
Հրայր Ճէպէճեան, Ազդակ, 2 Մարտ 1910



Հրայր Ճէպէճեան, Ազդակ, 2 Մարտ 1910
Մարոնի համայնքի կազմաւորումը եւ Կիպրոսի մէջ անոր ներկայութեան պատմութեան արմատներն ու այս մասին արձանագրութիւնները կ՝երթան մինչեւ Ք. Ե. 686 թուական: Անոնք այդ տարիներէն սկսած են բնակութիւն հաստատել Կիպրոսի մէջ, եւ 14-րդ դարուն մարոնի համայնքին թիւը հասած էր աւելի քան 80 հազարի, որոնք կ՝ապրէին 72 տարբեր գիւղերու մէջ: Աւելի ՛ն. այդ օրերուն արաբերէնը դարձած է Կիպրոսի թագաւորութեան պաշտօնական լեզուներէն մէկը: Իսկ 1316 թուականին մարոնի առաջնորդարանը հիմնուած է երկրին մէջ:
Օսմանեան տիրապետութեան ժամանակաշրջանին՝1570-1571 թուականներուն, մարոնի համայնքը ենթարկուած է հալածանքներու, եւ աւելի քան 30 հազար հոգի նահատակուած է այդ հանգրուանին: Անգլիական գաղութատիրութեան ժամանակահատուածին, 1878 թուականէն սկսեալ, մարոնի համայնքը վերագտած է իր դիրքը եւ զարգացուցած՝իր կեանքին եկեղեցական, կրթական ու ընկերային բնագաւառները: Կիպրոսի անկախութեամբ՝օգոստոս 1960-ին, մարոնի համայնքը, ինչպէս՝հայկականն ու լատինականը, դարձաւ պետականօրէն ճանչցուած կրօնական համայնք, որ ունի իր ներկայացուցիչը Կիպրոսի խորհրդարանին մէջ:
Այսօր Կիպրոսի մէջ մարոնի համայնքը կը հաշուէ աւելի քան վեց հազար հոգի: Աւելի ՛ն. մինչեւ օրս մարոնի փոքր գաղութ մը կը շարունակէ բնակիլ կղզիին հիւսիսային շրջանը՝թրքական բռնագրաւուած գիւղերուն մէջ: 1974-ի թրքական ներխուժումէն ետք համայնքին մեծ մասը մնաց յունական շրջանին մէջ, բայց եւ այնպէս, փոքր հատուած մըն ալ կը շարունակէ կառչած մնալ իր գիւղերուն՝չուզելով զանոնք լքել. անոնք կապուած են հողին, նաեւ՝ինքնութեան…
Տարիներու ընթացքին Կիպրոսի համայնքը կորսնցուց իր լեզուն եւ հաւանաբար՝մշակութային արժէքներն ու սովորութիւնները, բայց տակաւին կայ ինքնութիւնը եւ անոր կանչը, որ կը կապէ զիրենք իրենց արմատներուն, նոյնիսկ երբ հեռու են անկէ: Եւ այս դրօշակներուն ճամբով անոնք կ՝ապրին իրենց կեանքը՝զոյգարժէքներու հպարտութեամբ, բայց նաեւ՝կարօտով:
Ուրբաթ, 12 փետրուարին, Նիկոսիոյ մուտքի գլխաւոր պողոտաները զարդարուեցան դարձեալ երկու դրօշակներով՝կիպրականն ու լիբանանեանը՝Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի Կիպրոս տուած պաշտօնական այցելութեան առիթով: Ասիկա ոչ միայն նախագահ Սլէյմանի առաջին այցելութիւնն էր, այլ Լիբանանի նախագահի մը առաջին այցելութիւնն է Կիպրոս՝Լիբանանի բարեկամ երկիր: Նախագահ Սլէյման մէկ կողմէ անդրադարձաւ երկու երկիրներու բարեկամութեան, միւս կողմէ՝ամրապնդեց այդ բարեկամութիւնը:
