«Դուն Հայերէն Կը Խօսիս»

Հայրենի Յուշեր

Հրայր Ճէպէճեան, Նիկոսիա, 22 Սեպտեմբեր 2013

1990: Խորհրդային Միութեան փլուզում եւ տարանջատում, համայնավար կարգ ու սարքի վերջաւորութիւն: Ստեղծում` անկախ հանրապետութիւններու, որոնց մէջ է նաեւ մայր հայրենիքը` Հայաստանը: Անկախ պետականութիւնը հպարտութիւն էր ու տակաւին է բոլորիս համար: Մեր կազմակերպութեան` Աստուածաշունչի ընկերակցութեան համար, այս թուականին նաեւ բացուեցան աշխատանքային մեծ կարելիութիւններ եւ նոր հորիզոններ: Մէկ կողմէ նախկին Խորհրդային Միութեան մաս կազմող պետութիւնները, որոնք անկախացած էին եւ ստեղծած ինքնուրոյն կարգ ու սարք, իսկ միւս կողմէ` նախկին Արեւելեան Եւրոպայի երկիրները, որոնք դուրս եկած էին համայնավար վարչութենէն` ստեղծելով ազատ պետականութիւն: Այս բոլոր հանրապետութիւններուն մէջ գործող եկեղեցիները դարձան աւելի ազատ ու ինքնիշխան, անոնք հրաւիրեցին մեր կազմակերպութիւնը` ստեղծելու համար Աստուածաշունչի ընկերութիւններ իւրաքանչիւր երկրի համար:

Հայրենի Յուշեր

Հրայր Ճէպէճեան, Նիկոսիա, 22 Սեպտեմբեր 2013

1990: Խորհրդային Միութեան փլուզում եւ տարանջատում, համայնավար կարգ ու սարքի վերջաւորութիւն: Ստեղծում` անկախ հանրապետութիւններու, որոնց մէջ է նաեւ մայր հայրենիքը` Հայաստանը: Անկախ պետականութիւնը հպարտութիւն էր ու տակաւին է բոլորիս համար: Մեր կազմակերպութեան` Աստուածաշունչի ընկերակցութեան համար, այս թուականին նաեւ բացուեցան աշխատանքային մեծ կարելիութիւններ եւ նոր հորիզոններ: Մէկ կողմէ նախկին Խորհրդային Միութեան մաս կազմող պետութիւնները, որոնք անկախացած էին եւ ստեղծած ինքնուրոյն կարգ ու սարք, իսկ միւս կողմէ` նախկին Արեւելեան Եւրոպայի երկիրները, որոնք դուրս եկած էին համայնավար վարչութենէն` ստեղծելով ազատ պետականութիւն: Այս բոլոր հանրապետութիւններուն մէջ գործող եկեղեցիները դարձան աւելի ազատ ու ինքնիշխան, անոնք հրաւիրեցին մեր կազմակերպութիւնը` ստեղծելու համար Աստուածաշունչի ընկերութիւններ իւրաքանչիւր երկրի համար:

Բայց կային լեզուական, նաեւ կենցաղային, յարաբերական ու մշակութային տարբերութիւնները, զորս պէտք է նկատի առնէինք: Շատ քիչ պատահած էր, գրեթէ եզակի, որ անգլերէն խօսէին նախկին Խորհրդային ու Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու մէջ: Իսկ մեր կեդրոնական գրասենեակին համար իւրաքանչիւր շրջանի տեղական լեզուին տիրապետող, ներառեալ` ռուսերէն, գտնելը անկարելի էր…

Հայաստանի պարագային լուծումը եւ կարգադրութիւնները եղան յարաբերաբար դիւրին եւ արագ: Արդարեւ, չուշացաւ մեր պատասխանատուներուն հաղորդակցութիւնը ինծի հետ` խնդրելով, որ ստանձնեմ Հայաստանի մէջ Աստուածաշունչի ընկերակցութեան գրասենեակն ու գործի կազմակերպումը` գործակցաբար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հետ: «Դուն հայերէն կը խօսիս եւ քեզի համար դժուար չէ հաղորդակցիլը եւ յարաբերիլը Հայաստանի մէջ», եղաւ իրենց հաստատ համոզումը:

Այսպիսով սկսան իմ աշխատանքներս, թերեւս նաեւ առաքելութիւնս Հայաստանի մէջ` յաճախակի այցելութիւններով, եւ երկարեցան հինգ տարիներու վրայ, մինչեւ 1996:

Հայրենիքն էր… Հողը, լեզուն եւ մշակոյթը: Ու տակաւին` ջուրը, ուտելիքը եւ յարաբերութիւնները: Հայկական էր ամէն ինչ, կ՛ապրէիր «քուկդ» ըլլալու գիտակցութիւնը եւ զգացումը, եւ որ բոլորը միասին կը կազմէին մէկ ամբողջութիւն: Նոյնիսկ երբ խօսուածը արեւելահայերէն է, եւ որոշ բառեր եւ արտայայտութիւններ այդքան ալ արագ կարելի չէր ընկալելը, բայց տակաւին «իմս» էր` ինքնութիւնս… Բայց այս բոլորը, այդ օրերուն` 1991-ին ու անկէ ետք դիւրին պարունակի մէջ չէին…

Թէեւ տակաւին անկախութիւնը նոր ձեռք ձգուած  էր, բայց վրայ հասած էր արցախեան պատերազմը, ու տակաւին կային շրջափակումը եւ անոր պատճառած տնտեսական ահաւոր նեղութիւնը՝ չհաշուած` 1988-ի երկրաշարժի ահաւոր աղէտը ու անոր հետեւանքները:

Երեւանի փողոցներէն քալելով` կը զգայիր «լքուած» վիճակը քաղաքին: Ելեկտրականութիւնը` օրական հազիւ մէկ ժամ: Հացը` դժուար ճարելի… Առաւօտ կանուխ ժամերէն սկսեալ արդէն փուռերու առջեւ մարդիկ «հերթի» կը սպասեն, որպէսզի հացի իրենց բաժինը ձեռք ձգեն: «Բենզինը» կը վաճառուէր երկար կարգերու մէջ կանգնած` փողոցներու անկիւնը: Չէին գործեր կայանները: Գիները երեւակայական էին, գէթ` տեղական պայմաններու համար, բայց նաեւ կը տարուբերէր մէկ տեղէն միւսը: Որքան բարձրանար գինը, պէտք էր հասկնալ, թէ ալ աւելի զուտ ու մաքուր է, թէ` ջուր կամ այլ նիւթ չէ խառնուած մէջը: Ճամբաներուն վիճակը բաւական դժուար անցանելի էր` փոսերով լեցուն, եւ նորոգուելու հեռանկարները քիչ մը պղտոր եւ հորիզոնէն անդին երեւցող-չերեւցող կարելիութիւն էին, վառելանիւթ գրեթէ չկար: Իսկ տաքնալու եւ տուները ջերմացնելու համար մարդիկ կը կտրէին ծառերը, եւ փողոցները կը տեսնէիր մարդիկ, որոնք ծառերու կոճղեր կտրած` կը տանէին տուն…

Կը մնայի Մայր Աթոռի վանատունը, որ նաեւ կը կոչուէր «Հոթել Իսկենտէր»: Իսկ Իսկենտէրը` մուսալեռցի, Այնճարէն Հայաստան եկած էր ներգաղթի ժամանակ` 1946-47 տարիներուն: Ինք եւ կինը` Ծաղիկը, ստանձնած էին վանատան մատակարարութիւնը: Իսկենտէրին համար ես «հայրենակից» էի, անկախ անկէ, որ այնճարցի չէի… Կը բաւէր, որ լիբանանցի եմ եւ Պէյրութէն կու գամ: Կար մայրիներու կարօտը, եւ այդ կարօտին ջերմութիւնը Իսկենտէրը կ՛ապրէր ու կը կիսէր «հայրենակիցին» հետ: Ծաղիկը Հայաստան ծնած ու մեծցած էր: Դէմքին վրայ մեղմ ժպիտ մը գծուած էր միշտ, բայց աչքերուն մէջ կար անձկութիւն, որուն խորքը զերծ չէր վախի ու մտահոգութեան զգացումներէն: Պիտի իմանայի, թէ իրենց տղան Ղարաբաղի ճակատին վրայ էր` որպէս քաջամարտիկ: Ծաղիկը հպարտ էր, բայց նաեւ մայր էր… ունէր մտահոգութիւնը եւ իւրաքանչիւր եկող-գացողէ պիտի ուզէր իմանալ իր տղուն որպիսութեան մասին…

Վանատան մէջ ելեկտրականութիւնը քիչ մը աւելի լաւ էր, բայց տաք ջուրը, ի՜նչ խօսք, դժուար իրականալի: Ծաղիկը պզտիկ ամանին մէջ քիչ մը ջուր պիտի տաքցնէր, որպէսզի առաւօտները լուացուէինք: Հիւր էի, եւ իրենք ամէն ինչ պիտի ընէին, որպէսզի ես «հանգիստ» զգայի…:

Ներսէս Արք. Պոզապալեանը Հայաստանի մէջ մեր ընկերակցութեան նախագահն էր: Հայրենիքի ու եկեղեցիի սէրը իր սրտին ու հոգիին մէջ` իր կեանքը տրամադրած էր Քրիստոսի եւ հայ ժողովուրդի ծառայութեան: Կը սիրէր Աստուածաշունչը եւ ջատագովն էր քրիստոնէական դաստիարակութեան: Հայաստան ներգաղթած էր Պէյրութէն, յիսունական տարիներու վերջաւորութեան: Եթէ մեր յարաբերութեան եւ գործակցութեան վրայ կար Պէյրութի «ուժականութիւնը», բայց երկուքս ալ Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն շրջանաւարտ եղած էինք, ուստի մեր խօսակցութիւններուն նիւթն էր նաեւ անցեալէն պատառիկներ` յուշերը բերերով որպէս քաղցր օրերու իրականութիւն:

Վաչագան Յովհաննէսեանը բանաստեղծ էր եւ ստանձնած` գրասենեակին տնօրէնութեան պարտականութիւնը: Սասունցի էր, եւ հայրենասիրութիւնը իրեն համար սրբութիւն էր: Զգացական մարդ էր, ու հայրենիքը իր ամբողջ էութիւնն էր, եւ այդ զգացումները յաճախ կ՛արտայայտէր բանաստեղծութիւններուն մէջէն: Կ՛ապրէր հայրենիքի տագնապը եւ դժուարութիւնները… «Ո՞ր օրերը աւելի լաւ են Վաչագա՛ն, խորհրդային ժամանակաշրջա՞նը, թէ՞ հիմա` անկախութիւնը…»: Գիտէր, թէ կը փորձէի զինք: Չունէր արագ պատասխան: Դէմքին վրայ կը գծէր պզտիկ եւ մանուկի անմեղ ժպիտ մը… Աչքերը կը լեցուէին, չեմ գիտեր` ուրախութեան, թէ՞ տխրութեան արցունքներ էին, եւ կ՛ըսէր համոզուած` «Կարեւորը հայրենիքը պահելն ու կերտելն է…»:

Եսային ալ Այնճարէն էր եւ Հայաստան հասատատուած էր ներգաղթի օրերուն: Կ՛ապրէր Էջմիածնի մէջ եւ ունէր հանգստաւէտ տուն: Մայր Աթոռի պահակախումբին ընդհանուր պատասխանատուն էր: Եսային ալ ունէր իր պատմութիւնը: «Երբ  նոր եկանք Հայաստան` ներգաղթի օրերուն, կեանքը շատ դժուար էր: Այն չէր, ինչ որ մեզի ըսած էին: Բայց շինեցինք մեր տուները եւ կեանքերը…», կը բաժնեկցէր Եսային որպէս ապրած կեանքի անուժ եւ դժուար օրեր: Եսային նաեւ կը բաժնեկցէր իր տունը եւ հիւրասիրութիւնը: «Միասին հաց պէտք է ուտենք»  իւրաքանչիւր այցելութեանս: Կը հաւաքուէինք բոլորս` սրբազանը, Վաչագանը եւ պաշտօնեաները: Կարելի չէ մոռնալ Վաչագանին զգայացունց եւ երկարաշունչ բաժակաճառերը: Այդ բաժակաճառերուն եւ խորովածին շուրջ աւելիով կը զարգանար բարեկամութիւնը, բայց կը կորսուէր խմուած բաժակներուն քանակը: Եւ չէին ուշանար սրբազանին զգուշացումները…: «Վաչագա՛ն, կամաց-կամաց, հա՞…»:

Բայց ապրեցայ հայրենիքը` մէկ-մէկ, նաեւ ամբողջութեամբ: Ամէն առաւօտ հասանելի-անհասանելի գեղեցիկ Արարատը , պուլպուլակներու մէջէն հոսող «սառը» ջուրը, Էջմիածնի հոգեպարար պատարագները եւ Լուսինէ Զաքարեանի ձայնով հնչած շարականները: Ապրեցայ նաեւ իւրաքանչիւր հայորդիին հետ հայկական կեանքը հայրենի հողին վրայ: Զգացի, թէ ի՞նչ կրնայ նշանակել քու հողիդ վրայ ըլլալու իրականութիւնը, եւ այդ  հողէն ուժ առնելով ապրիլ հայկական կեանքը` հայերէն խօսելով: Ապրեցայ այս բոլորին մէջ «իմս» ըլլալու գերակայութիւնը: Ներսէս Արքեպիսկոպոս, Վաչագան, Եսայի եւ Իսկենտէր… բոլորն ալ մեկնեցան` այս աշխարհէն, բայց մեկնեցան ունենալով գոհունակութիւնը, թէ ապրեցան հայրենի հողին վրայ ու անոր գիտակցութեամբ: Ուրախ թէ տխուր, դժուար թէ դիւրին, անոնք ապրեցան «իրենց»ը ունենալու եւ զգալու ինքնագիտակցութիւնը: Անոնք ապրեցան գոհունակութիւնը եւ ուժը` հայերէն խօսելով, Հայաստանը ապրելով եւ հայ մշակոյթն ու կեանքը իւրացնելով: Բայց ըրին աւելին… Այս «գոհունակութիւնը» եւ «ուժը» բաժնեկցեցան ինծի հետ:

«Դուն հայերէն կը խօսիս»… Այո՛, բայց խօսեցայ իմ հողիս վրայ, ինչ որ տարբեր է… Որովհետեւ հողէն առի «գոհունակութիւնը» եւ «ուժը», նաեւ` ինքնութիւնը, եւ` նոյնինքն այդ ինքնութեան տուած մշակութային ջերմութիւնը:

Արդէն անցան քսաներեք տարիներ Հայաստանի անկախացումէն ու իմ հայրենի պարտականութենէս: Բայց կան տակաւին Վաչագանին արցունքոտ աչքերը, որոնք տակաւին ուժգնութեամբ ու նաեւ ջերմութեամբ կը նային ինծի: Կը զգամ, թէ Վաչագանը «չի քաջալերեր» զիս, ինչպէս որ ես իրեն ըրի: Ան հաստատ կը պատուիրէ. «Կարեւորը հայրենիքը պահելն է»:

«Դուն հայերէն կը խօսիս»…

Բայց հայուն համար այսօր կայ խօսելէն աւելի մեծ մարտահրաւէրը` «պահելը…»:

Պահել հայուն հայրենիքը, հայ լեզուն եւ հայ մշակոյթը…  Եւ ասիկա միայն «խօսքով» եւ «խօսելով» չէ, այլ նաեւ` «ապրելով» եւ «ապրեցնելով»…

You May Also Like