Հարցազրոյց՝ Լիբանանի Պետական Երեսփոխաններ Շանթ Չինչինեանի Եւ Ժան Օղասապեանի Հետ
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պրն. Չինչինեան, 2011 թուականը բաւականին աշխոյժ, գործնական ճանապարհորդութիւններով լի տարի մըն էր ձեզի համար, որն եզրակացուեցաւ միջազգային երկու խորհրդաժողովներու մասնակցութեամբ։ Կարո՞ղ էք որոշ տեղեկութիւններ տալ այդ մասին։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Անոնցմէ առաջինը, Յորդանանի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած, Յունաստանի “Օրթոտոքս կազմակերպութեան” համագումարն էր, անցեալ Նոյեմբերին, Լիբանանի խորհրդարանի անդամներ Աթեֆ Մաժտալանիի եւ Տոքթ. Ռիատ Ռահհալի հետ։ Զանազան երկիրներէ օրթոտոքս երեսփոխաններ կային, ինչպէս Ռուսիայէն ու Յունաստանէն, Յորդանանէն։ Երկրին խորհրդարանի նախագահը իր գրասենեակը հրաւիրեց եւ շատ ջերմ արտայայտուեցաւ Լիբանանի մասին, մեր պատուիրակութիւնն ալ յատուկ ընթրիքի հրաւիրեց…
Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ, Յունուար-Փետրուար 2012
Հարցազրոյց՝ Լիբանանի Պետական Երեսփոխաններ Շանթ Չինչինեանի Եւ Ժան Օղասապեանի Հետ
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պրն. Չինչինեան, 2011 թուականը բաւականին աշխոյժ, գործնական ճանապարհորդութիւններով լի տարի մըն էր ձեզի համար, որն եզրակացուեցաւ միջազգային երկու խորհրդաժողովներու մասնակցութեամբ։ Կարո՞ղ էք որոշ տեղեկութիւններ տալ այդ մասին։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Անոնցմէ առաջինը, Յորդանանի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած, Յունաստանի “Օրթոտոքս կազմակերպութեան” համագումարն էր, անցեալ Նոյեմբերին, Լիբանանի խորհրդարանի անդամներ Աթեֆ Մաժտալանիի եւ Տոքթ. Ռիատ Ռահհալի հետ։ Զանազան երկիրներէ օրթոտոքս երեսփոխաններ կային, ինչպէս Ռուսիայէն ու Յունաստանէն, Յորդանանէն։ Երկրին խորհրդարանի նախագահը իր գրասենեակը հրաւիրեց եւ շատ ջերմ արտայայտուեցաւ Լիբանանի մասին, մեր պատուիրակութիւնն ալ յատուկ ընթրիքի հրաւիրեց…
Երկրորդ համագումարը Անգլիոյ մէջ էր, Սասեքս-Ուինտըն Հաուս։ Արաբական 9 երկիրներէ խորհրդարանական յանձնախումբեր մասնակցեցան՝ ինչպէս Քուէյթ, Եգիպտոս, Թունուզ, Սէուտական Արաբիա, Լիբանան։ Ա.Մ.Ն.էն եւ Անգլիայէն իրաւաբաններ եկած էին. անոնք սահմնադրութիւն գրելու մասնագէտներ էին, ինչպէս նաեւ կանանց դերը հզօրացնելու այս սահմանադրութիւններու մէջ։ Արաբական երկիրներու մէջ կիներու մասնակցութիւնը քիչ է. Լիբանանի մէջ 2009-ի ընտրութիւններէն առաջ 6 կիներ կային խորհրդարանին մէջ, իսկ ներկայիս միայն 4 են։ Նախարար-կին այս տարի չկայ, ինչ որ խորթ է Լիբանանի համար։
Միացեալ Ազգերու Սահմանդրութեան մէջ յիշուած է որ պէտք չէ կանանց դէմ հալածանք տեղի ունենայ, այլ լայն տեղ պէտք է տրուի անոնց։ Մանաւանդ որ ամէն երկրի մէջ կիներու թիւը բնակչութեան կէսին կը հասնի ։ Այնպէս որ արաբական երկիրներուն մէջ Սահմանադրութիւններու յետագայ փոփոխութիւները աւելի լայն տեղ պէտք է տրամադրեն կանանց։
