



Թուական՝ Յունիս 1918:
Այցելութեան նպատակ՝ հրաւէր Հայասատանի կառավարութեան մասնակցելու Կեդրոնական Եւրոպայի երկիրներու( Գերմանիա, Աւստրո-Հունգարիա, Պուլկարիա, Թուրքիա) ժողովի մը, Պոլսոյ մէջ:
Խատիսեանի տեսակցութիւնները կ’ընդգրկէին արդարութեան նախարար՝ Խալիլ պէյ, ներքին գործոց նախարար՝ Թալէաթ պէյ, պատերազմական նախարար՝ Էնվէր պէյ եւ այլ օսմանցի պետական անձնաւորութիւններ: ( Հետագային, 30 հոկտեմբեր 1918-ի Մուտրոսի համաձայնագրով, երբ Օսմանեան Պետութիւնը պարտուած կը յայտարարուէր, Իթթիհատի վերնախաւի «պէյ»երը թաքստոցներ կը փնտռէին, իրենց պատերազմի ընթացքին գործած ոճիրներէն փախչելու համար: Սակայն հայ վրիժառու բազուկը կը հետապնդէր յանցագործները եւ անոնց արդար պատիժը կը տնօրինէր):
Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, հայ եւ թուրք բանակները ճակատեցան իրար դէմ 1918 մայիսի վերջերը Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Պաշ Ապարանի ռազմաճակատներուն վրայ:
«Որոտում էին թնդանօթները, որոնց գոռոցը հասնում էր մինչեւ Երեւան». կը պատմէ վարչապետ Ս. Վրացեան:
Տենդոտ եռ ու զեռի մէջ էր Երեւանը, ուրկէ սայլերով, էշերով, ձեռքերով, երիտասարդ թէ ծեր, կռուողներուն ռազմամթերք, հաց, ջուր կը հասցնէին:
«Ամբողջ երկիրը մի մարդ, մի շունչ դարձած՝ կռւում էր մահացու թշնամուն դէմ». կը գրէ Վրացեան:
Հայ զէնքի ուժը մեծ տպաւորութիւն ձգեց օտար զինուորական մասնագէտներու վրայ: Կ՝արժէ յիշատակել Ֆրանսացի հրամանատար՝ Պուատեպարի խօսքերը,
« Շէֆքի փաշայի ամբողջ բանակը կանգնած էր զօր. Սիլիկեանի հրամանատարութեան տակ գտնուող երկրորդ հայկական տիվիզիայի դէմ: Մայիս 24-ին զօր. Սիլիկեանը այնպիսի ուժով գրոհ տուաւ թուրքերուն վրայ, որ կատարելապէս ջախջախեց զանոնք եւ հայկական հեծելազօրքը հալածեց թուրքերը մինչեւ Ալեքսանդրապոլի բարձունքները: Միմիայն ռազմամթերքի պակասն էր որ կանգնեցուց այդ հետապնդումը»:
Իսկ, Էնվեր փաշա, տպաւորուած հայկական բանակի մարտունակութենէն, Վէհիպ փաշայի բերնով կ՝առաջարկէր հայ եւ թուրք բանակներու զինակցութիւն մը, միասնաբար արշաւելու Պաղտատի վրայ:
Թէեւ փրկուած էր Երեւանը՝ Հայաստանի ապագայ մայրաքաղաքը, սակայն զինուորական թէ քաղաքական գետնի վրայ, մարտահրաւէրները բազմաթիւ էին: Վրացիներ եւ ազերիներ, որոնք առանձին ձգած էին հայերը արշաւող օսմանեան բանակին դիմաց, կը լքէին Սէյմը, Անդրկովկասեան Համադաշնակցութիւնը եւ կը յայտարարէին իրենց երկրին անկախութիւնը: Հայերուն կը մնար յաղթական պատերազմէ մը ետք, անկախութիւն հռչակել 28 մայիս, 1918-ին:
