Երկխօսութեան Սպիտակն Ու Սեւը

Սահակ Թութճեան, Լոս անճելըս, 31 Մայիս 2011  
               
Քաղաքական երկխօսութիւնը, ընդհանրապէս, անկասկած նախընտրելի եղանակն է տարակարծութիւններու լուծման եւ կայունութիւնը ապահովելու ճիգերուն: Մանաւանդ, երբ կողմերու համար փոխշահաւէտ է այդ լուծումն իրագործել առանց անհարկի ցնցումներու եւ վտանգաւոր, յաճախ արիւնալի առճակատումներու:

Ասիկա ի զօրու է, գրեթէ հաւասարապէս, միջազգային ու ներազգային յարաբերութիւններու մէջ: Երբ բանակցութիւնները դադրին, կապերը խզուին եւ երկխօսութիւնը դադրի վերջնական կարծրացմամբ, այն ատեն բիրտ ուժն է որ կը գրաւէ հրապարակը: Տարակարծութիւններու հարթումի միակ կերպը կը դառնայ պատերազմը՝ ազգերու պարագային, կամ քաղաքացիական կռիւը՝ ներազգային տարբեր ուժերու միջեւ:

Սահակ Թութճեան, Լոս անճելըս, 31 Մայիս 2011  
               
Քաղաքական երկխօսութիւնը, ընդհանրապէս, անկասկած նախընտրելի եղանակն է տարակարծութիւններու լուծման եւ կայունութիւնը ապահովելու ճիգերուն: Մանաւանդ, երբ կողմերու համար փոխշահաւէտ է այդ լուծումն իրագործել առանց անհարկի ցնցումներու եւ վտանգաւոր, յաճախ արիւնալի առճակատումներու:

Ասիկա ի զօրու է, գրեթէ հաւասարապէս, միջազգային ու ներազգային յարաբերութիւններու մէջ: Երբ բանակցութիւնները դադրին, կապերը խզուին եւ երկխօսութիւնը դադրի վերջնական կարծրացմամբ, այն ատեն բիրտ ուժն է որ կը գրաւէ հրապարակը: Տարակարծութիւններու հարթումի միակ կերպը կը դառնայ պատերազմը՝ ազգերու պարագային, կամ քաղաքացիական կռիւը՝ ներազգային տարբեր ուժերու միջեւ:

Ըսել կ’ուզենք թէ՝ Հայաստանի մէջ տիրող ներկայ պայմաններուն տակ, սկզբունքօրէն դրական ու  քաջալերելի քայլ մըն է քաղաքական երկխօսութիւնը որուն կը ձեռնարկեն ընդդիմութիւնն ու իշխանութիւնները:

Սկզբունքէն անդին, սակայն, բանակցութիւններու կիրառական եղանակին ու գործնական մանրամասնութիւններուն մէջն է որ թաքնուած է սատանան: Չար ոգին ծպտուած է հետեւեալ պարզ բայց խաբուսիկ հարցումներուն տակ:–

         
1.Իւրաքանչիւր կողմ ճիշդ ի՞նչ մտահոգութիւններէ դրդուած է եւ ի՞նչ նպատակներ կը հետապնդէ երկխօսութեան միջոցով:

2.Կողմերը ի՞նչ միջոցներ ունին՝ իրականացնելու համար փոխադարձաբար – կամ, այս պարագային, հակադարձաբար – իրեն հետապնդած նպատակները: Ով ի՞նչ լծակներու կը տիրապետէ՝ զանոնք իրագործելու համար:

3.Երկու կողմերն ալ պատրա՞ստ են յարգելու իրենց յանձնառութիւնները: Թէ՞՝ կողմերէն մէկը գաղտնօրէն պիտի հետապնդէ միւսին վարկաբեկումը, քաղաքական թուլացումը կամ համարեա չէզոքացումը որպէս նկատառելի ուժ:

 
Առաջին հարցումը մեկնարկային-սկզբունքային նշանակութիւն ունի: Կողմերու իսկական մտահոգութիւնները կրնան ըլլալ՝ ներկայիս երկրին դիմագրաւած ճգնաժամային խնդիրները – արտագաղթի տակաւ ահագնացող հեռանկարները, հասարակական-տնտեսական ահաւոր վիճակը (փա՜ռք օլիկարխիային), ներքաղաքական փտախտը, քաղաքացիներու եւ տիրող-գռփող-ասպատակող (առ այսօր ամենաճշգրիտ բնորոշմամբ) աւազակապետերու միջեւ անընդհատ լայնցող ու խորացող վիհը, ղարաբաղեան հարցի աննպաստ եւ արագ զարգացումները (փա՜ռք քոչարա-սերժեանդիւանագիտութեան որ անձնական հարստացման պարապմունքներէ դուրս վատնելիք ժամանակ չունի նման մանրուքներու), եւայլն: Այս իմաստով – տա՜յ Աստուած – կրնայ նաեւ հաշուի առնուած ըլլալ՝ Ռոբերտ Քոչարեան կոչուած ախտ-գործօնէն ինքզինք (Սերժ Սարգսեանը) եւ երկիրը (ընդդիմութիւն) ազատագրելու հասարակաց մտահոգութիւնը երկու կողմերուն համար ալ: Հետապնդուած նպատակներուն, սպասուող արմատական փոփոխութիւններու շարքին մէջ պէտք է իյնայ, ամէն բանէ առաջ, երկրի ազգային անվտանգութեան ու պետութեան գոյատեւման իրակա՛ն երաշխիքներու ապահովումը, ճշմարիտ ժողովրդավարութեան վերահաստատումը, ընկերային խորացող վէրքերու բուժումը, բռնաբարուած օրինականութեան վերադարձը, բոլո՛ր քաղբանտարկեալներու անյապաղ ազատումը, մարտիմէկեան ամէ՛ն մակարդակի ոճրագործներուն դատավարութիւնը, արդար ընտրութիւններու իրակա՛ն նախապայմաններու եւ ազդու վերահսկողութեան ճշմարիտ լծակներու հաստատումը եւ, սկսելու համար, անյագուրդ օլիկարխիայի հայրենաքանդ ախորժակներուն սանձումը: Երկխօսութեան համար ընդդիմութեան ներկայացուցած շատ համեստ նախապայմանները սկսելո՛ւ համար են միայն եւ չափազանց ժուժկալ: Անոնք կը վերաբերին իշխանութիւններու ապօրինինութիւններու եւ  անարդարութիւններու վերացման եւ օ՛ր առաջ գործադրուած ըլլալու էին՝ ինզինք յարգող որեւէ ժողովրդավար իշխանութեան կողմէ:

Երկրորդ հարցման պատասխանը որոշիչ դեր ըւնի երկխօսութեան յաջող ելքի եւ փոխադարձաբար գոհացուցիչ եզրակացութեան յանգումին համար: Կասկածէ վեր է իշխանութիւններու ձեռքին մէջ կեդրոնացած նպաստաւոր խաղաքարտերու գոյութիւնը՝ սկսեալ ուժային կառոյցներու օգտագործումով, ու հասնելով մինչեւ ընդդիմադիր դաշտի տարբեր հոսանքներու միջեւ եղած հակասութիւններու անխնայ շահագործումը: Միւս կողմէ, իր լայն ըմբռնումով առած, ընդդիմութիւնը արդէն ի սկզբանէ խճանկարային տեսարան մը կը պարզէ – Հայ Ազգային Գոնկրէս, Ժառանգութիւն, ՍԴ Հնչակեան Կուսակցութիւն, Դաշնակցութիւն, Սարդարապատ, եւայլն: Նախատեսուած երկխօսութիւնը արդէն սկսած է յաւելեալ ճեղքեր բանալ ՀԱԿ-ի մաս կազմող կուսակցութիւններու եւ շարժումներու շարքերէն ներս: Այս վիճակը յարաբերաբար աննպաստ հարթութեան վրայ կը տեղադրէ ընդդիմութիւնը: Ընդդիմադիր դաշտի անխտիր բոլոր կազմակերպութիւններու զգուշութիւնը եւ աչալրջութիւնը միայն օգուտներ կրնան ապահովել երկխօսութեան հայրենաշէն ելքին որպէս սատար:

Երրորդ հարցման պատասխանը սկսած է սպասուածէն աւելի կանուխ տրուիլ, մանաւանդ իշխանութիւններուն կողմէ: Նախ, անոնք շթահամարով է որ կաթիլ առ կաթիլ կու տան իրենց արդէն ժլատ խոստումները: Այս տողերը գրուելու պահուն, վերջերս կալանքի տակ եղող վեց քաղբանտարկեալներէն միայն երկուքը – Նիկոլ Փաշինեանն ու Սասուն Միքայէլեանը – ազատ արձակուած են առայժմ: Դեռ բանտարկուած կը մնան Սարգիս Հացպանեանը (անձնական քինախնդրութեան հետեւանքով՝ ըստ իր իսկ վկայութեան), Արա Յովհաննիսեանը, Շմաւոն Գալստեանն ու Մուրատ Բոջոլեանը: Մարտի Մէկի ողբերգութիւններու իսկակա՛ն պատասխանատուներու վերաբերեալ բովանդակազուրկ խօսքերէ անդին իրական քայլեր նշմարելի չեն տակաւին: Իսկ արտահերթ ընտրութիւնները իշխանաւորներու կողմէ բացառուած կը համարուին, մինչ ընդդիմութիւնը այդ պահանջը կը նկատէ երկխօսութեան բանալի կէտերէն մին: Կանխանշանները դժբախտաբար ցոյց կու տան թէ իշխանութիւններու նպատակն ու աշխատելակերպը չեն փոխուած ըստ էութեան: Անոնց քաղաքականութեան հիմնաքարը կը մնայ՝ իշխանութեան եւ օլիկարխներու միահեծան տիրապետութեան յաւերժացումը:

Կը մաղթենք սխալած ըլլալ:

Մինչ այդ՝ բարի երթ խաղաղութեան ճշմարիտ առաքեալներուն:    

You May Also Like
Read More

Վերջ Գտաւ…Son Buldu!

Թուրքիոյ «Մեղրալուսին»ը Արաբներու Հետ… Մեթր Գասպար Տէրտէրեան, Ազդակ, Պէյրութ Մեր արաբական աշխարհին մէջ Քեմփ Տէյվիտէն ետք, ստեղծուած քաղաքական…
Read More