Ի՞նչ Կը Մտածէ Միւս Թուրքը Շարքէն
Ահմէտ Ալթան, Հապերտար
Հայացուց ՝ Գրիգոր Կէօքճեան, Պէյրութ, 1 Դեկտեմբեր 2015
Հիմա այլեւս աւելի կը յստականայ որ այնքան ատեն որ Թայյիպ Էրտողանը իշխանութեան գլուխն է՝ այս երկիրը խաղաղութիւն եւ կայունութիւն պիտի չտեսնէ: Այս կամ այն պատճառով տեւական տագնապ մը պիտի ապրինք, տեւական սպառնալիքի մը
Այսօր պատերազմի շեմին հասանք: Թուրքիան վար առաւ իր սահմանները “17 երկվայրկեան“ բռնաբարած ռուսական օդանաւ մը: Օդանաւը 17 երկվայրկեանի մէջ մէկուկէս քիլոմեթրի չափ մտեր եւ ելեր է սահմաններէն: Թրքական օդանաւերը տասն անգամ զգուշացուցեր են սահմանին մօտեցած ժամանակ սակայն վերջինս կարեւորութիւն չէ տուեր: Բացայայտ է Ռուսիոյ շփացած եւ անտարբեր վերաբերմունքը:
Ի՞նչ Կը Մտածէ Միւս Թուրքը Շարքէն
Հայացուց ՝ Գրիգոր Կէօքճեան, Պէյրութ, 1 Դեկտեմբեր 2015
Հիմա այլեւս աւելի կը յստականայ որ այնքան ատեն որ Թայյիպ Էրտողանը իշխանութեան գլուխն է՝ այս երկիրը խաղաղութիւն եւ կայունութիւն պիտի չտեսնէ: Այս կամ այն պատճառով տեւական տագնապ մը պիտի ապրինք, տեւական սպառնալիքի մը
Այսօր պատերազմի շեմին հասանք: Թուրքիան վար առաւ իր սահմանները “17 երկվայրկեան“ բռնաբարած ռուսական օդանաւ մը: Օդանաւը 17 երկվայրկեանի մէջ մէկուկէս քիլոմեթրի չափ մտեր եւ ելեր է սահմաններէն: Թրքական օդանաւերը տասն անգամ զգուշացուցեր են սահմանին մօտեցած ժամանակ սակայն վերջինս կարեւորութիւն չէ տուեր: Բացայայտ է Ռուսիոյ շփացած եւ անտարբեր վերաբերմունքը:
Սակայն եւ այնպէս ո՛չ մէկ երկիր տարբեր երկրի մը օդանաւը վար կ՝առնէ “17 երկվայրկեանի” բռնաբարումի մը համար այնքան ատեն որ զայն իբրեւ “թշնամի” չի գնահատեր եւ պատերազմ չի նախատեսեր: Ամբողջ աշխարհի մէջ, երբ նման բռնաբարումներ պատահին այդ երկրին “ազդարարութիւն” կը տրուի:
Լաւ բայց ինչո՞ւ թուրքիան այսպիսի մեծ վտանգ մը աչքի առնէ: Իրականութեան մէջ ասիկա իրապաշտ հարցում մը չէ: Որովհետեւ որոշում տուողը թուրքիան չէ: Այլ Էրտողանն է այս մեծ վտանգը աչքի առնողը: Ինչո՞ւ դիմակայել այսպիսի վտանգ մը:
Վար առնելու դէպքէն քիչ ետք, խանդավառուած ուսուցիչներու հաւաքի մը առջեւ խօսք առնելով, Էրտողան կը պատգամէ. “Դուք Պայըրպուճաքի թիւրքմէնները կը ռմբակոծէք, այդտեղ Տաէշ (Իսլամական պետութիւն) չկայ, ես ալ պիտի չարտօնեմ ձեզի որ այդտեղի թիւրքմէնները զարնէք”:
Այո, այդ շրջաններուն մէջ Տաէշ չկայ, սակայն ըսուածներուն համաձայն թիւրքմէններուն կողքին կան Ալնուսրա եւ Ահրարուշշամ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները: Փութին կը պնդէ որ այդ կազմակերպութիւններու շարքին կան “Ռուսիայէն գացած” կռուողներ: Իսկ “Ռուսիայէն գացած” կռուողները թուրքիոյ արտօնութեամբ շրջան անցնող չէչէն ճիհատականներն են:
Թուրքիոյ կողմէ ռուսական օդանաւին վար առնուելու պահուն իսկ Ռուսիան ձեռք անցուցած եղաւ “պատերազմ յայտարարելու” կարելիութիւնը: Կը յայտարարէ՞ արդեօք:
Իրականութեան մէջ, սա պահուն շատ կարելի չի թուիր: Թուրքիան այս անկարելիութեան համար պարտական է “արեւմուտքին”, որուն հասցէին օրն ի բուն հայհոյանք կը տեղացնէ ներսը: Եթէ Ատլանտեան ուխտին մէկ անդամը եղած չըլլար լուրջ պատերազմի մը դէմ յանդիման գալու հաւանականութիւնը շատ բարձր կ՚ըլլար:
Թուրքիան Ատլանտեան ուխտին մէկ անդամը ըլլալուն համար, Թուրքիոյ վրայ յարձակում մը Օթանի վրայ եղած յարձակում կը համարուի, եւ արդէն ռուսական օդանաւը վար առնելուն պէս թուրքիան անմիջապէս Օթանին վազեց եւ անոր հովանիին տակ ապաստանեցաւ:
Սակայն Էրտողանին մէկ որոշումը Օթանն ու ամբողջ աշխարհը մէկ վայրկեանի մէջ պատերազմի վտանգի մը հետ դէմ յանդիման բերաւ: Մենք, Օթանն ու արեւմուտքը իրենց համար անբաղձալի պատերազմի մը հաւանականութեան առաջնորդած ենք: Երեւութապէս մեզի պաշտպան կը կանգնին, սակայն դժուար չէ կռահել ներքուստ իրենց զգացումները:
Միայն Թուրքիոյ համար չէ, այլ ամբողջ աշխարհին համար Էրտողանը սկսած է վտանգ ներկայացնել: Ըստ երեւոյթին զինք զգուշացնող ո՛չ զինուորական ո՛չ ալ աշխարհիկ խորհրդական ունի: Այս իսկ պատճառով այս վտանգները մագլցում արձանագրելով պիտի շարունակուին:
Ամբողջ աշխարհ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ ստեղծուած լարուածութեան մասին կը խօսի, սակայն եթէ ինծի հարցնէք, բուն հարցը Էրտողանի եւ Փութինի միջեւ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնն է: Այս երկուքը իրենց երկիրներուն մէջ “միակ մարդ” ըլլալու գոյավիճակ մը ունին եւ ազգայնականութիւն “խաղալով” քուէ կը հաւաքեն: Մերթ հոս մերթ հոն յարձակելով Փութինին քուէները բարձրացում կ՝արձանագրեն: Արդէն ինքն ալ “կարծր մարդ”ու տիպարը ստեղծելով դասաւորած է ամբողջ խաղը:
Ռուսական օդանաւին զգետնուելով եւ ըսուածներուն համաձայն օդաչուներուն մահանալով Փութին իր երկրին մէջ հանրային կարծիքի մեծ ճնշում մը պիտի դիմագրաւէ: Տրամաբանօրէն պէտք չէ որ պատերազմ ծագի, սակայն երբ գործերը խաչաձեւուին երկու ոչ տրամաբանող մարդոց “աւելի կարծր մարդ” երեւալու պայքարին մէջ ոչ ոք կրնայ կանխատեսել պատահելիքները: Սեւ ծովուն վրայ օդանաւեր կրնան ընդհարիլ, կամ ալ նաւեր կրնան ռմբակոծուիլ “շրջանային ջուրերը” հատելու պատրուակով: Ամէն բան սպասելի է ասկէ վերջ:
“Միապետ” դառնալու համար Էրտողանին անհրաժեշտ են ազգայնական քուէները, արտաքին քաղաքականութեան մէջ ամէն մէկ քայլ կարեւոր է “միապետութեան” համար…մեր ապրածները արժեւորեցէք ա՛յս դիտանկիւնէն ալ…”միապետ” մը դառնալու բախտախաղին մէջ սեղանին վրայ գրաւ դրածը եօթանասուն միլիոն մարդոց կեանքն է:
Նոյն ձեւով Փութինն ալ պէտք ունի ազգայնականներու քուէներուն իր միապետութիւնը շարունակելու համար:
Երկու երկիրներն ալ օրէնքի, կանոնի եւ իրաւական պետութիւն ըլլալէ հեռու, պարզապէս միապետական վարչաձեւեր են կախեալ երկու միակ անձերէ… որ մեզ բոլորս ենթակայ կը դարձնեն ամէն տեսակ վտանգի:
Ասկէ ետք շատ երկար տեւելիք այս թշնամութեան առաջին զոհերը պիտի ըլլան զբօսաշրջութեան մարզն ու շինարարական կապալառուները: Անթալիա պիտի կորսնցնէ իր ռուս զբօսաշրջիկները: Փութին իբրեւ "լրտես” կամ “թշնամի” պիտի որակէ ամէն մէկ ռուս, որ Թուրքիա կը ճամբորդէ … ո՛չ ոքի պիտի արտօնէ որ հոս գան: Թուրք գործատէրերուն ալ որեւէ գործ պիտի չտայ:
Կ՛ենթադրեմ որ Սուրիոյ մէջ ալ փոխուին հաւասարկշռութիւնները: Եփրատ գետին “արեւելքը” ամերիկացիներուն նեցուկը վայելող քիւրտեր հիմա հաւանաբար ռուսերուն օժանդակութիւնը ստանան “արեւմտեան” ափին մէջ (թուրք կառավարութիւնը քիւրտերուն համար կարմիր գիծ յայտարարած է Եփրատին “արեւմուտքը” Գ.Կ):
Շատ հաւանաբար ռմբակոծումի ենթարկուին Թուրքիայէն Սուրիա անցնող փոխադրակառքեր եւ մարդիկ, որոնց Փութին կ՛ամբաստանէ “Տաէշին նաւթը Թուրքիա ծախելու” յանցանքով: Ասկէ զատ, բնաւ պէտք չէ զարմանալ, եթէ այս օրերուն հրապարակուին փաստաթուղթեր Թուրքիա – Տաէշ յարաբերութիւններու վերաբերեալ:
Նախապէս ալ բազմաթիւ առիթներով ջանացի բացատրել որ Էրտողանն ու իր կուսակցութիւնը այլեւս անկարող են կանգ առնելու, արագութիւնը տակաւ աճող “պօլերօ”ի երաժշտութեան նման այս երկրին մէջ բռնութեան եւ փորձանքին թափը տեւական պիտի բարձրանայ:
Մեր շուրջ բաւական թիւով մարդիկ կան, որոնք շատ ուրախ են Ռուսիոյ հետ ստեղծուած լարուածութեան համար, իրենց կարծիքով “լաւ դաս մը տուինք ռուսերուն”. այս նոյն շրջանակն էր որ կը հաւատար թէ “երեք օրէն Դամասկոս պիտի մտնենք”, իսկ հիմա դարձեալ ուրախ են որ Ռուսիան “ծունկի պիտի բերենք”, մոռնալով որ անոնց զինուորական եւ տնտեսական ոյժը մեզմէ տասնապատիկ անգամ աւելի է: “Երեկոյեան թէյը Մոսկուայի մէջ կը խմենք”ի երազներով տարուած են:
Այսպիսիներուն կը յանձնարարեմ որ քիչ մը ուսումնասիրեն 1877-78 ի ռուս-թրքական պատերազմը, այսօրուայ բանգէտները այդ օրերուն ալ կային, “երազիս մէջ տեսայ որ Մոսկուայի մէջ նամազ կ՛ընէի” ըսողներ եղած էին …Պատերազմի աւարտին ռուսերը մինջեւ Եշիլգիւղ (Պոլսոյ արուարձան Գ.Կ) եկան … եւ որովհետեւ ամչցանք ընդունելու որ ռուսերը Պոլսոյ քիթին տակը հասած էին, մեր պատմութեան դասագիրքերուն մէջ պարզապէս գրեցինք որ “Այսթեֆանոս” հասած էին (Եշիլգիւղին յունական անունը Գ.Կ):
Թուրքիան շատ գէշ փորձանքի մը քշուելու վրայ է Էրտողանի ղեկավարութեամբ:
Ներսը քրտական հարցը բոցերու մէջ կ՛այրի, մարդիկ կը մեռնին. երկրին ութ տոկոսը բացայայտօրէն Տաէշին նեցուկ կը կանգնի, ամէն կողմ Տաէշի բջիջներու գոյութեան մասին լուրեր կը շրջին, Անգարայի սպանդին դերակատարներէն մէկը ինքզինք այնքան հանգիստ կը զգայ որ նոյնիսկ ընտանիքին հետ տուն կը վարձէ Այնթապի մէջ, իսկ դուրսը ման կու գանք պատերազմի հարեւանութեամբ առանց որ կարենանք պատկերացնել վաղուայ պատահելիքները:
Եթէ ընդդիմադրութիւնը քով քովի գալով “օրէնքի եւ ժողովրդավարութեան” շրջագիծին մէջ չդիմադրէ այս ժամանակահատուածը, բոլորիս համար գէշ վերջաւորութիւն մը պիտի ունենայ:
“Դամասկոսի մէջ նամազ պիտի ընենք”, ” Միջին արեւելքի մէջ խալիֆա պիտի ըլլանք” երազելով երկիրը արիւնլուայ վիճակի մէջ կտոր կտոր պիտի ըլլայ: