«Ես Եկեղեցի Չեմ Երթար»

Հրայր Ճէպէճեան, Նիկոսիա, 7 Օգոստոս 2013

Եոհանը հոլանտացի 22 տարեկան երիտասարդ շարժավար մըն է: Հոլանտացիք ընդհանրապէս մարդամօտ բնաւորութիւն ունին եւ մօտիկ են օտարին ու այցելուներուն: Ընդհանրապէս կը խօսին անգլերէն, այնպէս որ դժուարութիւն չես ունենար իբրեւ այցելու անոնց հետ հաղորդակցելու: Եոհանը կանչուած էր զիս տանելու Էկմոնտ Ան Զի շրջանի պանդոկէն դէպի Հաարլեմ, ուր պիտի շարունակէի տասը օրերուն վրայ երկարած աշխատանքային այցելութիւնս Հոլանտա` Մայիս 2013-ին: Եոհանը գիտէր իմ աշխատանքային բնոյթս, եւ թէ` գործ ունիմ Աստուածաշունչին հետ, նկատի ունենալով որ իր աշխատած հանրային ինքնաշարժներու ընկերութիւնը ստանձնած էր մեր ընկերակցութեան միջազգային մէկ համագումարին մասնակիցներս փոխադրելու պանդոկէն այլ տեղեր:

Հրայր Ճէպէճեան, Նիկոսիա, 7 Օգոստոս 2013

Եոհանը հոլանտացի 22 տարեկան երիտասարդ շարժավար մըն է: Հոլանտացիք ընդհանրապէս մարդամօտ բնաւորութիւն ունին եւ մօտիկ են օտարին ու այցելուներուն: Ընդհանրապէս կը խօսին անգլերէն, այնպէս որ դժուարութիւն չես ունենար իբրեւ այցելու անոնց հետ հաղորդակցելու: Եոհանը կանչուած էր զիս տանելու Էկմոնտ Ան Զի շրջանի պանդոկէն դէպի Հաարլեմ, ուր պիտի շարունակէի տասը օրերուն վրայ երկարած աշխատանքային այցելութիւնս Հոլանտա` Մայիս 2013-ին: Եոհանը գիտէր իմ աշխատանքային բնոյթս, եւ թէ` գործ ունիմ Աստուածաշունչին հետ, նկատի ունենալով որ իր աշխատած հանրային ինքնաշարժներու ընկերութիւնը ստանձնած էր մեր ընկերակցութեան միջազգային մէկ համագումարին մասնակիցներս փոխադրելու պանդոկէն այլ տեղեր:

Եոհանին հետ չուշացաւ մեր հաճելի զրոյցը: Դիւրին էր նաեւ իրեն հետ հաղորդակցիլը: Հոլանտա գեղեցիկ երկիր է` տարածուն, աւելի տափարակ, քան` լեռնային, կանաչ մարգագետիններով օժտուած. ամբողջ երկրին տարածքին հոսող գետերն ու լիճերը յատուկ ջերմութիւն կու տան գեղեցիկ բնութեան: Երկիրը յատկանշական է երկրագործութեամբ եւ կաթնեղէնի արտադրութեամբ, այդ պատճառով ալ ագարակները, կովերն ու ոչխարները տարածուած են քիչ մը ամէն տեղ:

«Մենք մարդոցմէ աւելի կով ունինք», ըսելով` Եոհան սկսաւ իր զրոյցին` ժպտելով եւ ճամբու երկայնքին ցոյց տալով բոլոր արջառները:

«Գեղեցիկ են», ըսի Եոհանին, եւ մեր խօսակցութիւնը շարունակեցինք` խօսելով քիչ մը տնտեսութեան մասին, գործի եւ աշխատանքի կարելիութիւններուն մասին, բայց նաեւ` չմոռնալով ֆութպոլը եւ Հոլանտայի ազգային խումբին տիտանները: Իմ յիշած հոլանտացի ֆութպոլի «հերոսները» Եոհանին համար միայն անուն էին: Ան ծնած էր անոնց ժամանակաշրջանէն ետք, այնպէս որ, ես աւելի բան գիտէի Քրույֆի եւ Նիսքընզի մասին, քան` ինք…

Եկեղեցական եւ հոգեւոր նիւթերու վերաբերող հարցումս չուշացաւ. չեմ գիտեր ինչո՛ւ կասկածէ վեր նկատեցի իր քրիստոնեայ ըլլալը, գէթ` անուանական: Այնպէս որ, հարցումս եղաւ քիչ մը շատ ուղղակի.

– Բողոքակա՞ն ես, թէ՞ կաթողիկէ:

– Չեմ գիտեր,¬ ըսաւ Եոհան:

Թէեւ քիչ մը շուարեցայ, բայց շուտով անդրադարձայ որ կրնար պատկանիլ այլ կրօնի…

– Կը ներես, բայց արդեօք իսլա՞մ ես,- հարց տուի:

– Ո՛չ իսլամ եմ եւ ո՛չ ալ քրիստոնեայ,- ըսաւ Եոհան: – Անկեղծ ըսած, չեմ ալ գիտեր բողոքականութեան եւ կաթողիկէութեան տարբերութիւնները:

Եոհան այս նախադասութեամբ իր կեանքին իրականութիւնը դրաւ դիմացս` առանց շուարելու կամ տատամսելու:

Հետաքրքրութիւնս, բնականաբար, աւելի սրեցաւ եւ չուշացաւ հարցումս` քիչ մը աւելի պրպտելու համար Եոհանի կեանքի կարճ ու փոքր պատմութիւնը:

– Հապա՞ ծնողքդ,- հարց տուի:

– Կարծեմ պէտք է քրիստոնեայ ըլլային, բայց երբեք հետաքրքրուած չէին կրօնով ու եկեղեցիով… Ես ալ այդպէս մեծցայ,- ըսաւ Եոհան:

Ապա շարունակեց.

– Ես երբեք աղօթատեղի չեմ գացած, բայց կը սիրեմ աղօթատեղիները, անոնք մեծ են,- ըսաւ ան:

– Նոյնիսկ Ծնունդի կամ Զատկուան տօներո՞ւն,- հարց տուի:

– Ո՛չ, ես եկեղեցի չեմ երթար,- ըսաւ ան:

Եոհանը լաւ ներկայացուցիչներէն մէկն է ներկայ օրերու, առաւելաբար` Արեւմտեան աշխարհի մէջ ընթացք առած «ապակրօն» մտածողութեան եւ մշակոյթին: Եթէ «աղօթատեղիները կը սիրեն իբրեւ կառոյց», բայց ո՞ւր մնաց հոգին, խորքը, պատգամը: Տակաւին կայ միւս իրականութիւնը, որ այդ «մեծ կառոյցները» այսօր վերածուած են ճաշարաններու կամ այլ նպատակներու համար կ՛օգտագործուին նոյնինքն Հոլանտայի եւ Արեւմուտքի մէջ:

***

Բայց հայկական եկեղեցին` ո՛չ տակաւին:

Տիգրան Մղտեսեան Հոլանտա հաստատուած է 33 տարի առաջ: Ան պոլսահայ է եւ շրջանաւարտ է ծանօթ Կեդրոնական վարժարանէն, որուն հայեցի եւ քրիստոնէական ամուր դաստիարակութեամբ եթէ կերտած է իր կեանքն ու նկարագիրը, բայց նաեւ այն, որ կ՛ուզէ օգտակար դառնալ գաղութին հոգեւոր, ազգային ու մշակութային վերելքին: Տիգրանին համար ազգային պարտականութիւն է այս մէկը, եւ ան կ՛ուզէ ամուր կերպով կառչիլ այս առաքելութեան: Ան ատենապետն է հայ եկեղեցւոյ Ընդհանուր ժողովին: Ամսթրտամի մէջ գտնուող Ս. Հոգի հայկական եկեղեցին հիմնուած է 1714-ին, հայերու կողմէ: Հայերը սկսած են Պելճիքա եւ Հոլանտա գաղթել Կիլիկիոյ թագաւորութեան կործանումէն ետք, բայց նաեւ կարեւոր թիւով հայ վաճառականներ հաստատուած են Հոլանտա 17-րդ դարէն սկսեալ` տարբեր գործերով: Հայ¬հոլանտական կապերուն մէջ հաւանաբար իր իւրայատուկ տեղը ունի նաեւ այն, որ Աստուածաշունչի առաջին հայերէն տպագրութիւնը կատարուած է Ամսթրտամի մէջ, 1666-ին, Ոսկան Երեւանցի վարդապետին կողմէ…

«Գաղութը կը հաշուէ մօտաւորապէս 20 հազար հոգի», կը բացատրէ Տիգրան: Կէսը եկած է մայր հայրենիքէն, իսկ մնացեալը` Թուրքիայէն, Իրաքէն, շատ փոքր թիւով Լիբանանէն եւ Սուրիայէն: «Մեր դժուարութիւնը այն է, որ հայերը տարածուած են Հոլանտայի չորս կողմերը եւ տարբեր քաղաքներ», կ՛ընդգծէ Տիգրան: «Այս իրականութիւնը կը դժուարացնէ մեր գործը, որովհետեւ պէտք է փորձենք հասնիլ բոլոր հայերուն եւ ամէն տեղ»: Այս իմաստով, եկեղեցական Ս. Պատարագ կը մատուցուի Ամսթերտամի հայ եկեղեցւոյ մէջ, նաեւ` Ալմելօ քաղաքին մէջ, ուր մօտաւորապէս հինգ հազար հայ կ՛ապրի:

Նոր սերունդի դաստիարակութիւնը միայն Կիրակի օրերը կը տրուի` կիրակնօրեայ վարժարանին միջոցով, եկեղեցւոյ շէնքին մէջ: Հոլանտայի մէջ կը գործեն քանի մը հայկական միութիւններ, որոնք կը ջանան հայկական կեանքը իր մշակոյթով եւ աւանդով ամուր պահել:

Չուշացան նաեւ Տիգրանին մտահոգութիւնները: «Ներկայ օրերուն եկեղեցւոյ իրավիճակը եւ առաքելութիւնը շատ դժուար են: Եթէ չփորձես քայլ պահել մերօրեայ մարտահրաւէրներուն հետ, շատ դիւրին կը դառնայ փոքրանալն ու ապա անհետանալը: Այս իմաստով, եկեղեցին հոս` Եւրոպայի մէջ իր տեղը պէտք է գտնէ: Նոր սերունդին հետաքրքրութիւնը եթէ մէկ կողմէ փոխուած է, բայց նաեւ կայ նուիրուածութեան եւ ժամանակ տրամադրելու դժկամութիւնը: Ա՛լ ինչ խօսք նիւթական ու բարոյական մեծ զոհողութիւններու մասին»: Տիգրանը այսպիսով դիմացս դրաւ արեւմտեան աշխարհին մէջ հայուն ապրելու եւ գոյատեւելու մեծ մարտահրաւէրներուն ընդհանուր պատկերը:

Տիգրան նաեւ կը տեսնէ գաղութին կազմուածքն ու անոր տարբերութիւնները: «Մենք սփիւռքի մէջ վարժուած ենք ապրելու եւ պայքարելու, բայց մանաւանդ` որպէս հայ: Հայաստանէն եկող մեր հայրենակիցները այս փորձառութիւնը չունին: Այս իրականութիւնը նաեւ իր դժուարութիւնները կը յառաջացնէ, տակաւին կայ արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի հարցը», ըսաւ ան:

Մէկ կողմէ սկսայ կամաց-կամաց մտնել Տիգրանի ներաշխարհին մէջ, որ բազմազան ու բազմաբնոյթ է, իսկ միւս կողմէ` սկսայ հասկնալ մեր ծանրաբեռնուածութիւնը: Այս ծանրաբեռնուածութիւնը ունի նաեւ իր պատմութիւնը: 18 տարեկանին Կեդրոնական վարժարանէն շրջանաւարտ դարձած Տիգրան ձգած է Պոլիսը եւ եկած է Հոլանտա: «Առաջին տասը տարիներուն կապ չհաստատեցի Պոլսոյ հետ, սակայն հիմա յաճախ կը հաղորդակցիմ ու կ՛այցելեմ: Արմատներս հոն են, եւ Պոլիսն ալ կարիք ունի սփիւռքի քաջալերանքին»:

Տիգրանին հետ իմ հանդիպումս «լեցուն» էր, բայց նաեւ` «յագեցնող», նոյնիսկ երբ բազմաթիւ էին մտահոգութիւնները եւ բազմաբնոյթ` մարտահրաւէրները: Զրոյցը լեցուն էր տարբեր երեւոյթներու եղած անդրադարձով, բայց յագեցնող էին Տիգրանին նուիրուածութիւնը եւ հայ աւանդին ու արժէքին նկատմամբ իր անսակարկ պատրաստակամութիւնը եւ տարած գործը: Եթէ մէկ կողմէ կար յուսահատութիւնը` ոչ պայծառ իրականութիւններու ի տես, բայց միւս կողմէ` կան կուտակուած մտահոգութիւններ, որոնցմէ ելք գտնելու տրամադրութիւնները առկայ են: Այս մէկը «յագեցնող» իրականութիւն է` հայը միշտ արթուն ու գործօն պահելու իր ինքնութեան եւ հաւատքին գոյապայքարին մէջ եւ աշխարհով մէկ:

***

Եոհանը եկեղեցի չ՛երթար եւ միայն հմայուած է աղօթատեղիներուն արտաքինով ու մեծութեամբ: Տիգրանը եկեղեցի կ՛երթայ ու հմայուած է անոր խորքով ու պատգամով: Եթէ Եոհանը անտարբեր է այս առնչութեամբ, բայց Տիգրանը ծանրաբեռնուած է այս առաքելութեան յառաջխաղացքին համար:

Հայուն յատուկ այս ծանրաբեռնուածութիւնն է, որ կը կրէ սփիւռքահայութիւնը` տարբեր իրավիճակներու մէջ: Եթէ հայը մէկ կողմէ կ՛ուզէ պահել պատմութիւնը, բայց նաեւ ջատագովն է այս պատմութիւնը շարունակականութեան նոյն ընթացքին մէջ դնելու: Ասիկա հայուն աւանդին ու պահանջատիրութեան շարունակականութիւնն է:

Տիգրան կը գիտակցի, որ ասիկա դիւրին ընթացք մը չէ, բայց, հակառակ ամէն ինչի, կ՛ուզէ շարունակել այդ ծանրաբեռնուածութիւնը կրել:

Տիգրանին ընթացքը հայուն ընթացքն է, ոչ թէ «չլինելու», այլ «լինելու», հակառակ ծանր բեռան, շարունակելու: Ասիկա Հոլանտայի յատուկ չէ, այլ` ամբողջ աշխարհի մէջ:

Եոհանը եկեղեցի չ՛երթար: Ասիկա իր ընտրութիւնն է, թերեւս ալ իր սորվածին դրսեւորումն է: Բայց հայուն ընտրութիւնն ու սորվածը իր գոյութեան ամբողջ տեւողութեան ու պատմութեան ընթացքին «եկեղեցի երթալն է»:

 

1 comment
  1. What Yegeghetsi?

    If the Church starts behaving like a church, perhaps more Armenians, even young ones, would consider attending. As fundamentalism and conservatism take over (like a plague), young people will run away.

    There was a time when the church was a place for those who were seeking answers to spiritual questions. Now it is a place for those who "know" and need not seek (so they think). This itself is unChristian, but what do I know?

Comments are closed.

You May Also Like