Ոսկան Մխիթարեան, Լոս Անճելըս, 3 Յուլիս, 2018
Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար հաւանաբար հարցադրումը ընել հետեւեալ կերպով. Եպիսկոպոսական Ժողովը, որ տեղի ունեցաւ 11 Յունիսին, ԲՌՆԱԿԱԼԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈ՞Ւ համար էր: Նախ յստակացնենք դաշտը, որպէսզի անտեղի, կեղծ եւ բռնազբօսիկ մեկնաբանութիւններու տեղի չտանք: Սրբութիւն Սրբոց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը եւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ վարկն ու հեղինակութիւնը անձեռնմխելի ճշմարտութիւններ են եւ երբեք չեն կրնար ըլլալ ստուերի տակ:
Հայց. Առաքելական Եկեղեցին այն կրանիթեայ խարիսխն է, որուն վրայ մեր հայրերու արեան գնով խարսխուած են մեր գոյութեան բոլոր երաշխիքները: Մենք երբեք խնդրոյ առարկայ պիտի չդարձնե՛նք Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ անջնջելի եւ անկորնչելի դերը դարերու ընթացքին, հայ ժողովուրդի կամքն ու նկարագիրը կերտելու իր առաքելութեան մէջ:
Ոսկան Մխիթարեան, Լոս Անճելըս, 3 Յուլիս, 2018
Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար հաւանաբար հարցադրումը ընել հետեւեալ կերպով. Եպիսկոպոսական Ժողովը, որ տեղի ունեցաւ 11 Յունիսին, ԲՌՆԱԿԱԼԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈ՞Ւ համար էր: Նախ յստակացնենք դաշտը, որպէսզի անտեղի, կեղծ եւ բռնազբօսիկ մեկնաբանութիւններու տեղի չտանք: Սրբութիւն Սրբոց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը եւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ վարկն ու հեղինակութիւնը անձեռնմխելի ճշմարտութիւններ են եւ երբեք չեն կրնար ըլլալ ստուերի տակ:
Հայց. Առաքելական Եկեղեցին այն կրանիթեայ խարիսխն է, որուն վրայ մեր հայրերու արեան գնով խարսխուած են մեր գոյութեան բոլոր երաշխիքները: Մենք երբեք խնդրոյ առարկայ պիտի չդարձնե՛նք Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ անջնջելի եւ անկորնչելի դերը դարերու ընթացքին, հայ ժողովուրդի կամքն ու նկարագիրը կերտելու իր առաքելութեան մէջ:
Այժմ յստակացնելէ ետք մեր նպատակակէտը, կրնանք անվարան յայտարարել որ մեր եւ մեր ժողովուրդին ցասումն ու զզուանքը ո՛չ թէ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հանդէպ են, այլ ուղղուած են դէպի այդ Աթոռը յափշտակած Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, որ օրուան պետական վարչակարգին օգնութեամբ, եւ ի հեճուկս կանոնական բազմազան խախտումներու, բազմեցաւ Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան գահին, յայտարարելով իր թեկնածութեան դէմ եղող հոգեւորականներուն, որ նստելէ ետք այդ Աթոռին վրայ, բոլորին ալ հաշիւը պիտի մաքրէր մէկ առ մէկ: Ինքզինքիս չեմ արտօներ իր արտասանած խօսքերը այստեղ ճշգրտութեամբ, բառ առ բառ կրկնելու. հասկցողաց բարեւ:
Համայնավարական վարչակարգի տարիներու աւարտին, համազգային խանդավառութեամբ դիմաւորեցինք «նորանկախ» երրորդ հանրապետութիւնը այն խոր ակնկալութեամբ, որ նոր արշալոյսներ պիտի բացուին հայոց երկնակամարին վրայ: Աւա՜ղ այդ բոլոր երազները յօդս ցնդեցան անկուշտ ղեկավարութեան դաժան մագիլներուն տակ: Երկիրը կողոպտուեցաւ ու հայրենիքը պարպուեցաւ:
Առաջին օրէն իսկ տեսանք թէ ինչպէ՞ս Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը նոր վարչակարգին լաւագոյն խաղաքարտը դարձաւ: Հազիւ թէ Վազգէն Ա. կաթողիկոսը մահացաւ, օրուան հանրապետութեան նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ հրապարակ նետուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի անունը: Կրնա՞ք երեւակայել թէ անձ մը, որ աւելի քան 45 տարիներ թոյն թափեց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հասցէին, այժմ մէկ օրէն միւսը կը նկատուէր լաւագոյն թեկնածուն Ս. Էջմիածնի թափուր Աթոռին համար…: Կարելի է այս մասին աւելի մանրամասն գրել, բայց շեղած կ'ըլլանք մեր նպատակէն:
Իրենց թաքուն ծրագիրները յաջողցնելու համար, պետական համակարգի անձինք սաստեցին եւ սպառնացին բոլոր այն բարձրաստիճան եկեղեցականներուն որոնք դէմ էին Լեւոն Տէր Պետրոսեանի թեկնածուին ընտրութեան: Տակաւին թարմ է յիշողութեանս մէջ, թէ երբ Վաչէ Արք. Յովսէփեան նոր վերադարձած էր ընտրութենէն ետք՝ ի՜նչ ցասումով կը պատմէր թէ այդ օրերու հանրապետութեան փոխ-նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան ցուցամատը ճօճելով սպառնացած էր իրեն, ըսելով. Չփորձուի՛ս խանգարել, եթէ ասկէ ետք կ'ուզես Հայաստանը տեսնել: Աւելի ուժգին ազդարարութիւններ ստացան նաեւ բարձրաստիճան ա՛յլ եկեղեցականներ, որոնք դէմ եղած են Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ընտրութեան յԱթոռ Ս. Էջմիածնի: Այս սպառնալիքները եկած են ուղղակի Ազգային Անվտանգութեան գրասենեակէն (ԱԱԾ): Ահաւասիկ ընթերցողը թող իմանայ թէ ինչպէ՞ս գործածուեցաւ Մայր Աթոռը օրուան ղեկավարութեան քաղաքական հաշիւներուն համար:
Նախախնամութիւնը միշտ ալ իր իւրայատուկ կերպերը ունի հարցերը լուծելու: Երկար չտեւեցին Էջմիածնի Գարեգին Ա.ի հայրապետական տարիները ու եկաւ պահը նոր կաթողիկոսի մը ընտրութեան: Դաշտը աւելի շիկացած էր, որովհետեւ ընտրելիներու եռանուն ցանկէն՝ Մայր Աթոռի դիւանապետ Ներսէս Արք. Պոզապալեան շատ աւելի հաւանականութիւն կը ներկայացնէր ընտրուելու, քան Այրարատեան թեմի առաջնորդ Գարեգին Արք. Ներսիսեանը: Սակայն Գարեգին Ա.ի ընտրութեան առիթով, երբ վերջինս յաւակնորդ կը ներկայանար Աթոռին, անոր թելադրուած էր ետ կանգնիլ իր յաւակնութենէն, փոխարէնը խոստանալով թէ ի՛նք պիտի ըլլար Գարեգին Ա.ի յաջորդը:
Ժամանակը ցոյց տուաւ որ բոլոր պետական խոստումներն ալ իրականութիւն դարձան, որովհետեւ Անվտանգութեան գրասենեակի անձինք ահ ու սարսափ տարածելով Պատգամաւորական Ժողովի անդամներուն մօտ՝ կրցան յաջողցնել Ներսիսեանի կաթողիկոսական ընտրութիւնը: Այստեղ չենք փափաքիր ճիւղաւորուիլ եւ շեղիլ մեր նիւթէն, թէ ինչպէ՞ս տեղի ունեցաւ այդ ընտրութիւնը, որո՞նց արեան գնով, եւ նիւթական որքա՛ն խոշոր խոստումներու միջոցաւ:
Ուղղակի անցնիմ նիւթիս մեկնաբանութեան, եւ կերպով մըն ալ պատասխան տուած ըլլամ իմ Ռամկավար բարեկամներուս, որոնք գիտնալով հանդերձ բոլոր ճշմարտութիւնները, Պիղատոսի նման լուացած են իրենց ձեռքերը՝ ելլելով իրենց կուսակցական ու անհատական շահերէն, եւ կը խուսափին բացայայտելէ ճշմարտութիւնը ու քմծիծաղով կը թելադրեն, որ «կարգ մը մարդիկ օգտուելով մեր ժողովուրդի անգիտութենէն, եւ երբեմն ալ իրենց սեփական տգիտութենէն, կը ջանան կարծիք ստեղծել, թէ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսներու գահընկէցութիւնը սովորական երեւոյթ մը եղած է» (Պայքար Շաբաթաթերթ, 3, Յունիս 2018):
Մեր նպատակը շատ պարզ է: Նկատի ունենալով օրինական եւ կանոնական խախտումները Գարեգին Բ.ի օրով, եւ ելլելով Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ընհանուր շահերէն, անհրաժեշտ է պահանջել հեռացումը Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, որ տարիներու ընթացքին եղաւ մաս եւ բաժին այդ անկուշտ համակարգին, որու ետին կանգնած պետական այրերն ու պաշտօնեաները, ինչպէս նաեւ անոնց բոլորտիքը դարձող սակաւապետերը («օլիգարխ») երկիրը թալանեցին եւ տակաւին կը շարունակեն թալանել մինչեւ օրս:
1.- Կանոնական խախտումներուն գլխաւորը կը հանդիսանայ Գարեգին Ա.ի ուխտադրուժութիւնը: Այլեւս գաղտնիք չեն այդ բոլորը եւ ես երբեք պիտի չփափաքիմ աւելի խորը երթալ, որովհետեւ այդ մասին ընդարձակօրէն գրած եմ յօդուածներ, թէ մեր անտարբերութեամբ եւ լռութեամբ կը քաջալերենք շնութիւնը Հայց. Առաքելական Եկեղեցիէն ներս:
Այնքան ատեն որ Եկեղեցին կը շարունակէ պահպանել եկեղեցական դասի երկուութիւնը, որքան ատեն որ եկեղեցական բարձրագոյն պաշտօններն ու աստիճանները (եպիսկոպոսութիւն, պատրիարքութիւն, կաթողիկոսութիւն) վեղարաւոր կուսակրօնութեան առանձնաշնորհումը կը շարունակեն մնալ, Եկեղեցին պիտի չկարենայ տոկալ 21-րդ դարու մարտահրաւէրներուն եւ պիտի չկարենայ մատակարարել իր ժողովուրդին հոգեմտաւոր կարիքները: Իրողութիւնը մէջտեղն է:
Այսօր բոլորիս ծանօթ է թէ ինչպիսի խայտաբղէտ սայթաքումներ տեղի կ'ունենան եկեղեցականութեան կեանքին մէջ, մեծէն մինչեւ փոքրը: Կը ճանչնանք կուսակրօն եկեղեցականներ, որոնք ամուսնացած են եւ կամ ունին հոմանուհիներ, ինչպէս նաեւ զաւակներ: Հոս անգամ մը եւս կ'ուզեմ վկայակոչել Երջանկայիշատակ Վազգէն Ա.ի հայրական թելադրութիւնը իր միաբաններուն, մասնաւորաբար համայնավար վարչակարգի տարիներուն. «Սիրելի միաբաններ, քաջածանօթ եմ որ հակառակ մեր եկեղեցական օրէնքներուն կը կենակցիք կանանց հետ եւ ձեզմէ շատեր զաւակներ ալ ունին: Լաւ կ'ըլլայ որ առ նուազն երթաք ձեր երախաները արձանագրէք պետական տոմարներու մէջ, որպէսզի յետագային անոնք ապօրէն երախաներ չնկատուին»: Ահաւասիկ անկեղծութիւնը որ կայ Հայրապետին խօսքերուն մէջ, տեսնելով իր շուրջ կատարուած անուրանալի մարդկային սայթաքումները:
Դժբախտաբար՝ վերջին հարիւրամեակին չգտնուեցաւ հոգեւոր հեղինակութիւն մը ( Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ, Ազգային Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողով եւ կամ Եպիսկոպոսական Ժողով) որ քաջութիւնը ունենար գործադրելու Շահապիվանի Ժողովին 14-րդ կանոնը, որ յստակօրէն կը հրամայէ «կարգալոյծ ընել եպիսկոպոսը, երէցը կամ սարկաւագը որ կին կը պահէ»: Վերջին յիսուն տարիներուն, մեր միաբանական կեանքէն ներս եւ դուրս, տեսանք եւ կը տեսնենք կուսակրօններ որոնք շնութեամբ գլխէ հանած են իրենց բարեկամներուն եւ պաշտօնեաներուն կիները: Պէտք կա՞յ անգամ մը եւս յիշեցնելու կուսակրօններէ (վարդապետ, Եպիսկոպոս, պատրիարք, կաթողիկոս) ծնած երախաներու պարագան…:
