
Մտաւորականութեան ու գործնականութեան մարմնացում, իր էութեամբ եւ ոգեղնիութեամբ ՝ հրաշալի ղեկավար մը, որ ՌԱԿ-էն, ԹՄՄ-էն ու ՀԲԸՄ-էն ներս նուաճեց բարձրունքներ, առանց որեւէ ՙմիջնորդութեան՚, առանց որեւէ ՙցուցադրութեան՚:
Հայկաշէն Ուզունեան կը կոչուէր այս բացառիկ անձնաւորութիւնը, որ ՙորբի եւ ողբ՚ի հոգեբանութենէն դուրս եկաւ յաղթական, բացառիկ վերընձիւղումով, իր տնտեսավարական ու գործարարութեան մարզերէն ներս հասնելով նախանձելի դիրքերու, այդ բոլորը ծառայեցնելով իր ժողովուրդին, հայրենիքին, մշակոյթին, անսահման նուիրաբերումներով ու պատրաստակամութիւններով:



Մտաւորականութեան ու գործնականութեան մարմնացում, իր էութեամբ եւ ոգեղնիութեամբ ՝ հրաշալի ղեկավար մը, որ ՌԱԿ-էն, ԹՄՄ-էն ու ՀԲԸՄ-էն ներս նուաճեց բարձրունքներ, առանց որեւէ ՙմիջնորդութեան՚, առանց որեւէ ՙցուցադրութեան՚:
Հայկաշէն Ուզունեան կը կոչուէր այս բացառիկ անձնաւորութիւնը, որ ՙորբի եւ ողբ՚ի հոգեբանութենէն դուրս եկաւ յաղթական, բացառիկ վերընձիւղումով, իր տնտեսավարական ու գործարարութեան մարզերէն ներս հասնելով նախանձելի դիրքերու, այդ բոլորը ծառայեցնելով իր ժողովուրդին, հայրենիքին, մշակոյթին, անսահման նուիրաբերումներով ու պատրաստակամութիւններով:
Այս է պատճառը որ Ուզունեան, յետագային, իբրեւ հիմնադիրներէն մէկը համանուն ԹՄՄ-ի, իր անուամբ, սակայն միշտ ԹՄՄ-ի գերագոյն ծիրէն ներս, հիմնեց գրական մրցանակ մը, որ իր մտաւորականի հաւատամքն էր:
Հայկաշէն Ուզունեան, որ կեանքի աշխատանքային բերումներով, իր շրջապատէն աշխարհագրա- կանօրէն հեռու գտնուեցաւ, բայց, ի տարբերութիւն ուրիշներու, ոչ միայն մնաց իր ժողովուրդին հետ, այլ, իւրաքանչիւր առիթով ու պահանջքով, ան միշտ ամէնուր ներկայ էր, արձագանգող եւ իր ներկայութիւնը զգացնող, ՌԱԿ-ի, ՀԲԸՄ-ի եւ ԹՄՄ-ի միջոցով:
Մենք՝ երիտասարդներս, որոնք հեռուէն լսած էինք Ուզունեանի մասին, իր գաղափարական գործընկերներէն, նաեւ իր հրապարակագրութենէն ծանօթ էինք իրեն, սկսած էինք յատուկ ակնածանք տածել իր նկատմամբ:
Յետագային, կարգ մը կուսակցական, միութենական թէ ընկերային հանդիպումներու առիթներով, երբ դէմ յանդիման գտնուեցանք անոր հետ, հաղորդակից դարձանք անոր դատումներուն ու հայեացքներուն, աւելի տպաւորուեցանք ու գօտեպնդուեցանք անոր արժանաւոր եւ յարգալիր եղող առաջնորդի մը ունակութիւններով:
Ուզունեան, երբ վերջնականապէս կայք հաստատեց Լիբանանի մէջ, իր ներկայութիւնը ազգային կեանքին մէջ – ՌԱԿ, ԹՄՄ, ՀԲԸՄ, շատ զգալի եւ արդիւնաւէտ դարձաւ, որովհետեւ ոչ միայն ձեռնհաս ղեկավար մըն էր, այլեւ գործմիտ, կրթական, մշակութային, կազմակերպչական եւ վարչական առումներով:
Այդ էր պատճառը, որ ինչպէս իր գաղափարակից-ղեկավարները, Ուզունեան կրցաւ, թէեւ լուսարձակներէ հեռու, բայց միշտ մնալ փնտռուած ղեկավար մը, որ կրցաւ իր ներկայութիւնը լաւագոյնս դրսեւորել ՌԱԿ-ԹՄՄ-ՀԲԸՄ առանցքին մէջ:
Մենք, որ հիացմունք ունէինք մեր ղեկավարներուն նկատմամբ, Ուզունեանի ներկայութեամբ աւելի խանդավառուեցանք ու լիցքաւորուեցանք, որովհետեւ հոն տեսանք սերունդներու հերթափոխութեան ՙոսկէ կամուրջ՚ մը:
Այս մտածումը կամ հաւատքը, զոր ունեցանք, կը բացատրուի անով, որ, օր մը, երբ մենք՝ երիտասարդներս, կրտսեր թէ քիչ մը երէց, իրարու նկատմամբ ունէինք որոշ ՙտարակարծութիւններ՚, որոնք թէեւ կուսակցական կեանքին մէջ արտասովոր չեն, զանոնք նկատեց անընդունելի:
Լիբանանեան պատերազմական օրեր էին, Հայկաշէն Ուզունեան, որ գալիք երիտասարդ սերունդին նկատմամբ ունէր անխախտ հաւատք, լսելով այդ մասին, իր տունը հրաւիրեց մեզ, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Յովհաննէս Թապաքեանը, այդ օրերուն ԹՄՄ-ի ատենապետը ու բարեհամբոյր ղեկավարը:
Այդ երեկոյ երկար զրոյց տեղի ունեցաւ, Հայկաշէնի հաղորդական եւ սրտբաց հիւրընկալութեամբ, որուն ընթացքին ան ՙգլուխ ցաւցնելու՚ չափ կրկնեց,
Հայկաշէն Ուզունեան եղաւ իր արժանաւոր նախորդներուն առաջնորդող դէմքերէն մէկը, որ ՀԲԸՄ-ի ղեկավարութեան մէջ, Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի եւ Կեդրոնական Վարչական Ժողովի մակարդակներով, հասաւ բարձրագոյն դիրքերու, վայելելով Ազգային Բարերար Կարպիս Լ. Նազարեանի եւ մանաւանդ ցկեանս նախագահ Ալեք Մանուկեանի ամբողջական զօրակցութիւնն ու նեցուկը:
Հայաստանի անկախացումէն ետք, Ուզունեան եղաւ այն հազուագիւտներէն, որ հայրենիքի օժանդակութեան հասաւ, ոչ միայն ՌԱԿ-ԹՄՄ-ՀԲԸՄի միջոցով, այլ իր սեփական ներդրումներով, նաեւ եւրոպահայ ձեռներէց ազգայիններէ ապահովելով համապատասխան յատկացումներ եւ նպաստներ:
Այդ օրերուն, հայրենի մտաւորականութիւնը, որ կ՝ապրէր ապրուստային աննախընթաց ահաւոր տագնապ մը, Ուզունեան եղաւ այն առաջիններէն, որ օգնութեան ձեռք երկարեց անոնց:
Հայկաշէն Ուզունեան, իր սերնդակից ղեկավարներուն կրտսերներէն եղաւ, որ ապրեցաւ անկախութեան գործընթացի հանգրուանային պահը, բայց միշտ մնալով յանձնառու իր գաղափարախօսութեան, որուն համար ալ, ամէն անգամ որ երիտասարդներ կը տեսնէր կամ անոնց հետ ըլլալու առիթ կ՝ունենար, իրեն յատուկ զսպուածութեամբ, բայց հաղորդականութեամբ, կը շեշտէր
.ՙԵրիտասարդներու միջեւ, ոչ մէկ տարակարծութիւն չեմ ուզեր լսել՚:
Այս ձեւով, ան մեզի (եւ ուրիշներուն) հասկցնել կ՝ուզէր, որ դուք էք ապագան, դուք էք ջահակիրը:
1 comment
Egeq u ktesneq
Egeq Moskvayum u ktesneq te inchpes e ekegecin qayqayum e’ritasardutyann.
Comments are closed.