“Դուք ալ մեզ նման էրկա՛ր ժամանակ մնա՛ք հայ”

Գրիգոր Գրաճեան, Պէյրութ, 8 Սեպտեմբեր  2011
 
Հինգշաբթի, 28 յուլիս 2011: Կէսօրուայ ժամը մէկն է: Երիտասարդ տղաք ու աղջիկներ, պաստառներ բռնած, բողոքի ցոյց մը կը կատարեն Թուրքիոյ հիւսիս արեւելքը գտնուող ծովեզերեայ Հոփա քաղաքին մէջ: Ինքնաշարժներու երթեւեկը կանգ առած է. վարորդները, ինքնաշարժներու ճչակները հնչեցնելով, կը մասնակցին բողոքին: Ցուցարարները կը քալեն մայր պողոտայէն մինչեւ նահանգապետութեան շէնքը՝ պոռալով. «Հոփան ֆաշիստներուն գերեզմանը պիտի ըլլայ:»


Գրիգոր Գրաճեան, Պէյրութ, 8 Սեպտեմբեր  2011
 
Հինգշաբթի, 28 յուլիս 2011: Կէսօրուայ ժամը մէկն է: Երիտասարդ տղաք ու աղջիկներ, պաստառներ բռնած, բողոքի ցոյց մը կը կատարեն Թուրքիոյ հիւսիս արեւելքը գտնուող ծովեզերեայ Հոփա քաղաքին մէջ: Ինքնաշարժներու երթեւեկը կանգ առած է. վարորդները, ինքնաշարժներու ճչակները հնչեցնելով, կը մասնակցին բողոքին: Ցուցարարները կը քալեն մայր պողոտայէն մինչեւ նահանգապետութեան շէնքը՝ պոռալով. «Հոփան ֆաշիստներուն գերեզմանը պիտի ըլլայ:»


Բողոքը կազմակերպողները խօսք կ’առնեն եւ քանի մը ամիս առաջ արգելափակուած իրենց ընկերներուն ազատ արձակումը կը պահանջեն: Անոնք կը յայտարարեն, թէ բանտարկուած տղաքը ահաբեկիչներ չեն: Անոնք ժողովուրդին արդար իրաւունքին  պաշտպաններ են: Իսկ ոստիկանական կամ «ֆաշիստ» կառավարութեան մը ներկայութիւնը անընդունելի է ժողովուրդին կողմէ:

Արդարեւ, մօտ երկու ամիս առաջ, երբ թուրքիոյ վարչապետը Հոփա կ՛այցելէր, տեղացիները, դժգոհ կառավարութեան անտարբերութենէն շրջանի պէտքերուն նկատմամբ, նախատական խօսքերով եւ քարկոծելով դիմաւորած էին զինք: Յաջորդող օրերուն, փողոցը զետեղուած նկարչական գործիքներու հիման վրայ, ոստիկանութիւնը մէկիկ-մէկիկ ձերբակալած էր վարչապետը անարգողները՝ զանոնք Էրզրումի բանտը ղրկելով:

Արգելափակուած տղոց ազատ արձակումը պահանջողները բարձրախօսով հակապետական լոզունգներ արտայայտելէ եւ իրենց բողոքը ներկայացնելէ ետք կը ցրուին:

Ցուցարարներէն շատեր կ’ուղղուին դէպի մօտիկ, բացօթեայ Green Garden ճաշարանը՝ զովացուցիչի, սուրճի կամ թէյի մը շուրջ քննարկելու օրուան հրատապ հարցերը:

Քրտնած, մազերը ցրիւ, միջին տարիքի յաղթանդամ մարդ մը կը մօտենայ եւ կը ներկայացնէ ինքզինք. «Շենոլ Վահիճ» եւ անմիջապէս կ՛աւելցնէ.

– Ինչպէ՞ս ես

– Լաւ եմ, դուն ինչպէ՞ս…

– Չէ’, չէ’ չեղաւ. աստեղ, Հոմշեցի լիզու. ես կ՛ըսիմ՝ ինչպէ՞ս ես, դուն կ’ըսիս՝ «պէտք իմ»:

 Օտար երկրէ եկած հայե՞ր ենք, ուրեմն իր հիւրն ենք. 
 
– Դուք իմ հիւր. գլխուս վրայ տիղ ունիք: Դուք մնաք իմ քով, իմ տուն:

Շենոլ, մուխթարն է շրջանի գիւղերէն մէկուն եւ իր խօսքերով «հէմշինլի է, հայ է, բայց մարքսիստ, քոմունիստ է:»
Ան կը բացատրէ թէ Հոփայի մէջ, Հէմշինլի, Լազ կամ Կիւրճիւ (վրացի) ըլլալը կարեւոր չէ. կարեւորը գաղափարակից ըլլալն է:
-Տես աս տղան, անոր պապ իմ պապիս բարեկամ. իմ լաւ ընկեր: Անիկա Լազ, բայց «քոմունիստ», իմ եղբայր:

Մուխթարը իր հայրենակից համշէնցիներուն նման թրքախօս է: Ան կոտրտուած հայերէնով մը կը խօսի: Թէ ինչպէ՞ս սորված է հայերէնը հարցումին, ընդվզած կը պատասխանէ, թէ ինք հայ է, «թուրք չի»: Փաստելու համար թէ հայերէն լաւ կը հասկնայ եւ կը խօսի, կը սկսի թիւեր եւ բառեր արտասանել.«տասը, քսան, շաբաթ, կիրակի …»

Սեղանակիցներուն թիւը հետզհետէ կ՛աւելնայ, մանաւանդ երբ կը գիտնան թէ «եապանճը», օտարական այցելուները հայեր են: Նորեկները  անմիջապէս աթոռ մը կը գրաւեն, սպասեակէն գաւաթ մը թէյ կամ սուրճ կ՛ապսպրեն եւ հարց ու փորձի կը սկսին.
– Ուրկէ՞ կու գաք, Հայաստանէ՞ն: Ի՞նչ գործ կ՛ընէք: Չըլլայ թէ առեւտուր ընելու մտքով եկած էք Թուրքիա. եթէ այդպէս է, ուրեմն լաւ հայեր չէք. լաւ հայը Հայաստան կ՛երթայ եւ այնտեղէն իր առեւտուրը կ՛ընէ…:

Չէմիլ Աքսուն երիտասարդ լրագրող մըն է , «Պիր Եաշամ» պարբերաթերթի խմբագիրը: Ան ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս «աթէիստ», անաստուած: «Ես իսլամ չիմ», կ’ըսէ Չէմիլ:

Ան բացատրութիւն կու տայ 31 մայիսի պատահարներուն մասին եւ կ՛ըսէ թէ ամէն միջոց ի գործ պիտի դրուի բանտարկուած տղաքը ազատ արձակելու համար: Ինք ալ իր կարգին բանտ մնացած է երկա՜ր տարիներ եւ վախ չունի դարձեալ կալանաւորուելէ:
Ընտանեկան ի՞նչ պարագաներ ունի արդեօք Չէմիլը: «Ամուսնացած իմ, մէկ տղոյ ունիմ:»

– Անու՞նը:

– Արեւ:

Արդեօք այլ՝ ոչ թրքական կամ իսլամական անուններ ունեցողներ ալ կա՞ն:

– Կոյ, կ’ըսէ Չէմիլ, օրինակ՝ Լուսին, Լուսենազ, Նորա, Տէնիզ, Վերա, Մարդէ, Ճեննան …

Համամ իշխանի հիմնած Համամշէնի, կամ Համշէնի հայերը, հէմշինլիները, մօտ երեք-չորս  դարերէ ի վեր կրօնափոխութեան ընթացքին մէջ եղած են եւ իսլամութիւնը ընդունած: Անոնց ընտրած կրօնքը զիրենք հալածանքէ, բնաջնջումէ եւ տեղահանութենէ զերծ կացուցած է: Անոնք իսլամական անուններ որդեգրած են, մզկիթներ կառուցած են, իրենց ազգանունները փոխելով յարմարած են թրքական ընկերութեան: Այս բոլորով մէկտեղ կրցած են իրենց բարբառը՝ «հոմշէցմա»ն, տոհմիկ սովորութիւնները՝ պարը, նուագարան «թուլում»ը, օդապարկով տուտուկը, համշէնի փլաւն ու «տոլմա»ն պահել:

Ներկայիս, Թուրքիոյ մէջ, Վրաստանի սահմանագծին մօտ գտնուող գիւղերուն եւ քաղաքներուն մէջ տարբեր ազգային արմատներ ունեցող երեք ժողովուրդներ կ՛ապրին. հէմշինլիներ, կիւրճիւներ եւ լազեր: Հակառակ հինէն ի վեր գոյութիւն ունեցող տոհմային տարբերութիւններուն՝ «էրմէնիները», վրացիները եւ լազերը, համերաշխ կ՛ապրին:

Չէմիլ եւ իրեն նման մտածող տղաք իրազեկ են իրենց անցեալի պատմութեան: Անոնք գիտեն թէ սահմանին միւս կողմը՝ Վրաստանի մէջ ունին ազգակիցներ, որոնք իսլամ չեն, այլ՝ քրիստոնեայ, իսկ աւելի անդին կայ երկիր մը՝ Հայաստանը, որ աշխարհի տարածքին գտնուող բոլոր հայերուն հայրենիքն է: Սակայն ի՞նչ կարելի է ընել. դարերու ընթացքին Թուրքիոյ Հոփա, Պորչքա, Չամլի Հէմշին քաղաքներուն շուրջ գտնուող տարածաշրջանը,  հէմշինլիներուն հայրենիքը եղած է:

 – Մենք երթալիք տեղ չունինք, կ’ըսէ Չէմիլ Աքսուն, այստեղ են մեր անցեալը, ներկան ու ապագան:

Ան պատկերաւոր ձեւով կը փորձէ բացատրել իր միտքը.

– Այստեղ հին կղպանք մը եւ հին բանալի մը ունինք. մենք պարտաւոր ենք բանալու այդ կղպանքը յատուկ իր բանալիով, որպէսզի գոյատեւենք:

Յուլիս-օգոստոս ամիսներուն, Սեւ ծովու եզերքը գտնուող շրջաններուն մէջ  ջերմաստիճանը հասած է քառասունի: Հոփան երկար ատենէ ի վեր այս տեսակ տաք եղանակ չէ ունեցած: Սակայն օրուան հրատապ խնդիրը բողոքի ցոյցն է. անոր տուն տուող պատճառները՝ անգործութեան ալիքը, ժողովուրդին հողին, բերքին, ջուրին իւրացուիլն է մեծ ընկերութիւններուն կողմէ: Հէմշինլի Ռէճէպը, Հաքքանը, Օսմանը, Իսմէթը այս ձեւով կը հիմնաւորեն հարցերը: Բոլորն ալ անխտիր կը փորձեն իրենց կոտրտուած հայերէնով արտայատուելու՝ ըսելով, թէ իրենք ոչ իսլամ են, ոչ ալ թուրք. «էրմէնի» են, հայ են եւ արժանապատուութեամբ կ՛ուզեն ապրիլ այս երկրին մէջ:

«Մուխթարը», որու խօսքը կը թուի ըլլալ տիրական, ներկաներուն կը «հրահանգէ».