Հապա ի՞նչ ըսել բոլոր ա՛յն միասեռական եկեղեցականներու մասին, արուամոլ թէ իգացեալ, որոնք ողողած եւ ապականած են Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտը:
Որքա՜ն խօսուն վկայարան մըն է 1920-ական թուականներուն ԲԵնիկ Վարդապետին՝ «Իմ պատասխանը բոլոր զրպարտիչներին» խորագրով հրապարակած նամակ-յօդուածը, ուր կ'արտայայտուի այսպէս. « Տասն եւ հինգ տարի է ամուսնացած եմ անթաքչելի կերպով. ընտանիքով ապրել եմ նաեւ Էջմիածնի վանքին մէջ, ուր ապրում էին եւ ապրում են իրենց ամուսինների հետ Ներսէս Արքեպիսկոպոս Խիւդավէրտեանը, Ադամ Վարդապետը, Եղիշէ Վարդապետը, Գէորգ Վարդապետ Չէօրէքճեանը, Դանիէլ Վարդապետը եւ հայրապետներից եւ ո'չ մէկը չպահանջեց, որ անոնք բաժնուին իրենց ամուսիններից: Այժմու Վեհափառը (Գէորգ Ե.) երբ հրաւիրեց Գէորգ եպիսկոպոսին վարդապետանալ, վերջինս ազնուութիւն ունեցաւ նախապէս յայտնելու, թէ կին ունի: Իսկ այդ հանգամանքը Կաթողիկոսը արգելք չհամարեց, որ նա վարդապետանայ, եպիսկոպոսանայ, արքեպիսկոպոսանայ եւ առաջնորդ դառնայ: Սակայն նոյն Կաթողիկոսը պաշտօնական թղթով 1919 թուին հրամայեց վանական անառակներին, որ երեք օրուայ ընթացքում աղախիններին եւ մանկահասակ տղայ ծառաներին հեռացնեն վանքից…»
Ահաւասիկ ախտաբոյր իրականութիւնը որ կը տիրէր Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան աթոռանիստ Ս. Էջմիածնի վանքին մէջ: Դժբախտաբար նոյն պատկերը կ'արտացոլայ այսօր, որովհետեւ Մայր Աթոռը դարձած է ապականութեան բոյն եւ ո՛չ ոք կը համարձակի ձայն բարձրացնել, վախնալով դահիճին յիշաչար, քինախնդիր վրէժխնդրութենէն:
Միշտ ըսած ենք եւ յաճախ կը կրկնենք, որ կուսակրօնութիւնը որպէս պարտադիր կենցաղ պահպանել ու շարուանակել՝ կը նշանակէ քաջալերել շնութիւնն ու պոռնկութիւնը, որ նա՛եւ կը նշանակէ կրօնապէս վաւերացնել եւ հովանաւորել անբարոյականները, ուստի եւ՝ ուրանալ ամուսնութեան սրբութիւնը եւ ստորադասել զայն ապօրէն յարաբերութեան եւ կամ կենակցութեան:
Հատոր մը կարելի է գրել այս մասին, սակայն մենք պիտի բաւարարուինք այսքանով, ցոյց տալու համար, որ բոլոր անոնք որոնք որպէս պատգամաւորներ եկան Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը «ընտրելու» (փոքրիկ փակագիծ մը բանալով ըսենք որ բոլոր պատգամաւորներն ալ ընտրուած չէի՛ն իրենց ժողովուրդին կողմէ, այլ հաւատարիմներ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան, ինչպէս նաեւ Բարեգործականի հաւատարիմներ) ստուար «ներկայացուցչութեամբ» մը եկած էին լաւ ժամանակ անցընելու եւ իրենց քուէն պարտադրաբար տալու անձի մը, որ ուխտադրուժ է եւ ո՛չ մէկ կանոնական կերպով իրաւունք ունէր բարձրանալու այդ Աթոռին: Սա կը նշանակէ որ դուք գիտակցաբար քաջալերեցիք շնութիւնն ու կանոնազանցութիւնը Հայց. Առաքելական Եկեղեցիէն ներս, եւ գերադասեցիք ձեր քաղաքական եւ անհատական հաշիւները համազգային մեր շահերէն եւ մասնակից եղաք Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ բարոյական անկումին:
ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ` ԻՆՉԻ՞ ՀԱՄԱՐ – ՇԱՐ. Բ.
2. Ժողովրդավարական հիմեր ունեցող կանոնագրութեան մը բացակայութիւնը Հայց. Առաքելական Եկեղեցին հասցուցած է անհասկացողութիւններու, թիւրամացութիւններու եւ խոր պայքարներու: Տարիներու ընթացքին, յաճախ լսեցինք որ Ազգային Եկեղեցական Ընդհանուր ժողով տեղի պիտի ունենայ, ուր պիտի վաւերացուի «նոր խմբագրուած» կանոնագրութիւն մը, դժբախտաբար սակայն՝ ա՛յդ ալ տեղի չունեցաւ. կանոնագրութիւն մը որ միակողմանի կերպով խմբագրուած է Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ իր ստրկացած արբանեակներուն կողմէ, եւ որ կ'անտեսէ բոլոր ժողովրդավարական սկզբունքները եւ կ'առաջնորդէ մեզ դէպի դաժան կղերապետութիւն: Այդ կղերապետութեան պտուղները արդէն իսկ կը քաղենք կաթողիկոսին վերջին տասնեւինն տարիներու սանձարձակ եւ ապօրինի գործունէութեամբ:
Բոլորս ալ գիտենք, թէ Գէորգ Զ. կաթողիկոսի օրով, 19 Յունիս 1945-ին տեղի ունեցաւ Ազգային Եկեղեցական ժողով, ուր որդեգրուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ «Ազգային Եկեղեցական Ժողով Գումարելու Յատուկ Կանոնագրութիւն» մը: Ահաւասիկ այս ժողովէն ետք պատրաստուած են զանազան Սահմանադրութեան Նախագիծեր: Դժբախտաբար անոնցմէ ո՛չ մէկը արժանացած է վաւերացումի եւ պաշտօնական գործածութեան դրուած մինչեւ այսօր: Հաւանաբար ընթերցողը պիտի ուզէ գիտնալ թէ ինչո՞ւ Եկեղեցական Ներկայացուցչական Ժողովներ գումարուեցան Մոսկուայէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ:
19 Յունիս 1945-ին տեղի ունեցած Ազգային Եկեղեցական ժողովի կանոնագրութեան մէջ կը նշուին նո՛յն Ազգային Եկեղեցական Ժողովի իրաւասութիւնները.-
ա.- Ընտրութիւն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի:
բ.- ԸՆտրութիւն Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի եւ վերստուգիչ յանձնաժողովին:
Շատ հետաքրքրական է նշել այստեղ, որ յաջորդաբար պատրաստուեցան զանազան կանոնագրութիւններ՝ 1958-ին, 1987-ին, 1988-ին, 1991-ին եւ 1995-ին – այս վերջինը՝ Վաչէ եւ Արիս Սրբազաններու խմբագրութեամբ: Դժբախտաբար սակայն, 1945-էն ի վեր այս նախագիծերէն եւ ո՛չ մէկը վաւերացուած ու հաստատուած է առ ի գործադրութիւն: Հետեւաբար կրնանք եզրակացնել որ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին կատարած անհատական եւ ապօրէն փոփոխութիւնները ուրիշ բան չե՛ն եթէ ոչ՝ կամակայականութեան դրսեւորում եւ կանոնական օրէնքներու կոպիտ խախտում, որոնք ո՛չ մէկ ձեւով իրաւական կրնան նկատուիլ:
Դժբախտաբար գումարուող Եկեղեցական ներկայացուցչական բոլոր ժողովներն ալ ուրիշ նպատակ չունէին բացի անկէ՝ որ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր արբանեակներուն ու կամակատար առաջնորդներուն ձեռքով որոշուած (եւ ո՛չ թէ ժողովրդային քուէով ընտրուած) աշխարհական «ներկայացուցիչներով» պիտի փորձէ հաստատել եւ վաւերացնել բոլոր ա՛յն կանոնական խախտումները որոնք կատարուեցան մինչեւ այսօր, մասնաւորաբար իր «ընտրութենէն» ետք: Որքա՞ն ատեն պիտի ազգովին հանդուրժենք այս կանոնական խախտումներուն:
Ակնյայտ է որ կանոնական մտահոգութիւններ կան Եւրոպայի զանազան թեմերուն մէջ, նամանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի ժողովրդավարութեան: Տակաւին օրեր առաջ Փարիզի Թեմական Խորհուրդէն հրաժարեցան եւ հեռացան երկու ղեկավարներ, Առաջնորդին հետ իրենց ունեցած տարակարծութիւններուն համար. ուրիշ հարց՝ որ Գարեգին Բ.ի թելադրութեամբ՝ արտասահմանի առաջնորդներ բռնազբօսիկ պաշտպանողական յայտարարութիւններ հրատարակեցին բռնակալը պաշտպանելու համար, եւ այս բոլորը՝ վախի մթնոլորտի տակ, որովհետեւ կրնան կորսնցնել իրենց առաջնորդական աթոռները եթէ չանսային բռնակալի հրահանգին:
Ներկայացուցչական Ժողովներէ մէկուն բացման նիստին, Գարեգին Բ. կաթողիկոս յայտարարեց թէ «Մերժելի է նաեւ երեւոյթը, երբ թեմի թեմական-պատգամաւորական ժողովը իրեն իրաւունք է վերապահում մերժել Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովի որոշումները:» յայտարարութիւն մը որ միայն կղերապետութիւն կը բուրէ եւ կ'անտեսէ մեր Եկեղեցւոյ ժողովրդավարութեան հիմերը: Օրինակներ շա՜տ, բայց բաւականանանք նշելով հարաւային Ֆրանսայի Նիս քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ պարագան, որ այսօր «զրկուած» է իր առաքելական եկեղեցի կոչումէն, հայրապետական հրահանգով: Ո՞ւր մնաց ժողովրդավարութիւնը:
Չենք կարծեր որ կարիքը կայ աւելի մանրամասնօրէն վերլուծելու Ամենայն հայոց կաթողիկոսի գործելաոճը: Տարիներու փորձառութիւնը մեզի ցոյց տուաւ իր մենատիրական ախորժակները — թեմական կանոնական որոշումներու բացարձակ տիրութիւն, թեմական առաջնորդներու իրաւունքներու սահմանափակում —. ո՞ւր լսուեր է որ Առաջնորդ մը չկարենայ քահանայ ձեռնադրել առանց կաթողիկոսի հաւանութեան, այդ ալ արտասահմանի մէջ: Այս բոլոր միջամտութիւնները կը միտին առեւանգել Հայ Եկեղեցւոյ ժողովրդավարական սկզբունքները: Եթէ Ամենայն հայոց հայրապետութիւնը կը միտի դրական ընթացք տալ թեմերու կրօնական ազգային կեանքին, պէտք է սկսի Հայաստանէն, ուր կորսուած է ո՛չ միայն կարգուկանոնը, այլեւ խախտած է ժողովուրդին հաւատքը նա՛խ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի, եւ ապա մանաւանդ անոր եկեղեցական սպասաւորներուն հանդէպ, կաթողիկոսէն սկսեալ մինչեւ յետին համեստ եկեղեցականը: Կղերապետութեան այս բռնապետութիւնը անկասկած որ բաղձալի պիտի չըլլայ նամանաւանդ արտասահմանի հայութեան համար, որ կառչած կը մնայ ժողովրդավարական սկզբունքներուն: Անցա՜ն Բերիայի տարիները…
Կնճռոտ հարց է եւ հակականոնական են նաեւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ունեցած յարաբերութիանները Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի պատրիարքութեանց հետ: Այստեղ կարելի է վկայակոչել անգամ մը եւս Կ. Պոլսոյ Մեսրոպ պատրիարքի 3 Նոյեմբեր 2000 թուակիր թիւ 3848 պաշտօնական նամակը ուղղուած Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, ուր ի շարս այլ դժգոհութեանց՝ հետեւեալ յայտարարութիւնը կ’ընէ. «Ձեր գրութիւններէն զգալի է, որ Պատրիարքական Աթոռներուն հետ կը վերաբերիք որպէս թեմական առաջնորդութիւններ… Կաթողիկոսը Պատրիարքի մը իրաւասութեան սահմաններուն միջամտող նամակներ պէտք չէ գրէ: «Պատրիարք» եւ Առաջնորդ» եզրերը պատմականօրէն ո՛չ նոյնանիշ եւ ո՛չ ալ հոմանիշ են»: Մեսրոպ Պատրիարքի անկարողութենէն ետք տաս տարիներու տագնապ մը ապրեցաւ Պոլսոյ Աթոռը՝ Աթէշեան արքեպիսկոպոսի սանձարձակ գործունէութեան պատճառով, եւ զարմանալին այն է, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նոր տեղապահի ընտրութիւնը շնորհաւորելէ եւ վաւելացնելէ ետք չկրցաւ ո՛չ մէկ ձեւով միջամտել պատրիարքական նոր ընտրութիւնը յաջողցնելու համար: Սա կը նշանակէ որ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս ո՛չ մէկ թէկո՛ւզ բարոյական հեղինակութիւն ունի, որովհետեւ ո՛չ մէկ ձեւով ինզինք «հոգեւոր» հայր նկատած է իր ժողովուրդին եւ արժեւորած իր հեղինակութիւնը:
Նոյնքան խօսուն է Երուսաղէմի Նուրհան պատրիարքին յանդիմանական նամակը ուղղուած Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, որմէ կը քաղենք հետեւեալ հատուածները:– « Վաճառականական եւ առեւտրական յատկութիւններ ունենալը անպայմանօրէն խելացիութեան յայտարարներ չեն: Դուք կրնաք մարդ առնել ու ծախել, սակայն ԵՐԲԵ՛Ք ՉԷՔ ԿՐՆԱՐ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՊԱՀԵԼ ԵՒ ԻՒՐԱՑՆԵԼ». «Դուք, որ կոչուած էք ըլլալու գլուխը մեր Եկեղեցւոյ, միացած քաղաքական ապակրօն եւ հաւատազուրկ ղեկավարներու, կը փորձէք ձեր աճուրդի դրուած խելքով եւ մանկունակ ու քմահաճ որոշումներով, արմատախիլ ընել Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ դարաւոր կաղնին». «Ձեր մտածելակերպին պէս սոփեստ եւ անպատասխանատու են ձեր արտայայտութիւններն ու որոշումները». «Դո՛ւք անտեղի պարսաւող մըն էք եւ առաջնակարգը երկրորդականէն տարորոշել չգիտցող անձ մը, մէկը, որ իր աչքին կարողութեամբ եւ կամ ալ ակնոցին գոյնին համեմատ կը տեսնէ իրողութիւնները, ուրիշ խօսքով Վեհափառ, դուք ձիերը կառքին ետեւէն լծողներէն էք: Այլեւս ժամանակը հասած է, որ դադրիք դրախտաբնակի մը նման փորձելէ ձեր բարոյական մերկութիւնն ու սնանկութիւնը թուզի տերեւներով ծածկելէ». «Ժամանակը եկած է, Վեհափառ, որ դուք պարտիք վերագտնել ձեր հոգեկան արժէքները, եթէ երբեւիցէ ունեցած էք, ապա թէ ոչ դուք եւս ձեզ հռչակէք կարգազուրկ եւ մեր Մայր Եկեղեցին փրկէք ամբողջական կործանումէ»:
Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Կանոնագրային խախտումներէն մէկն ալ Ֆրանսայի նախկին առաջնորդ՝ Նորվան Արք. Զաքարեանի հանդէպ իր կոշտ վերաբերմունքն էր Փարիզի Օրլի օդակայանի հիւրասրահին մէջ, Նիս Քաղաքի քրէականօրէն դատապարտուած նախկին հովիւ՝ Վաչէ քհն. Հայրապետեանին կապակցութեամբ: Նորվան Սրբազանի պատասխան նամակը խօսուն վկայարան մըն է՝ ուղղուած Գարեգին Բ. կաթողիկոսին. «Ատենէ մը ի վեր նկատած եմ որ զիս վիրաւորելն ու վարկաբեկելը Ձեր հաճոյքը դարձած է: Ձեր որակումներն ու մեղադրանքները ուղղուած անձիս դէմ պարզապէս զարմանք կը պատճառեն ինծի: Եկեղեցական ու աշխարհական այլ անձերու ներկայութեան հետեւեալ բառերով ձեր յանկարծական յարձակումը վրաս, սարսափ պատճառեց – « Եթէ, Տէր վաչէ քահանայ Հայրապետեանը մինչեւ 1 Յուլիս 2013 չազատէք պահակութեան պաշտօնէն եւ թէ Թեմը ամսական չտայ անոր, Մայր Աթոռի հետ դո՛ւ գործ չունես այլեւս»: Պահ մը այլայլած ստուգել ուզեցի լսածս եւ կրկնեցիք . «…Վաչէ քահանային սքեմը ի՛մ պատիւս է, քո՛ւկդ ալ պէտք է ըլլայ, իւրաքանչիւր հայ եկեղեցականինը պէտք է ըլլայ»: Ի միջի այլոց յիշեցնենք որ կաթողիկոսին այդ պատիւ համարուած քահանան ատեն մը թափառելէ ետք Ռուսաստանի թեմէն ներս, վերջին երկու տարիներուն կը գտնուի Լոս Անճէլըս եւ կ'աշխատի որպէս կապարագործի (plumber) օգնական, իսկ շաբաթավերջին՝ գերեզմանատան առջեւ յաճախորդի կը սպասէ: Յովնան Արք. Տէրտէրեան անդրդուելի մնալով բազմիցս մերժած էր Գարգին Բ.ի «հրահանգը» եւ չէր փափաքած անոր ծուխ մը տրամադրել: Վրէժխնդիր կաթողիկոսին յաճախակի հրահանգներուն չդիմանալով, Վաչէ քահանան մի քանի ամիսներ առաջ ղրկուեցաւ պատարագի Լոս Անճէլըսի մօտակայքը գտնուող Փալմտէյլ քաղաքը, եւ երբեք պիտի չզարմանանք եթէ Յովնան Արք. տեղ մը որպէս ծխական հովիւ նշանակէ Վաչէ քահանան, որ ըստ հայրապետական տնօրինաց իր օրինազանցութեան համար վաղուց պէտք էր կարգազուրկ եղած ըլլար: ԸՆթերցողը կը հասկնայ ի՞նչ կը նշանակէ բռնակալ կաթողիկոս ունենալ, որ 19 տարիներու իր գահակալութեան շրջանին առեւանգեց ամէն սրբութիւն եւ կանոնագրութիւն, որովհետեւ զօրակցութիւնը ունէր իշխող քրէական համակարգին:
Այսօր դէմ յանդիման կը գտնուինք կանոնական եւ սահմանադրական խոշոր եւ կոպիտ խախտումներու: Կարծէք համասփիւռ հայութեան կարծիքը, հայրենիքէն ներս թէ դուրս, իմաստ եւ կարեւորութիւն չունի Ամենայն Հայոց Հայրապետին համար: Անցեալ տարի Նոյեմբեր ամսուն լայնօրէն անդրադարձած էինք այս տխուր իրողութեան եւ մանրամասնօրէն վերլուծած էինք Գ.Հ.Խ.ի գոյութեան պատճառները ու զարգացումը տարիներու ընթացքին:
Մեր վերլուծման մէջ յստակ կերպով ցոյց տուած էինք որ 1945-էն ի վեր ո՛չ մէկ կանոնադրութիւն վաւերացուած ու հաստատուած է Ազգային Եկեղեցական Ժողովի կողմէ՝ առ ի գործադրութիւն: Հետեւաբար Գ.Հ.Խ.ի անդամներուն նշանակովի հանգամանքը ըստ էութեան անօրինական է եւ անվաւեր: Քաջ գիտակցելով այս ճշմարտութիւնն ու իրողութիւնը, առաւել եւս դատապարտելի է Գ.Հ.Խ.ի հին եւ նոր կազմին՝ իրենց ինքնասիրութիւնը կորսնցուցած անդամներուն կրաւորական եւ ստրկական վիճակը: Եթէ նկատի պիտի չառնուին կանոնական եւ սահմանադրական օրէնքներ, եւ ամէն ինչ պիտի նշանակուի Վեհափառ Հայրապետին կողմէ, ի՞նչ կարեւորութիւն եւ իմաստ ունի Գ.Հ.Խ.ի ժողովական մարմնի գոյութիւնը. թող Վեհափառը որոշէ ամէն ինչ եւ վերջ: Այնուհետեւ զուր են բոլոր ժողովական ձեւակերպութիւններն ու նիւթական մսխումները: Ահաւասիկ այս նկատառումներով է որ վերջին հինգ տարիներուն, Նուրհան Պատրիարքը, որ ի պաշտօնէ ատենապետն է Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Ժողովին, ներկայ չգտնուեցաւ ժողովներուն, գիտնալով որ այդ մարմինը օրինական վաւերացում չունի Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողովի կողմէ:
Ահաւասիկ այսպիսի կանոնական խախտումներ կը սարսեն նաեւ ժողովուրդի հաւատքը, սէրն ու վստահութիւնը հանդէպ Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականութեան, որոնք կը հանդուրժեն այս անփառունակ կղերապետութիւնը ին՜չ-ին՜չ անձնական եւ շահադիտական պատճառներով եւ հաշիւներով: