Հրայր Ճէպէճեան, Կիպրոս, 28 Մայիս 2013
Վերոնշեալ տողը բանաստեղծութեան եւ անոր առնչուած երգէն առնուած նախադասութիւն է թէեւ, բայց անպայմանօրէն հայուն ապրուած ու տակաւին ապրող իրական կեանքին շարունակուող մարտահրաւէրը…: Սարդարապատի նուիրուած բանաստեղծութեան իւրաքանչիւր տող կ՛արտայայտէ հայուն գոյապայքարը…: Թէեւ այս տողերը առնչուած են Սարդարապատի ճակատամարտին հետ` 22-26 մայիս 1918, բայց հայուն համար միշտ ալ առկայ եղած է իր գոյութեան համար տարած ու տարուելիք «ելք»-ի հնարքները ու անոր հետ իր գոյութեան «ճար»-ը գտնելու ձեւերը…: Բայց նախ պէտք է վերադառնալ Սարդարապատ «ելք»-ի ու «ճար»-իրականութեան:
Հրայր Ճէպէճեան, Կիպրոս, 28 Մայիս 2013
Վերոնշեալ տողը բանաստեղծութեան եւ անոր առնչուած երգէն առնուած նախադասութիւն
Ցեղասպանութեան դժոխքէն դուրս եկած աւելի քան մէկուկէս միլիոն նահատակ, ինչպէս նաեւ հող եւ մշակութային արժէք ու կոթող կորսնցուցած հայը իր լինել-չլինելու պայքարին դիմաց գտնուեցաւ: Եւ ի՞նչն էր «ելք»-ը այդ պայքարին եթէ ոչ հաւաքական միտքն ու կեցուածքը…: Իսկ ո՞ւր էր «ճար»-ը նոյնինքն այդ պայքարին` եթէ ոչ հաւաքական «զէնք»-ին մէջ, որ ապահովեց եւ երաշխաւորեց յաղթանակ մը նոյնինքն ցեղասպան թուրքին դէմ, յաղթանակ մը, որ կերտուեցաւ 22-26 մայիս ժամանակահատուածին, եւ որուն միջոցաւ գծուեցաւ սահմանները Հայաստանի անկախ Առաջին հանրապետութեան: Մայիս 28-ով հայը կերտեց իր ինքնութեան ամուր կռուանը, որ դարձաւ երաշխաւորը պատմութեան շարունակականութեան` որ նաեւ այսօր իրականութիւն է անկախացած-վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութեամբ:
Բայց Սարդարապատէն առաջ-վերջ` կայ պատմութեան փորձառութիւնը, որ երբեք կանգ չէ առած, ոչ ալ կանգ առաւ եւ առած է հայուն «ելք»-ի ու «ճար»-ի գոյապայքարը: Հայը իր պատմութեան ճգնաժամային խաչմերուկներուն միշտ ալ որոնած է «ելք»-ի ու «ճար»-ի հնարքները եւ յաջողած է հոն` ուր կրցած է մշակել հաւաքական տեսադաշտը եւ ռազմավարութիւնը իր տագնապներուն…: Մեր պատմութեան մօտիկ անցեալին` 9 մայիս 1992-ին` Արցախեան ազատագրութեան շարժումները եւ Շուշիի ազատագրութիւնը եկան նոյն բանը հաստատելու: Եւ ի՞նչն էր եւ ինչպէ՞ս էր հայուն «ելք»-ի ու «ճար»-ի յաջողութիւնը: Հաւաքական միտքը, տեսադաշտը, կեցուածքը, եւ այս պարագային դարձեալ հաւաքական զէնքը…: Յար եւ նման Սարդարապատի փորձառութեան:
Եթէ պիտի խօսինք լիբանանահայ գաղութի փորձառութեան մասին, զոր ունեցաւ լիբանանեան պատերազմին` 1975-1990-ի ժամանակաշրջանին, եւ այն մասին, թէ գաղութը նաւարկեց ամէնէն դժուար պայմաններուն ստեղծած «թոհ ու բոհին» մէջէն կրնանք ըսել, որ ատիկա ըրաւ, քանի որ կրցաւ կիրարկել հաւաքական տեսադաշտը` իր կուսակցական, միութենական, եկեղեցական ու համայնքային այլազանութիւններուն եւ տարբերակներուն ճամբով` դարձեալ կրկնելով Սարդարապատի փորձառութիւնը:
Բայց այսօր կը շարունակուի տակաւին հայուն «ելք»-ի ու «ճար»-ի գոյապայքարը: Եթէ պայքարին բնագաւառները տարբեր են, բայց խորքը եւ տարողութիւնը` նոյնը…: Այս գործընթացին մէջ նոյնքան այժմէական եւ կարեւոր կը մնայ վերանայիլ հայուն պատմութեան փորձառութենէն դուրս եկած-եկող պարագաներուն իր մշակած ռազմավարութեան…: Արդարեւ, այս ռազմավարութեան յաջողութեան միտք բանին` (ինչպէս իրաւացի էին պատմութեան տարբեր ժամանակներու փորձառութիւնները)` գաղտնիքը այն է, որ հայը մշակեց հաւաքական տեսադաշտ, խտացուց զգաստութեան գործօնները եւ համադրեց օգտագործելի բոլոր «զէնքերը»…:
Եթէ պատմութեան փորձառութիւնը յաճախ կը կրկնուի, բայց կը փոխուին միայն նոյն այդ փորձառութեան ընկերա-քաղաքական եւ մշակութային տուեալները եւ գործօնները…: Հայուն շարունակուող պատմութեան փորձառութիւնն նոյն այս պարունակին մէջ է…: Կրկնուող պատմութիւն եւ անոր առնչուած փորձառութիւններով փոխուող տուեալները: Հայը այս կրկնուող պատմութեան եւ իր փոխուող տուեալներուն մէջէն կրցաւ հասնիլ յաջողութեան գրաւականին, երբ կրցաւ իրականացնել իր ազգային-համազգային ռազմավարութիւնը…: Այս մէկը ըրաւ հիմնուելով հաւաքական տեսադաշտին ու անոր նկատմամբ զգաստ մնալու հրամայականին վրայ:
Հոս արժէ բանալ մէկ այլ փակագիծ:
Հաւաքական տեսադաշտը եւ անոր առնչուած ու առնչուող զգաստութեան գործօնները ճամբայ կը հարթեն «դրական ուժի» իրականութեան… այս ուժն է, որ կ՛անջատէ անհատը եւ հաւաքականութիւնը իր անցեալի ձախողութիւններէն եւ դժկամութիւններէն: Անիկա կը զարգացնէ տեսիլք մը, որ նորութիւններ կը յառաջացնէ հաւաքական տեսադաշտին մէջ, կը համադրէ կարողականութիւնը, եւ կը ստեղծէ ներազգային գիտակցութիւն մը… Դրական ուժը կու տայ կարողականութիւնը գիտակցելու անձին ու հաւաքական արժէքներու` սիրելով զանոնք եւ պահելով անոնց շարունակականութիւնը…: Դրական ուժը առիթը կու տայ մէկ կողմէ ճանչնալու «ուրիշ»-ը, բայց նաեւ գիտակցիլ ինքնութեանդ կանչին եւ կարողականութեանը` գտնելու, պահելու, բայց նաեւ պայքարելու «ելք»-ի ու «ճար»-ի բոլոր հնարքներուն համար:
Սարդարապատի ճակատամարտին հայը յաղթեց, որովհետեւ կրցաւ ստեղծել հաւաքական տեսադաշտ մը, որ ամբարեց «դրական ուժը» (անկախ այդ օրերու տիրող դժուար իրականութիւններէն)` իր պատմութեան տալով նոր սլացք ու ինքնութիւն…: Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն կերտելու եւ ունենալու իրականութիւն:
Հայուն պատմութեան փորձառութիւնն է այս, ուր հայը իր կեանքի տարբեր փորձառութիւններուն մէջէն տեսաւ «լոյսը» եւ «յոյսը», երբ հաւատաց ու կառչեցաւ հաւաքական տեսադաշտին եւ անոր ստեղծած դրական ուժին վրայ:
Ներկայ օրերուն հայուն մեծ պարտականութիւնն է կառչիլ ու գիտակցիլ պատմութեան փորձառութեան: Եթէ պիտի չմնանք անցեալի պատմութեան մէջ (եւ անպայմանօրէն պէտք չէ, որ մնանք), բայց ներկային պիտի բերենք նոյնինքն այդ պատմութեան «ելք»-ի ու «ճար»-ի տեսլականները…: Պէտք է դասեր քաղել այն դէպքերէն, երբ հայը կրցաւ գիտակցիլ, թէ յաջողութեան գրաւականը հաւաքական տեսադաշտն է, իսկ անոր մղիչ զսպանակը դրական ուժն է:
Եթէ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, եւ այո՛ կը կրկնէ, կը կրկնուի նաեւ հայուն պայքարը` «ելք»-ի ու «ճար»-ի մարտահրաւէրները…: Եւ այս կրկնուող իրավիճակներուն մէջէն` անհրաժեշտ է «կրկնել» հայուն Սարդարապատի (եւ պատմութեան այլ եւ նման իրադարձութիւններուն) կրկնուող ռազմավարութիւնը…:
Ռազմավարութիւն մը, որուն «ելք»-ը հաւաքական տեսադաշտն է, իսկ «ճար»-ը դրական ուժը…: Ասիկա հայուն Մայիսեան պատմութեան կերտուած աւանդն է…:
Սարդարապատի երգին ու բանաստեղծութեան բառերը այսօր նոյնքան իրական են: Հայուն համար «չէ մնացած ելք ու ճար»…, բացի մայիս 1918-ի աւանդը տանիլ պատմութեան նոր գրուող էջերուն մէջ ալ:
1 comment
«Երբ Չի Մնում Ելք Ու Ճար»
Ի՞նչպէս զարգացնել հայուն մէջ այն միասնական ոգին, որ այլեւս քիչ մտածէ ՛՛ելք ու ճար՛՛ի մասին եւ ունենայ տեսադաշտը «ճար»ի:
Ճիշդ էք. Հայուն՝ լինել-չլինելու գրաւականը միշտ իր հաւաքական ուժին մէջ եղած է: Պատմութիւնը յաճախ վկայած է այս:
Ունեցած ենք, նաեւ ռազմավարութիւն ունեցող ղեկավարներ, որոնք ստեղծագործ աշխատանք տարած են երկար ժամանակ: Սակայն, տկարի հոգեբանութիւնը բոյն գտած հայուն տեսլականին մէջ, քաջալերած է օտար պետութիւնները իրենց գերակայութիւնը զգացնել. աշխատած են պառակտել, ջլատել հայուն միասնակամ մտածելակերպը, գործելակերպը: Այս ալ միշտ տեսած ենք մեր պատմութեան էջերուն մէջ:
Ելքը ի՞նչն է:
Comments are closed.