Keghart.com-ի «ամառնային արձակուրդ»ին պատճառով այս եւ այլ յօդուածները ուշացումով կը հրատարակուին: Հեղինակային թուականները պահպանուած են:-Խմբ.
Պարոյր Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ, 22 Յուլիս 2014
Շատեր միամտաբար կ՚ըսեն կամ կը կարծեն, թէ Խորհրդային Միութեան տարբաղադրութեամբ, «պաղ պատերազմ»ը վերջ գտաւ, ուրեմն, նոյներու տրամաբանութեամբ, գերհզօրի մը անկումով, ուրիշ գերհզօր մը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, կը մնայ աշխարհի տէր ու տիրական։
Սակայն, քիչ թէ շատ, պատմութեան ծանօթ ու քաղաքագիտութեան իրազեկ կողմեր, համոզուած էին (ու համոզուած են), թէ ճիշդ չէ նման մօտեցումը կամ մեկնաբանումը, հետեւեալ պատճառներով.
Keghart.com-ի «ամառնային արձակուրդ»ին պատճառով այս եւ այլ յօդուածները ուշացումով կը հրատարակուին: Հեղինակային թուականները պահպանուած են:-Խմբ.
Պարոյր Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ, 22 Յուլիս 2014
Շատեր միամտաբար կ՚ըսեն կամ կը կարծեն, թէ Խորհրդային Միութեան տարբաղադրութեամբ, «պաղ պատերազմ»ը վերջ գտաւ, ուրեմն, նոյներու տրամաբանութեամբ, գերհզօրի մը անկումով, ուրիշ գերհզօր մը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, կը մնայ աշխարհի տէր ու տիրական։
Սակայն, քիչ թէ շատ, պատմութեան ծանօթ ու քաղաքագիտութեան իրազեկ կողմեր, համոզուած էին (ու համոզուած են), թէ ճիշդ չէ նման մօտեցումը կամ մեկնաբանումը, հետեւեալ պատճառներով.
ա. Խորհրդային Միութեան համահանրապետական ցանցը քայքայուելով, Ռուսաստանը՝ իր տարածքային, բնակչային, արտադրային, նոյնիսկ՝ քաղաքական, տնտեսական, յարաբերական առաւելութիւններով ու բարեմասնութիւններով չէր կրնար ընդերկար ստուերի մէջ մնալ կամ զիջումներու մէջ թաղուիլ։
բ. Կայսերական հասկացողութիւնը եւ ինքնութիւնը, որ ռուսերու համար դարերու ժառանգութիւն ունի, անպայման ինքզինք պարտադրելու եւ երեւան գալու պարտաւորութեան տակ պիտի գտնուէր, թէկուզ 70 տարուան… ընդմիջումէ մը ետք, ուր դարձեալ, ա՛յդ ժամանակաշրջանին, երբեք կայսերական ռուսայատուկ հոգեբանութիւնը ոչ կրնար մոռցուիլ, ոչ ալ շոգիանալ։
գ. Խորհրդային շղարշացման թօթափումէն ետք, ընկերվարական վարդապետութենէն դէպի ազատ շուկայական անցումային հանգրուանին, Ռուսաստանը ունեցաւ լուրջ տագնապներ, յատկապէս տնտեսական, դրամատնային, առեւտրական եւ արժութային մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու, սակայն կարճ ժամանակ անց, ատոնց մեծ մասը յաղթահարուեցաւ, որովհետեւ կայսերական Ռուսաստանը գիտցաւ լաւագոյնս «տնօրինել» զանոնք, վերանորոգելով, վերայարմարելով ու վերամրացնելով իր հզօրութիւնը՝ համարեա բոլոր մակարդակներու ու բնագաւառներու մէջ։
դ. Արտաքին քաղաքականութեան ծիրին մէջ, ի հեճուկս շատերու յուսախաբութեան եւ ի զարմանս ուրիշներու ալ ապշահարութեան, Ռուսաստանը կրցաւ յաջողապէս թիավարել ամէն ուղղութեամբ, վերագտնելով իր դիրքն ու տեղը ոչ միայն ներքին, այլեւ միջազգային ոլորտներու մէջ, որպէս մնայուն գերհզօր պետութիւն մը, սմքած հայեացքներուն տակ ՆԱԹՕին, Արեւմուտքին եւ ԱՄՆին։
ե. Վլատիմիր Փութինի կրկնակի նախագահութեան շրջանին, արդէն արեւի նման յստակ դարձաւ, որ Ռուսական կայսրութիւնը աքտիւօրէն գործող է եւ անոր մրցակից ամէն կողմ այդ հաշիւը պէտք է ընէ ու համապատասխանօրէն վերաբերուի անոր հետ, որովհետեւ ռուսական «արջ»ին թաթերը երկար ու սուր են։
զ. Եթէ 1920-1990ը նկատուեցաւ «պաղ պատերազմի ժամանակաշրջան, ներկայիս, մեր կարծիքով, կացութիւնը շատ աւելիով «տաք պատերազմ»ի մթնոլորտի մէջ է, քանի որ «տաք»ը «պաղ»էն աւելի այրող ու ցաւցնող կրնայ ըլլալ:
Այն բոլոր կողմերը, որոնք Խորհրդային Միութեան չքացումով ցնծութեան պահեր ապրեցան, հաւանաբար երբեք չանդրադարձան, որ Ռուսաստանը աւելի զօրաւոր կրնայ դուրս գալ իր դէմ լարուած դաւադրութիւններէն, իր խօսքը լսելի դարձնելով, իսկ գործը՝ զգալի, հոն ուր ինքն ալ ունի իր գերպետական շահերը, ազդեցութեան գօտիները, միջպետական յարաբերութիւնները, զինուորական ներգործութիւնները, տնտեսական փոխշահաւէտութիւնները, բայց մանաւանդ՝ աշխարհաքաղաքական անզիջողութիւնները:
Ինչո՞ւ այս արագ դիտարկումները։
Ռուսական Դաշնութեան քարոզչութիւն չէ ասիկա, ոչ ալ գովերգութիւն, այլ՝ չոր ու խօսուն իրականութիւններու լոյսին տակ, ցոյց տալու, թէ՝
– Խորհրդային Միութիւնը վերափոխարինուած է ռուսական կայսրութեամբ
– «Պաղ պատերազմ»ը՝ «տաք պատերազմ»ի մը հաւանականութեամբ փոփոխական է
– Արեւմտեան-ամերիկեան քաղաքականութիւնը չի կրնար շրջանցել ռուսականութեան գերակշռութեան վերաճող հզօրութիւնը
– Արեւմտեան-ամերիկեան «միջամուխութիւն»ը ռուսական ազդեցութեան գօտիներուն մէջ, արտօնելի չեն, «կարմիր գիծ» են։
Բաց աստի, անհերքելի փաստ է, որ ռուսական կայսրութեան հեղինակութիւնն ու գերհզօրութիւնը ամենուր են, չկան այլեւս անկախութեան առաջին տարիներուն կաղապարումներն ու խարխափումները, իսկ ռուսական ներկայութիւնը Միջերկրականի մէջ («տաք ջուրեր») ակնբախ է, մանաւանդ սուրիական հակամարտութեան շրջագիծէն ներս։
Այս բոլորին մէջ, ինչ որ արձանագրելի է, ռուսական կողմը հեռու է ծայրայեղականութիւններէ եւ անչափաւորականութիւններէ, ի տարբերութիւն ամերիկեան «պուշեան» եւ «օպամայական» ձախաւերութիւններուն, որոնք Միջին Արեւելքին համար պատուհասներ դարձան։
Միջազգային ատեաններու մասին կը յանկերգուի, որոնք, ի միջի այլոց, կատարեալ անհեթեթութիւններ են, բայց, եթէ պահ մը հաւատանք անոնց դերասանութիւններուն, ինչո՞ւ Ճորճ (ան)կրտսեր Պուշը դատի չի կանչուիր հաշուետուութեա՛ն, որ պատճառ դարձաւ՝
– Ապօրինաբար Իրաք ներխուժելու, Իրաքը բզքտելու, Իրաքը թալանելու, Իրաքը նուաճելու, Իրաքը պարպելու, Իրաքը խոցոտելու եւ յանուն ինչի՞, երբ պատառիկ մը, մասունք մը իսկ (կարծեցեալ) կորիզային կամ քիմիական զէնքեր չգտնուեցան հոն, վկայութեամբ՝ նոյնիսկ ամերիկացի քաղաքական գործիչներու ու զինուորական հրամանատարներու։
– Հազարաւոր ամերիկացի զինուորներ «ոչխար»ի նման սպաննուելուն, որոնք չէին գիտեր որուն դէմ եւ ինչու արաբական երկիր մը ասպատակելու եկած էին։
– Միջազգային Կազմակերպութեան (ՄԱԿի) զգուշացումները ոտնակոխելու յանցապարտութեան, որ ամենէն մեծ ամօթանքն էր շպրտուած աշխարհի ու պանքիմունեաններու նման անողնաշարներու երեսին։
Երանի թէ՝ այս այլանդակութիւնները հոս վերջանային, ընդհակառակը՝ շարունակուեցան եւ աւելի խորացան, նոր հարուածներ հասցնելով արաբականութեան եւ արաբական աշխարհին, դժբախտաբար, զօրակցութեամբը արաբական կարգ մը երկիրներու ու մասնակցութեամբ՝ էրտողանճիաններու։
Բնական է, երբեք տարօրինակ չէր, երբ՝ իրաքցի երիտասարդ մը, իր կօշիկով «դիմաւորեց» նախագահ Պուշը, զայն շպրտելով անոր դէմքին, քաղաքական, բարոյական, արժանապատուական ապտակ մը հասցնելով անոր եւ իր վարչակազմին։
Կրնայ ըլլալ ոմանց համար այդ քայլը կոպիտ էր, անքաղաքակիրթ, բայց, ի՜նչ ըսել, երբ ամբողջ երկիր մը ու ժողովուրդ մը ասպատակող կողմը, առանց ամչնալու, Պաղտատ եկած էր «շան քարոզ»ներ կարդալու։
Ամերիկայի նախկին արտաքին գործոց նախարարուհի՝ Հիլարի Քլինթըն, նոյն «կօշկահար»ութեան արժանացաւ, բայց, հետաքրքրական է, այսպիսիներ, արդեօք անդրադարձա՞ն, թէ ինչո՞ւ նման… շոյանքներու կ՚արժանանան եւ կամ՝ ատոնք պիտի շարունակուի՞ն նոր «կօշիկ»ներ ստանալու հեւքին մէջ գտնուիլ։
Բայց, կը թուի թէ՝ հիմա ալ, Պարաքը, «պարան»ը ուրիշին վզին անցուցած քաղաքականութիւնը աւելի կը նախընտրէ, որովհետեւ՝ իր նախորդէն ոչինչով տարբերուեցաւ, նոր փորձանքներ սփռելով հոս ու հոն, այս անգամ սակայն, ինքզինք դէմ յանդիման գտնելով կայսերական Փութինին։
Հոս է որ պիտի հարցադրուի.
Ո՞ր մէկը կը նախընտրուի. ռո՞ւմբը՝ որ ֆիզիքապէս կը սպաննէ, թէ՞՝ կօշիկը, որ բարոյապէս կ՚ոչնչացնէ։
Հետեւաբար, պէտք չէ զարմանալ. տեսանելի թէ հարուածելի, «կօշիկ»ները պիտի շարունակեն «սաւառնիլ», կարեւորը՝ գերհզօրները պիտի զգաստանա՞ն, թէ պիտի սպասեն յաջորդին՝ մուճակներուն («փապուճ»ներուն)։