Հայաստանի հանրապետութեան ստեղծումը բաւարար չէր սակայն ապահովելու հողատարածքի ամբողջականութիւնը եւ ժողովուրդի անվտանգութիւնը: Երեւանը ապաստան տուած էր առ նուազն կէս միլիոնի հասնող, մեծամասնութեամբ արեւմտահայ գաղթականներու, իսկ թրքական բանակի միաւորները, հայկական դիրքերէն ոչ շատ հեռու, իրենց թնդանօթները ուղղած քաղաքին վրայ, սպառնալիք էին նորաստեղծ հանրապետութեան:
Երկու դրացի երկիրներուն՝ Հայաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան միջեւ խաղաղութեան խորհրդաժողով մը հրամայական էր, մանաւանդ հայութեան համար: Այս նպատակաւ Թիֆլիս ժամանակաւորապէս հաստատուած Հայոց Ազգային Խորհուրդը, Պաթում կը գործուղէ հաշտութեան դաշնագրի պատուիրակութիւն մը, որու նախագահն էր Ալ. Խատիսեան. անդամներն էին, Մ. Պապաջանեան եւ Յ. Քաջազնունի, հետագային՝ Հայաստանի առաջին կառավարութեան վարչապետը:
Պետական մակարդակով հայ եւ թուրք դիւանագիտական խօսակցութիւնները, առաջին անգամ ըլլալով պատմութեան մէջ տեղի ունեցան Պաթումի մէջ, 1918, մայիս 28էն յունիս 4, որու յաջորդեց անկախ Հայաստանի առաջին վաւերաթուղթի ստորագրութիւնը օտար պետութեան մը՝ Օսմանեան կայսրութեան հետ: Հայ-թուրք բանակցութիւնները տեղի կ’ունենային լարուած մթնոլորտի մը մէջ: Թէեւ հայերը շահած էին ճակատամարտ մը եւ կասեցուցած թրքական բանակի արշաւանքը, թշնամին իր գերակշիռ ուժով, վերջնագրով մը իր պայմանները կ’ուզէր պարտադրել հայկական կողմին վրայ: Թուրք բանագնաց՝ Վեհիպ փաշան, առաջին նիստին իսկ, կը ներկայացնէ Հայաստանին սահմանուած հողատարծք մը որը հազիւ 9000 քառ. քիլոմեթր էր: Հայերուն սահմանուած հողամասը չափազանց փոքր, կտրուած էր ծովէն եւ չէր գոհացներ հայ ժողովուրդի պահանջները: Թուրքերուն գծած Հայաստանի այս սահմանները պատճառ պիտի դառնային հայ-թուրք յարատեւ թշնամութեան: Հայկական պատուիրակութեան առարկութիւններուն, թուրքերը կը մնան անդրդուելի, միշտ պատասխանելով թէ՝ այդ բոլոր հարցերը լուծում կրնան ստանալ ապագային, « բարի դրացիական յարաբերութիւններու» ստեղծումով: Երկար բանակցութիւններէ ետք, բոլոր թուղթերը կը պատրաստուին եւ կ’որոշուի դաշնագրի ստորագրման օրը:
Ալ. Խատիսեան ականատեսի իր վկայութիւնը կու տայ հանդիսաւոր արարողութեան:
« Երկու կողմերն ալ հետեւեալ օրը ներկայացան լիակատար կազմով եւ տօնական հագուստով: Թրքական պատուիրակութեան քարտուղար Մունիր պէյ դառնալով ինծի ըսաւ. – Այսպէս կը կատարուի պետութեանց պատմութիւնը: Պէտք չէ հոգ ընել. յաւիտենական ոչինչ կայ. դաշնագիրներն ալ ժամանակաւոր են»: « Ստորագրութենէն ետք», կ՝աւելցնէ Խատիսեան, « Խալիլ պէյ եւ ես ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի ճառեր խօսեցանք ու սեղմեցինք միմեանց ձեռքերը»:
* * *
Հայկական եւ թրքական բանակները երկրորդ եւ վերջին (ցարդ) անգամ ըլլալով ճակատեցան նախկին փախումէն մօտ երկու տարի ետք՝ 1920 սեպտեմբեր-նոյեմբեր ամիսներուն: Արդիւնքը, հայկական բանակի ամբողջական պարտութիւնն էր որու յաջորդեց նոյնքան ծանր Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը, Հայաստանի կնքած երկրորդ դաշնագիրը Թուրքիոյ հետ:
Մայիսէն սկսեալ, թրքական բանակը պատրաստութիւնները կը տեսնէր, իսկ օգոստոսին, հայկական զինեալ ուժերու առաջատար դիրքերը կ’ենթարկուէին թրքական բանակի յարձակումներուն: Իսկական պատերազմը սկսաւ 23 սեպտեմբերին: Մի քանի ամիսներու ընթացքին, Հայաստան կորսնցուց նախորդող երկու տարիներուն արիւնով եւ քրտինքով շահուած արեւմտահայաստանէն մեծ տարածքներ որոնք գրաւուած էին հայկական բանակին կողմէ 1919-էն սկսեալ:
Կատաղի բախումներ տեղի ունեցան Սուրմալուի ճակատին վրայ: Թրքական բանակը, քրտական զինեալ խումբերու օգնութեամբ, յամառօրէն փորձեց Դրօի հրամանատարութեան տակ գտնուող հայկական պաշտպանողական գիծը ճեղքել եւ հասնիլ Երեւան, սակայն ի զուր: Բոլորովին այլ ընթացք ստացան դէպքերը Կարսի ճակատին վրայ: Թրքական գերակշիռ զինուորական ուժին դիմաց, հայկական բանակի միաւորները տեւական նահանջի մէջ մնացին եւ չյաջողեցան ծրագրուած հակայարձակողականը կազմակերպել:
Զինուորական, քաղաքական եւ մարդկային անկիւնէն դիտած, Կարսի անկումը ամէնէն ծանր հարուածն էր Հայաստանին համար: Կարս քաղաքն ու իր նշանաւոր բերդը, ըստ զինուորական մասնագէտներու, կրնար ամիսներ դիմադրել թշնամի յարձակումներուն, սակայն, մէկ գիշերուայ մէջ եւ առանց կռուի, անձնատուր եղաւ: Կարսի կորուստով, մեծապէս տուժեց նաեւ հայկական պետութեան վարկը: Իսկ Կարսէն, թուրքերը տարին իրենց հետ մեծ քանակութեամբ ռազմամթերք, պարենամթերք եւ գերի ինկած մoտ 3000 հայ զինուորներ իրենց 150 հայ սպաներով: Հետագային, զինուորներէն միայն 300 հոգի գերութենէ վերադարձան:
Որքան որ պատմութեան մէջ յաղթանակը հպարտութեան եւ յիշատակումի արժանի է, նոյնպէս պարտութիւնը քննարկումի եւ խորհրդածութեան նիւթ պէտք է դառնայ:
Հայկական բանակի պարտութեան պատճառները բազմաթիւ են եւ ակնյայտ.
• Երեւանի մէջ գտնուող հայկական բանակի բարձր հրամանատարութեան եւ ճակատի վրայ եղող զինուորականներուն միջեւ հաղորդակցութեան կապերը զգալիօրէն տկար էին:
• Բանակի բարձր խաւի զինուորականներ, մանաւանդ Կարսի ճակատին վրայ, ընդհանրապէս ռուսական դաստիարակութեամբ, նոյնիսկ ռուսախօս, պատերազմելու տրամադրութենէն զուրկ էին:
• Հայկական կողմը կարելիութիւնը չ’ունէր թրքական բանակի շարժումները եւ անոնց կարողականութիւնը լրտեսելու, սահմանէն անդին հայ տարրին չգոյութեան պատճառաւ:
• Հայ քաղաքական եւ զինուորական պատասխանատուները թերագնահատեցին թրքական բանակին ուժն ու կազմակերպուածութիւնը:
• 1920 մայիս 1-ի բոլշեվիկեան յեղափոխութեան ձախող փորձէն ետք, հայկական բանակէն ներս երկբեղկումը զգալի էր:
• Համայնավար գործակալներ, իրենց քարոզչութեամբ կը թելադրէին զինուորներուն եւ ժողովուրդին զէնքերը վար առնել եւ չկռուիլ յարձակող թուրքին դէմ:
• Երկու տարուայ երկարատեւ պատերազմներէ ետք վրացիներու, ազերիներու, քիւրտերու եւ համայնավարներու դէմ, հայ զինուորը յոգնած եւ ուժասպառ էր:
• Հայ քաղաքագէտներ սխալ ենթադրութիւններ կատարեցին. թէ, թուրքերը ի վիճակի չեն յարձակելու Հայաստանի վրայ երբ յունական բանակը գրաւած էր հիւսիսային Անատոլուն: Թէ, Դաշնակից երկիրները՝ Անգլիա, Ֆրանսա, Իտալիա, թոյլ պիտի չտան թուրքերուն որպէսզի յարձակին Հայաստանի վրայ: Թէ՝ Վրաստան պիտի միանայ Հայաստանին թրքական յարձակումի մը պարագային:
Ալեքսանդրապոլ մեկնող հայկական պատուիրակութեան նախագահն էր Ալ. Խատիսեան իսկ կազմին մէջ էին Աբր. Գիւլխանդեան( ելեւմտական նախարար) եւ Ստեփան Ղորղանեան (Կարսի նահանգապետ): Թրքական կողմը կը նախագահէր զօր. Քեազիմ Քարապէքիր, թրքական բանակի գլխաւոր հրամանատարը:
Առաջին նիստին իսկ, Քարապէքիր կը դնէ Թուրքիոյ հիմնական պահանջքը. Հայաստան պէտք է հրաժարի Սեւրի դաշնագրէն:
Խատիսեան հեռագրով կը կապուի վարչապետ Ս. Վրացեանի հետ եւ կը ստանայ կառավարութեան համաձայնութիւնը Սեւրի դաշնագրէն հրաժարելու գծով: Երբ թրքական կողմին կը փոխանցուի Հայաստանի կառավարութեան դրական պատասխանը, Քարապէքիր կը յայտարարէ.« Այժմ, երբ մենք ազատուեցանք եւրոպական իմպերիալիստներու ճնշումէն, կարող ենք խօսիլ ազատ իբրեւ երկու հարեւան ժողովուրդներ»:
Բանագնաց Խատիսեան, ամբողջ հայութեան հոգեկան ծանր տագնապը կը մարմնաւորէ հետեւեալ խօսքերով.« Կեանքիս մէջ երկրորդ անգամ ինձ վիճակուեցաւ ծանր րոպէներ ապրիլ Հայաստանի սահմաններու խնդրի առթիւ: Առաջին անգամ 1918 թ. Յունիսին, Պաթում, երկրորդ անգամ Ալեքսանդարպոլ, այս օրերուն: Մենք նորէն տեսանք Հայաստանը երկաթէ փականքներու մէջ սեղմուած, առանց Թրքահայաստանի, առանց Կարսի նահանգի, առանց Նախիջեւանի, առանց նոյնիսկ Սուրմալուի»:
Ալեքսանդրապոլի հայ-թուրք դաշնագիրը ստորագրուեցաւ Հայաստանի խորհրդայնացումէն մօտ 15 ժամ ետք, 1920 Դեկտեմբեր 3, առաւօտ ժամը 2-ին:
Հայաստանի առաջին հանրապետութեան երկու տարիները, 1918-1920, կը կազմեն հայոց պատմութեան ամէնէն նշանակալից եւ ճակատագրական ժամանակաշրջանը: Ցեղասպանութենէն ետք, ոտքի կանգնելու, գոյատեւման համար կռուելու կամ հաշտութիւն կնքելու գերմարդկային ճիգերը, ճիշտ եւ սխալ որոշումներով հունաւորուած, ապացոյց են ազգերու ընտանիքէն ներս տեղ գրաւելու հայութեան վճռականութեան:
Դրացի ժողովուրդներու եւ երկիրներու միջեւ պատերազմը եւ խաղաղ գոյակցութիւնը առկայ են յաճախ: Անխուսափելի իրականութիւն է, որ զօրաւոր կողմը զէնքի ուժով եւ դիւանագիտութեամբ իր կամքը կը պարտադրէ տկարին: Հետեւաբար հայ ժողովուրդին կը մնայ լարել ուժերը, ընտրել յարմարագոյն միջոցներն ու զէնքերը, շարունակելու համար երթը:
Օգտագործուած աղբիւրներ՝
– Վրացեան Ս. «Հայաստանի Հանրապետութիւն», Փարիզ, 1928
– Խատիսեան Ալ. «Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը», տպարան Համազգային, բ. Տպ. Պէյրութ, 1968
– Եազըճեան Գ. «Կարսի 1920 թ. անկման խորքային պատճառները», Երեւան, 2007
– Hovannisian R, “ The Republic of Armenia” vol.1-4, University of California Press, 1996
8 comments
Russia or Turkey
Needless to say, Erdogan will not commit genocide. However, if the world situation allowed him, he would have no compunction to invade Armenia and remove the bothersome "obstruction" to continuous Turkic land from the Bosphorus to China.
While Erdogan will not commit genocide (there is no substantial Armenian minority left in Turkey), Turkey continues to persecute millions of Kurds, and the Alevi Turks are considered second-class citizens.
As well, our distrust of Turkey is not just one of having little faith in its leaders regarding Armenians. The fabric of Turkish society suffers from the anti-Armenian virus, to the point that to call someone Armenian is to curse him or to denigrate him. Centuries of Turkish domination of the ra’iya (herd) have made Turks racist Armenophobes in both sense of the word–hatred and fear.
Different Turkey
According to "Ataturkun soylev ve demecleri" (Ankara: Ataturk Kultur Dil ve Tarih Yuksek Kurumu, 1997), 2:130, cited by Rifat Bali, Ataturk declared in 1923 to an assembly of Muslim Turkish craftsmen that "Armenians have no rights all in this prosperous country. This land is yours, the land belongs to the Turks. In history this land was Turkish, therefore it is Turkish and will remain Turkish for ever. The land has finally been returned to its rightful owners. The Armenians and the others have no rights here at all. These blessed regions are the native land of the true Turks."
Yes, Asia Minor was originally located in Central Asia but because of tectonic shifts it sled west to separate the Black and Mediterranean Seas. That should scientifically explain why Occupied Armenia is now the native land of the true Turks.
Mr. Krajian says today’s Turks are different. Tell it to the Kurds, to the Alevis, to the Hamshen Armenians, to the Greek Cypriots. Tell it to the Israelis who for decades have supported Turkey and now find themselves hate target of Ankara and Turks in general. And finally tell it to the average Turk who is deprived of basic human rights.
By the way, until recently I had assumed that the Ataturk honorific was bestowed on Kemal by the Turks. Wrong! Modest Mustafa gave the title to himself. Only if we could find an Anaturk. But then again, the womanizing bachelor didn’t have much use for women, except for the obvious.
Այսօր մենք երկու իրական ուժ ունինք
Ս. Վրացեան
1) «Այսօր մենք երկու իրական ուժ ունինք մեր կողքին, մէկը Սովետական Ռուսաստանն է, միւսը Թուրքիան: Միւս ուժերը մեզանից շատ հեռու են: Առաջինի հետ, ինչպէս ցոյց տուեց դառը փորձը, հաշտուէլ չենք կարող, Մենք պէտք է հաշտուենք ու բարեկամանանք միւսի հետ: Այդ անհնարին չէ, որորվհետեւ մենք եւ Թուրքերը ունինք ընդհանուր շահեր որ ամենայն համերաշխութեամբ կարող ենք պաշտպանել ընդհանուր ուժերով.»
(Տես Ս. Վրացեան, «Կեանքի Ուղիներով», հատոր Զ, էջ 46 )
2) Ներկա Թուրքիան այլեւս չի նմանիր հին Թուրքիային, ոչ ալ Քէմալը կը նմանի Էնվէր-Թալաաթի: Անոնք կոտորիչներ չե՛ն, ինչպէս հիները էին:
In my view, this historical
In my view, this historical article shows how much our leaders have not only missed the train but have been on a train going in a completely different direction. Papken’s comment and citation of Mr. Veratsian’s thoughts, one of the "architects" of the treaty of Aleksandrapol, shows the origins of our diasporan fratricidal conflicts.
By the way, Mr. Krajian has neither mentioned the name of Ataturk in this article, nor any implication that today’s turks are different from the past. maybe Mesrob and Vrej should read the article a second time.
Not a historian, but have questions
Citing Vratsian’s "thoughts" may or may not shed light on what our leaders at the time were thinking, however there are so many contradictory bits and pieces here and there that one wonders who actually was leading the Armenians and the "independent" Armenia at the time.
Here are some contradictions:
1. How come Vratsian and co. were so anti-bolshevik yet Dashnaks co-operated with Sdepan Shahumyan in the Baku commune?
2. Why did Zoravar Antranig following the liberation of Nakhichevan hand over the responsibility of governing it to Shahumyan and not to the national government in Yerevan?
3. Why did the government in Yerevan not accept Moscow’s offer to keep Armenia neutral in the overall conflict like it was offered to Finland which was spared being "invaded" by the Bolsheviks?
4. Why Vratsian and Co. who were offered to be part of the new Soviet government in Yerevan ultimately made matters worse by staging "Pedervaryan Abesdamutyun" – February insurrection?
Nowadays, it has become quite fashionable to equate the then Bolsheviks with Turkey , and not see the gross mistakes that some of our leaders committed. Was it because of not grasping the gravity of what was shaping up in the north, namely the new order in Russia and beyond?
Could it be that long before the May 1920 Bolshevik insurrection and eventual entry of the 11th Red Army Vratsian and Co. (not all Dashnaks) had already made up their mind?
Could somebody shed light on the following bit of information?
In September-October 1919 the Dashnkas held their 9th General conference in Yerevan. During the gathering the matter of punishing the perpetrators of the Armenian massacres was discussed leading to the creation of the secret group Nemesis. Several delegates, including S. Vratsian, R. Ter-Minasyan, A. Djamalian and R. Darbinyan were against such measures arguing that "The newly formed republic was in need of Turkey’s friendship." (Quoting Shahan Natali in Hayastan 661, Jan. 30, 2010, p.24).
Yes, Shavarsh, by asking so
Yes, Shavarsh, by asking so many questions about our past, and quoting Natali, you are on the right track.
I hope some learned friends
Well shavarsh, I’ve read the
Well shavarsh,
I’ve read the other articles of Mr.kradjian and being familiar to his writing pen, I don’t see any subjectivity in this article. I think what he wants to do is highlight us facts that have occurred in our history so that readers acknowledge the right and wrong of our people.
In my opinion, it is a good thing to understand our defeats and ask questions about the past to have a better future..
By the way, Mr.kradjian has written this article after a lot of research (based on his bibliography). It’s not an amateur’s works I might add.
Comments are closed.