունակ տնտեսութեան արդար կարգերու հաստատման, պիտի պահպանուին, սակայն այդ բոլորին զուգահեռ մեծածաւալ փոփոխութիւններ պիտի կատարուին:
«Դաշնակցութիւնը Այնտեղ Է, Որտեղ Հայոց Պետականութիւնն Է»
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Երկուշաբթի, 21 Մայիսին, լրագրողներու հետ կարճ զրոյց ունեցաւ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեան:
Նախարարը նշեց, որ բոլոր այն ծրագիրները, որոնք արդիւնաւէտութեամբ բարձր են եւ կը միտին Հայաստանի մէջ մրցունակ տնտեսութեան արդար կարգերու հաստատման, պիտի պահպանուին, սակայն այդ բոլորին զուգահեռ մեծածաւալ փոփոխութիւններ պիտի կատարուին:
Հարցումին, թէ արդեօք կարելի՞ է ՀՅԴէն երկարատեւ համագործակցութիւն ակնկալել ներկայ կառավարութեան հետ՝ Արծուիկ Մինասեան պատասխանեց. «Դաշնակցութիւնն այնտեղ է, որտեղ հայոց պետականութիւնն է»:
4 comments
“Ինչ Օյիւններ Չսարքեցին…”
Ոմն Սերժ Մուրատեան Պէյրութի ՀՅԴ-ի պատգամաբեր «Ազդակ»ի 8 Մայիս համարին մէջ յոխորտանքով եւ անզուսպ այլամերժութեամբ կը հաղորդէ Լիբանանեան վերջին երեսփոխանական ընտրութիւններուն Դաշնակցութեան երեք թեկնածուներուն յաղթանակին մասին: Լաւ գիտակից ենք թէ այդ երկրին մէջ ինչ ինչ առուծախով ընտրութիւններու արդիւնքները կ'արձանագրուին: Այո՛, "Ինչ Օյիւններ Չսարքեցին…"
Այդ չէ տարօրինակը. այլ հետեւեալ արտայայտութիւնը.- «Դաշնակցութիւնը եւ ժողովուրդը իրարմէ անջատ չեն, այլ նոյն կառոյցն են: Հայերէն խօսողը եւ իր զաւակը հայ դպրոց ղրկողը արդէն իսկ դաշնակցական է, հարսանիքի պահուն կամ ալ ուրախութեան տարբեր առիթներով հայկական պարի կշռոյթով շարժողը կամ սրինգ փչողը դաշնակցական է, մարզական խումբերուն մաս կազմողը կամ սկաուտական տողանցքներուն մասնակցողը դարձեա՛լ դաշնակցական է: »
Արդեօք սա մէկ այլ տարատեսակը չէ՞ «Ով դաշնակցական չէ, հայ չէ» տարազին:
Ափսո՜ս, այս մտայնութեամբ տակաւին շարքայիններ կը շարունակեն առանց խպնելու ապիկար խօսքեր ըսել: Աւելի ցաւալին այն է որ «Ազդակ» իր էջերը կը շարունակէ տրամադրել նմանօրինակ միտքերու: Ո՞վ է պատասխանատուն: Սա պահ մը մտածել կու տայ որ դաշնակցութիւնը կը շարունակէ նեղմիտ եւ ժամանակավրէպ ոգիով դաստիարակել իր շարքայիններն ու համակիրները:
ԱՄՕԹ:
Մի՞թէ պարզ չէ թէ ով է
Մի՞թէ պարզ չէ թէ ով է «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ այլամերժության ծիծաղելիութեան աստիճան անհեթեթ սիւնակներ տրամադրողը:
Ամենագետի կեցուածք ընդունած` նաեւ հայրենի մամուլին մէջ մեծ-մեծ գլորող խմբագիրը` միջազգայնագէտ Պրն. Շահան Գանտահարեանը:
Բացի եթէ ան չի տիրապետեր ի՛ր իսկ խմբագրած օրաթերթին մէջ տեղի ունեցող անցուդարձին:
Պետկանութիւն եւ կերակրադաշտ
Արծվիկ Մինաայան եւ ընկ. պետականութիւնը կը շփոթեն կերակրադաշտի հետ:
Ստրկութիւն
Ցաւօք սրտի, հակառակ յառաջացած տարիքիս մինչև օրս աղանդներու և կուսակցութիւններու տարբերութիւնը չեմ հասկցած:
Վերջին օրինակներէն մէկն է ՀՅԴ-ի Ասպարէզ պաշտօնաթերթի խմբագիր, ՀՅԴ-ի Բիւրօյի նախկին անդամ պարոն Աբօ Պողիկեանի և ՀՅԴ-ի վերնախաւի վտարումները ՀՅԴ-ի կուսակցութենէն:
Արդեօք հնարաւո՞ր է որ, կուսակցական ըլլալ կը նշանակէ բոլոր մարդկային ազատ խօսքի իրաւունքները կորսնցնել և գերի դառնալ:
Այս ինչ տկարամիտ մարդ եմ որ, մինչև այսօր այս աներեւակայելի հրահանգները չեմ հասկցած, միեւնոյն ժամանակ անսահման բախտաւոր որ գերի չեմ դարձած:
Հիմա որ պարոն Աբօ Պողիկեանը և միւս կուսակցականները աքսորեալներ են, հայութենէ՞ն ալ հեռացուած են:
Խնդրեմ բացատրեցէք:
Comments are closed.