Հրայր Կարապետեան, «Զարթօնք»ի խմբագիր, Պէյրութ,
24 Դեկտեմբեր 2010
Սիրելի հայրենակիցներ,
Երբ Լիբանան կու գայի, համոզուած էի, որ բաւական յաջող կերպով պիտի կատարեմ ստանձնած պարտականութիւնս, սակայն չէի կրնար երեւակայել, թէ այսքան խանդավառութիւն եւ պատրաստակամութիւն պիտի գտնեմ Պէյրութի մեր հայրենակիցներուն մօտ:
Հրայր Կարապետեան, «Զարթօնք»ի խմբագիր, Պէյրութ,
24 Դեկտեմբեր 2010
Երբ Լիբանան կու գայի, համոզուած էի, որ բաւական յաջող կերպով պիտի կատարեմ ստանձնած պարտականութիւնս, սակայն չէի կրնար երեւակայել, թէ այսքան խանդավառութիւն եւ պատրաստակամութիւն պիտի գտնեմ Պէյրութի մեր հայրենակիցներուն մօտ:
Կարճ օրերու ընթացքին Սօնա Եագուպեանի եւ Վահան Մելիքեանի ընկերակցութեամբ ունեցանք բակաւան մեծ թիւով այցելութիւններ, բոլորն ալ յաջող, երբեմն նոյնիսկ սպասուածէն աւելի:
Հաւանաբար Սօնան եւ Վահանը պատմեցին Արամ կաթողիկոսի հետ ունեցած մեր հանդիպման մասին: Ան առանց երկար բարակ բացատրութիւններ պահանջելու ոչ միայն համագումարի գաղափարը գտաւ անհրաժեշտ, այլեւ պատրաստակամութիւն յայտնեց կաթողիկոսարանին կողմէ ներկայացուցիչ ուղարկել համագումարին:
Լիբանանի գաղթօճախի իմ ճանչցած երեւելի անձնաւորութիւնները կարճ բացատրութիւններէ ետք պատրաստակամութիւն յայտնեցին ներկայ գտնուիլ համագումարին: Նոյնիսկ այնպիսիք, որոնք իրենց ապրած հիասթափութիւններուն պատճառով հեռացած են հայ հասարակական կեանքէն, համագումարի միտքը ընկալեցին խանդավառութեամբ եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին իրենց մասնակցութիւնը բերել համագումարին:
Վահանի Երեւան մեկնումէն մէկ օր առաջ՝ 18 Նոյեմբերի երեկոյեան կրցանք կազմակերպել իրար ծանօթացման հաւաք մը՝ Մկրհիչ Լ. Պուլտուքեանի հիւրանոցի դահլիճին մէջ, որու ընթացքին կազմաւորուեցաւ Լիբանանի ներկայացուցիչներու կորիզ մը, որ անմիջապէս պարտականութիւն վերցուց յաճախակի հանդիպումներու միջոցով նախահպատրաստուիլ ինքնակազմակերպման եւ համագումարին մասնակցելու աշխատանքներուն:
Նամակիս կից կ՝ուղարկեմ այդ խմբակի անդամներոն անունները՝ իրենց հեռախօսի թիւերով եւ E-mail-ի հասցէներով: Այդ ցուցակը վերջնական չէ անշուշտ, որովհետեւ ունինք նաեւ անհատներու բաւական մեծ ցուցակ մը, որոնց հետ հանդիպումներ պիտի ունենանք: Վստահ ենք, որ անոնցմէ շատեր պիտի փափաքին իրենց մասնակցութիւնը բերել համագումարի աշխատանքներուն:
Ինչպէս հաւանաբար Վահանէն տեղեկացաք, իր մեկնումէն առաջ «Radio Sevan»-ը համագումարի նիւթով հարցազրոյց մը կազմակերպեց երկուքիս՝ Վահանին եւ ինծի հետ:
Ի միջի այլոց յիշեմ, որ նշուած հաստատութեան տնօրէնը արդէն մեր կազմին մէջ է եւ պատրաստ է առաւելագոյն չափով օգտակար ըլլալ գործին:
Նաեւ, ինչպէս յայտնի է, «Radio Sevan»-ի միջոցով հնարաւոր եղաւ մասնակցելու Հայաստանի «Շանթ» հեռատեսիլին կազմակերպած «Tele Talk Show»-ին՝ Հայաստանէն Գեւորգ Պօղոսեանի, Ռուսաստանէն՝ Կարէն Միքայէլեանի եւ Լիբանանէն՝ իմ մասնակցութեամբ: Նոր տուեալներ ունենալու պարագային այդ ելոյթները կրնան աւելի յաճախակի եւ աւելի բովանդակալից դառնալ:
Չորեքշաբթի, 15 Դեկտեմբերին Պէյրութի խմբակը ունեցաւ երկրորդ ժողով-հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան շարք մը հարցեր, որոնցմէ կարեւորագոյնը հոս՝ Լիբանանի մէջ պաշտօնապէս արձանագրուած կազմակերպութիւն մը ստեղծելու որոշումն էր:
Մեր յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ Յունուարի 8-ին, ուր իւրաքանչիւրը պիտի ներկայանայ իր պատկերացումներով եւ առաջարկներով եւ անմիջապէս ձեռնամուխ պիտի ըլլանք կանոնադրութեան մը մշակման, որու հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ կազմակերպութիւնը որպէս «Non Governmental Organization» արձանագրել լիբանանեան կառավարութեան մօտ:
Նորութիւններ ունենալու պարագային անկասկած պիտի տեղեկագրեմ իր ժամանակին:
Առ այդ, յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներով՝
Հրայր Կարապետեան