Երանի Ծնողքս Հայերէն Սորվեցուցած Ըլլային Ինծի

Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան (Լեզուաբան), Պէյրութ, 20 Յունուար 2011

Յաճախ, լեզուաբաններ անակնկալի առջեւ կը գտնուին, երբ դէմ յանդիման կու գան ընկերութեան մը անդամներուն ժխտական եւ անհոգ կեցուածքներուն՝ իրենց լեզուի պահպանման առնչութեամբ: Նման հարցի մը առջեւ արդեօք ի՞նչ պէտք է ընեն լեզուաբաններ: Արդեօ՞ք բաւարարուի՞լ ըսելով, թէ իրենց որոշումն է եւ մենք իրաւունք չունինք խառնուելու: Կամ, հիմնուելով անցեալի փորձառութիւններու վրայ, աշխատիլ լեզուն փրկել: Դժուար է կացութիւնը:

Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան (Լեզուաբան), Պէյրութ, 20 Յունուար 2011

Յաճախ, լեզուաբաններ անակնկալի առջեւ կը գտնուին, երբ դէմ յանդիման կու գան ընկերութեան մը անդամներուն ժխտական եւ անհոգ կեցուածքներուն՝ իրենց լեզուի պահպանման առնչութեամբ: Նման հարցի մը առջեւ արդեօք ի՞նչ պէտք է ընեն լեզուաբաններ: Արդեօ՞ք բաւարարուի՞լ ըսելով, թէ իրենց որոշումն է եւ մենք իրաւունք չունինք խառնուելու: Կամ, հիմնուելով անցեալի փորձառութիւններու վրայ, աշխատիլ լեզուն փրկել: Դժուար է կացութիւնը:

Դիւրին է ըսել, թէ արդէն ուրիշ շատ լեզուներ կան, որոնք մեր օգնութեան պէտք ունին։ Լեզուներ, որոնք օգտագործող ժողովուրդները համոզուած են լեզուաբաններու լեզուապահպանման ճիգերուն:

Ի՛նչ ալ ըլլայ պարագան, պէտք է կեցուածք մը որդեգրել: Նախ՝ պէտք է ընդունիլ, որ կեանքի մէջ ամէն բան սեւ ու ճերմակ չէ: Այսինքն, նոյն ընկերութեան մէջ կրնան գոյութիւն ունենալ տարբեր կեցուածքներ՝ հպարտութիւն, զղջում, անտարբերութիւն եւ այլն: Ընտանիք մը կրնայ շատ հպարտ զգալ իր աւանդութիւններով եւ ազգային ինքնութեամբ, մինչ ուրիշ մը՝ ոչ: Անձ մը կրնայ իր մայրենի լեզուն նկատել անօգուտ եւ անկարեւոր, ուրիշ մը կրնայ հոգեկան ուժի աղբիւր նկատել իր մայրենի լեզուն: Հետեւաբար, կարեւոր է նախ սերտել ընկերութեան մը ժխտական վերաբերմունքին պատճառները:

Կան պարագաներ, ուր տնտեսական, ռազմական եւ ապահովական պատճառներ կը մղեն փոքրամասնութիւններ, որ իրենց ուժը կեդրոնացնեն ապրուստ մը ճարելու վրայ: Օրինակի համար, երբ լեզուաբան Մեթիու Մըքտենիըլ կ՝աշխատէր Թայլէնտի Ախա ընկերութեան լեզուն պահպանելու, ան կը գրէ, թէ այդ երբեք դիւրին չէր, որովհետեւ անոնց մանուկները տասնեակներով կը մահանային ամէն օր: Բժիշկներ չկային ախտաճանաչում ընելու: Մըքտենիըլի մտահոգութիւնը տարբեր մակարդակներու վրայ էր՝ անոնց պզտիկները առիթը չունէին մեծնալու եւ իրենց մայրենի լեզուն սորվելու. անոնք անմիջական պէտքը ունէին բժշկական խնամքի եւ տնտեսական հոգատարութեան, եւ Ախա լեզուն գրի առնել եւ պահպանե՞լ, թէ Ախա ժողովուրդը փրկել եւ պահպանել:

Յաճախ զգայնութիւններ կան, որոնք պէտք է յարգուին եւ քաղաքական ճնշումներ կան, որոնք պէտք է նկատի առնուին: Նոյն ատեն, լեզուաբաններ երկար փորձառութիւններէ ետք գիտեն, որ նոյն գանգատները պիտի լսեն՝ «Երանի՜ ծնողքս մայրենի լեզուս սորվեցուցած ըլլար ինծի», «Երանի՜ մեծ հայրս ու մայրս մայրենի լեզուս սորվեցուցած ըլլային ինծի»:

Լեզուաբան Նիքըլըս Օսթլըր կը բացատրէ այս եղելութիւնը ըսելով, թէ ո՞վ ենք մենք որ հարցականի տակ առնենք ընկերութեան մը որոշումը՝ չփոխանցել իր մայրենի լեզուն իր զաւակներուն: Օրինակի համար, ի՞նչ կարելի է ըսել Տահալօ խօսող այն քենիացի հօր, որ հպարտանքով կ՝ըսէ, թէ իր զաւակը հիմա միայն Սուահիլի (Քենիոյ պաշտօնական լեզուն) կը խօսի: Սակայն, Օսթլըր կը շեշտէ, որ ընկերութիւններու նախընտրութիւնները յաճախ կը փոխուին: Եւ հարցը կը սկսի երբ որոշ, օրինակի համար, տնտեսական նպատակ մը ձեռք կը բերուի: Այն ատեն, Օսթլըր կը պնդէ, որ ուշ է լեզուն սորվեցնել զաւակներուն, որովհետեւ լեզուն գոյութիւն չունի ալ:

Օրինակի համար, լեզուաբան Նենսի Տորիըն այս մէկը գտաւ Սկովտիոյ Իստ Սատըրլենտի մէջ կէլիք խօսող ընկերութեան մօտ: Տնտեսական պատճառներու համար, անոնք որոշած էին լքել իրենց կէլիք լեզուն, եւ հիմա անոնց զաւակները, որոնք տնտեսական աւելի լաւ վիճակի մէջ են, կ՝ուզեն վերագտնել իրենց ազգային ժառանգութիւնը եւ հպարտանալ իրենց անցեալի ինքնութեամբ, եւ բարկացած կը հարցնեն իրենց ծնողներուն, թէ «Ինչո՞ւ մեզի մեր մայրենի լեզուն չսորվեցուցիք»:

Դժբախտաբար, որոշ թիւով հայ երիտասարդ ծնողներու հետ հարցազրոյցի ժամանակ անոնք իրենց փափաքը յայտնեցին, թէ տեղական՝ լիբանանեան կեանքին հետ աւելի մօտէն առնչելով իրենց զաւակները ընկերային եւ տնտեսական աւելի փայլուն մակարդակ եւ ապագայ պիտի ունենան: Ըստ լեզուաբաններու, ծնողներ պէտք է տեղեակ ըլլան եւ գիտնան իրենց որոշումներուն անդրադարձը մայրենի լեզուին վրայ, հասկնան իրենց կեցուածքին ժխտական արդիւնքները յաջորդ սերունդներուն վրայ («հայերէնը հաց չի կերցներ», «հայերէնը միջազգային լեզու չէ», «հայերէնի ուսուցիչ չեմ ուզեր ըլլալ», «հայերէնը յետամնաց եւ անօթի կը պահէ». 18 – 24 տարեկան հայ երիտասարդներու եւ 30 – 40 տարեկան Լիբանանի մէջ հայ երիտասարդ ծնողներու կեցուածքներ հայերէն լեզուի հանդէպ) եւ որոշեն փոխանցել մայրենի լեզուն իրենց զաւակներուն ինչ ալ ըլլայ պարագան:

ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԼԵԶՈՒԱԲԱՆՆԵՐՈՒ
ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

Անհրաժեշտ է որ ծնողներ տեղեակ ըլլան մայրենի լեզուին սպառնացող վտանգներուն, հասկնան իրենց ժխտական կամ կրաւորական կեցուածքին արդիւնքները, եւ որոշեն լեզուն փոխանցել իրենց զաւակներուն: Սակայն, ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ այդ բոլորը, երբ ծնողներու մեծամասնութիւնը անտեղեակ է լեզուի մը տկարացման հանգրուաններուն, թէ ի՞նչ արագութեամբ երկլեզու ընկերութիւն մը կրնայ միալեզու դառնալ։

Անոնք կը նային իրենց շուրջ, եւ կը տեսնեն թէ տակաւին կան շատեր, որոնք կը խօսին մայրենի լեզուն, եւ կը հետեւցնեն թէ լեզուն լաւ վիճակի մէջ է: Անոնք կը մերժեն տեսնել, թէ իրենց մայրենի լեզուն կը տկարանայ: Կան տակաւին անոնք, որոնք կը հաւատան, թէ իրենց լեզուն յատուկ պաշտպանութիւն կը վայելէ: Օրինակի համար, հակառակ այն իրականութեան, թէ Փանամայի թիպերիս ընկերութեան լեզուն մեծապէս վտանգուած է, անոնց թագաւորը այսպէս արտայայտուած է. «Մենք վտանգուած չենք, որովհետեւ Աստուած ստեղծեց մեզ: Ան մեզ չստեղծեց որ ուրիշներ մեզ ոչնչացնեն: Եթէ անցեալ 500 տարիներու դժուարին պայմաններուն տոկացինք, ուրեմն ինչո՞ւ հիմա պիտի անհետանանք»:

Լեզուաբաններ կ՝ըսեն, թէ յաճախ ընկերութիւն մը հարցին լրջութիւնը կ՝ըմբռնէ շատ ուշ։ Լեզուաբաններու նպատակը հաղորդակցութեան միջոց մը ապահովել չէ, այլ՝ օգնել ընկերութեան մը, որպէսզի իր ժառանգութեան յատուկ ըլլալը տեսնէ եւ գնահատէ: Եւ ա՛յս մէկը դիւրին գործ չէ: Բաւական ճիգ կը պահանջէ ընդգծել լեզուական ժառանգութեան մը կարեւորութիւնը եւ մայրենի լեզուին հանդէպ ժխտական կեցուածքներուն հետեւանքները:

Լուծո՞ւմ:

Միայն ընկերութիւնը ի՛նք կրնայ փրկել իր լեզուն:

Այս չի նշանակեր թէ լեզուաբաններու կարիքը չկայ: Ընդհակառակը, անոնց օգնութիւնը եւ խրատը մեծապէս անհրաժեշտ է: Հետեւաբար, երբ լեզուաբաններ մայրենի լեզուին հանդէպ ժխտական կեցուածքներու հանդիպին, գիտեն թէ ի՛նչ պիտի ընեն: Միջամտութեան առաջին նպատակը կ՝ըլլայ բարելաւել ընկերութեան հոգեկան որպիսութիւնը, որպէսզի անոնք սկսին հպարտութեան եւ ինքնավստահութեան զգացումներով մօտենալ իրենց մայրենի լեզուին:

Լեզուաբաններու փորձառութիւններէն մեկնելով, կարելի է ըսել, թէ կան որոշ ճշմարտութիւններ, որոնք կրնան համոզիչ ըլլալ: Սակայն, փոքրամասնութիւնը ի՛նքն է միայն որ կրնայ մատնանշել հոգեկան այն կապերը, որոնք կու գան նախահայրերու լեզուին պահպանման հետ – կապեր որոնք յաճախ շօշափելի չեն, սակայն իրական են, ինչպէս՝ պատմութեան էջերը կարդալ, աւանդական երգեր մտիկ ընել, եւ մշակել ապահովութեան զգացումներ, որոնք կու գան ինքնութիւն եւ պատմութիւն հասկացողութիւններէն:

Ուրեմն, լեզուական փոքրամասնութեան մը իւրաքանչիւր անդամը պատասխանատու պէտք է զգայ մայրենի լեզուն փոխանցելու յաջորդ սերունդին: Յաճախ, մարդիկ կը խորհին թէ ընկերութեան առաջնորդները եւ ուսուցիչները պիտի կատարեն պէտք եղածը: Ճիշդ է, սակայն բաւարար չէ, որովհետեւ ամէնէն կարեւորը տունն է: Ընտանիքի մը անդամները որքան ալ ուրիշ լեզուներ գիտնան, պէտք է տան մէջ միայն իրենց մայրենի լեզուն խօսին: Այսինքն, երիտասարդ զոյգեր պէտք է նախապատուութիւն տան իրենց մայրենի լեզուին եւ այդ լեզուով խօսին իրենց զաւակներուն հետ: Տարեց զոյգեր, աւելի փորձառու եւ ընկերային կշիռ վայելողներ, պէտք է գործածեն իրենց ազդեցութիւնը՝ լեզուական միջոցառումներուն հանրային կարեւորութիւն տալով: Տարեցներ պէտք է գործեն որպէս լեզուական գիտելիքներու աղբիւր եւ մայրենի լեզուն խօսող օրինակելի տիպարներ:

ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒՆ ԵՒ ԾՆՈՂՆԵՐՈՒ
ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ընկերաբաններ եւ լեզուաբաններ մայրենի լեզուէ, մշակոյթէ եւ ազգային պատմութենէ հրաժարելու մեծագոյն պատասխանատուութիւնը կը դնեն ծնողներուն վրայ:

Ինչո՞ւ այս շեշտը ծնողներուն վրայ:

Որովհետեւ, ընկերալեզուաբաններ կը պնդեն, որ ծնողներն են որ կ՝որոշեն, եթէ իրենց զաւակները պիտի սորվին իրենց մայրենի լեզուն՝ թէ ոչ: Ծնողներն են որ կ՝որոշեն, եթէ իրենց զաւակները, օրինակի համար, հայկական վարժարան պիտի յաճախեն Լիբանանի մէջ թէ ոչ: Մայրենի լեզուին դժբախտ ճակատագիրը կը սկսի այն ատեն, երբ ծնողներու որոշումը ոչ է, որովհետեւ ժխտական այդ դիրքը կ՝առաջնորդէ աւանդական լեզուի ուսուցման բացակայութեան, տան մէջ մայրենի լեզուին գործածութեան պակասին, մեծ հայրերու եւ մայրերու հետ հաղորդակցութեան խզումին, օտար բարեկամներու թիւի բազմապատկումին, ազգային եւ եկեղեցական կեանքին մասնակցութեան տկարացման, աւանդական արժէքներէ հեռացման եւ պատկանելիութեան զգացումներու կորուստին:

Պատահական չէ ուրեմն, որ վերջին տասնամեակին փոքրամասնութիւններու լեզուապահպանումի հարցը առաջնահերթ տեղ սկսած է գրաւել համաշխարհային գետնի վրայ: Բաւարար է թերթատել լեզուագիտական հատորներ՝ ըմբռնելու համար կացութեան ահազանգային վիճակը, մտավախութիւններուն լրջութիւնը եւ ձեռնարկուած դարմանումի ծրագիրներուն արհեստավարժութիւնը:

Յաճախ ծնողներ չեն անդրադառնար, որ սերունդ մը ետք կրնայ իրենց մայրենի լեզուն մոռացութեան ուղին բռնել, եւ այդ ատեն շատ դժուար պիտի ըլլայ կացութեան փրկութիւնը։

Բարեբախտաբար, այսօր յունական, իտալական եւ չինական կարգ մը գաղութներ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ զօրաշարժի ենթարկուած են՝ պահպանելու իրենց նախահայրերուն լեզուները սփիւռքի մէջ, որովհետեւ անոնք հպարտ կը զգան անգամ մը եւս իրենց ժառանգութեամբ, դրական կեցուածք սկսած են մշակել իրենց լեզուին հանդէպ, մտադրած են օգտուիլ իրենց լեզուին հրամցուցած արժէքներէն, սկսած են գիտակցիլ ազգային միասնականութեան կարեւորութեան, անհրաժեշտ կը նկատեն հայրենիքի հանդէպ իրենց կապուածութիւնը, կ՝ուզեն կառչիլ իրենց կրօնական իւրայատուկ հաւատալիքներուն եւ ծէսերուն:

Ահա թէ ինչո՛ւ հայ ծնողներ Լիբանանի եւ սփիւռքի մէջ պէտք է գիտակցին, թէ մայրենի լեզուի պահպանութեան հետ կը պահուի մշակոյթ, իւրայատուկ կենցաղավարութիւն, յատուկ ինքնութիւն, աշխարհահայեացք եւ մտածելակերպ: Դժբախտաբար, հայ ծնողներ, իրենց որոշումներուն պատճառով, ինքնութեան եւ պատկանելիութեան հարցեր կը յարուցեն իրենց զաւակներուն մէջ՝ զանոնք հեռու պահելով հայ դպրոցէն, հայ մշակոյթէն եւ հայ եկեղեցիէն: Ծնողներու արաբերէն լեզուին տիրապետելու եւ լիբանանեան ընկերութեան մէջ համարկելու պատճառաբանութիւնները կ՝առաջնորդեն ժխտական ազդեցութիւններու՝ անձնական, ազգային, համայնքային, մշակութային, համաշխարհային, ընկերալեզուաբանական եւ լեզուագիտական առումով:

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Ինչպէս տեսանք, լեզու, սփիւռք, հայրենիք, յիշողութիւն, ձուլում, մայրենի լեզու, անհետացում, լեզուապահպանում, փոքրամասնութիւններ, մեկուսացում՝ ամէնէն սերտուած նիւթերն են ընկերալեզուաբանութեան մէջ: Բայց ինչո՞ւ, որովհետեւ վերջերս աշխարհի մէջ կը բազմանան գաղթականներու եւ պանդուխտներու թիւերը: Քաղաքական եւ ընկերային դժուարութիւններու կողքին, սփիւռքեան ընկերութիւններ նաեւ կը դիմագրաւեն ինքնութիւն, մշակոյթ եւ լեզու պահելու, զոհելու կամ հաւասարակշռութիւն մը գտնելու հրամայականները:

Վստահաբար, շատերը ծանօթ են այս երեւոյթին։ Հա՞յ մնալ, լիբանանցի՞ ըլլալ, լիբանանահա՞յ դառնալ, հայկակա՞ն թէ արաբական դպրոց դնել զաւակը, հայո՞ւ թէ արաբի՞ հետ ամուսնանալ:

Հայկական գաղութին մեծամասնութիւնը Լիբանան հաստատուեցաւ 1915-ի ցեղասպանութենէն ետք: 1937-ին եւ 1940-ին հայ գաղթականներու նոր ալիք մը հասաւ Ալեքսանտրէթէն, երբ Թուրքիան վերջինը գրաւեց եւ ֆրանսացի զինուորները հեռացան Սանճաքէն: Հայ գաղթականներ շարունակեցին Լիբանան հասնիլ 1940-ական թուականներուն՝ Պաղեստինէն, որպէս արդիւնք արաբ-իսրայէլեան պատերազմին: Իսկ 1960-ական թուականներուն անոնք եկան Սուրիայէն, երբ արաբական ազգային շարժումներու պատճառով հայերու մշակութային եւ կրթական իրաւունքները սկսան տուժել:

Եկեղեցին եւ քաղաքական կուսակցութիւնները կանուխէն կարեւոր դեր ունեցան հայ գաղթականներու կրօնական, կազմակերպչական, ընկերային, կրթական, քաղաքական, եւ մշակութային կեանքին մէջ՝ կերտելով ինքնուրոյն եւ իւրայատուկ հայկական ինքնութիւն մը, հեռու իրենց նախահայրերու հողերէն: Առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիներուն եւ անոնց հաստատութիւններուն կողքին, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններն ալ վերակազմակերպուեցան եւ հիմնեցին իրենց օրաթերթերը։

Այս բոլորը կարելի եղաւ ընել, որովհետեւ մայրենի լեզուին գիտակցութիւնն է, որ թոյլ կու տայ պրպտել եւ հետաքրքրուիլ արմատներով, պատմութեամբ, գրականութեամբ, երաժշտութեամբ՝ ինքնութեան զօրաւոր հասկացողութիւն մը ունենալու համար:
Լիբանանի մէջ, հայ գաղութին լեզուապահպանման ճիգերը շատ բան կ՝ըսեն ընկերալեզուաբաններուն եւ լեզուագէտներուն: Այսօր նոյնը կը պահանջուի այս բոլորը փոխանցելու համար յաջորդող սերունդներուն:

Նոյն Հեղինակէն՝
Denial of Genocide: History or Politics
5 comments
  1. Հայախօսութիւնը տան մէջ

    Զանց առնեմ անոնց պարագան, որոնք հայախօսութիւնը անկարեւոր բան մը կը սեպեն: Անոնց հետ պիտի չվիճիմ:

    Զաւակներուն հայերէն սորվեցնելը անչափ դժուար, գրեթէ անկարելի գործ մը կը դառնայ, եթէ ծնողքը ժամանակ չունին իրենց զաւակներուն հետ խաղալու, խօսելու եւ առ հասարակ ժամանակ անցընելու: Կ’ուզես որ պզտիկդ հայերէն խօսի՝ պէտք է լրագիրդ ծալլես, հեռատեսիլդ մարես, հեռաձայնդ գոցես եւ մանկասենեակը երթաս՝ գորգին վրայ նստելու:

    Պէտք է օտար լեզուներով աղուոր գիրքեր կարդաս (շնորհքով գիրքեր, ըսի, թղթեղէն աղբը չըսի) եւ ետքը հայերէնով պատմես պարունակութիւնը: Ամէն օր: Որպէս զի զաւակներդ վարժուին եւ ամէն օր սպասեն:

    Անունով հայկական, սակայն լեզուով օտար ձեռնարկներէն հեռու կեցիր եւ մանաւանդ զաւակդ հոն մի տանիր:

    Կուսակցութիւն, ակումբ, վարչական, ժամկոչ աղբար, առաջնորդ սրբազան — այս ամէնը կարճ ցանկ մըն է պէտք չունեցածդ առարկաներուն: Տունիդ մէջ մառան ունիս՝ հոն տար զանոնք: Գլխուդ վրայ տեղ չունենան անոնք:

     

    1. Սիրելի Ենովք,  as they say

      Սիրելի Ենովք,  as they say, it’s "easier said than done". 

      I am sure most of us consider a priority to provide a certain level of Armenian education  to our children, and we try our best.  However, with today’s busy families, we barely have time to help the kids with their homework after a very stressful day at work.

      I personally try my best to send them to Armenian schooling and then keep them in Armenian circles as much as I can.

       
  2. Vokhchuyn

    Sireli Arda, ke shnorhavorem ashkhadanked, heranegarayin gorts e.

    Karine
    Glendale, CA

  3. Raising Armenian Kids in Alaska

    Շնորհակալութիւն Դոկտ. Ճէպէճեան։

    Ներշնչում մեզի…մանանաւանդ հոս Anchorage, Ալասքա, ուր կը պահենք մեր բողբոջ զաւակները Հա՛յ։

    Յ.Գ.։  Նոյն միտքով՝

    Keeping your kids Armenian by Tom Varabedian

    Thank you for this inspiring food for thought Dr. Jebejian!

    We smile with pride every time our toddlers utter a new Armenian word they discover…here in Anchorage, Alaska!


Comments are closed.

You May Also Like