Երբ Օսկանեան Կը Խօսի, Մոռնալով Իր «Շրջան»ը

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 5 Ապրիլ 2011

Հայաստանի մէջ, արդէն իսկ – նախագահական ու խորհրդարանական – նախապատրաստական աշխատանքներ, խորհրդակցութիւններ, հաւաքներ ու բանակցութիւններ տեղի կ՝ունենան, տեսանելի թէ անտեսանելի, հրապարակային թէ քուլիսային արձագանգներով:

 

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 5 Ապրիլ 2011

Հայաստանի մէջ, արդէն իսկ – նախագահական ու խորհրդարանական – նախապատրաստական աշխատանքներ, խորհրդակցութիւններ, հաւաքներ ու բանակցութիւններ տեղի կ՝ունենան, տեսանելի թէ անտեսանելի, հրապարակային թէ քուլիսային արձագանգներով:

 

Հրապարակային գլխաւոր իրողութիւնը եղաւ, սակայն, իշխող երեք կուսակցութեանց (Հանրապետական, Բարգաւաճ, Օրինաց Երկիր) մէկտեղումը ու գործող նախագահին նախագահական թեկնածութիւնը առաջադրելու եւ որդեգրելու… հապճեպութիւնը:

Անդին՝ Հայ Ազգային Քոնկրէսը, իր հանրահաւաքներով կը պահանջէ նախագահական ու խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններ, թափանցիկութեամբ մը, ուր Լեւոն Տէր Պետրոսեան կը թուի ըլլալ թեկնածու, մինչ Ռոպերթ Քոչարեանի ասդ ու անդ «դեգերիլ»ը կամ «վերայայտնում»ը նոյնպէս կը յուշեն ախորժակի մը տրամադրութիւնները:

Ինչպէս կ՝ըսեն, ամէն ինչ յղի է նոր զարգացումներով, սակայն, քիչ անակնկալներու հաւանականութեամբ, այնքան ատեն որ տիրող իշխանութիւնը կը մնայ ու կը գործէ իր դիրքերուն եւ աթոռներուն կառչած մնալու վճռականութեամբ եւ ամբողջատիրական կիրքով:
Այս արագ «մուտք»ը կատարեցինք ի լուր Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար ու «Սիվիլիթաս»ի նախագահ Վարդան Օսկանեանի մէկ մամլոյ ասուլիսին, զոր ունեցած է 28 Փետրուար 2011ին:

Վարդան Օսկանեան, Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի վարչախումբով մուտք գործեց անկախացած Հայաստանի պետական-քաղաքական կեանքին մէջ, բայց ճարպիկ ոստումով, ինքզինք «ֆիքս»եց (հայաստանեան բնորոշումով) Քոչարեանական «թիմ»ին մէջ, դառնալով անոր հլու-հնազանդներէն, նոյնիսկ հեռանալով իր «արմատ»ներէն, ինչ-որ շատերու համար հարցականներ ալ ստեղծեց, երբ՝ իր դիւանագիտական «կապեր»ը հասցուց մինչեւ … Թել Աւիւ, որոնց խստօրէն անդրադառնալու առիթները ունեցանք, ատենին, բազմիցս:

Ասկէ՝ մեր բուռն հետաքրքրութիւնը այս ասուլիսին նկատմամբ, որուն կարգ մը կէտերուն կ՝ուզենք անդրադառնալ.

– Խօսելով վերոյիշեալ երեք կուսակցութիւններու համաձայնագիրի մասին, որով Սերժ Սարգսեան կ՝առաջադրուի նախագահ, Օսկանեան դիտել կու տայ, թէ այս ձեւով Հանրապետական Կուսակցութիւնը տէր կը դառնայ խորհրդարանի մենաշնորհութեան:

Ճիշդ է Պրն. Օսկանեան, սակայն, ինչո՞ւ այս մասին երբեք չէ համարձակած խօսիլ իր Քոչարեանական օրերուն, ուր, ոչ թէ մենաշնորհութեան, այլ՝ բռնատիրութեան մթնոլորտ կը տիրէր:

Եթէ ինք դէմ է (կամ եղած է) քաղաքական մենաշնորհի գաղափարին, այս ո՞րքան շուտ մոռցաւ ու մոռցուցին զինք, որ այդ մենաշնորհութեան գլուխ-գործոցին օրերուն ապրեցաւ ինք, անոր հետ համակարծիք ու համագործակից դարձաւ, առանց նկատի ունենալու ժողովուրդին լայն զանգուածներուն ձայնը, ընտրանքը, բողոքը, իսկ հիմա, ուշացած կարգով, կը թելադրէ՝ «ժողովուրդը ըլլայ պահանջատէր», բայց, ինչպէ՞ս, որմէ՞:

– Օսկանեան կ՝ըսէ թէ, իր ժամանակներուն, հանրութեան կարծիքը որոշ (իրա՞ւ) չափով նկատի կ՝առնուէր:

Այսպիսի յայտարարութեան պարագային, ճիշդ պիտի չըլլա՞ր ըսել. «այսքան անճշդութիւններ» (իմա՝ ստախօսութիւններ) ո՞րքանով իրականութեան կը համապատասխանեն, երբ բռնատիրութիւններու, հալածանքներու ու ճնշամիջոցներու թափը ոչ-նուազ ահաւոր եղան Քոչարեանական-Օսկանեանական տարիներուն, որոնց կարեւորագոյնները՝ 27 Հոկտեմբեր 1999ի խորհրդարանական նախճիրը եւ 1 Մարտ 2008ի ոճրային բռնարարքները:

– Օսկանեան կը խօսի մեր «հակառակորդը լաւ ճանչնալ»ու անհրաժեշտութեան մասին:

Շատ բարի ու՝ ճի՛շդ, բայց, իր նախարարութեան շրջանին, ինք կրնա՞յ յիշել եւ յիշեցնել, թէ այդ ուղղութեամբ ի՞նչ ըրաւ եւ ո՞րքանով արդարացուց իր Տարագիր Հայութեան ժառանգորդ ըլլալու պատկանելիութիւնը:

– Օսկանեանի գնահատումով, Արաբական աշխարհի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները կրնան կրկնուիլ նաեւ Հայաստանի մէջ:

Ճիշդ է ըսուածը, բայց, Պրն. Օսկանեանը ի՞նչ կը կարծէ, ատոնց հաւանականութիւնը միայն այսօրուա՞ն իրականութիւնն է: Բայց, ինչո՞ւ կը մոռնայ որ իր օրերու «շէֆ»երէն սկսեալ, ատոնք կային եւ ինք մասնակից է անոնց:

Եթէ Օսկանեան չի բացառեր Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցածին բացառութիւնը… Հայաստանի մէջ, ապա, ո՞վ ըսաւ թէ ատկէ անպարտ կամ անմեղ է ինք, Քոչարեանի եւ իր վարած քաղաքականութենէն, որոնք «թոննա»ներ կազմեցին ու կտակեցին ներկայ իշխանութեանց:

– Օսկանեան նաեւ կ՝արծարծէ Հայաստանի մէջ «պալատական»ութիւն հաստատուելու հարցը, եւ, վերջապէ՜ս, ճիշդ կողմնորոշում կ՝ունենայ, թէ ինք դէմ է անոր, տալով իր բացատրութիւններն ու դիտարկումները, որոնք, այնուամենայնիւ, տրամաբանական են:

Հոս ալ, կարելի՞ է Օսկանեանին վերյիշեցնել, թէ ինք բազմաթիւ առաւելութիւններ ու կարելիութիւններ ունէր այս ուղղութեամբ դրական ներդրում մը ունենալու կամ գործնական մղում մը տալու Հայաստանը Սփիւռքի ու Սփիւռքը Հայաստանի հետ կամուրջները նորօրեայ հիմերու վրայ դնելու (ոչ Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովներու անլուրջ նմանողութեամբ) բայց, կը թուի թէ՝ Քոչարեանական շունչն ու թափը … աւելի զօրաւոր են իր մօտ:

– Ուրիշ տեղ մը, Օսկանեան կը խօսի (պէ՞տք է զարմանալ) 1 Մարտ 2008ի դէպքերուն մասին ու կ՝ըսէ թէ՝ ատոնք պէտք չէ տեղի ունենային, հետեւաբար այդ առիթով արգելափակեալները պէտք է ազատ արձակուին:

Բայց Պրն. Օսկանեանի ՕՐՈՎ եղան ատոնք, իր «պոս»երուն-«պոս»ի հրահանգով: Լաւ պիտի չըլլա՞ր որ ան դիմէր «աղբիւրը-աղբիւրաց», օրինակի համար, խօսքի ու գրիչի մարտիկ Նիկոլ Փաշինեանը ազատ արձակելու կոչով հանդէս գալով:

Բաց աստի, պիտի գա՞յ ժամանակը բացայայտելու, թէ այդ դէպքերուն պատասխանատուութիւնը ո՞վ կը կրէ, ինչո՞ւ սպաննուեցան անմեղներ եւ արգելափակուեցան ընդդիմադիրներ: Վերջին հաշուով, այդ եւ ատկէ առաջուան շրջանին տեղի ունեցած բռնութիւնները ունէի՞ն «հեղինակ»ներ, իսկ Պրն. Օսկանեան այս բոլորէն «անգիտակ» մը չի կրնար ըլլալ, այնքան ատեն որ արտաքին գործոց նախարարութեան իր գրասենեակէն աւելի, ժամանակ կ՝անցնէր օրուան… նախագահական պալատին մէջ:

– Օսկանեան, ի վերջոյ, կը խօսի իր սիրեցեա՜լ Քոչարեանի մասին, որուն հետ «արդիւնաւէտ եւ արհեստավարժ» յարաբերութիւններ ունենալէ ետք, այժմ ատոնք, ըստ իրեն, կը շարունակուին բարեկամական հիմունքներով:

Բարեկամական կապերուն վրայ ո՞վ կրնայ կասկածիլ, բայց, կը յուսանք, որ, օր մը, Օսկանեան իր յուշերը կը գրէ, ոչ թէ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իր վարած պատասխանատու պաշտօններու հանգամանքով, այլ… ՏԱՐԱԳԻՐ ՀԱՅՈՒ պատկանելիութեամբ:

 

5 comments
  1. Yerevouytits yerp ek azatvelou

    Krapashtutyan, anhati pashtamounki yev yerkaki chapanishneri yerevouytits yerp ek azatvelou. Inchkan jamanak e petk dzez paron Aghpashian vor haskanak inch e nshanakoum: "Azgayin gaghaparakhosutyun@ keghts katagoria e", "Azatutyune aveli bardzr e kan petutyune", "Spyurke narinj outoghner en", "Hye datn ou pahandjatiroutyune da petakanazourk joghovrdi kaghakakan zbaghmounk e". Kartatsek Lendroush Khourshoutyan-i "Hayots Azgayin Gaghaparakhosutyan" verchin hatvatse LTP-i yev HHSh-i masin.

    1. What’s the relevance?

      I see no relevance at all between what Nardos has scripted and Aghbashian’s article. Nothing can be related to the author’s well articulated thoughts. Is this just an utterenace like some of his a while back?

      I was acquainted with "Tser hedevits garmir Khentsor oughargetsink?" derogatory question to repatriates of 1940s to mid 1960s along with "Aghpar" expression. "Spyurke narinj outoghner en" is something new it seems. Could Nardos, or those who are aware of this phrase explain what it means?

       

       

  2. Noubar

    Noubar or whoever you are, inchou douk dzez ek tanchoum kam miamit dzevatsnoum. Verchin ankam asoum em: kartatsek Lendroush Khourshoutyan-i "HAYOTS AZGAYIN GAGHAPARAKHOSOUTYUN"e, yev aintegh ke gtnek dzer hartseri pataskhannere.

    1. Is it much to ask

      Is it much to ask Mr. Nardos to outline Lendroush Khourshoutyan’s thoughts and explain the relevance to Aghbashian’s article, rather than rhetorically question who Noubar is? After all not every person knows about "HAYOTS AZGAYIN GAGHAPARAKHOSOUTYUN".

      The query may be reversed and ask him who Nardos after all is. Such behaviour does not help carrying a dialogue, on the contrary puts off people.

  3. Mr. Aghbashians article

    Mr. Aghbashian rightfully criticizes Mr. Oskanian, but he does this without putting himself in Mr. Oskanian’s shoes. I am sure that Mr. Aghbashian and the rest of us know that if Mr. Oskanian had publicly opposed the policies of the government, at best he would be immediately fired… Therefore I give him credit for criticizing the government, albeit late, instead of tucking his tail in between his legs and remaining silent. Who knows what he did behind the scenes and how much he ameliorated or improved the situation? Maybe sometime in the future we may read his "memoirs" and find out.

     

    Bedros H. Kojian, M.D., USA

Comments are closed.

You May Also Like