«Ուխտի Հարիւրամեակ, Յետոյ Ի՞նչ» Շարքէն
Ոսկան Մխիթարեան, Լոս Անճելըս, 9 Օգոստոս 2015
Իրական եւ գործնական համերաշխութիւնը այն ատեն միայն կարելի պիտի ըլլայ
ձեռք բերել երբ անձնականութենէ շատ բարձր համարուին Աթոռներու պատմական
եւ նուիրական դիրքը եւ մանաւանդ այն օգուտը՝ որ պիտի ծնի համերաշխութենէ
եւ որմէ պիտի օգտուին Եկեղեցին եւ ժողովուրդը:
Սահակ Կաթողիկոս Կիլիկիոյ
Անգամ մը եւս սահմանենք թէ ի՞նչ կը հասկնանք կամ ի՞նչ պէտք է հասկնանք եկեղեցի ըսելով: Եկեղեցին Քրիստոսի հաւատացող մարդոց համախմբումն է, որ աստուածային շնորհներու ընկալումով կը ձգտի հասնիլ Քրիստոսի քարոզած աւետարանական վեհ գաղափարներուն:
Թէեւ եկեղեցի ըսելով նաեւ կը հասկնանք հաստատութիւն մը, բայց այդհաստատութիւնը ամբողջական է, երբ հոն մէկտեղուած կան կառոյցը (շէնքը), ժողովուրդը, դաւանանքն ու պաշտամունքը եւ եկեղեցւոյ պաշտօնէութիւնը, որ եկեղեցականութիւնն է մասնաւորաբար: Եկեղեցականութիւն կոչեցի փոխանակ ըսելու հոգեւորականութիւն, որովհետեւ առ հասարակ այսօր այդտեղ ոչինչ կայ հոգեւոր այլեւս. հոն կայ միայն սնանկացած եկեղեցականութիւն մը, պարպուած բոլոր աստուածահաճոյ հոգեւոր արժէքներէն եւ դարձած ամսականաւոր պաշտօնէութիւն, որուն կը հետաքրքրէ միայն փառքն ու պատիւը եւ ամենէն շատ դրամը (բացառութիւնները միշտ յարգելի են:
«Ուխտի Հարիւրամեակ, Յետոյ Ի՞նչ» Շարքէն
Ոսկան Մխիթարեան, Լոս Անճելըս, 9 Օգոստոս 2015
Իրական եւ գործնական համերաշխութիւնը այն ատեն միայն կարելի պիտի ըլլայ
ձեռք բերել երբ անձնականութենէ շատ բարձր համարուին Աթոռներու պատմական
եւ նուիրական դիրքը եւ մանաւանդ այն օգուտը՝ որ պիտի ծնի համերաշխութենէ
եւ որմէ պիտի օգտուին Եկեղեցին եւ ժողովուրդը:
Սահակ Կաթողիկոս Կիլիկիոյ
Անգամ մը եւս սահմանենք թէ ի՞նչ կը հասկնանք կամ ի՞նչ պէտք է հասկնանք եկեղեցի ըսելով: Եկեղեցին Քրիստոսի հաւատացող մարդոց համախմբումն է, որ աստուածային շնորհներու ընկալումով կը ձգտի հասնիլ Քրիստոսի քարոզած աւետարանական վեհ գաղափարներուն:
Թէեւ եկեղեցի ըսելով նաեւ կը հասկնանք հաստատութիւն մը, բայց այդհաստատութիւնը ամբողջական է, երբ հոն մէկտեղուած կան կառոյցը (շէնքը), ժողովուրդը, դաւանանքն ու պաշտամունքը եւ եկեղեցւոյ պաշտօնէութիւնը, որ եկեղեցականութիւնն է մասնաւորաբար: Եկեղեցականութիւն կոչեցի փոխանակ ըսելու հոգեւորականութիւն, որովհետեւ առ հասարակ այսօր այդտեղ ոչինչ կայ հոգեւոր այլեւս. հոն կայ միայն սնանկացած եկեղեցականութիւն մը, պարպուած բոլոր աստուածահաճոյ հոգեւոր արժէքներէն եւ դարձած ամսականաւոր պաշտօնէութիւն, որուն կը հետաքրքրէ միայն փառքն ու պատիւը եւ ամենէն շատ դրամը (բացառութիւնները միշտ յարգելի են:
Հայ ժողովուրդին կեանքը յուզող եւ տագնապեցնող ամենալուրջ հարցերէն մէկն է Հայց. Եկեղեցւոյ միութեան հարցը, որուն մասին միայն կը խօսուի եւ ո'չ մէկ լուրջ աշխատանք կը տարուի զայն կեանքի կոչելու: Բոլորս գիտենք որ Եկեղեցին դարերու ընթացքին եղած է հայ լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման գանձարանը: Ուստի աններելի կը գտնենք մեր այսօրուան «ղեկավարութեան» անտարբերութիւնն ու ենթակայութիւնը:
