Դեսպանութիւններու Լիարժէքութեան Հետքերով

«Մենք Ենք՝ Մեր Ցաւերը» շարքէն
 
Պարոյր Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ, 08 Փետրուար 2014
 
Հայաստան-Սփիւռք խայտաբղէտ յարաբերութեանց մէջ, ի շարս բազմաթիւ գործօններու, անկախութենէն ետք, կարեւորագոյն օղակը կը հանդիսանայ դեսպանական կամ ներկայացուցչական իրողավիճակը։
 
Սփիւռքահայութիւնը, որոշապէ՛ս, իրաւունք չունի եւ չի կրնար ունենալ միջամուխ ըլլալու հայրենի պետութեան կառավարական-դիւանագիտական ներքին հարցերուն, ընդհուպ՝ Հայաստանը ներկայացնող նշանակուող անձնաւորութիւններու ընտրութեանց մէջ։

«Մենք Ենք՝ Մեր Ցաւերը» շարքէն
 
Պարոյր Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ, 08 Փետրուար 2014
 
Հայաստան-Սփիւռք խայտաբղէտ յարաբերութեանց մէջ, ի շարս բազմաթիւ գործօններու, անկախութենէն ետք, կարեւորագոյն օղակը կը հանդիսանայ դեսպանական կամ ներկայացուցչական իրողավիճակը։
 
Սփիւռքահայութիւնը, որոշապէ՛ս, իրաւունք չունի եւ չի կրնար ունենալ միջամուխ ըլլալու հայրենի պետութեան կառավարական-դիւանագիտական ներքին հարցերուն, ընդհուպ՝ Հայաստանը ներկայացնող նշանակուող անձնաւորութիւններու ընտրութեանց մէջ։

 
Խօսքը երբեք չի վերաբերիր հայրենական կեցուածքներուն եւ ընտրանքներուն՝ արտաքին քաղաքականութեան ընդմէջէն, որոնք կրնան քննարկումներու կամ մեկնաբանումներու ենթարկուիլ, Սփիւռքէն դիտուած ակնոցով, համապատասխան դատումներով ու հպումներով։
 
Մեր ակնարկութիւնը կ՚րթայ ՀՀ դեսպանատուն-հիւպատոսութիւն ու գաղութ-համայնք յարաբերութիւններուն, որոնք լայնահունջ ու լայնածիր կարկինի մը խորութիւնն ու տարողութիւնը ունին, սկսած խորհրդային կարգերէն, ալ ո՜ւր մնաց անկախութեան շրջանին։

Հոն ուր Հայաստանը ունի ներկայացուցչական պաշտօնական հանգամանք, տեղւոյն հայութեան հետ (որքան ալ քիչ ըլլայ թիւը) յարաբերութիւնները չեն կրնար անցողակի կամ պատահական հունի մը մէջ գտնուիլ։

Հայրենական այդ կառոյցները կը հանդիսանան այն պատուհանները, ուրկէ սփիւռքահայութիւնը կը յարաբերի իր հայրենիքին հետ, կը համագործակցի, կը ձեռնարկէ, կը նուիրաբերէ, նոյնիսկ կը ներշնչուի, որովհետեւ համոզուած է որ ատիկա է ճիշդ ու արագ ուղին, եւ անոր միջոցով կրնան իրականանալ իր ծրագիրները։
 
***
Ատենին հանդէս եկած էինք հրապարակագրական յօդուածով մը՝ ,ՀՀ ներկայացուցիչներու համատեղելի կապերն ու դրուածքըե (,Զարթօնքե, 7 Հոկտեմբեր 2000), ուր յատկապէս անդրադարձած էինք ՀՀ դեսպանութիւն-սփիւռքահայութիւն կապերը բարգաւաճ, արգասաբեր ու դրապաշտ պահելու անհրաժեշտութեան։
 
Այսօրուան դրութեամբ կամ մեկնակէտով, երկար ճամբայ կտրած են այդ յարաբերութիւնները, արձանագրուած են նուաճումներ եւ իրագործումներ, մշակուած են ծրագիրներ, որոնք բոլորն ալ գնահատելի ու գովելի են՝ իրենց ընդհանրութեան մէջ։
Սակայն, սփիւռքահայութիւնը կը բաւարարուի՞ այս բոլորով, կը գոհանա՞յ, երբ իր տեղայնական նստուածքով ու կարգուսարքով, աւելի կարիքն ունի գործնական ու շօշափելի ներդրումներու, գաղութային ու համայնքային կեանքի մշակութային տարբեր երեսներուն զօրավիգ կանգնելու ներգործութեամբ։
 
Ո՞վ կրնայ ըլլալ այդ կամուրջը, եթէ ոչ Հայաստանի պաշտօնական ներկայացուցչութիւնը, որ պէտք է ըլլալ միակ խօսափողը, իրականացնողը կամ տնօրինողը, հայրենիքի պատկան իշխանութիւններուն հետ կապուելու, զրուցելու (կամ զեկուցելո՞ւ), հուսկ՝ հայրենական տեսակէտները կամ որոշումները փոխանցելու՝ Սփիւռքի այս կամ այն կողմին։
 
1999-ին, 2001-ին եւ 2003-ին, երեք յաջորդական Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովներ տեղի ունեցան Երեւանի մէջ, խուռներամ ներկայութիւններով ու մասնակցութիւններով, սակայն, դժբախտաբար, կազմակերպող կողմը չյաջողեցաւ այդ խորհրդաժողովներէն քաղել որեւէ արդիւնք, որովհետեւ կարծեց այդ հաւաքներով ,լեռներ շարժելե, իսկ աւելի ահաւորը այն էր, որ անոնք շարունակուեցան, հակառակ Սփիւռքէն հնչած վերապահութիւններուն ու քննադատութիւններուն, մատնանշելով եւ ախտաճանաչելով անոնց ,թերացումեները, մինչեւ որ, օր մը, անոնք ընդմիշտ… շոգիացան։
Ինչո՞ւ եղան այդ կաղացումները։
 
Ըստ մեզի, դեսպանութիւններու կարծիքներու անշքացումով, իսկ, ամենէն կարեւորը, սփիւռքահայութեան տեսակէտներու ալ անտեսումով, որոնց մասին, օրին, բաւական մելան հոսեցաւ ու գրիչ ճօճուեցաւ։
 
Թերեւս այդ դառն փորձառութիւնները պատճառ եղան, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան ,ռումբե մը պայթեցնէ՝ Սփիւռքի նախարարութիւնը ստեղծելով, մէկ կողմէն՝ ակնկալելով Սփիւռքը աւելիով ներգրաւել հայրենիքի լուսարձակին տակ, միւս կողմէն ալ՝ Սփիւռքին զգացնել տալու հայրենական հոգատարութեան վերաբերմունքը իր նկատմամբ։
 
Բայց այս կարգադրութիւնը կամ փոխարինումը ի՞նչ տուաւ դեսպանութիւններուն կամ ներկայացուցչութիւններուն, անոնց կամրջային դերը աւելի զօրացնելու եւ արդիւնաւորելու առումներով։
 
Հազի՜ւ թէ առաւելութիւն մը, որովհետեւ անոնք մնացին իրենց միապաղաղութեան ու միօրինակութեան մէջ, իրենց ,ընթացիկե գործունէութենէն անդին չանցնելով, երբ անհրաժեշտ էր (եւ է՛) աւելի շօշափելի եւ արդիւնաւէտ աջակցութիւն ցուցաբերել, չբաւարարուելով, միջնորդական կարգով, շքանշան կամ վկայական բաշխելու փորձութենէն։
 
Երբեմն, ակամայ, կը մտածուի, թէ դեսպանութիւններու ,արտակարգեութիւնը ու ,լիազօրութիւնեը ասոնցմո՞վ միայն կը բնորոշուի, եւ կամ՝ միայն այցելութիւններու, հովանաւորութիւններու ու հանդիպումներո՞ւ ծիրով, որոնք, անտարակոյս, օգտակար ու շինիչ են, բայց, բնաւ չեն համապատասխաներ դեսպանութիւններու դերակատարութեանց լիարժէքութեան։
 
Այո՛, դեսպանութիւնները իրենց անձնակազմով, հայրենիքը կը ներկայացնեն, քաղաքական ու դիւանագիտական գործունէութեանց զուգահեռ, անպայման խնդրոյ առարկայ գաղութին մէջ վայելելով նոյնքան պաշտօնականութիւն ու հեղինակութիւն, միանգամա՛յն։
 
Իսկ այդ վարկը կամ կարեւորութիւնը, ամենէն առաջ հայրենի պետութիւնը պիտի տայ դեսպանութիւններուն, ընդ որում՝ Սփիւռքի նախարարութիւնը, լսելու անոնց, խորհրդակցելու, նկատի առնելով անոնց խորհուրդներն ու թելադրութիւնները, որովհետեւ, վերջին հաշուով, անոնք աւելի իրազեկ, գիտակ ու ծանօթ են իրենց նստավայրերու հայութեան շրջանակներուն ու կազմակերպութիւններուն, իրենց հրամայականներով եւ արժանիքներով, ինչպէս նաեւ երախտաւորներու ու վաստակաւորներու դերակատարութիւններով ու գրաւած դիրքերով։
 
Չէ՞ որ Հայաստան նստող-ապրող ոեւէ մեծաւոր, ի՛նչ հանգամանք ալ ունենայ, չի կրնար ծանօթ ըլլալ գաղթաշխարհի որեւէ կարիքին, հետեւապէս, իրաւունք ալ չի կրնար ունենալ հեռակայի ու հեռահասի տրամաբանութեամբ վերաբերմունք ցոյց տալ կամ… անակնկալներ մատուցանել։
 
Ի վերջոյ՝ եթէ դեսպանութիւն մը ի վիճակի չէ, չունի ազդեցիկութիւնը կամ չի գտներ իր դերը արդարացնելու եւ արժեւորելու միջոցը, օրինակ, իր ապրած գաղութին մտաւորականութեան աջակցութիւն ցուցաբերելու, անոր հունձքերը վերացանելով հայրենիքի մէջ, կը նշանակէ թէ՝ տեղ մը, սխալ բան մը կայ (այս ալ ուրիշ ահազանգային հրատապութիւն մը)։
 
Կը մնայ այս զգայուն մետալին միւս երեսը. դեսպանը կամ ներկայացուցիչը ո՞ւր կը գտնուի այս պարունակին մէջ, ի՞նչ կը ներկայացնէ, ինչո՞վ կ՚անձնաւորուի եւ ինչպէ՞ս կը գործէ։ Սուր հարցադրումներ, բայց… անխուսափելի։
 
 
 
 
 
 
 
You May Also Like
Read More

Ձեր Կենացը՝ Չին-Չին

Աւետիս Ռազմիկ, «Արարատ», Պէյրութ, 23 Մայիս 2015 Հանրածանօթ Ֆէյսպուքը (Դիմատետր) վերջերս ծանուցեց, թէ նորերս հիմնուեր է «Ֆինլանդիայի Հայ…
Read More