Ե՞րբ Եւ Ի՞նչպէս Կ’ըլլան Միւս Փոփոխութիւնները

Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, «Լուսաբաց», 12 Դեկտեմբեր 2015

Սահմանադրական փոփոխութիւնները Հայաստանի մէջ, որուն թեր ու դէմ եղան զանազան հայրենի քաղաքական կազմակերպութիւններ եւ որուն պատճառաւ շատ աղմուկ բարձրացաւ վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին, հայրենի ժողովուրդի մեծամասնութեան (63,35%) կողմէ Կիրակի, Դեկտեմբեր 6-ին, հանրաքուէով վաւերացուեցաւ:

Թեր քուէարկողները դէմ քուէարկողներու թիւին գրեթէ երկու անգամն էին:

Փոփոխութիւնները, ի մէջ այլոց եւ գլխաւորաբար, Հայաստանի իշխանաձեւը նախագահականէն (presidential) խորհրդարանականի (parliamentarian) վերածեցին եւ հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւնը սահմանափակելով` զայն անուանական պետ (figurehead) դարձուցին, Ազգային Ժողովի թիւը 131 ներկայացուցիչէ 101-ի իջեցուցին, անոր ներկայ բազմակուսակցական դրութիւնը (թիւով վեց) երկու հոսանքներու (իշխող եւ ընդդիմադիր) միջեւ ըլլալու ձեւ ստեղծեցին, երկրին հոգեւոր կեանքի բացարձակ առաքելութիւնը (exclusive mission) յանձնեցին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիին, կարելի դարձուցին կարծիքի ու գաղափարի ազատութեան (freedom of belief) կրճատումը կամ զսպումը` պետական ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը պաշտպանելու համար:

Ինչպէս յաճախ կը պատահի թերաճ երկիրներու մէջ կայացած ընտրութիւններուն, այդպէս ալ Հայաստանի մէջ կայացած ընտրութիւնները ընդդիմադիր ուժերուն կողմէ կը ներկայացուին որպէս կեղծիքով ու խարդախութեամբ աղաւաղուած արարք, որ կը ծառայէ իշխանատէրին իշխանութիւնը ամրապնդելու: Այս պարագային ալ չուշացաւ ընդդիմադրութեան ձայնը` քննադատելու հանրաքուէի արդիւնքը:

Յատկանշանկան է որ ազգային երեք աւանդական կուսակցութիւնները (ՍԴՀԿ, ՀՅԴ, ՌԱԿ) սահմանադրական փոփոխութիւններուն ի նպաստ դիրք բռնեցին, յուսալով որ գուցէ բարեփոխումներու շարք մը սկսի սահմանադրական փոփոխութիւններով…:

Կ’ըսուի թէ ներկայ սահմանադրական փոփոխութիւններու որդեգրումով Հայաստան կը դառնայ Եւրոպայի շատ մը երկիրներու վարչաձեւերուն նման աւելի ժողովրդավարական եւ իշխանութիւնը կը ծնի Ազգային Ժողովէն ու կը դառնայ աւելի պատասխանատու անոր առջեւ: Այսինքն, ժողովուրդէն ծնած իշխանութիւն` ժողովուրդին ծառայելու համար:

Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան հանրաքուէէն ետք խօսք առնելով յիշեց թէ մինչեւ Յունիս 1, 2016, պէտք է որ նոր ընտրական օրէնք մշակուի ու որդեգրուի, որպէսզի 2017-ի Ազգային Ժողովի երեսփոխանական ընտրութիւնները այդ օրէնքին գործադրութեամբ կատարուին: Խօսեցաւ նաեւ շատ մը նոր օրէնքներ մշակելու տրամադրութեամբ:

Ընտրական օրէնքի մշակումի ծալքերուն մէջ կը պահուըտին ապագային տեղի ունենալիք բոլոր բարեփոխումները որոնց կարօտ է Հայաստան` դուրս գալու համար իր ներկայի շահադիտական եւ մենատիրական մթնոլորտէն, որմէ հայրենի ժողովուրդը կը տառապի անկախութեան տիրանալէն ի վեր (1991):

Արդեօք ո՞րքան անկողմնակալ եւ արդար միտքով պիտի գծուի ու կատարուի ընտրաշրջաններու սահմանումը, որպէսզի նախապէս ծրագրուած ու նախատեսուած ընտրութեանց արդիւնքը չստացուի:

Լիբանանի մէջ տարիներէ ի վեր կարելի եղած չէ նոր ընտրական օրէնք անցընել, որովհետեւ իւրաքանչիւր քաղաքական կողմ ուզած է իրեն ի նպաստ ընտրական օրէնք ձեւել: Ատենօք այդ երկրին մէջ 1957-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները ծառայեցին նախագահ Քամիլ Շամունի վերընտրութիւնը յաջողցնելու, ընտրական օրէնքով մը, որ ձեւուած էր ձախողեցնելու համար երկրին երեւելի պարագլուխներու ընտրութիւնը, որոնք դէմ էին Շամունի նախագահ վերընտրութեան: Արդիւնքը եղաւ 1958-ի քաղաքացիական պատերազմը Լիբանանի մէջ (Մայիս–Հոկտեմբեր 1958):

Արդեօք ճիշդ պիտի ելլէ՞ շատ մը ընդդիմադիր կողմերուն վախը, թէ նախագահ Սերժ Սարգսեան (Լիբանանի նախագահ Քամիլ Շամունի օրինակով) օրէնք կը մշակէ, սկսեալ սահմանադրական փոփոխութիւններէն, որպէսզի իր եթէ ոչ վերընտրութիւնը, գէթ մենատիրութիւնը հաստատէ Ազգային Ժողովին վրայ` իր կողմէ ձեւուած եւ չափուած մեծամասնութեան ձայներով…:

Ե՞րբ պիտի ըլլան արդեօք միւս փոփոխութիւնները եւ ի՞նչ ձեւով…: Թերաճ երկրի օրինակո՞վ` մենատէրին ծառայող, թէ՞ եւրոպական օրինակով` ժողովուրդին ծառայող:

You May Also Like