Մեր ժողովուրդի առջեւ ցցուող արգելքները բազմաթիւ են, որոնք յաճախ դիտաւորեալ կերպով ստեղծուած են մեր կեանքը բարդացնելու համար: Սակայն՝ մեզի կը պակսին այդ խոչընդոտները յաղթահարելու կամքն ու կորովը եւ ընկղմած ենք համատարած անտարբերութեան մէջ, որովհետեւ դադրած ենք հաւատալէ որ Եկեղեցին էական դեր ունի կատարելիք մեր ազգային կեանքին մէջ:
Վերջին հարիւրամեակի քաղաքական հալածանքները, տեղահանութիւններն ու գաղթական կեանքը՝ իրենց կազմալուծիչ ազդեցութիւնն ու դրոշմը բերին մեր ժողովուրդի ընդհանուր աշխարհայեացքին վրայ, մասնաւորաբար Արեւմտեան աշխարհի մէջ, ուր ազգովին կլանուեցանք նոր բարքերու յորձանուտին մէջ: Պայմաններու բերումով, մերազգային կեանքին մէջ յառաջ եկած այս փոփոխութիւնները նոր հանգրուանի մը առջեւ դրին Հայ ժողովուրդի ընկերային-հասարակական կեանքը, մասնաւորաբար գաղթավայրերու մէջ, ուր ամբողջութեամբ ենթարկուեցանք միջավայրի պայմաններուն, երբեմն ալ մեր աւանդութիւններուն հակոտնեայ սկզբունքներու, ստեղծելով այնպիսի պայմաններ՝ ուր եղծուեցան մեր ազգային բոլոր սկզբունքներն ու նկարագիրը:
Հետեւաբար՝ վերակենդանացնելու համար Եկեղեցւոյ միութիւնը, անհրաժեշտ կը գտնենք մէկդի թողուլ մեր անցեալի դառն փորձութիւններն ու փորձառութիւնները որուն մասին ցասումով կ'անդրադառնայ Հրաչ Միրզախանեան՝ «Նոր Աշխարհ» (“NOR ASHKHAR” Armenian Cultural Social Weekly, 33 Sistou Str., GR 18450 NIKEA GREECE) Աթէնքի մէջ հրատարակուող շաբաթաթերթին մէջ: Նկատի ունենալով հայութեան կատարած միասնականութեան ուխտը ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով, անտեղի կը նկատենք, սնանկացած վաճառականներու պէս, հին հաշիւներու տետրակներուն մէջ փնտռել պատասխանատուները՝ անցեալի մեր սխալներուն, որոնց մէջ անտարակոյս բոլորս ալ բաժին ունինք. կարեւորը ա'յն է՝ թէ ի՞նչ սորվեցանք մեր սխալներէն:
Շա՜տ հետաքրքրական է «Նոր Աշխարհ»ի խմբագրութեան կողմէ տրուած բացատրութիւնը. «Հիմա, Հրաչ Միրզախանեանի ներկայ յօդուածին (զոր կու տանք նոյնութեամբ, առանց յապաւումի) ընդմէջէն բարձրացուած ցաւն ու մտահոգութիւնները՝ ի խնդիր Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ միասնականութեան ու անսասանութեան եւ եկեղեցական տագնապի լուծման, տեղին հարցադրումներ են՝ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հայու մատը չսպիացող վէրքին դնող: Ա՛լ աւելին, ընդվզումի կոչեր են՝ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ անսասանութեան սպառնացող եւ ներսէն նիւթուած փոթորիկներուն դէմ, որպէսզի հայ քրիստոնեան մեր դարաւոր արմատներուն կապուի, որպէսզի Եկեղեցին կանոնադրական դատարկութենէ ու եկեղեցական կեանքն ալ փտածութենէ փրկուի, եւ կարեւորագոյնը՝ Եկեղեցին մաքրագործուի խտրականութեան որջ դարձած կուսակցականութեան թանձրաթանձր կեղտէն»:
Կասկածէ վեր է որ «Նոր Աշխարհ» շաբաթաթերթի խմբագրութիւնը կը բաժնէ Հրաչ Միրզախանեանի տեսակէտները եւ անոնց վրայ կ'աւելցնէ նաեւ իր վրդովմունքն ու մտահոգութիւնները, ինչպէս նաեւ իր թելադրութիւնները, զորս պիտի ուզէինք մեր խորհրդածութեան առարկան դարձնել յաջորդող պարբերութիւններուն մէջ.-
1.- «Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ անսասանութեան սպառնացող եւ ներսէն նիւթուած փոթորիկներուն» գլխաւոր պատճառները նոյն ինքն եկեղեցականներն են, որոնք կը տառապին կղերապետութեան անյագ ախորժակներէ, եւ ուրիշներ՝ ստրկական հոգեբանութենէ, չզրկուելու համար իրենց աթոռներէն եւ ամսականներէն: Եթէ պատուախնդիր ըլլայ Հայ եկեղեցականութիւնը (բացառութիւնները միշտ յարգելի) Եկեղեցին խաղալիկ չի կրնար ըլլալ ո'չ մէկ կազմակերպութեան ձեռքը: Այստեղ կ'արժէ յիշել եւ յիշեցնել Երուսաղէմի հանգուցեալ Պատրիարք Եղիշէ Արք. Տէրտէրեանի մէկ խօսքը՝ ուղղուած Հնչակեան ծանօթ ղեկավարի մը, Պէյրութի մէջ, վստահաբար իրեն յատուկ սրամիտ քմծիծաղով մը. «Դաշնակցականները՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը գրաւեր են, Ռամկավարները՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը, դուք ալ եկէ՛ք Երուսաղէմը գրաւեցէք:» Պէտք կա՞յ յաւելեալ մեկնաբանութեան:
2.- «Որպէսզի Եկեղեցին կանոնադրական դատարկութենէ ու եկեղեցական կեանքն ալ փտածութենէ փրկուի», այս մասին կարելի է ստուար հատոր մը գրել եւ ժամանակին զանազան յօդուածներով անդրադարձած ենք այս իրողութեան, բայց կ'արժէ անգամ մը եւս անդրադառնալ այս տխուր իրողութեան աւելի հակիրճ կերպով: Կանոնագրական դատարկութիւնը յառաջ եկած է մասնաւորաբար կաթողիկոսական մեր երկու Աթոռներու գահակալներու սանձարձակ գործունէութենէն: Դժբախտաբար եկեղեցւոյ խունկը եւ եկեղեցական պաշտօնէութեան բեմական հրապոյրը առաւել հիմնական տեղ կը գրաւեն մեր ժողովուրդի հոգիին մէջ քան Հայց. Եկեղեցւոյ ժողովրդապետական կառոյցը նուիրագործող եւ ամրացնող պատուանդանը որ կը կոչուի ՕՐԷՆՔ:
Ցաւ ի սիրտ կը յայտարարենք, թէ բացորոշ վարանք մը կայ կարգ մը պատասխանատու մարդոց մօտ, ներառեալ մեր բոլոր կազմակերպութիւնները անխտիր՝ ազգային-եկեղեցական սահմանադրական կարգերը անխախտ պահելու, եւ մասնաւորաբար սանձելու բաձրաստիճան եկեղեցականներու ակներեւ յաւակնութիւններն ու յոխորտանքները, եւ պարտադրել որ մնան անոնք իրենց կոչումին թելադրած պարկեշտութեան մէջ: Ինչո՞ւ չեն սանձեր. որովհետեւ կազմակերպութեանց հաշւոյն կու գայ որ այդ դժբախտ եւ տխուր իրողութիւնը շարունակուի եւ իրենք կարենան գործել եւ շահագործել ի հաշիւ իրենց կազմակերպութեան եւ նաեւ անհատական շահերուն: Հայց. Եկեղեցւոյ բարձրագոյն գործադիր իշխանութիւնը, որ օրուան կաթողիկոսն է, պարտաւոր է յարգել սահմանադրական կարգերը, որովհետեւ ժողովրդավարական կարգերու անտեսումը արհամարհանք մըն է Հայ Ժողովուրդի նուիրական եւ անկապտելի իրաւունքներուն հանդէպ:
«Եկեղեցւոյ կանոնադրական դատարկութեան» յոռեգոյն դէպքերէն մէկը տակաւին թարմ է մեր բոլորին յիշողութեան մէջ: Անցեալի տարի մեր եկեղեցական կեանքէն ներս կատարուած սանաձարձակութեան բացայայտ օրինակներէն՝ Ֆրանսայի Առաջնորդ՝ Նորվան Արք. Զաքարեանի հրաժարականի պարագան էր: Ահաւասիկ այսպիսի վաստակաշատ բարձրաստիճան հոգեւորական մը թիրախ կը դառնայ Ամենայն Հայոց Հայրապետի՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի քինախնդրութեան եւ վրէժխնդրութեան. «Վեղարը գլխիցդ կ'առնեմ, փիլոնազուրկ կ'անեմ, կը կանգնեցնեմ դասի մէջ, հաւատացեալները կը գան կը տեսնեն որ դու պատժուած ես. մկրտութիւն, պսակ թաղում չես կարող անել»…: Ո՜հ, ինչ ողբերգութիւն…
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը դիմագրաւէ նաեւ նոր տագնապներ՝ Փարիզէն, Նիսէն մինչեւ Ժընեւ, Գանատայէն մինչեւ Հարաւային Ամերիկա, Պուլկարիայէն մինչեւ Հնդկաստան: Այժմէական Կանոնագրութեան մրբացակայութիւնը առիթ տուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին՝ չարաշահելու իր դիրքն ու հեղինակութիւնը հայրենի պետական օրհնութեամբ:
Հոգեբանական այս բարդոյթէն (մեծամտութիւն եւ անտառային օրէնքի հասկացողութիւն) կը տառապի նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.-ը, որ բազմիցս յայտարարած է իր կրտսեր միաբաններուն. «Ան որ չի հնազանդիր իմ հրահանգներուս, քուրջի նման կը ճզմեմ եւ կը ստորնացնեմ այդ անձը, զէրոյի կը վերածեմ»,– կը վկայեն երիտասարդ միաբաններ: Ո՜հ ինչ փոքրոգութիւն…
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ հոգեւոր իշխանութիւնը եկեղեցականութիւնն է, եւ սակայն վարչական-ժողովական կեանքի մէջ՝ կաթողիկոսներ, պատրիարքներ եւ առաջնորդներ գործադիր իշխանութիւնը կը ներկայացնեն եւ որեւէ օրէնսդրական յաւակնութիւն չեն կրնար ունենալ, եւ պէտք չէ ունենան, որովհետեւ օրէնքէ վեր ոչ մէկ իշխանութիւն գոյութիւն ունի, եւ ուրեմն որեւէ հանգամանք պէտք չէ զիրենք մղէ ինքնիշխան դառնալու յանձնապաստանութեան:
Կաթողիկոսներ կը կարծեն որ իրենք են օրէնքը եւ հետեւաբար կրնան անիրաւել եւ բռնաբարել մարդկային ազնիւ զգացումները, որովհետեւ իրենք ամէն օրէնքէ վեր կը մնան: Այս մտածելակերպը մեզ առաջնորդած է քաոսային ողբալի վիճակի մը: Ինչպէ՞ս կարելի է սպասել, որ Եկեղեցւոյ հոգեւոր սպասաւորութեան թեկնածուներ յանձն առնեն մուտք գործել սեմէն ներս այնպիսի հաստատութեան մը, ուր կը բացակայի «սիրոյ, շնորհքի, արդարութեան քաղցր մթնոլորտը», եւ ուր, ըստ պարագայի, երկի՛ցս եւ երի՛ցս Ս. Հոգւոյ շնորհներուն օծումը ստացած իշխանաւորներ՝ ստորադասներու հանդէպ լոկ սարսափի ու նուաստացման ապաշնորհ վարքագիծի մը մէջ կ՛ըմբռնեն իրենց «հոգեւոր հայրութեան» դերակատարութիւնը….:
Հոն ուր օրէնք չկայ, այնտեղ կայ կամապաշտութիւն եւ անտառային օրէնք, որոնց հետեւանքով կը կորսնցնենք ժողովուրդը լսելու մեր ունակութիւնը՝ յաղթահարելու համար անտարբերութիւնը անոր, նամանաւանդ մեր նորահաս երիտասարդներուն, որոնք ականատես եւ ականջալուր վկաներն են մեր Եկեղեցւոյ հոգեւոր կեանքին ուծացման եւ սնանկութեան:
Վերադառնանք եկեղեցական կեանքի ա՜յլ ցաւերուն:
Սոյն յօդուածի շարունակութինը ընթերցելու համար խփեցէք Եկեղեցւոյ Միութիւն.- Խմբ.
