Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ, 7 Փետրուար 2011


Իր գեղանկարներով Մարալ [Տէր–Պօղոսեան] կը ստիպէ մեր երեւակայութիւնը, մտածումներն ու կարծիքները թեւածելու, թռչելու իր տուներուն տանիքներուն եւ պատշգամին վրայէն: Ան մեզի կը յուշէ թէ կ՝ապրինք այստեղ եւ այնտեղ… անկախ իր վրձինին ճարտար ձեւի եւ գոյնի օգտագործմամբ՝ նաեւ իր հրաշալի արուեստին որպէս օրինակ”: Ռոլֆ Շթընիլէ, “Կէօթէ” մշակութային հաստատութեան տնօրէն.
Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ, 7 Փետրուար 2011






Իր գեղանկարներով Մարալ [Տէր–Պօղոսեան] կը ստիպէ մեր երեւակայութիւնը, մտածումներն ու կարծիքները թեւածելու, թռչելու իր տուներուն տանիքներուն եւ պատշգամին վրայէն: Ան մեզի կը յուշէ թէ կ՝ապրինք այստեղ եւ այնտեղ… անկախ իր վրձինին ճարտար ձեւի եւ գոյնի օգտագործմամբ՝ նաեւ իր հրաշալի արուեստին որպէս օրինակ”: Ռոլֆ Շթընիլէ, “Կէօթէ” մշակութային հաստատութեան տնօրէն.
Ապագայ արուեստագէտը տաղանդով կը ծնի, կ՝ըսէ ժողովրդային իմաստութիւնը: Այդպէս եղաւ նաեւ հանրայայտ գեղանկարչուհի Մարալ Տէր–Պօղոսեանին համար, որ 5-6 տարեկանէն արդէն գծել ու նկարել սկսաւ: Դուստրը քանդակագործուհի Կիւլէնի ու գեղանկարիչ Շահէ Տէր–Պօղոսեաններու, “Սփիւռքի մայրաքաղաք” Պէյրութի գովերգիչը իր պաստառներուն ընդմէջէն՝ շուտով ընդունուեցաւ Լիբանանի համալսարանի գեղարուեստից Ակադեմիայի գեղանկարչութեան բաժինը, միաժամանակ ստանալով Մագիստրոսի աստիճան ALBA (Academie Libanaise des Beaux Arts)-էն՝ 2004թ–ին:
Իր ստեղծագործութիւներու բանաստեղծականութիւնը, կենսաթեթեւ ու կենսախինդ գոյները, համանուագային ներդաշնակութիւնը, բացայայտ տաղանդը պատճառ դարձած է որ բազմաթիւ ցուցահանդէսներ կազմակերպուին, ուր մասնակցած է անհատապէս թէ խմբային առումով: 2001թ–ին Վիեննայի քաղաքապետութեան հովանաւորութեամբ իր պաստառները կը ցուցադրուին “Արուեստներու ու երաժշտութեան Մայրաքաղաքին մէջ, արժանանալով յատուկ ուշադրութեան ու գնահատանքի:
Գեղանկարչութեան աշխարհին մէջ երիտասարդ արուեստագիտուհիին յաղթարշաւը կը շարունակուի: Ցուցահանդէսներ Տուպայի մէջ (հովանաւորութեամբ՝ Շարժայի դրամատան), Վիեննայի Արուեստի Ակումբին մէջ, հովանաւորութեամբ՝ Լիբանանի դեսպանատան (2003-2004թ.թ.): Ապա, 2002-ին, 2006-ին, 2007-ին եւ 2008-ին՝ Սուրսոքներու Պալատին մէջ 27-րդ ու 28-րդ աշնանային սենեկային ցուցահանդէսներու մասնակից: 2007թ–ին կը դասախօսէ Լիբանանեան համալսարանի գեղարուեստից ակադեմիային մէջ:
Մարալին հետաքրքրութեան դաշտը, ներշնչման աղբիւրը քաղաքը եւ արուարձանն է, մասնաւորաբար Պէյրութը եւ շրջակայքը: Անոնք կը յիշեցնեն իր մանկութեան եւ պատանեկութեան երազները ուր կը տեսնէր Պէյրութը խաղաղութեան մէջ: Այն իր անմիջական միջավայրն էր եւ ուր կազմուեցան այդ միջավայրին պատկանելիութեան զգացումները: ժամանակի ընթացքին քաղաքը շարունակեց փոխուիլ եւ պեթոնաշէն մեծ շէնքերը եկան գրաւելու ընդարձակ տարածութիւններ: Պեթոնը՝ քաղաքը կը հեռացնէր բնութենէն, կը փոխէր եւ կ՝այլասերէր բնութեան դիմագիծը…:
Իր պաստառները իր երազներուն իրականացումներն են. կը տեսնենք պեթոնաշէն քաղաքը իր շէնքերով, այլազան բարձրութիւններով եւ տարածքներով, որոնք այլեւս զերծ են պեթոնի առթած մռայլ, վանողական եւ անհրապոյր տեսքէն, ընդհակառակը՝ գեղեցկացած, դարձած են աննիւթական, երազային եւ ներդաշնակութեանց համադրութիւն մը:
Իր վրձինով քաղաքը վերածուած է լուսաւոր, կենսաթրթիռ, հարազատ եւ մարդկայնացած միջավայրը մարդուն եւ այլեւս այդ քաղաքը մաս կը կազմէ բնութեան, ըլլալով անոր հմայիչ շարունակութիւնը:
Անկատար երազներ ու ծրագիրներ ունի տակաւին Լիբանանահայ բազմատաղանդ արուեստագիտուհին: Կամքն ու աշխատասիրութիւնը սակայն պիտի յաղթահարէ ամէն դժուարութիւն ու փշոտ ճանապարհ՝ հասնելու վարդերով ու դափնիներով զարդարուած գեղարուեստի աշխարհի անդաստանը:
Բարի ճանապարհ եւ նորանոր յաջողութիւններ Մարալ Տէր–Պօղոսեանին:
1 comment
Maral Der Boghossian
I can almost recognise the street(s) where I grew up in the above two paintings.
I wonder where we can see larger versions of her paintings and, indeed, more of her works.
Comments are closed.