Երկու Աստուածներ՝ Ժամանակը և Պէտքը

Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան, Ընկերալեզուաբան, Նիկոսիա, 29 Սեպտեմբեր 2011
 
Աստուատծաշունչի Հին Կտակարանին մէջ կը կարդանք եզակի լեզուի մը մասին որ Ադամ գործածեց անուանելու Եդեմի պարտէզին մէջ գտնուող բոլոր կենդանիները: Իսկ յետագայ լեզուներու այլազանութեան պատճառած խառնիճաղանճը Բաբելոնի մէջ Աստուծոյ պատիժն էր: Հետադարձ ակնարկով, Յոյներն ալ կը հաւատային, թէ իրենց լեզուական անցեալը՝ Հոմերոսի դիւցազներգութիւնը, ամենէն լաւագոյն ժամանակաշրջանն էր: Զոյգ աւանդութիւններուն մէջ, լեզուական անկումի զգացում մը կը տիրապետէ:

Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան, Ընկերալեզուաբան, Նիկոսիա, 29 Սեպտեմբեր 2011
 
Աստուատծաշունչի Հին Կտակարանին մէջ կը կարդանք եզակի լեզուի մը մասին որ Ադամ գործածեց անուանելու Եդեմի պարտէզին մէջ գտնուող բոլոր կենդանիները: Իսկ յետագայ լեզուներու այլազանութեան պատճառած խառնիճաղանճը Բաբելոնի մէջ Աստուծոյ պատիժն էր: Հետադարձ ակնարկով, Յոյներն ալ կը հաւատային, թէ իրենց լեզուական անցեալը՝ Հոմերոսի դիւցազներգութիւնը, ամենէն լաւագոյն ժամանակաշրջանն էր: Զոյգ աւանդութիւններուն մէջ, լեզուական անկումի զգացում մը կը տիրապետէ:

Յոյներուն նման, լեզուաբաններ նոյն յատկանիշները կը   գործածեն մեծամասնութիւն կամ փոքրամասնութիւն կազմող լեզուներու որպիսութիւնը ընդգծելու: Այս ենթադրութիւնը մասամբ առընչուած է այն համոզումին հետ, թէ այսօր մարդոց վարքը եւ կենցաղավարութիւնը նոյնը չեն ինչ որ էին անցեալին: Սակայն, կարելի է նաեւ արժեւորելով լեզուներու որպիսութիւնը, յանգիլ այն եզրակացութեան, թէ պատահածը յառաջդիմութիւն է եւ ո՛չ անկում, մանաւանդ երբ կ՛արժեւորենք անցեալը որպէս լի տգիտութեամբ, անգթութեամբ, եւ չգաւորութեամբ, պայմաններ որոնցմէ ձերբազատուիլը կը նկատուի մեծ բախտաւորութիւն:
 
Նման լեզուական անկումի առընչութեամբ եղած կեցուածքներ hայերէն լեզուին առընչութեամբ ալ կը գտնենք: 1959ին Սնապեան գրած է հետեւեալը, «Մեզի կը թուի թէ մարդիկ, բոլոր ժամանակներէն աւելի, այսօր մտահոգ են հայոց լեզուին ճակատագրով»: 
 
Իսկ 2005ին Տաղլեան կը գրէ, «Հայոց լեզուի նկատմամբ այսքան անխիղճ, անհոգի, նոյնիսկ վայրենի ոտնձգութիւնները, այն ալ մայր հողին՝ Հայաստանի մէջ, իրապէս արտառոց են եւ խիստ դատապարտելի»: Տաղլեան կը շարէ շարք մը օտար բառերու գործածութիւնը հայրենի լսատեսողական մամուլին մէջ, յանգելու այն եզրակացութեան, թէ «Ներթափանցումովը արեւմտեան ստրկացնող ազդեցութիւններու՝ մշակոյթի, արուստի, սովորութիւններու… քանդիչ հոսանքը կը հասնի մեր ազգային աւանդութիւններուն, նկարագրին, եկեղեցիին ու միասնականութեան… Արդիւնքը՝ կը նահանջէ մեր լեցուն հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի որ եղած է ու կը մնայ արտացոլացումը հայրենիքի»:
 
Գրիգոր Զոհրապի տեսակէտը բոլորովին տարբեր է եւ նոյնիսկ կարելի է նկատել զայն որպէս հաստատում 19րդ դարու լեզուաբաններու այն թէզին, թէ Հայերէնը Պարսկերէնի մէկ բարբառն էր, «Թէ հայ լեզուի եւ թէ հայ տառի մասին աշխատողները լայնախոհ ազատականութեամբ կատարած են իրենց գործը, նեղմիտ չեն եղած եւ մեր դրացի ազգերէն փոխառութիւններ ըրած են: Ահա այդ փոխառութիւններուն է որ կը պարտինք մեր գրական ճոխութիւնը»:
 
Ի՞նչ է ճիշդ պատահածը: Արդե՞օք պատահածը սոսկ տեսակէտներու այլազանութիւն է, կամ ժամանակի դերին կարեւորութիւնն է, կամ մեկնաբանութիւններու խաչաձեւում, կամ փախդատութիւն՝ անցեալի եւ ներկայի միջեւ, կամ նահանջի եւ յառաջդիմութեան առընչութեամբ հակասական կամ ոչ հակասական  կեցուածքներ են: Ընդարձակելու համար վերը յիշուած տեսութիւնները, արժէ անդրադառնալպատմալեզուական եւ ընկերալեզուական բացատրութիւններու:
 
Բանագիտութիւն եւ լեզու-ժամանակ հասկցողութիւնը
Բանագիտութիւնը որ լեզու-ժամանակ հասկցողութեան տիրապետող  գիտութիւնն է, կը յատկանշուի անխոնջ եւ համբերատար կուտակումով լեզուական տուեալներու եւ անոնց մեկնաբանումով որպէս ապացոյց վերակարուցանելու լեզուական անցեալը: Երկար ատեն, այս հիմքը կազմեց լեզուներու պատմական սերտողութեան: 
 
Սա կնճռոտ հարց մըն է երկու պատճառներու համար: 
 
Առաջին, այդ կ՛ենթադրէ կախեալ ըլլալ արձանագրուած ապացոյցներէ, նկատելի ունենալով, թէ տեղեակ չենք թէ այդ անցեալի արձանագրութիւններուն ո՞րչափը կորսուած է, եւ թէ մնացորդը ո՞րքանով ներկայացուցչական է: Եկրորդ, նկատի պէտք է առնենք այն իրողութիւնը, թէ անցեալին միայն որոշ տեսակի գրութիւններ գրի կ՛առնուէին, եւ ընդհանրապէս ստեղծագործական գրականութիւնը առաջնակարգ կը սեպուէր պատմաբաններու կողմէ: 
 
Բանագիտութիւնը ապացոյցներու վրայ դրած իր շեշտով կը թուի զգուշածած ըլլալ նահանջի, յառաջդիմութեան, եւ պարբերական փոփոխութիւններու պատմութիւններէն: Կենսաբաններու կամ այլ գիտնականներու նման, բանագէտներ օրէնքներ բանաձեւեցին բացատրելու համար բառերու անցեալի եւ ներկայի յարաբերութիւնները: Հետեւաբար, ե՞թէ լեզուն սերտենք որպէս էակ մը որ ենթարկուած է եղելութեան օրէնքներուն, այն ատեն լեզուական փոփոխութիւնը կրնայ նկատուիլ որպէս սոսկ ներքին հարց մը: Այս կը նշանակէ, թէ լեզու մը փոփոխութեան կ՛ենթարկուի անկախ որեւէ ընկերային, ճարտարարուեստական, եւ տնտեսական զարգացումներէ որոնք անպայմանօրէն իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան այդ լեզուն գործածողներուն վրայ: 
 
Լեզուապատմաբաններ, սակայն, հակառակ իրենց բանագիտական արմատներուն, որդեգրած են չափաւոր կեցուածքներ եւ ընդունած, թէ պատերազմներ, ներխուժումներ, քաղաքական անհամաձայնութիւններ, տպագրութեան գիւտը, եւ ճարտարապետութիւնը ունեցած են եւ կ՛ունենան իրենց ազդեցութիւնը լեզուական փոփոխութիւններու վրայ: Նման բներեւոյթներ սովորաբար ընդունուած են որպէս լեզուի մը արտաքին պատմութիւնը:  
 
Կիրարկումի պարագային, սակայն, բաւական դժուար կը հանդիսանայ յստակ գիծ մը քաշել այդ ինչ որ լեզուն կը ներառէ կամ կը բացառէ: Եւ որովհետեւ անկարելի է գիտնալ ուր կենալ երբ շարելու ըլլանք բոլոր նախատեսելի արտաքին  ազդակները, ընդհանրապէս այդ ազդակները հարեւանցիօրէն կը սերտուին որովհետեւ բանագէտին մարզէն դուրս կը նկատուին:
 
Այս առումով, Գրիգոր Զոհրապի հետեւեալ խօսքերը ունին մեծ նշանակութիւն, «Մեր ազգին ճակատագրին մէջ գոյութիւն ունեցող հակասութեան պատճառը այն է որ հայը կազմուած է երեք գլխաւոր ցեղերէ. 1) Ասիայի արարատցիները, որ իրենց խաղաղ հոգին եւ ժայռի պէս տոկուն նկարագիրը ձգած են մեզի: 2) Խայերը կամ խաթերը, որ իբր փիւնիկեան ազգ իրենց առեւտուրի հնարիմաց միտքը ժառանգ թողուցած են, եւ 3) Արմէնները, որոնք եւրոպայէն գալով իրենց մտքի նրբութիւնն ու ճաշակը տուած են մեզ: Այս երեք ցեղերու միացումին ատեն՝ յաջող շրջան չէ եղած, այս է պատճառը մեր անմիաբանութեան: Հայ տարրերը պէտք է միշտ գործակծին եւ ասոր համար լեզուն ամենէն մեծ ազդակն է»: 
 
Հակառակ անոր որ արդի լեզուաբաններ փորձեցին իրենք զիրենք անչատել բանագիտական հետազօտութիւններէ՝ կեդրոնանալով լեզուի ներկայ վիճակին վրայ եւ յայտարարելով թէ անցեալը ո՝չ մէկ առընչութիւն ունի մեր լեզուաբանական ներկայ հասկցողութեան հետ, Գրիգոր Զոհրապի վերի խօսքերը կու գան բացատրելու, թէ լեզուն ինքնավար չէ, կամ անկախ դէպքերու հետեւանքներէն՝ խորատեսութիւն մը որ կ՝եկրորդէ ընկերալեզուաբաններու կեցուածքը :
 
Ընկերալեզուաբանական մեկնաբանութիւններ անցեալին մասին
Ընդհանուր տպաւորութիւնը այն է, թէ ո՝չ բանագիտութիւնը եւ ո՝չ արդի լեզուաբանութիւնը լրջօրէն սերտած են մանրամասնութիւնները ընթացիկ լեզուական փոփոխութիւններու: Վերջինը հանդիսացած է ընկերալեզուաբանութեան մեծագոյն նպաստը: Ուրուագծելով լեզուաբանական նորութիւններու բաժանումը տարբեր տարիքային խումբերու, ընկերային մակարդակներու եւ սեռերու միջեւ, եւ տարբեր հնչիւններու որդեգրումը կամ խաբանումը, ընկերալեզուաբաններ յաջողեցան բացատրել թէ ինչպէս անցեալի փոփոխութիւնները տեղի ունեցած են: Սերտելով լեզուներու «վերաբերմունքը», անոնք հարստացուցին ընկերութեան ըմբռնումը որոշ հարցերու շուրջ, ինչպէս բազմալեզութիւն, օտար լեզուներու ընկալումը, լեզուներու անհետացումը, եւ մշակոյթներու պահպանումը եւ անոնց անհրաժեշտութիւնը մարդկային ցեղին գոյատեւման համար:
 