2 comments
Հայ Առաքելական եկեղեցիի միութիւնը
Քսան տարի առաջ Նիւ Ճըրզի կը բնակէինք: Կիրակի կէսօրները ընտանեօք ճաշի կը նստէինք: Տիկինս եւ ես մեր զաւակներուն հետ Հայ Աւետարանական եկեղեցիէին վերադարձած կ՚ըլլայինք. անէր մայրս Էջմիածնական դէմին պատկան Սուրբ Ղեւոնդեանց եկեղեցիէն վերադարձած կ՚ըլլար, հոն երգչախումբին մէջ կ'երգէր: Հոն կը յաճախէր քանի որ մեր տան մօտն էր. հայրս Կիլիկեան դէմի Սուրբ Վարդանանց եկեղեցիէն վերադարձած կ'ըլլար. մայրս տակաւին Պէյրութ էր, եւ այսպէս կը ճաշէինք: Աներհայրս Կիլիկեան դէմին Սուրբ Վարդանանց եկեղեցիով թաղուեցաւ, բայց տարելիցը կատարուեցաւ Էջմիածնական դէմի Սուրբ Ղեւոնդեանց եկեղեցիի յարկին տակ:
Ես երբէք հայ Առաքելական Եկեղեցիին երկուուութիւնը չեմ ապրած: Ամէնքն ալ իմ տրամադրութեանս տակ գտած եմ: Որպէս Առաքելական եկեղեցի իմ նախասիրութիւնս Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատկան եկեղեցիներն են պարզապէս քանի որ ճանչցած եմ անոնց կղերականները եւ պատմականօրէն աւելի մօտ կը զգամ այդ դէմին:
Եթէ Հայ Առաքելական եկեղեցիին միութիւնը կը նշանակէ վերացումը Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսւոթեան եւ Հայ Առաքելական եկեղեցին միաւորուի միայն Էջմիածնով, շատ մեծ կորուստ մը պիտի նկատեմ պատահածը, թէեւ հոգեւոր կեանքիս մէջ ոչ մէկ տարբերութիւն պիտի ընէ պատմական նման սխալ մը:
Եկեղեցւոյ Միութիւն
Յօդուածագիրը կը հրաւիրեմ աւելի համեստ եւ հաւասարակշիռ դատավճիռի: Ապշեցուցիչ է որքան դիւրութեամբ ամբողջ եկեղեցին կ'անարգենք եւ մեր անձերը կը սրբացնենք : Ինծի համար ալ եկեղեցիի վիճակը մտահոգիչ է :
Անձնապէս ես եկեղեցականներուն եւ հայկական լրատուական մարմիններուն հարիւրաւոր նամակներ ուղարկեցի որ մերժեն 100-ամեակի ոգեկոչման կազմակերպութեան համար ընդունուած խորհրդանիշը՝ անմոռուկ ծաղիկը որ մեր ցեղասպանութեան կազմակերպիչ մասոնները իբր ծայրագոյն անարգանք մեզի պարտադրեցին : Ոչ մէկ արձագանք: Բայց այդ չի նշանակեր որ ես մեղքի մէջ չեմ թաղուած եւ եկեղեցին մեռած է:
Եթէ յօդուածագիրը ճշմարիտ է եւ մտածէ՝ կը տեսնէ թէ որքան քրիստոսանուէր եկեղեցականներ կան եւ եթէ քիչ մը կը հետաքրքրուի Հայաստանի մէջ հաւատքի կեանքով կը տեսնէ որ եկեղեցին այսօր Հայաստանի մէջ միակ հաստատութիւնն է որ ամենաքիչ վարակուածն է եւ կրիչը առողջ ապագայի : Գլխաւոր թշնամին անառակ եւ դրածոյ չկաթողիկոսն է եւ Անթիլիասի մասոն գահակալը:
Comments are closed.