Բաբգէն Պոյաճեան, Ճարտարապետ, Թորոնթօ, 21 Սեպտեմբեր 2015
Վերջերս այնքան նոր զարգացումներ կ'ըլլան մեր հայկական առօրեային մեջ, որոնք
Հարկ է յիշեցնել այս ողորմելիներուն, որ հայ ազգը, իր մշակոյթը և պատմութիւնը, կթան կով չեն, որ ցանկացած ձեւով շահագործեն եւ ներկայացնեն հանրութեան, այն եզրակացութեամբ որ ազգը ոչխարի հօտ է եւ իրենք կարող են այդ հօտին առաջնորդել իրենց ցանկացած ուղղութեամբ, կամ վատագոյն պարագային, կարելի է անոնց հոգիները գնել թիթեղեայ մետալներով:
Ներկայի համացանցային զարգացման ծիրին մէջ ալ կարելի չէ պահել այս անորակ գործունէութիւնը, ըլլայ այդ քաղաքական այսինքն հողային պահանջատիրութեան պարագային, որուն ձախող հետևանքները մեզ ներկայացան հարիւրամեակի ոգեկոչումներու ժամանակ, օրինակ՝ յատկապէս վիրաւորական էր «անմոռուկ»ի օգտագործումը:
Վերջերս այնքան նոր զարգացումներ կ'ըլլան մեր հայկական առօրեային մեջ, որոնք
Հարկ է յիշեցնել այս ողորմելիներուն, որ հայ ազգը, իր մշակոյթը և պատմութիւնը, կթան կով չեն, որ ցանկացած ձեւով շահագործեն եւ ներկայացնեն հանրութեան, այն եզրակացութեամբ որ ազգը ոչխարի հօտ է եւ իրենք կարող են այդ հօտին առաջնորդել իրենց ցանկացած ուղղութեամբ, կամ վատագոյն պարագային, կարելի է անոնց հոգիները գնել թիթեղեայ մետալներով:
Ներկայի համացանցային զարգացման ծիրին մէջ ալ կարելի չէ պահել այս անորակ գործունէութիւնը, ըլլայ այդ քաղաքական այսինքն հողային պահանջատիրութեան պարագային, որուն ձախող հետևանքները մեզ ներկայացան հարիւրամեակի ոգեկոչումներու ժամանակ, օրինակ՝ յատկապէս վիրաւորական էր «անմոռուկ»ի օգտագործումը:
Հոս հարց տանք, չկա՞ր արդեօք մէկը, որ քաջութիւնը ունենար ըսելու ճշմարտութիւնը այդ խորհրդանիշի աղբիւրի եւ պատկանելիութեան մասին: Մեր մօտ արդեօք կը պակսի՞ն տաղանդաւոր մասնագէտներ որ միշտ կը քաջալերենք օտարները, ''Կիլիկիան'' եւ ''Մեր հայրենիք'' քայլերգները լաւագոյն օրինակներն են:
Երբ կը նայիս թրքական կողմին, անոնք ունին այնքան հարուստ եւ մասնագիտացած փաստարկներու շարան, յերիւրած եւ սուտ, բայց կարողացած են առանց մեծ դժուարութեան համոզել ցանկացած պետութիւն: Հետեւաբար, նման արշաւի առաջքը առնելու համար, հարկաւո՛ր է ծրագրաւորում եւ երիտասարդ մասնագէտներու եւ դիւանագէտներու պատրաստութիւնը:
Այս հոգեբանութեամբ եւ ընթացքով եթէ շարունակենք, հեռու չէ այդ ժամանակը, երբ մենք ստիպուած պիտի ըլլանք ներողութիւն խնդրել թուրքերէն մեզի ջարդելնուն համար:
Զիս մտահոգող հարցերէն մին հետեւեալն է՝ հայկական մշակույթը եւ ճարտարապետութիւնը սկսած է այլ ընթացքով քալել թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ միջազգային հրապակի վրայ: Հայկական ճարտարապետութիւնը իր ձեւով եւ համաչափութիւններով համեստ է, պարզ է, եւ հարկ է պահպանել անոր ինքնուրոյն եւ յատկանշանական կառուցուածքը: Պէտք է տէր կանգնիլ եւ հետապնդել որ այդ չխաթարուի, եւ այս պաշտօնը հարկաւոր է, որ ստանձնեն մեր մշակոյթի ներկայացուցիչները, արուեստագէտները, ճարտարապետները, ուսուցիչները, մտաւորականները եւ մանաւանդ քննադատները:
Ես այն հաւատացողներէն եմ, որ շինիչ քննադատութեամբ միայն կարելի է շտկել սխալները, զանազանել գեղեցիկը տգեղէն, առարկել, բարելաւել եւ վերատեսութեան ենթարկել տուեալ նախագիծը: Մեր օրերուն այս տեսութիւնը գործող չէ. ինչո՞ւ. որովհետեւ մեր արուեստագէտները, քննադատները եւ ճարտարապետները չեն ցանկանար նեղացնել պատուիրատուները կամ մետալ շնորհողները, նախընտրած են լռել, որպէսի յանկարծ յաջորդ նախագիծը, որ իրենց խոստացած են, ձեռքէ չփախցնեն:
Որոշ հայրենակիցներու համար տակաւին յստակ չէ համացանցի հնարաւորութիւները, օրինակ՝ վերջերս հեռատեսիլի հաղորդում մը նուիրուած էր հայ ճարտարապետներու գործունէութեան, արաբական ծոցի երկրներու մեջ անոնց շինարարական յաջողութիւններուն մասին, ուր ներկայացուեցաւ յայտնի ծովեզերեայ փողոց մը, իբրեւ ամբողջութեամբ կառուցուած հայ ճարտարապետի մը կողմէ: Արդեօք այդ միամիտ ճարտարապետը գիտէ՞, որ համակարգիչի օգնութեամբ շատ արագ կարելի է իմանալ այդ կառոյցի իսկական հեղինակները: Սուտին պոչը կարճ կ'ըլլայ:
Վերջերս Պէյրութի բանուկ փողոցներէն մէկուն վրայ տեղադրեցին քանդակ մը, երեք գլխանի կերպարի մը, որ ամբողջացած էր մէկ մարմինի մէջ, նուիրուած եղեռնի հարիւրամեակին: Հայ ժողովուրդի անցեալը չիմացող տեղացիները կրնան հարց տալ զարմանքով թէ հայերուն նախնիները այլ մոլորակայիննե՞ր են. իսկ քանդակագործը՝ ներկայացուած որպէս միջազգային արուեստագէտ, հեղինակը աշխարհով մէկ տարածուած բազմաթիւ քանդակներու, արդեօք իրա՞ւ է:
Հարց տանք. արդեօք այդ երիտասարդը գաղափար ունի՞ քանդակագործ Երուանդ Քոչարի կամ Վարուժան Խտշեանի գործերուն մասին, ուր կը տիրապետէ համաչափութիւնը և ազգային շունչը:
Եկեք իրար չխաբենք, այդ արձանը կարգադրութիւնն էր տուեալ շրջանի տեղացի երեսփոխանին և իր հայ քարտուղարին, որոնց հիմնական նպատակը ոչ թէ մեր սեւ աչքերն են, այլ յաջորդ ընտրութիւներուն մեր սեւ ընտրաթղթիկները:
Անհասկնալի է՝ ինչպէ՞ս կարելի է գնահատել այսպիսի անտաղանդ աշխատանքները եւ տեղադրել հայութեան անունով եւ յօժարութեամբ:
Հաւանաբար Զօհրապի եղբայրութիւնն է, որ իր ստորագրութիւնը նորէն կը դնէ եւ կը պարզուի որ մենք հարիւր տարի պատմութիւնէն բան մը չենք սորված:
Իսկ ամենատխրահռչակը այն է, ինչ կատարուեցաւ Պիքֆայայի Եղեռնի յայտնի յուշարձանի կողքի շրջափակին մէջ:
Հոն ներկայացուած են աշխարհի մեջ եղեռնի յուշարձաններու մանրակերտները, պատմական յուշարձաններու պատկերները, նոյնիսկ Մասիսները բերուած եւ զետեղուած կապոյտ երկինքով. երեւի աւելի գոհունակութիւն տալու համար տեղի կաթողիկոսին, գուցէ հարկ ըլլար Նոյան Տապանն ալ զետեղել:
Գաղափարը գնահատելի է, բայց կը պակսի կատարելագործման ճաշակը. եթէ քիչ մը ժամանակ տրուէր, գուցէ այս բոլորը ներկայացուէր աւելի հաւաքական յօրինումով, որուն լաւագոյն նմուշներէն մէկը մենք ունինք Սարդարապատի բարձրաքանդակ որմնանկարներու օրինակով:
Համացանցի վրայ կայ երկրորդ տարբերակ մը, որ շատ աւելի խրախուսելի էր, բայց հոս ալ խնամիական եւ միջկուսակցական հաշիւներէ մղուած, հաւանաբար նախագիծի պատուէրը տրուած էր անձնաւորութեան մը, որ գուցէ եւ գաղափար չունէր հայկական ճարտարապետութիւնէն:
Ակամայ ինծի կը յիշեցնէ Աբիսողոմ աղայի այցելութիւնը Պոլիս եւ լուսանկարի մը պատուէրը տեղի լուսանկարիչին, ցանկանալով տեսնել իր հողերը եւ կալուածները, կովերը, ոչխարները եւ ծառաները իր առաջ ծունկի եկած:
Ծիծաղ առթող նոյնաձեւ խայտառակութիւն մըն է, որ կատարուած է այս յուշարձանին հետ:
Կ'ուզեմ յիշեցնել մեր ազգային իշխանութիւններուն եւ հոգեւոր հայրերուն, որ ազգը առեւտուրի միջոց չէ, կամ ճաշասեղանի դրուած քաղցրաւենիի տեսակ, որ իրենց քմահաճոյքին համապատասխան օգտագործեն:
Հայրենասիրութիւնն ալ նպարավաճառի խանութի մէջ դրուած սպառողական առարկայ չէ, որ առքուվաճառքի հանեն իրենց անձնական շահերուն համար:
Իսկ ինչ կը վերաբերի մեր արուեստագէտներուն եւ ճարտարապետներուն, թող անոնք չվախնան մատերնին դնելու վէրքին վրայ եւ քննադատեն այն ինչ տգեղ է, առանց մտահոգուելու, որ կրնան զրկուիլ իրենց խոստացուած կարկանդակի բաժինէն:
Ժամանակն է ձերբազատուելու հարիւր եւ աւելի տարուայ հոգեկան ստրկութիւնէն, որպէսզի կարողանանք պահպանել հայկականը, ազգայինը, գեղեցիկը…:
Իսկ մեր օրերուն, այդպիսիի մտաւորականներուն թիւը երթալով կը նօսրանայ:
Ես չըսեմ…դուն ըսէ…
2 comments
Erkar jamanake
Erkar jamanake ayspisi hrashali hotvadzi dgeyi hantipel. Shnorhakalutyun.
Yes Chesem Toun ese…
Hrashali yev shad hajeli er untertysel tser hotvadse…. gouzem aveltsnel hedevyale!
Tjpakhdapar nerga orerous voch te miyayn AZKe ge kordsadsvi vorbes arevdouri michots, ayl hima arten kouyr-yeghpayr yev harazadner ankam aroudsakhi ge timen inchbes vor irents harmari….voch miyayn Azkayin Ishkhanoutyounner gam Hokevor Hayrer ayl hasaragoutyoune arants khdroutyan, ousyal gam Anous!
Mortsvads en sern ou harkanke, amotkhadsoutyoune yev Martgoutyoune.
Menk sorvelou yev hishelou hivantoutenen ge darabink……Patsaroutyounnere anshoushd mishd harkeli en!
Mnam Harkanok
Suzy
Comments are closed.