– Էրթանք իմ գեղ:

Ճամբան տեղ-տեղ հողոտ է եւ փոսեր գոյացած են ասֆալտի չգոյութեան պատճառաւ: Ինքնաշարժը շատ դանդաղ կը յառաջանայ:

– Այս ճամբան ե՞րբ պիտի շինեն:

– Ինչո՞ւ կառավարութեան հո՞գն է, թէ մենք ինչ տեսակ դժուարութիւններու մատնուած ենք:

Այսպէս կ՛արտայայտուին ինքնաշարժին մէջ գտնուողները թրքերէն լեզուով:

Ճամբուն երկայնքին բլուրները խիտ կանաչով մը ծածկուած են. բուսականութեան  մեծ մասը թէյի թուփեր են: Վերելքին շարժավարը ստիպուած է դանդաղեցնելու ինքնաշարժը, տեղ-տեղ դիմացէն եկողներուն ճամբայ տալու: Ճամբուն եզերքը կանգնած բեռնատարի մը ետեւ սովորականէն աւելի երկար կը սպասենք. ինքնաշարժին մէջ գտնուողները բան մը կը նկատեն եւ կը մտահոգուին: Պատճառը բեռնատարին ետեւը փակցուած գրութիւնն է՝ Once vatan, այսինքն «հայրենիքը առաջնահերթ»: Գրութեան տակը Ergonikon ստորագրութիւնը կայ, թուրք ծայրայեղ ազգայնական կազմակերպութեան անունը: Հէմշինլի մեր բարեկամները կ՛ուզեն գիտնալ թէ ինչո՞ւ բեռնատարը այստեղ կանգ առած է, տէրը ո՞վ է, որո՞ւ քով եկած է …:

Վրացական սահմանին մօտ Քեմալ փաշա գիւղաքաղաքի փոքրիկ գիւղերէն մէկն է Քէօբրիւճին: Գիւղը հրապարակ չունի: Ճամբուն լայն բաժնին մէջ հին ջաղացք մը կայ, ուր նոր քաղուած թէյի կանաչ տերեւները մեծ սաւաններու մէջ կ՛ամփոփուին եւ կը ծրարուին, սպասելով բեռնատարին: Գիւղացիները վերադարձած են աշխատանքէն: Ոմանք թէյի տերեւներով լեցուն պարկերուն վրայ երկնցած կը հանգչին. Ուրիշներ, տան մը մուտքին, իրենց կարմրաթուշ թոռնիկները կը գգուեն: Կ՛ուզենք վստահ ըլլալ որ գիւղին բնակիչները «էրմէնի» են եւ ոչ թէ լազ կամ կիւրճիւ. փոքրիկ աղջկայ մը կը հարցնենք.

– ինչպէ՞ս ես.

– Պէտք իմ.

Նոյն հարցումը կ՛ուղղենք տարիքոտ մարդու մը, որ թէյի պարկերը կը տեղաւորէ փոքր բեռնատար կառքի մը վրայ. կ՛ընկրկի, ապա թրքերէնով կ՛ըսէ.

– Գիտեմ թէ «պէտք իմ» պէտք է ըսեմ, բայց ես «էրմէնի» չեմ, ես Լազ եմ:

Գիւղացիք ուրախ են որ կը խօսինք լեզու մը, որ այդքան ալ խորթ չէ իրենց համար: Իրենք կը դժուարանան հայերէնով արտայայտուելու, բայց կը փորձեն.

– Չայ խմինք:

Հակառակ տօթին, տաք թէյ խմելու սովորութիւնը ընդհանրացած է համշէնցիներուն մէջ: Թէյի երեք տարբերակները՝ պարզը, նարինջի եւ կեռասի հիւթով պատրաստուածը, մէկէ աւելի անգամներ կը հրամցուին: Տեղացիներուն հիմնական մտահոգութիւնը տնտեսական տագնապն է, որուն անմիջականօրէն կ՛առնչուի իրենց գոյութեան պայքարը: Թէյի մշակութիւնը համշէնցիին եկամուտի հիմնական աղբիւրներէն մէկն է. սակայն վաճառականը, քաղուած թէյի վճարումը կ՛ընէ փոխանակումով ՝ իւղով, շաքարով եւ այլ պարէնով: Խոստացուած պարէնը յաճախ կ՛ուշանայ, իսկ առեւտուրին մէջ չարաշահութիւն տեւապէս կայ, ի վնաս գիւղացիին: Կառավարութիւնը կ՛առաջարկէ թէյի բերքը իր միջնորդութեամբ գնել գիւղացիներէն, սակայն անտարբերութեան եւ անհոգութեան պատճառաւ գործառնութիւնը կ՛ուշանայ, պատճառ դառնալով հունձքի փճացումին: Համշէնի  փայտաշէն տուները, որոնք գեղեցկօրէն ցցուած կը մնան բլուրներու լանջին, հինցած եւ խարխլած են եւ նորոգութեան կը կարօտին, սակայն բաւարար եկամուտ չկայ նորոգելու զանոնք: Այստեղ ժողովուրդը լքուած կը զգայ ինքզինք. նոյնիսկ հալածուած, հինէն ի վեր: Կրօնափոխութիւնը կրցած է փրկել համշէնցին բնաջնջումէ, սակայն անոր դէմ խտրականութիւնը չէ դադրած. իսկ ան շարունակած է իր «կարծր գլուխ» յամառութեամբ արմատներուն կառչած մնալ: Իսլամութիւնը ընդունելով մզկիթ շինած է, սակայն չէ մտած հոն աղօթելու. անուն փոխած է, թրքախօս դարձած է, սակայն բարբառը եւ սովորութիւնները չէ մոռցած:

Կը սկսինք հասկնալ համշէնցիին տագնապը: Կ՛ըմբռնենք թէ ինչո՞ւ մուխթարը եւ իր ընկերները, յաճախ «սոսիալիստ», «մարքսիստ», « քոմունիստ» բառերը կը գործածէին իրենց խօսակցութեան մէջ, իրենց հարցերու լուծումը տեսնելով գաղափարական պայքարի մէջ: Գիւղացիներուն արծարծած նիւթերը, մեծերուն եւ փոքրիկներուն ձայները իրարու կը խաչաձեւեն:  Ականջալուր կ՛ըլլանք երկու տարեցներու հետաքրքրական խօսակցութեան: Անոնցմէ մէկը կ՛ըսէ.

-Վերջերս շատ հայեր արտասահմանէն կու գան մեր շրջանը եւ կը հետաքրքրուին մեզմով. չըլլայ թէ մեր գլխուն փորձանք մը գայ:
Իսկ միւսը կը պատասխանէ.

– Ինչո՞ւ կը վախնաս, պիտի ջարդե՞ն, պիտի աքսորե՞ն մեզ. չեն կրնար:

                                                            ***

Հոփայի անշուք թաղի մը մէջ խորովածի իւրայատուկ ճաշարան մը կայ, Epage ocakbasi անունով: Այստեղ՝ սեղաններուն վրայ, կրակարաններ հաստատուած են եւ յաճախորդներ իրենք կ՛եփեն մսեղէնը եւ կ’ուտեն:

Ճաշարանատէրը հէմշինլի է: Ան յատուկ սրամտութեամբ մը ճաշարանին տրուած անունը կը բացատրէ.

– Աս հոմշէցմա, հոմշեցի լիզու է, ըսել է «էփա կէ», եփէ՛, կե՛ր:

Այս բացատրութիւնը ստանալէ եւ մսեղէնները մեր ուզած ձեւով եփել-ուտելէ ետք տարբեր աչքով կը սկսինք դիտել Epage ճաշարանը: Մանաւանդ, երբ հէմշինլիներու հետ կենացներ կը փոխանակուին:

– Հայաստանի՛ն կենացը:

– Հայութեա՛ն կենացը:

– Հէմշինլիներո’ւն կենացը:

Ներկայ երիտասարդներէն մին, չենք գիտեր՝ թէ մաղթա՞նք մը, թ՞է մարտահրաւէր մըն է իր  մեզի փոխանցածը, կ՛ըսէ.

– Մենք հարո՛ւր տարի, էրկո՛ւ հարուր տարի, էրէ՛ք հարուր տարի մնացիր ինք հայ: Դուք ալ մեզ նման էրկա՛ր ժամանակ մնա՛ք հայ:

 
You May Also Like