ԹԷ՞՝Դէպի Ապահով… Արտհայաստան
Մենք Ենք՝ Մեր Ցաւերը Շարքէն
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 23 Ապրիլ 2013
«Դէպի ապահով Հայաստան» կարգախօսը կը պատկանի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին, որ, երկրորդ շրջանի մը համար, իր նախագահական թեկնածութիւնը առաջադրելու ժամանակ, զայն հրապարակեց իր նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին։
Իրօք, սիրտ հրճուեցնող հոյակապ լոզունգ մըն է, այնքան ատեն որ Հայաստանի ապահովութիւնը կը շեշտուի, այլեւ՝ կը պաշտպանուի, որ օդի ու ջուրի նման անհրաժեշտութիւն մըն է հայ ժողովուրդին համար։
ԹԷ՞՝Դէպի Ապահով… Արտհայաստան
Մենք Ենք՝ Մեր Ցաւերը Շարքէն
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 23 Ապրիլ 2013
«Դէպի ապահով Հայաստան» կարգախօսը կը պատկանի Հայաստանի Հանրապետութեան
Իրօք, սիրտ հրճուեցնող հոյակապ լոզունգ մըն է, այնքան ատեն որ Հայաստանի ապահովութիւնը կը շեշտուի, այլեւ՝ կը պաշտպանուի, որ օդի ու ջուրի նման անհրաժեշտութիւն մըն է հայ ժողովուրդին համար։
Սակայն, եթէ արագ ակնարկ մը նետենք յաջորդական նախագահներուն արձակած «շռնդալից» նմանօրինակ կարգախօսներուն վրայ, հարց պիտի չտա՞նք, թէ անոնցմէ որո՛նք, եւ ո՛րքանով իրագործուեցան։
Բայց, հարց տալու պէտք կա՞յ, երբ տխուր պատկերը մեր աչքին առջեւն է ու կը տեսնենք այդ կարգախօսներուն մեծ մասին… փուչիկութիւնը կամ փրփրութիւնը։
Պատճառները կամ պայմանները ինչ ալ ըլլան անոնց անգործադրելիութեան կամ կիսագործադրելիութեան, ո՛չ ներելի, ո՛չ ալ արդարանալի են, այնքան ատեն որ ժողովուրդը սկսած է արդէն վաղո՜ւց չհաւատալ անոնց, թերահաւատ եւ անվստահ դառնալով եկող-գացող ու գացող-եկող իշխանութիւններու նկատմամբ։
Քաղաքամայր Երեւանի արդիականացումը՝ նորագոյն շինարարական գոյներով ու պատկերներով, ի՞նչ իմաստ ունի կամ կրնայ ունենալ, երբ անիկա կը կատարուի աւանդական Երեւանը աղաւաղելով, մշակութային կոթողները փճացնելով, պատմական շէնքերը քանդելով եւ անոնց բնակիչները փողոց նետելով։
Իսկ ահաւո՛րը՝ շքեղ կառոյցներու, պերճանքի կեդրոններու ու պճնանքի երեւոյթներու սեփականատէրերը գիտէ՞ք ովքեր եղած են, եւ ե՛ն. նոյնինքն իշխանաւորները, պետական այրերը, ընդհուպ՝ «Դէպի ապահով Հայաստան» անփուշ եւ անարգել ճամբայ փնտռողները։
Այս առթիւ, դարձեալ ինքզինք պարտադրող հարցումը, որուն մասին քանիցս արտայայտուած եմ:
Ինչո՞ւ նախագահական պալատին առջեւ տակաւին կը շարունակուին այն մայրերուն բողոքները, որոնք կ'ուզեն պատասխան մը ստանալ, բանակի մէջ իրենց զաւակներուն խորհրդաւոր մահերուն կամ սպանութիւններուն մասին։
Եթէ արկած, պատահականութիւն կամ հոգեբանական արարք պիտի ըսուի, ատիկա աւելի քան խոշո՜ր անհեթեթութիւն մըն է, որովհետեւ օրինակները բոլորովին այլ տարբերակներու կ'առաջնորդեն, վկայութեամբը ու տեղեկութեամբը ոչ միայն ծնողներուն, այլեւ՝ համատարած հրապարակումներուն։
Ինչպէ՞ս կարելի է «Դէպի ապահով Հայաստան» գոռալ, երբ ապահովութեան երաշխիքները այնքան ալ շօշափելի ու զգալի չեն։ Խօսքը, անշուշտ, չի վերաբերիր միայն ֆիզիքական ապահովութեան, որ շատ կարեւոր է, այլ նաեւ՝ քաղաքացիական, քաղաքական, ժողովրդավարական եւ ազատական, առաւել՝ կենցաղային, ապրուստային, բարօրային եւ ապրելակերպային գործօններուն։
Վերոյիշեալներէն ո՞ր մէկը կը գտնուի իր բաղձալի, նոյնիսկ կիսաբաղձալի վիճակին մէջ, երբ վիհը գործող իշխանութիւններու ու հասարակութեան լայն խաւերուն միջեւ, հետզհետէ աւելի կը խորանայ, մինչ անայլայլօրէն տակաւին կը խօսուի «Դէպի ապահով Հայաստան» դիւրաբեկ նշանաբանին մասին։
Այս գահավիժային ընթացքէն ի՞նչ ծնած է կամ կրնայ ծնիլ։ Միթէ պարզ չէ՞, այն հրէ՛շը, որ կը կոչուի.
