Յարութ Տէր Դաւիթեան, Լոս Անճելըս, 21 Նոյեմբեր 2013
Սկիզբէն յստակացնենք մեր ընթերցողին, որ խորագրի «եղծում» բառը մեր նախընտրած թարգմանութիւնն է անգլերէն corruption բառին, որ հայրենի մամուլի մէջ պարզապէս դարձած է «կոռուպցիա», իսկ սփիւռքահայ մամուլի մէջ՝ կաշառակերութիւն: Եղծումը իր մէջ կ'ընդգրկէ ոչ միայն կաշառակերութիւն բառի իմաստը, այլեւ՝ փտութիւն, փչացում, քանդում, խաթարում, ապականում, այլանդակում, աղաւաղում եւ հերքում բառերու իմաստները:
Յարութ Տէր Դաւիթեան, Լոս Անճելըս, 21 Նոյեմբեր 2013
Սկիզբէն յստակացնենք մեր ընթերցողին, որ խորագրի «եղծում» բառը մեր նախընտրած թարգմանութիւնն է անգլերէն corruption բառին, որ հայրենի մամուլի մէջ պարզապէս դարձած է «կոռուպցիա», իսկ սփիւռքահայ մամուլի մէջ՝ կաշառակերութիւն: Եղծումը իր մէջ կ'ընդգրկէ ոչ միայն կաշառակերութիւն բառի իմաստը, այլեւ՝ փտութիւն, փչացում, քանդում, խաթարում, ապականում, այլանդակում, աղաւաղում եւ հերքում բառերու իմաստները:
Առաջին հայեացքով, հաւանաբար չընկալուի այն սերտ առնչութիւնը որ կայ եղծման եւ ազգասիրութեան միջեւ: Շատերու համար եղծման կամ կաշառակերութեան միջոցաւ ծրագրի մը յաջող իրականացումը կրնայ նոյնիսկ մեկնաբանուիլ որպէս ճարպիկութիւն կամ ձեռներէցութիւն: Բայց երբ աւելի խորը նայելու ըլլանք, պիտի համոզուինք որ անիկա ժխտումն իսկ է օրէնքի գերակայութեան սկզբունքին: Եւ ուր որ օրէնքը բացակայ է, հոն անասնական կամ անտառի միջավայրն է տիրապետողը: Այդպիսի միջավայրի մէջ, ամէն մէկ էակի գերագոյն նպատակը իր փորը կշտացնելն է, հոգ չէ թէ այդ կ'ըլլայ ի հաշիւ դիմացինի կողոպուտին եւ կամ սպանութեան: Այդպիսի միջավայրի մէջ, էակ մը կրնայ որոշ ժամանակ «յաղթական» ըլլալ, բայց ուշ թէ կանուխ դատապարտուած է դառնալու զոհը նոյն այդ միջավայրին: Այդպիսի միջավայրի մէջ, հաւաքական պատկանելիութեան գիտակցութիւն չի՛ կրնար գոյութիւն ունենալ: Իսկ ազգասիրութիւնը այդ գիտակցութեան վեհ արտայայտութիւնն է:
Վերեւի խորհրդածութիւններով համակուեցանք, երբ կարդացինք Policy Forum Armenia-ի վերջին տեղեկագիր-ուսումնասիրութիւնը Հայաստանի մէջ տիրող եղծման մասին (Տես ամբողջութեամբ՝ Corruption in Armenia): Փաստացի տուեալներու օգտագործումով, ուսումնասիրութիւնը կը հիմնաւորէ գիտակից շրջանակներու մէջ տարածուած այն բացայայտ ըմբռնումը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան բարօրութեան անհրաժեշտ զանազան ոլորտներ ահազանգային վայրէջքի մէջ են: Եղծումը բացայայտ է օրէնքի գործադրութեան, ռազմային, հանրային մատակարարութեան, առողջապահութեան, կրթութեան եւ տնտեսութեան բնագաւառներուն մէջ:
Ահազանգային է մանաւանդ անցնող տասը տարիներու ուղղութիւնը (trend) եւ այն սպասուող հետեւանքները, որոնց շատ հաւանական է որ յանգինք: Օրինակի համար, ըստ Transparency International միջազգային կազմակերպութեան Corruption Perception Index-ին, 2003-ի տուեալներով Հայաստան կը գրաւէր 78-րդ դիրքը 182 երկիրներու մէջ: Սակայն 2011-ի տուեալներով ան գահավիժած էր 129-րդ դիրքի: Եղծման ոլորտի այս գահավիժող ուղղութիւնը բացայայտ է նաեւ այլ ոլորտներու պարագային, ինչպէս օրինակ արտագաղթի ահագնացող աճի, աղքատութեան բարձրացող մակարդակի եւ երկրի արտաքին պարտքի մտահոգիչ շատացման մէջ: Ասոնք դուռ կը բանան գալիք հաւանական աղէտներու եւ կը սպառնան մեր երկրին ու ժողովուրդին ապահովութեան ու գոյութեան:
Հիմնուելով պատմական փորձի վրայ, ուսումնասիրութիւնը կը փաստէ, որ երկրի մը հարստութեան կուտակումը փոքր թիւով վերնախաւի մը ձեռքերուն մէջ, կ'արգելակէ այդ երկրին յառաջխաղացքն ու բարգաւաճումը, պատճառ դառնալով աղքատութեան, ինչպէս նաեւ ժողովրդային դժգոհութեան ալիքի տարածման: Ինքզինք ամրապնդելու համար, վերնախաւը կը տիրանայ մենաշնորհներու, խեղդելով անհատներու եւ փոքր ձեռնարկատէրերու աճը: Երկրի Խորհրդարանէն ներս, ան կը քուէարկէ օրէնքներ յօգուտ միայն իր նեղ շահերուն: Երկրի պիւտճէին իր բաժին բերելիք տուրքերէն խուսափելով ու կուտակած հարստութիւնը երկրէն դուրս հանելով, ան չի նպաստեր երկրի ենթակառոյցներու արդիականացման, ճանապարհական ու փոխադրական ցանցերու ընդլայնման, ժողովուրդին մատչելի առողջապահութեան ապահովման, եւայլն:
Հիմնուելով նաեւ առօրեայ տնտեսական տուեալներու վրայ,
Ուսումնասիրութիւնը օրինակ բերելով Տարօն Աճեմօղլուի եւ Ճէյմս Ռոպինսընի «Ինչո՞ւ Ազգեր կը Ձախողին» փաստերով հարուստ եւ հիանալիօրէն դաստիարակիչ հատորէն մէջբերումներ, կը փաստէ որ երկրի մը յառաջխաղացքին համար, իր աշխարհագրական դիրքէն ու մշակոյթէն աւելի կարեւորն ու անհրաժեշտը, իր միջառեալ (inclusive) քաղաքական ու տնտեսական հիմնարկութիւններն են: Ասոնք են որոնք հիմնուած օրէնքի գերակայութեան սկզբունքին վրայ, կ'ապահովեն անհատի ինչքի ու սեփականութեան իրաւունքները, այսպիսով ստեղծելով վստահութիւն ներշնչող ներդրումային ապահով մթնոլորտ մը, որ քաջալեր կը հանդիսանայ նոր գիւտերու եւ նորարարութեանց հնարման ու հետեւաբար երկրի ու ժողովուրդի զարգացման ու բարգաւաճման:
Ուսումնասիրութիւնը կը կատարէ փաստացի ախտաճանաչումներ Հայաստանի տնտեսական իրավիճակի թէ՛ ընդհանուր եւ թէ՛ մասնաւորի ոլորտներուն մէջ, ցոյց տալով թէ ո՞ւր կրնայ յանգիլ այս ընթացքը, եթէ անարգել շարունակուի: Անիկա կը կարեւորէ որակաւոր ղեկավարութեան մը անհրաժեշտութիւնը երկրի յառաջխաղացքի ապահովման մէջ: Ղեկավարութիւն մը, որ խորապէս կը գիտակցի թէ երկրին զարգացումը կախեալ է «կեանքի, ինչքի եւ ազատութեան» հիմնարար իրաւունքներու յարգման մակարդակէն: Բերելով օրինակներ ղեկավար դիրքերու հասած անհատներու շահատակութիւններէն, այն ցոյց կու տայ անոնց պատճառած վնասները երկրին ու ժողովուրդին եւ անոնց ժխտական ազդեցութիւնն ու անդրադարձը ժողովուրդի հոգեվիճակին վրայ:
Ուսումնասիրութիւնը չի բաւարարուիր միայն ախտաճանաչումներու կատարումով, այլ միջազգային օրէնսդրութեան հիմունքներու եւ կարգ մը պետութիւններու օրինակներն ու փորձերը նշելով, ուղղութիւն կու տայ, թէ ի՞նչ միջոցներով կարելի է անօրէն կերպով երկրի հարստութիւնը թալանած անձերը հաշուետուութեան ենթարկել եւ անոնց շահոյթը վերադարձնել ու ներդրել երկրի բարգաւաճման գործընթացին:
Շատ նպատակայարմար կը գտնենք այսեղ նշել Massachusetts Institute of Technology-ի տնտեսագիտութեան Փրոֆ. Տարօն Աճեմօղլուի հետեւեալ գնահատութիւնը Policy Forum Armenia-ի նշեալ տեղեկագրին մասին. «Որոշ մարդիկ կ'ըսեն թէ Հայաստանը դատապարտուած է տնտեսական ձախողութեան, իր աշխարհագրութեան եւ գրաւած դիրքին պատճառաւ: Բայց ինչպէս ներկայի եւ անցեալի պատմութեան, շատ այլ երկիրներու ձախողութեան պատճառներն են՝ եղծումը, անխիղճ քաղաքական ղեկավարները եւ տկար հիմնարկութիւնները: Հայաստանի չարիքներուն արմատը ոչ թէ պատեհութեանց պակասն է, այլ՝ մսխումը: Ան կրնայ յառաջդիմել միայն դիմագրաւելով այս փաստը եւ հաշուետուութեան ենթարկելով բոլոր անոնք,
Ախտաճանաչումները կատարուած են: Լուծման եղանակները առաջադրուած են: Ի՞նչ պատճառաբանութեամբ կը շարունակենք մեր գլուխները պահել աւազին մէջ, մասնակից չդառնալով ազգի ու հայրենիքի փրկութեան վեհ գործին: Բոլորս ալ գիտենք, որ լաւագոյն խօսքն իսկ դատապարտուած է մոռացութեան, եթէ գործով չմարմնաւորուի ու չիրականացուի: Դար մը առաջ Գամառ Գաթիպան «Հիմի Է՞լ Լռենք»ով կոչ կ'ուղղէր մեզի չլռել եւ ընդվզիլ արտաքին թշնամիի լուծին դէմ: Իսկ Միքայէլ Նալպանտեան «Հիմի Է՞լ Խօսենք»ով կը պարզէր մեր ներքին վիճակը, որ տարբեր չէ մեր այսօրուան տխուր վիճակէն, մեզ զգաստացնելով «իրար դաւելու» եւ «մեզ կոխող ոտքը լիզելու» հետեւանքներէն:
Հիմի է՞լ խօսենք, եղբարք, հիմի է՞լ,
Երբ ընտանեկան երկպառակութեամբ,
Ուրիշ բան չունենք, բայց իրար դաւել…
Հիմի է՞լ խօսենք, երբ օտարից շատ
Մենք ենք մեր ազգի արիւնը խմում…
Հիմի է՞լ խօսենք, երբ իշխանութիւն
Ծախւում է անարգ հացկատակներին,
Մինչ ստրուկ մարդիկ նստած մեր գլխին,
Ու մեզ կարծում են իրենց հող ոտքին,
Ու մենք մեզ կոխող ոտքը լիզո՜ւմ ենք:
Հիմի է՞լ խօսենք:
1 comment
Ի հարկե ամեն Հայ Քրսիտոնյա
Ի հարկե ամեն Հայ Քրսիտոնյա պիտի գիտակցի, որ միայն և միայն սատնան է ուզում պառակտել, առանձնացնել հայ ազգին Հայաստանում, Արցախում և Սփյուռքում: Ամեն գիտակից Հայ պիտի ասի կորի ստանա ինձ իմ ազգի դեմ չես լարի: Ամեն Հայ սիրով և առանձ նախանձի թող լինի իր եղբոր և քրոջ հետ, բաց և ազնիվ: Ի միջի այլոց, ով Հայ առաքելական Եկեղեցուն կպնում է մահ է ստանում: Ամեն:
Comments are closed.