Այս ալ ունի իր քննադատները, որոնք կը նկատեն, թէ ընկերալեզուաբանութիւնը կը փորձէ անցեալը բացատրել մեկնելով ներկայի պայմաններէն: Անոնք հարց կուտան, թէ արդե՞օք այս կը նշանակէ թէ բան չփոխուիր, եւ թէ մարդկային վիճակը միշտ նոյնը կը մնայ: Անոնք կը հետեւցնեն, թէ ժամանակավրէպ դարձած է լեզուաբանական տուեալներու իւրացումը անցեալը բացատրելու մէջ: Այսինքն, երբ կը փորձենք դատել անցեալը որպէս ներկայի հակասութիւնը, այդ կը նշանակէ թէ կ’արտադրենք յառաջդիմութեան կամ նահանջի պատմութիւններ: 
 
Ամէն պարագայի, այս կ՛ենդաթրէ թէ բանագէտներ, պատմաբաններ, ընկերաբաններ, եւ ընկերալեզուաբաններ համաձայն կը գտնուին ներկային շուրջ: Ընկերալեզուաբանութեան շեշտը հետազօտութիւններու գիտական բնոյթին վրայ կը նշանակէ, թէ այդ կ՛ենթադրէ թէ «ընկերութեան» առընչութեամբ ալ կարելի է գիտական մօտեցում որդեգրել: Այս մէկը որպէս բնական հակում կ՛ընդունուի, սակայն, նման կեցուածք մը կ՛ենթադրէ թէ ընդհանուր համաձայնութիւն մը կը տիրէ ամէն ընկերութեան մէջ, ուր կատարուած հետազօտութիւնները զերծ կ’ըլլան քննական հարցաքննութենէ:
 
Պատմագիտական Մօտեցում
Նոյնն է պարագան պատմութեան: Վերոյիշեալ արտաքին  տուեալները նիւթը կը կազմեն պատմութեան: Մէկ բացառութեամբ՝ հակառակ ընկերալեզուաբանութեան, պատմութիւնը նիւթ մըն է որ կանուխէն կ՛ուսուցուի դպրոցներուն մէջ: Այս այն պատճառով որ պատմուածքները որ կը կազմեն պատմութիւնը կը նկատուին ժողովուրդին ժառանգութեան մէկ մասը:
 
Ընկերալեզուաբանութեան նման, ոչ մասնագէտներ պատմութիւնը յաճախ կը նկատեն որպէս համաձայնելի նիւթ, այսինքն որոշ անփոփոխելի դէպքեր պատահեցան անցեալին որոնք իրենց զատորոշիչ արդիւնքները ունեցան: Մեծ է այն պատմութիւններու թիւը որ կանուխէն սորված ենք, որոնք մեր ինքնութիւնը կը կազմեն եւ դժուար է զանոնք մերժել կամ ուրանալ: Յաճախ, շատ մը լեզուներու պատմութիւններէն ալ այն տպաւորութիւնը կը ստանանք, թէ պատմութիւնը, որ կ’անդրադառնայ անցեալի պատահարներուն անվիճելի է, մանաւանդ աշխարհական (ոչ մասնագէտ) ընթերցողին: Պատմաբաններու համար, սակայն, շատ են վիճելի կէտերը եւ յաճախ անոնք ոչ թէ կը վիճին անցեալի պատահարներուն շուրջ, հապա թէ ի՞նչ բան կը նկատուի որպէս պատմութիւն:
 
Պատմաբան Քրիսթըֆըր Հէյկ կը բացատրէ, թէ պատմութիւնը դիւրավարելու համար  պատմաբաններ կը պարզեցնեն նիւթերը: Մէկ խօսքով, անոնք իրենց անձնական խտրական կաղապարները կը բանեցնեն ժամանակին վրայ: Ան կ՝ըսէ, թէ պատմաբաններ կը կտրտեն պատահարներու բնական շարունակականութիւնը շինծու ժամանակաշրջաններու, դիւրամատչելի դարձնելու համար զանոնք: Սակայն, բաժանումները, պարզեցումները, եւ ընտրութիւնները որ պատմաբաններ կը բանեցնեն կը բնորոշեն ստեղծուած պատմութեան բանաձեւը: 
 
Հայոց պատմութեան գիրք մը, օրինակի համար, որ կը բաժնէ գլուխները ըստ 301, 405, 451, 484, 1915, 1918, 1988, եւ 1990 թուականներուն պիտի կեդրոնանայ գլխաւորաբար զգայացունց պատահարներու վրայ, որ միեւնոյն ժամանակ կը կեդրոնանայ անհատներու վրայ որպէս ազգային համախմբումի օրինակներ:   Այդ պիտի ըլլայ հայկական մեկնաբանութիւնը անցեալին պատահած քաղաքական անկիւնադարձային դէպքերու եւ անոնց անողոք զարգացումը դէպի ներկան: Եւ պատմութեան հայկական մեկնաբանութիւնն է որ աւանդաբար կը դասաւանդուի հայկական դպրոցներուն մէջ: Այսինքն, ազգային պատմութիւն մը որ կը միտի տալ պատկանելիութեան բանաձեւ մը, որ վերոյիշեալ «ընկերութեան» նման կը թուի ըլլալ ընդհանուրին ընդունելի:
 
Զգայացունց դէպքերը օգտակար են պատմութիւնը հետաքրքրական դարձնելու եւ փաստելու, թէ ազգայնականութիւնը պէտք ունի արտաքին թշնամիներու: Այս բոլորը ցուցաբերելու, թէ անցեալէն մինչեւ այսօր ազգային յառաջդիմութիւնը եղած է սահուն, եւ թէ միակ անհամաձայնութիւնները եղած են անոր սահմաններէն դուրս:
 
Ի մտի ունենալով այս ենթահողը, բանագիտութեան անշահախնդիր ըլլալը կարելի չէ պաշտպանել: Հարկ չկայ սպառնալիք տեսնել ասոր մէջ, որովհետեւ բոլոր ուսումնասիրութիւնները տեղի կ՛ունենան մասնաւոր ընկերային եւ քաղաքական բնաբանի մէջ, եւ գիտութեան դիմելը կը տեսնուի որպէս փափաք մը որ կատարուած գործը նկատուի այս նկատարումներէն վեր եւ ուրեմն օրինական: 
 
Այսօր, անցեալին եւ պատմութեան հերոսներուն եւ հերոսական դէպքերուն հանդէպ հայրենատենչութիւն մը կը տիրէ: Նման պատմութեան մը վտանգը կը կայանայ այն ենթանդրութեան մէջ, թէ պատմութիւնը կը պատկանի բոլորին, թէ ան մեր ժառանգութիւնն է եւ կը սատարէ ազգային ինքնութիւն կերտելու: Այս դժուար կացութեան կը մատնէ ընկերալեզուաբանը, ինչպէս ընկերալեզուաբան Տէլ Հայմզ կ՛ըսէ, «Կը թուի թէ պատմութեան մէջ ամենէն կարեւոր գործը լեզուի մասին պիտի կատարուի ոչ լեզուաբաններու կողմէ այլ պատմաբաններու կողմէ»:
 
Ներկայիս, դժուար պիտի ըլլայ հայ լեզուի պատմութեան մասին գրել առանց ընկերալեզուաբանութիւն օգտագործելու: Անոր համար, կան երեք փափաքելի բայց բացակայ տուեալներ որոնք մեր ուշադրութեան առարկան պէտք է դառնան՝
 
  1. Գիտակից ըլլալ այն ճնշումներուն որոնք յառաջդիմութեան եւ նահանջի դէպքերը կը բանեցնեն եղելութիւններու մեկնբանութեան վրայ:
  2. Հարցաքննական կեցուածք՝ ենթադրուած պատմական յաղթութիւններու եւ շարունակականութիւններու առընչութեամբ, որոնք ազգային աւանդական մեկնբանութիւններու դուռ կը բանան:
  3. Տեսակէտի հանդէպ առթնութիւն հարց տալու լեզուի պատմութեան ամէն անկիւնադարձին, թէ որու հայեցակէտը որդեգրուած է:
 
Վերոյիշեալ միտքերը ընդգծելու եւ մանաւանդ վերջին տուեալը բացատրելու համար, կը մէջբերենք երեք տարբեր արձանագրութիւններ եւ մեկնաբանութիւններ գիրերու գիւտի մասին.
 
1.      Կորիւն՝ «Եւ (Մեսրոպ) իր ընկերների հետ սկսեց սովորական աղօթքներն … Ամէն բան շնորհող Աստծուց իսկապէս պարգեւուեց նրա այդ բախտը. նա իր աջով հայրաբար ծնեց նոր եւ սքանչելի ծնունդներ, հայերէն լեզուի նշանագրեր»:
2.      Խորենացի՝ «(Մեսրոպ) ապաւինում է աղօթքի: Եւ տեսնում է ոչ երազ քնի մէջ, ոչ տեսիլք արթնութեան մէջ, այլ սրտի գործարանում նրա հոգու աչքերին երեւում է աջ ձեռքի թաթ՝ քարի վրայ գրելիս, այնպէս, որ քարը գծերի հետքը պահում էր»:
3.      Փարպեցի՝ «(Հաբէլ քահանան) եպիսկոպոս Դանիէլէ տեղեկացաւ նշանագրերի կարգի մասին, ապա նշանագրերն առնելով նրանից՝ հասցրեց հայոց թագաւորին, սուրբ հայրապետ Սահակին եւ երանելի Մաշտոցին … (Մաշտոց) կարողացաւ հայերէն այբուբենը կարգաւորել, դասաւորել ըստ յունարէնի հնչիւնային, վանկական անսայթաք դասաւորութեան»:
 
Եզրակացութիւն
Լեզուի մը ընթացքը շատ ուժական է, եւ մինչ կը մերժենք այն հին ըմբռնումը թէ լեզուն էակ մըն է, այդ անբաժանելիօրէն կապուած է մարդկային կեանքի ընկերաին տուեալներուն հետ: Որպէս ինքնութեան բնորոշիչ, լեզուն խիստ կարեւոր տեղ կը գրաւէ: Սակայն, պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ լեզուական փոփոխութիւնը անխուսափելի է եւ ոչ թէ բացառութիւն: Արդեօք այս կը նշանակէ թէ բոլորին ինքնութիւնը այսպիսով կը նուազի: Ինքնութիւններն ալ կը փոխուին, որովհետեւ ընկերային, քաղաքական, տնտեսական, եւ մշակութային մթնոլորտները կը փոխուին: Եւ եթէ միայն անմիջական նայուածք մը նետենք, այնպէս կը թուի թէ ամէն բան կորսնցուցած ենք:
 
Կ՛ապրինք մեծ փոփոխութիւններու շրջան մը, ուր միշտ ալ ընդունելի չէ շատերու կողմէ: Այս չի նշանակէր, թէ անցեալին հետ մեր բոլոր կապերը պիտի խզենք եւ մշակութային շարունակականութիւնը պիտի դադրի: Հոս կը տեսնենք Պարթի գաղափարին անհրաժեշտութիւնը, թէ ինքնութեան զգացումը կախեալ է լեզուական   փոքրամասնութեան սահմաններուն շարունակականութենէն: Յաճախ, նման խումբեր երկար ատեն կը դիմադրեն փոփոխութիւնները առանց որեւէ շօշափելի վնասներու ենթարկուելու: Սակայն, երբ ճնշումները յամառօրէն կը շարունակուին, փոփոխութիւններ պիտի պատահին: Ինքնութեան դիւրաթէք ըլլալը, այս պարագային հարստութիւն մըն է, որովհետեւ այդ կ՛երաշխաւորէ խումբին շարունակականութիւնը: 
 
Ահա այսօրուան մարտահրաւէրները եւ անցեալէն ժառանգուած հանգոյծները եւ բարդոյթները: Մեզի կը մնայ կերտել լեզուական առողջ ապագայ մը մեր սփիւռքեան եւ հայրենի բոլոր հատուածներով, ի մտի ունենալով Զոհրապի հետեւեալ խօսքերը՝ «Երկու աստուածներ՝ մէկը ժամանակը, միւսը՝ պէտքը՝ որոնցմով քաղաքակրթութիւնը շինուած է, ձեռք ձեռքի տուած շարունակ կ՝աշխատին նորութիւնները փճացնելու: Նորութիւնները նորութիւններով կը փոխանակուին»:

 
Օգտագործուած Աղբիւրներ
Անդրանիկ Տաղլեան, «Օտար բառերու վայրագ խուժումը ոսկեղնիկէն ներս … Հայաստանի մէջ կը նահանջէ լեզուն … սրնթաց», Զարթօնք, 4 Մարտ 2005:
Արմենակ Եղիաեան, «Մեսրոպեան Տառերու Ակունքները», Անթիլէաս, 2005:
Բագրատ Ուլուբաբեան, «Ղազար Փարպեցի», Երեւան, 1982:
Գրիգոր Զոհրապ, «Հայ գիրի եւ տպագրութեան յոբելեանները», Ժամանակ, 14 Հոկտ. 1913:
Մանուկ Աբեղեան, «Կորիւն, Վարք Մաշտոցի», Գահիրէ, 1954:
Պօղոս Սնապեան, «Միջնաբերդ – Գրական Տարեգիրք», 2րդ տարի, Պէյրութ, տպարան Սեւան:
Ստեփան Մալխասեան, «Մովսէս Խորենացի», Երեւան, 1968:
 
 
1 comment
  1. Evolutionary or Man-Made

    I could not relate this article’s relevance to the change in the Armenian language we are experiencing these days and whether the change in our language is the result of natural evolution or it is "man-made" or "Armenian-made" out of necessity to forge improved communication.
     
    There was a time when the foreign-infused words were confined to the books Soviet Armenia printed. In the last 20 years it has become a fact of life. One has to watch the proliferating Armenian TV programs in LA to experience it.
     
    Our first elected president, Levon Ter Bedrossian, has an article posted along with this article. I doubt that the many words he uses are indicative of the evolutionary change the Armenian language is experiencing. Their use is "man-made" and not out of necessity. It’s up to us to continue on the trend or reverse it course.
     

    Here is a list of the words LTR uses: “Դեմոգրաֆիական”,  “կոնֆերանսում”,  “եթոդիկ”, “սոցիալական”, “կոմպլեքսավորվում”,  “սոցիալապես ակտիվ եւ պրոֆեսիոնալ”!

Comments are closed.

You May Also Like
Read More

Եուհու

Սամվել Խալաթյան, Երևան, 3 Նոյեմբեր 2021 «Եուհու». տխուր քաղաքի երգիծական տառապանքները Սեպտեմբերի 10-ին, երբ Keghart.org-ի հրավերով Էջմիածնում մասնակցում…
Read More