ԱՐՏԱԳԱՂԹ
Այս տխրահռչակ ու զազրելի երեւոյթին մասին, շա՜տ մեկնաբանութիւններ, վերլուծումներ ու քննարկումներ հնչեցին ու կը հնչեն պատկան կողմերէն, որոնց մեծ մասը անբաւարար, ուրիշներ՝ անընդունելի։ Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞վ կարելի է բացատրել՝ Հայաստանէն տարեկան, միջին հաշուով, 40-50 հազար մարդու հեռացումը կամ չուումը։
Ինչո՞ւ այս արտահոսքը կը շարունակուի։
Ըստ մեզի, որովհետեւ՝
– Իշխանութիւններու նկատմամբ վստահութիւնը ի սպառ չքացած է, ցնդա՜ծ։
– Հայաստանի մէջ ապագայ չտեսնողներ կան։
– Գործազրկութիւնը ճնշող ճշմարտութիւն է։
– Սակաւապետութիւնը՝ իր առանձնաշնորհումներով, իսկ սակաւապետները՝ իրենց այլանդակութիւններով կ'արիւնաքամեն Հայաստանն ու հայաստանցին։
– Իշխող վերնախաւի եւ իշխուող ստորնախաւի, առաջինը՝ շահագործողի, երկրորդը՝ շահագործուողի դերերով, Հայաստանը կը խրեն մութ եւ անվերջանալի փապուղիի մը մէջ։
Վերջին հաշուով, այս չոր մատնանշումները վստահաբար լրացուցիչ այլ ժխտականութիւններով, ինչի՞ կ'առաջնորդեն, եթէ ոչ մնայուն յուսահատութեան եւ յարատեւ հիասթափութեան, հուսկ՝ արտագաղթի, եթէ կարելիութիւններ ունենան մեկնողները եւ կամ՝ համակերպութեան, եթէ չկան այլ հնարաւորութիւններ։
Յստակ թող ըլլայ. ոչ ոք միամտութիւնը պէտք է ունենայ կարծելու թէ՝ արտագաղթը սարսափազդու մակարդակի չէ հասած եւ այդքան ալ տագնապելու պատճառ չկայ։ Հիմնովին սխալ է այս մտածումը եւ կը սխալին այդպէս մտածողները, նոյնիսկ ատոնք վտանգաւոր են՝ հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին գոյատեւման համար, երբ թշնամիին ընելիքը, կամ չըրա՞ծը մենք մեր ձեռքով կ'ընենք։
Դժբախտաբար, հայրենի իշխանութիւնները գրեթէ ՈՉԻ՜ՆՉ կ'ընեն արտագաղթի տուն տուող պատճառները կասեցնելու, ընդհակառակը՝ իրենց անտարբերութեամբ ու թուլամորթութեամբ, ուղղակիօրէն թէ անուղղակիօրէն, կը քաջալերեն զայն, չգիտակցելով թէ ինչպիսի՜ ոճիր կը գործեն Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին դէմ։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան, երբ իր նախընտրական քարոզարշաւի կարգախօսը՝ «Դէպի ապահով Հայաստան» հրապարակ կը նետէր, արդեօք ի մտի ունէ՞ր, որ այդ ապահովութիւնը… ապահովելու համար, անհրաժեշտ էր նաեւ ժողովուրդին արժանապատուութիւնը պահել-ապահովել, առաջին հերթին արտագաղթի պատճառները ախտաճանաչելով եւ, հետեւապէս, աստիճանաբար դարմանելով։
Եթէ չէր ըրած, ու պիտի չընէ, այդ կարգախօսը ո՛չ համ, ո՛չ ալ բոյր ունի, որովհետեւ «Դէպի ապահով Հայաստանը»ը պիտի փոխարինուի «Դէպի ապահով… արտհայաստան»ով։
Այս ազգային գերխնդիրը նման սրութեամբ կը դնենք ու տագնապոտութեամբ կը դիտենք զայն, հոգ չէ թէ ոմանք «անհանգստանան» անկէ, ուրիշներ ալ՝ «խլրտին», բայց, ա՛յս է մերկապարանոց իրականութիւնը։