Վերադառնալով քրիստոնէական հարցին, հարցազրոյցներու մէջ շատ կը լսենք որ քրիստոնեաները կը վախնան իրենց ապագային հանդէպ։ Ժողովներու ընթացքին նկատեցինք թէ մահմետական դաւանանքի մեր գործընկերները նոյն մտավախութիւնները ունին՝ ծայրայեղականներու շարժումներէ՝ Թունուզի, Եգիպտոսի, Յորդանանի, Լիպիոյ մէջ։ Նախկին նախարարներ, խորհրդարանականներ, բարձրաստիճան պաշտօնեաներ մասնակցեցան Անգլիոյ խորհրդաժողովին եւ բոլորն ալ խոր մտահոգութիւններ ունէին կրօնական ծայրայեղականութեան կապակցութեամբ: Այն շարժումներն ու համայնքները որոնք ծայրայեղականութեան դէմ են, պէտք է աւելի յաճախ իրենց գաղափարներն ու կարծիքները արտայայտեն՝ գրեն այդ հարցերու մասին։
ՀԱՐՑՈՒՄ.-2012 թուականի մասին ձեր մաղթանքն ու խօսքը։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Վստահ ենք որ երկիրներու մէջ այս փոփոխութիւններն ու բարենորոգչական շարժումները պիտի շարունակուին։ Իբրեւ քրիստոնեայ եւ հայ լիբանանցիներ, պէտք է մասնակից դառնանք այս փոփոխութիւններուն եւ ոչ թէ միայն դիտողի դերին մէջ մնանք։ Քաղաքականութիւնն ու պատմութիւնը չի ներեր անոնց, որոնք իրենց նպաստը չեն բերեր այսպիսի կարեւոր գործընթացներուն։ Պէտք է ճիշդ ու ժամանակին օգտուինք այս պատմական առիթներէն ու մեր գաղափարներն ու ծրագիրները նախագծենք թէ ինչպէ՞ս կը տեսնենք մեր ապագան։ Մանաւանդ որ ցաւ կը զգանք երբ կը տեսնենք մեր որոշ կազմակերպութիւնները նահանջի մէջ են։ Հարկ է մեր ուսեալ երիտասարդութիւնը ի մի բերել եւ միասնական ջանքերով կերտել ապագան։
**************
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պրն. Օղասապեան, 2011 թուականը բուռն իրադարձութիւններով լի տարի մըն էր, ինչպէս արաբական աշխարհի, այնպէս ալ Լիբանանի համար։ Ինչպէ՞ս կը տեսնէք կացութիւնը այսօր, միջազգային իրադարձութիւններու լոյսին տակ։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ինչպէս որ ըսիք, արաբական աշխարհին մէջ շատ մեծ իրադարձութիւններ տեղի ունեցան։ Վարչակարգերուն մեծամասնութիւնը փոխուեցան եւ նոր ղեկավարներուն վերջնական կազմը յայտնի չէ։ Նոյնպէս յայտնի չէ տարածաշրջանի ապագան։ Տակաւին կը փորձեն ժողովրդավար պետութիւններ մէջտեղ բերեն, բայց այդ գործընթացը երկար ժամանակ կրնայ տեւել։ Ժողովուրդը այդ մշակոյթն ու փորձառութիւնը չունի որ կարողանայ ժողովրդավար պետութիւններ ստեղծել, ազատ ընտրութիւններով։
Այս փոփոխութիւնները, որոնք տեղի ունեցան, քրիստոնեաներուն վախ պատճառեցին, վերստին յայտնուած մահմետական ծայրայեղական շարժումներուն պատճառով։ Սակայն Թունուզի կամ Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն՝ վերոյիշեալ դաւանական գաղափարներով առաջնորդուող կուսակցութիւնները, յայտարարեցին թէ չեն ծրագրեր կրօնական պետութիւններ ստեղծել Իրանի նման։ Այս փոփոխութիւնները եւ իրադարձութիւնները իրենց ազդեցութիւնը կ’ունենան Լիբանանի մէջ, հետեւանքներով՝ համայնքային դրութեան վրայ։ Միեւնոյն ժամանակ զգոյշ պէտք է ըլլալ որ Սուրիա կրնայ ուրիշ ուղղութեամբ ընթանալ, եթէ ժողովրդավարութեան գործընթացը որ կը փորձեն միջազգային ընտանիքին անդամները իրականացնել այնտեղ, ձախողութեան մատնուի։ Այս իրադարձութեան հետեւանքով, բազմաթիւ մեռեալներ ու վիրաւորներու կողքին՝ արտագաղթ եւ փախստականներու հոսք կատարուեցաւ դէպի սահմանակից երկիրներ, նաեւ Լիբանան։ Յոյսով ենք որ կացութիւնը շուտով կը հանդարտի, մանաւանդ որ արաբ քննիչները այդտեղ են ու բանակը Սուրիոյ քաղաքներէն ու փողոցներէն դուրս կը քաշուի եւ նախագահ Պաշշար Ասատ կը յաջողի բարենորոգման իր խոստումները իրագործելու։ Կը վախնանք որ Սուրիոյ դէպքերը աւելի վտանգաւոր ըլլան եւ դէպքերը վերածուին ներքին պատերազմի։ Այս ձեւով, Լիբանանը շատ կ’ազդուի։ Մէկ կողմէն՝ Իսրայէլ որպէս թշնամի, սահմանները փակ, ունինք Սուրիոյ հետ մէկ սահման բաց։ Տնտեսական կացութիւնը շատ աւելի դժուար պիտի ըլլայ։ Համայնքային զգացումները աւելի պիտի լարուին։ Արդէն իսկ Լիբանանի համայնքները բաժնուած են։ Մաս մը՝ Սուրիոյ Ալաուի վարչակարգին հետ են, միւսներն ալ Սիւննի ընդդիմութեան հետ։ Եթէ Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմ սկսի, մեր երկիրը գլխաւոր տուժողը պիտի ըլլայ։ Որպէս հայ-քրիստոնեայ համայնք՝ ոչ մէկ շահ ունինք Սուրիոյ ներքին կացութեան բարդացումէն։ Մաղթենք որ փոփոխութիւնը ժողովրդավար սկզբունքով ըլլայ , ազատ ընտրութիւններով։ Եթէ Սուրիոյ վարչակարգը իյնայ, մինչեւ նոր պետութեան ստեղծման անցումային ժամանակաշրջանը կրնայ շատ վտանգաւոր ըլլալ փոքրամասնութիւններուն համար։ Անոր համար յուսանք որ ՄԱԿ եւ Արաբական Լիկան կարողանան խաղաղ լուծմամբ դրական արդիւնքի հասնիլ Սուրիոյ հարցին շուրջ։
Այսօր, Լիբանանի քաղաքական իրավիճակը շատ մեծ դժուարութիւններու առջեւ է։ Երկիրը բաժնուած է։ Երկխօսութիւնը կանգ առած է եւ ոչ մէկ միջոց կայ որ կողմերը ի մի բերենք եւ ուսումնասիրենք վտանգները երկրին ու տարածաշրջանին մէջ, համատեղ ծրագիր մը մշակենք դիմակայելու։ Երկրորդ հարցը՝ «Հըզպալլա»ի զէնքն է որուն միջոցով կը պարտադրեն իրենց կամքը։ Միւս կողմէն, միւս համայնքները կը լարուին եւ բաժանումը աւելի կը խորանայ, վտանգաւոր կը դառնայ։ Անոր համար կ’ըսենք որ համայն Լիբանանը մաքրուի զէնքերէ եւ յանձնուի բանակին։ Լիբանանի բանակին միջոցներով երկրին պաշտպանութիւնը ապահովուի։ «Հըզպալլա»ի զէնքը պէտք է քննարկման սեղանին դրուի, մանաւանդ որ այն պէտք է Լիբանանի անվտանգութեան համար, քանի որ պատերազմի վիճակի մէջ ենք Իսրայէլի հետ։ Լիբանանեան բանակի ղեկավարութեան տակ պէտք է ըլլայ եւ ոչ թէ «Հըզպալլա»ն ինք որոշէ թէ երբ կրնայ զայն գործածել եւ երկիրը պատերազմի տանիլ։
Այսօր, միջազգային տնտեսական տագնապը իր սուր անդրադարձը ունեցած է Լիբանանի վրայ։ Պետութեան պարտքը, իր տոկոսներով, կ’աւելնայ։ Այս է պատճառը որ դուրսէն ներդրումները մեծապէս նուազած են, վստահութիւն չկայ տարածաշրջանին վրայ, որ տագնապալից օրեր կ’ապրի։ Այսօր, կառավարութեան տնտեսական վիճակը դժուարին է, սակայն Լիբանան՝ իր ժողովրդավար վարչակարգերուն պատճառով, փրկուեցաւ արաբական աշխարհի մէջ ծաւալած փոթորկալից վիճակէն, առայժմ։ Այստեղ՝ խորհրդարանական ընտրութիւններ տեղի կ’ունենան, ժողովուրդը կ’ընտրէ իր ղեկավարներն ու ներկայացուցիչները, հակառակ օտարերկրեայ միջամտութեան։ Այն քաղաքական իրադարձութիւնները, որոնք արաբական քաղաքներու մէջ տեղի ունեցան, անկարելի է որ Լիբանանի մէջ տեղի ունենան։ Մենք, մեր հարցերուն մասին միասնաբար, նախագահին հովանաւորութեան ներքոյ, կ’ուսումնասիրենք այս բոլոր դէպքերը։ Ապահովութեան մասին մտածել, որպէսզի արաբական երկիրներուն մէջ, մանաւանդ Սուրիոյ՝ տեղի ունեցած դէպքերը չազդեն Լիբանանի վրայ։ Հայ համայնքը Սուրիոյ մէջ որեւէ վտանգի տակ չըլլայ, ապահովելով իր գոյութիւնը, կալուածքներն ու ունեցուածքը։ Որքան հայերը հեռու մնան տեղի ունեցած բաժանումներէն եւ բոլորին հետ կապերը պահպանեն եւ մէկ կողմի հետ չըլլան միայն՝ որովհետեւ ոչ ոք չի գիտեր թէ օրերը ինչպիսի անակնկալներ կը հրամցնեն։ Գալիք պետութիւնը ի՞նչ կրնայ ըլլալ, որպէսզի կարենայ անոր հետ ալ լեզու գտնել եւ գործակցիլ։
Յոյսով ենք, որ գալիք տարին աւելի հանդարտ կ’ըլլայ եւ ժողովրդավարութիւնը կը թեւածէ արաբական աշխարհին մէջ։ Որպէսզի կարողանանք պահպանել մեր ինքնութիւնը, եկեղեցին, կրօնը, աւանդոյթները, լեզուն, մեր ապրած քաղաքներուն մէջ բարելաւել մեր իրավիճակը, մեր պահանջքներն ու իրաւունքները կենդանի պահել։ Մեր գտնուած քաղաքաներուն մէջ հարստացնել քաղաքական կեանքն ու մշակոյթը, ուսումն ու գիտութիւնը։
ՀԱՐՑՈՒՄ.-Վերջերս, Ֆրանսայի կողմէ ընդունուած Ցեղասպանութեան մերժումի պատժամիջոցներու ծրագիրը, որ մասնաւորաբար կը վերաբերի նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան՝ ինչպէ՞ս կը տեսնէք որպէս հայ խորհրդարանական՝ Լիբանանի մէջ։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Արդարութիւնն ու իրաւունքը մարդկային պատմութեան մէջ երբե՛ք չեն մահանար։ Թէեւ բաւականին ուշ, սակայն Արեւմտահայութեան, մասնաւորապէս Կիլիկիոյ հայութեան պատմութեան մէջ կարեւոր դեր խաղացած Ֆրանսան, ի վերջոյ ոչ միայն ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական փաստը [այլ նաեւ կը ծրագրէ պատժամիջոցներ ցեղասպանութիւնը ժխտողներուն դէմ]։ Թուրքիա պէտք է հաշտուի իր մութ պատմութեան հետ եթէ կը փափաքի միջազգային քաղաքակիրթ ընտանիքի անդամ դառնալ։ Ժխտումներով եւ սպառնալիքներով կարելի չէ անժխտելի ճշմարտութիւնը ծածկել։
ՀԱՐՑՈՒՄ.-Ի՞նչ է ձեր մաղթանքն ու խօսքը 2012 թուականի շեմին։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Տօներու առիթով լաւագոյն մաղթանքներս բոլոր հայերուն՝ Լիբանանի մէջ թէ այլուր։ Պատիւ ունիմ որ հայ եմ եւ ուր որ հայը կը գտնուի՝ նոյն ձեւով մտածենք, որպէսզի մեր արդար դատը միշտ կենդանի մնայ եւ յաղթանակէ։