Այս առիթով մարոնի առաջնորդարանին մէջ հաւաքուած համայնքի պատասխանատու անդամներուն եւ կարգմը լիբանանցի քաղաքացիներուն ուղղած իր խօսքին մէջ նախագահը ըսաւ. “Թէեւ մեր երկիրներուն միջեւ ծովը կայ, բայց անիկա մեզ բաժնելու համար չէ, այլ՝աւելիով իրարու մօտեցնելու:’’ Պատմութեան փորձը ցոյց տուաւ, որ այդ ծովը իսկապէս երկու երկիրները միացուց՝բարեկամութեան կապով: Լիբանանցին միշտ ալ վայելեց ու ապրեցաւ Կիպրոսի բարեկամութիւնը, յատկապէս՝վերջին քառասուն տարիներուն: Կիպրոսը եղաւ այն երկիրը, որ շրջանցելով իր կարողականութեան եւ ուժականութեան սահմանները, փորձեց հասնիլ Լիբանանին՝իր տագնապին եւ նեղութեան օրերուն, որովհետեւ զայն նկատեց բարեկամ, դրացի եւ արժեւորեց այդ բարեկամութիւնը իր ամբողջական իմաստով:
Մարոնի առաջնորդարանին մէջ կար նաեւ մարոնի վարժարանի փոքր աշակերտներուն ուրա- խութիւնը՝նախագահին այցելութեան եւ անոր ընդունելութեան ընթացքին: Անոնք մէկ ձեռքով կիպրական դրօշակը բարձրացուցած էին, իսկ միւսով՝լիբանանեանը: Անոնք թէեւ չկրցան արտայայտուիլ արաբերէնով, բայց բաժնեկցեցան իրենց հպարտութիւնը՝անսալով պատմութեան կանչին, նաեւ՝քալելով նոյն պատմութեան գծած ճամբէն:
Դիտեցի այդ փոքրիկներուն ուրախութիւնն ու խանդավառութիւնը: Անոնց աչքերուն մէջ նկատելի էր իրենց համար անհասկնալի կարօտը, որ կու գար դաստիարակութենէն՝կառչելու ինքնութեան եւ հասուննալու անով: Միայն մեծնալէ ետք այդ կարօտը կրնար դառնալ հասկնալի իւրաքանչիւրին, եւ անոնք կրնան կերտել իրենց կեանքը՝այդ կարօտին արժէքներով:
Այս փոքրերուն ուրախութեան մէջ տեսայ նաեւ իմ ճամբաս: Իմ ճամբաս ալ ՙզարդարուած է՚ երկու դրօշակներով, մէկը հայկական, միւսը՝լիբանանեան: Եւ այս երկու դրօշակները տուին երկու ինքնութիւն, որոնք երբեք չխաչաձեւեցին զիրար, այլ իրարմով եղան աւելի մեծ արժէք ու հարստութիւն: Երկու դրօշակ՝իւրաքանչիւրը իր պայքարով ու յոյսով ինծի դրաւ կեանքի այս ճամբուն վրայ, եւ կը շարունակէ դնել՝յար ու նման այդ օրուան փոքրիկներուն, որոնք նոր կը սկսէին քալել այդ ճամբէն:
Եւ իւրաքանչիւր սփիւռքահայու ճամբան զարդարուած է երկու դրօշակով: Այսպէս եղաւ մեր վիճակն ու ճակատագիրը: Ժամանակը ետ չենք կրնար տանիլ, այլ առջեւ պիտի տանինք՝պահելով, զօրացնելով եւ համադրելով իւրաքանչիւրին ՙպայքարը՚՝իր պարունակով եւ ամբողջութեամբ: Երկու ինքնութիւններուն կերտած ՙարժէքները՚ պիտի դնենք մէկ կողմէ մեր սփիւռքեան կեանքերուն ու անոր ստեղծած պայման-ներուն ի սպաս, միւս կողմէ՝հայրենիքին: Եւ երկու ինքնութիւնները զիրար ամբողջացնելով՝պիտի դառնան մեր կեանքին ՙհարստութիւնը՚: