Տոքթ. Սարգիս Սրկ. Մեսրոպեան, 4 Յուլիս 2012
Հարցազրոյց՝ Նահապետ Մելքոնեանի հետ
Ի՞նչ է այս հարցազրոյցին տեղի տուող դրդապատճառը…
Նկատի առնելով Երուսաղէմի անփոխարինելի կարեւորութիւնը եւ անժամանցելի անհրաժեշտութիւնը մեր ազգային, մշակութային, հոգեւոր եւ յատկապէս Պետական կառոյցներուն ամրացման, գոյատեւման եւ անսասանութեան…
Տոքթ. Սարգիս Սրկ. Մեսրոպեան, 4 Յուլիս 2012
Հարցազրոյց՝ Նահապետ Մելքոնեանի հետ
Ի՞նչ է այս հարցազրոյցին տեղի տուող դրդապատճառը…
Նկատի առնելով Երուսաղէմի անփոխարինելի կարեւորութիւնը եւ անժամանցելի անհրաժեշտութիւնը մեր ազգային, մշակութային, հոգեւոր եւ յատկապէս Պետական կառոյցներուն ամրացման, գոյատեւման եւ անսասանութեան…
Նկատի առնելով Երուսաղէմի ներկայ ճգնաժամային պահը, որ կը դիմագրաւէ մեր Նուիրապետական Առաքելական Սուրբ Աթոռը…
Նկատի առնելով Սեպտեմբեր 2010ին հայ մամուլին մէջ հնչեցուած «Օրուան Պահանջքը» խորագրով ահազանգը, կանխելու համար դժնդակ եւ անսպասելի դժուարութիւնները…
Նկատի առնելով ժողովուրդի լայն զանգուածին անտեղեակութիւնը, չըսելու համար անտարբերութիւնը նման հրատապ եւ իսկապէս ճգնաժամային իրավիճակ մը դիմագրաւելու մեր անունակութիւնն ու անկարողութիւնը…
Նկատի առնելով շրջանի քաղաքական պայթուցիկ իրավիճակը…
Նկատի առնելով Երուսաղէմի եզակի դերը ու մանաւանդ Հայ Երուսաղէմի եզակի դիրքը Սիոնի բարձունքին…
Չենք կրնար կրաւորական դիրքերու վրայ մնալ, երբ կը գիտակցինք Աստուածապարգեւ մեր իրաւունքներուն ու իրաւասութիւններուն Քրիստոսակոխ Սուրբ Քաղաքին մէջ:
Երուսաղէմին սատարելը, իւրաքանչիւր հայու ճիտին պարտքն է, եթէ հայեր, յատկապէս պատասխանատու հայեր գիտակցին Սիոնի բարձունքին համաշխարհային եւ միջազգային կարեւորութեան իմաստը, բոլորովին տարբեր մօտեցում կը ցուցաբերէին այս սրբազան հաստատութեան:
Երանի՜ թէ գիտակցինք եւ ըմբռնենք «Երանի՜ որ ունիցի յիշատակ ի Սիոն» սրբազան աւանդին, ու տէր դառնանք ազգային մեր հարստութեան ու ժառանգութեան:
Ահա՛ այս էր որ մղեց մեզ կատարելու սոյն հարցազրոյցը սաղէմի եւ պատրիարքութեան հարցերուն լաւածանօթ՝ տիար Նահապետ Մելքոնեանին հետ:
Հարցում (Տոքթ. Սարգիս Սրկ. Մեսրոպեան).- Բոլորիս ծանօթ է, որ Պատրիարք Հայրը մահաքունի մէջ, Յունուարէն ի վեր հիւանդանոց կը գտնուի: Տեղեա՞կ էք Պատրիարքին առողջապահական վիճակէն:
Պատասխան (Նահապետ Մելքոնեան).- Յունուար 19ին Ամենապատիւ Պատրիարք Հայրը անգիտակից վիճակի մէջ տեղափոխուած էր հրէական «Հատասա» հիւանդանոցը, ի հետեւանք թոքատապի եւ ուղեղային կաթուածի:
Ներկայիս Պատրիարք Հայրը կը գտնուի Երուսաղէմի հին քաղաքին մօտ, Ֆրանսիսկեան միաբանաութեան պատկանող հիւանդանոցը, որ նաեւ օժտուած է արդիական ամէն յարմարութիւններով:
Սակայն դժբախտաբար Պատրիարք Հօր վիճակը, որեւէ բարելաւում չէ արձանագրած: Տեղեակ ենք, որ Պատրիարքը մահաքունի մէջ է ու այլեւս անկարող է լսելու, խօսելու եւ յիշելու, կրկին… ծանր ուղեղի տագնապի հետեւանքով: Ըսեմ նաեւ, որ միաբաններ հերթով կ’այցելեն Պատրիարք Հօր, կ’աղօթեն, հարկ եղած խնամքը կը կատարեն, եւ կը հետեւին իր առողջական վիճակին:
Հարց.– Ինչպէ՞ս կը կառավարուի Պատրիարքութիւնը այսօր:
Պատ.- Ս. Աթոռի Տնօրէն Ժողովը, 30 Յունուար 2012ին, յատուկ ժողով գումարելով, Պատիրարքական Փոխանորդ նշանակեց Լուսարարապետ Գերշ. Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանը, վարելու համար Պատրիարքարանի առօրեայ գործերը:
Հարց.- Իսկ այս վիճակը որքա՞ն կրնայ գոյատեւել:
Պատ.- Բնականաբար ոչ երկար:
Եթէ Նոյեմբեր 2010ին, չորս օրուան ժողովին ընթացքին, անմիջապէս պատրաստուէր նախագիծ մը, քննարկուէր ու վաւերացուէր, միաբանութիւնը կրնար ընտրել Աթոռակից Պատրիարք մը, եւ այսօր այս վիճակին կամ մտահոգութիւններուն պիտի չմատունէր մեր դարաւոր Պատրիարքութիւնը:
Սակայն, տեղեակ ենք, որ վերջերս, Յունիս 15ին, կայացաւ տեղական Միաբանական ժողով մը, իսկ արտասահման գտնուող միաբանները առիթը ունեցան զիրենք յուզող հարցերը ներկայացնելու գրաւոր, առ ի քննարկում:
Հարց.- Պատրիարքական ընտրութեան հարց մը կա՞ր օրակարգին վրայ:
Պատ.- Միաբանական Ժողովի օրակարգէն տեղեակ չենք: Սակայն ընդհանուր կարծիք մը կար, որ սպասել մինչեւ Յունուար 2013, երբ տարի մը անցած կ’ըլլայ Պատրիարք Հօր առողջական ծանր վիճակ ստանալէն: Այդ թուականին, յետ երեք տարբեր բժիշկներու քննութեան արդիւնքին, եթէ հաստատուի որ Պատրիարք Հօր վիճակը երբեք չի բարելաւուիր, Միաբանութիւնը Ընդհանուր Ժողով գումարելով կրնայ հանգստեան կոչել Ս. Աթոռին ներկայ գահակալը եւ ընտրել նոր Պատրիարք մը: Այս որոշւոմը ընդունուեցաւ սոյն ժողովին:
Հարց.- Իրազե՞կ էք թէ յաջորդ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը ե՞րբ պիտի գումարուի:
Պատ.- Կը տեղեկանանք, որ յաջորդ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը, կամօքն Աստուծոյ, նախատեսուած է Յունուար 2013ին: Ծրագրուած է, որ բոլոր միաբան անդամները հրաւիրուին Երուսաղէմ թէ՛ մասնակից ըլլալու Ս. Ծննդեան արարողութիւններուն եւ թէ գումարուելիք ընդհանուր ժողովին:
Հարց.- Այլ տարբերակներ գոյութիւն ունի՞ն:
Պատ.- Այո՛… օրինակ, կարելի էր անմիջապէս Միաբանական Ընդհանուր Ժողով գումարել եւ ընտրել Տեղապահ մը: Տեղապահին պարտականութիւնը պիտի ըլլար նախապատրաստական աշխատանքները կատարել նոր պատրիարքի մը ընտրութեան, համաձայն Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի մէջ առնուած որոշումներուն: Ապա՝ կրկին հրաւիրել միաբանութեան բոլոր անդամները ընդհանուր ժողովի մը ընտրելու համար նոր Պատրիարք մը: Սակայն միաբանութիւնը նախնտրեց Պատրիարք Հօր ապաքինման սպասել եւ չաճապարել, ի՛նչ որ ճիշդ է եւ գնահատելի: Սակայն ինչպէս յիշեցի Տնօրէն Ժողովը, յարմար նկատեց նաեւ տարւոյս սկիզբը Պատրիարքական Փոխանորդ նշանակել Լուսարարապետ Սրբազանը վարելու պատրիարքարանի գործերը:
Հարց.- Նկատի առնելով ներկայ իրավիճակը, արդեօք թեկնածուներու ցանկ մը առկա՞յ է:
Պատ.- Առ այսօր, թեկնածուներու ցանկ մը չկայ: Գիտենք սակայն, որ Լուսարարապետը՝ Գերշ. Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանը, ի պաշտօնէ, թեկնածու է:
Հարց.– Որո՞նք կրնան թեկնածու ըլլալ:
Պատ.- Երուսաղէմի միաբան ամէն եպիսկոպոս կամ վարդապետ թեկնածու կրնայ ըլլալ:
Հարց.- Ի՞նչ արժանիքներու տէր թեկնածու մը կը նախատեսուի:
Պատ.- Յատուկ գրաւոր օրէնք մը կամ պայմաններ չկան: Սակայն նկատի կ’առնուին թեկնածուին բարեմասնութիւնները: Այս պարագային՝ Ս. Ուխտին իր հաւատարմութիւնն ու վանքէն ներս իր ունեցած ծառայութեան վաստակը եւ մանաւանդ եկեղեցագիտական, աստուածաբանական, վարչական եւ դիւանագիտական կարողութիւնները:
Հարց.- Իսկ ամէնէն կարեւորը… մեր Տիրոջ եւ հոգեւոր կեանքի նուիրումը եւ ուղղափառ դաւանութեան ունակութի՞ւնը…
Պատ.- Ցաւոտ հարց կու տաք: Սակայն մէջբերեմ Երջ. Թորգոմ Գուշակեան Պատրիարքի հետեւեալ խօսքը. «Անոնք որ կրնան Աստուծոյ նայիլ, ու անոր խորհուրդին լոյսովը ներքնապէս պայծառանալ, անոնք միայն կրնան իրենց նայուածքին սրբութեամբը մաքրել եւ պայծառակերպել ուրիշներուն հոգիները»: Այս եղաւ բնաբանը նաեւ ՍԹՎ Սանուցի հրատարակած «Հայ Երուսաղէմ» պաշտօնաթերթին մէջ մեր գրած մէկ խմբագրականին:
Հարց.- Վերադառնանք թեկնածուներուն: Սփիւռքի տարածքին բազմաթիւ Առաջնորդներէն եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներէն, տեղեա՞կ էք ոեւէ մէկուն թեկնածութեան ձգտումէն:
Պատ.- Երուսաղէմի պարագան՝ որպէս Նուիրապետական Աթոռ, միայն Երուսաղէմի Ս. Ուխտի միաբան մը կրնայ թեկնածու ըլլալ: Սփիւռքի տարածքին կան Սուրբ Ուխտի միաբան առաջնորդ եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներ:
Օրինակ, Աւստրալիոյ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աղան Արք. Պալիոզեանը, ԱՄՆի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը, որոնք իրենց վաստակով կը նկատուին թեկնածուներ: Սակայն ցարդ՝ թեկնածութեան մասին խօսք չկայ:
Հարց.- Սակայն Երուսաղէմի Ս. Աթոռին միաբանութեան մաս չկազմող եպիսկոպոսներ, գահակալած են Նուիրապետական Առաքելական Աթոռը:
Պատ.- Միաբանութեան Ընդհանուր ժողովի որոշումով եւ հրաւէրով անոնք նախ ընդունուած էին Երուսաղէմի Ս. Ուխտին անդամ, ապա ընտրուած՝ Պատրիարք:
Հարց.- Դուք որպէս սաղիմահայ, եւ սաղէմի եւ Պատրիարքութեան հարցերուն անշահախնդիր, նուիրուած, գիտակից եւ լաւածանօթ անձ՝ նախապատուութիւն ունի՞ք ոեւէ հոգեւորականի:
Պատ.- Հետաքրքրական հարց կու տաք: Սակայն այսպէս պատասխանեմ: Ինծի համար չափանիշ մը կայ Ս. Աթոռին համար: Նախ ամէն բանէ առաջ ընդունինք, որ այս առաջնորդութիւն մը չէ այլ Պատրիարքութիւն է, վանք մըն է… դարաւոր հաստատութիւն մըն է, ուր դարեր շարունակ ապրած են վանականներ, եւ մինչեւ օրս ալ կայ «վանական» կեանք, որ ի՜նչ փոյթ եթէ տժգունած է այդ հոգեւոր կեանքը այսօր:
Անձնական կարծիքս է, որ Ս. Աթոռին գահակալը պէտք է փոքր տարիքէն եկած եւ ուսանած ըլլայ Երուսաղէմ, ծանօթ ըլլայ Սուրբ Ուխտի հոգեւոր կեանքին, սովորոյթներուն եւ աւանդութիւններուն, Երուսաղէմի պատմութեան, Երուսաղէմի մէջ Ս. Աթոռին վայելած իրաւասութիւններուն, հասարակաց սրբավայրերու մեր իրաւունքներուն, աւելին՝ ժողովուրդի մշակոյթին, սովորութիւններուն, կենցաղին, ըլլան անոնք հայ, արաբ կամ հրեայ, քրիստոնեայ կամ մահմետական:
Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը եկամտաբեր կալուածներ ունի Իսրայէլի, Պաղեստինի եւ Յորդանանի մէջ, եւ այս երկիրներու հայութեան հոգեւոր առաջնորդը կը հանդիսանայ: Տակաւին, Հայոց Պատրիարքութիւնը, Յոյն եւ Լատին պատրիարքութեանց հետ պահապանն է Սուրբ Երկրի սրբատեղիներուն եւ առ այդ՝ հարկ է բարւօք յարաբերութիւններ մշակել վերոյիշեալ բոլոր Պետութեանց եւ յարանուանութիւններուն հետ:
Սակայն, այս բոլորէն վեր ինչպէս ըսի… ինծի համար չափանիշ մը կայ: Հարկ է նկատի ունենալ տուեալ թեկնածուին աստուածաշնորհ տաղանդն ու կարողութիւնը… այլ խօսքով, անոր աստուածաբանական, դաւանական, եկեղեցագիտական եւ մանաւանդ Քրիստոսաբանական հարցերուն ծանօթութիւնը, չըսելու համար հմտութիւնը: Ու անշուշտ, այս բոլորին հետ, անոր վարչական, տնտեսական եւ դիւանագիտական կարողութիւնները:
Գիտեմ, որ դժուար պահանջքներ են… սակայն Երուսաղէմի դարաւո՜ր Առաքելական Սուրբ Աթոռի գահակալի մասին է խօսքը, որ հեղինակութիւն ունի Ս. Քաղաքին մէջ, եւ իր վայելած առանձնաշնորհումներով՝ նաեւ միջազգայնօրէն երբ հարցը կը վերաբերի Ս. Քաղաքին եւ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ:
Այսօր, դժբախտաբար կա՛յ եւ մետալին միւս կողմը՝ օրինակ միաբաններ կան, որոնք հազիւ տարի մը կամ երկու տարի ծառայելէ ետք, մեկնած են վանքէն եւ այո՛ թէպէտ տարիներով ծառայած են Հայց. Եկեղեցւոյ, սակայն իրենց իսկ բառերով «վանական կեանք ապրիլ չեն սիրեր», արտայայտուած են մտերիմներու:
Ահա թէ ինչո՞ւ կ’ըսեմ ինծի համար չափանիշ մը կայ: Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռը, որպէս Առաքելական Աթոռ, կարեւոր դեր ունի մեր կեանքին մէջ: Երուսաղէմը ծառայութեան վայր է, վանք է՛ բառին իսկական առումով, ուր հոգեւոր կեանքը, մշակոյթը, գիրն ու գրականութիւնը հարկ է վերածաղկի իր փառքի օրերուն նման: Մաղթանքս է, որ միաբանութիւնը աղօթքի զօրութեամբ, իր մէջ ուժ գտնէ Ս. Աթոռին արժանաւոր գահակալ մը ընտրելու:
Հարց.- Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք այսօրուան իրավիճակը երեք կարեւորագոյն Պետութեանց եւ յարակից Պատրիարքութեանց հետ:
Պատ.- Պատրիարքութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ լաւ յարաբերութիւններ ունենալու մեր յիշած երեք Պետութեանց եւ բոլոր յարանուանութիւններուն հետ: Պատրիարք Հօր յառաջացած տարիքին պատճառաւ, Լուսարարապետ՝ Գերշ. Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանը հետամուտ է այս աշխատանքին մէջ: Յունաց Պատրիարքութեան հետ միշտ ալ ունեցած ենք անհամաձայնութիւններ ու վէճեր եւ վերջին տարիները բացառութիւն մը չկազմեցին: Ուրախ ենք, որ Նուրհան Սրբազանը յաջողեցաւ բարելաւել իրավիճակը, որուն որպէս արդիւնք, Յունաց Պատրիարքը իր միաբանութեան անդամներով պաշտօնական այցելութիւն տուած էր Հայոց Պատրիարքութեան, շնորհաւորելով Հայոց Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը:
Հարց.- Ներկայ իրավիճակը նկատի ունենալով, երբ Պատրիարք Հայրը տակաւին կենդանի է, կը կարծէ՞ք Իսրայէլի Պետութիւնը կը վաւերացնէ նոր Պատրիարքի ընտրութիւնը: Օրինակ… Պոլսոյ Պատրիարքութեան պարագային Թուրքիոյ կառավարութեան յարուցած հարցը:
Պատ.- Ես անձամբ չեմ կարծեր նման դժուարութիւններու կրնանք հանդիպիլ, մանաւանդ որ ընտրութիւնը ծրագրուած է կատարել յետ երեք բժիշկներու քննութեան արդիւնքին: Երկրորդ՝ Յորդանանի Հաշիմական Թագաւորութիւնն է, որ Երուսաղէմի ընտրեալ Պատրիարքին կը շնորհէ պատրիարքական հռչակագիրը, ծանօթ՝ Ֆերման անունով:
Հարց.- Իսկ Երուսաղէմի ներկայ կանոնադրութիւնը որեւէ բարեփոխութեան ենթարկելու եւ աւելի այժմէականացնելու ներկայ ժամանակաշրջանի պահանջքին եւ պարտաւորութիւններուն անսալու համար, որեւէ ծրագիր նկատի առնուա՞ծ է:
Պատ.- Այո՛: Նոյեմբեր 2010ին կայացած միաբանական ընդհանուր ժողովին քննարկուեցաւ այս յոյժ կարեւոր հարցը: Միաբանութիւնը ընտրեց Կանոնադրութեան նոր յանձնախումբ մը, բարեփոխելու համար Սուրբ Աթոռին կանոնադրութիւնը յառաջիկայ մէկ տարուան ընթացքին: Կը սպասուի, որ յառաջիկայ ընդհանուր ժողովը նաեւ քննարկէ առաջարկուած անհրաժետ բարեփոխումները:
Հարց.- Եւ վերջապէս, ինչպէ՞ս կ’ուզէք եզրափակել այս հարցազրոյցը:
Պատ.- Մենք միայն կրնանք ամենայն բարին ցանկալ Ս. Աթոռին, Միաբանութեան եւ աղօթել Ամեն. Պատրիարք Հօր առողջութեան համար:
Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը կը դիմագրաւէ դժուարին օրեր: Դարաւոր այս հաստատութիւնը խիստ կարիքը ունի բարեկարգումի եւ վերածաղկումի: Կարիքը ունի ատակ եւ ունակ հոգեւոր դաստիարակներու… հոգեւոր նոր սերունդ հասցնելու համար:
Պատրիարքութիւնը իր կարգին կարիքը ունի փորձառու եւ տարբեր բնագաւառներու մէջ մասնագիտացած մարդոց՝ ըլլայ այդ վարչական, կալուածական, տնտեսական, դիւանագիտական, եւայլն:
Լաւատես ենք, որ այս դժուարին օրերը կը յաղթահարենք: Մեր որդիական սէրը, հաւատարմութիւնն ու նուիրումը հանդէպ Ս. Աթոռին եւ Պատրիարքութեան կը մնան անխախտ, թէկուզ ո՞վ ալ ընտրուի պատրիարք:
Մեր ուխտը եւ նուիրումը հանդէպ Սուրբ Աթոռին է եւ Սուրբ Գլխադրին:
Շնորհակալութիւն:
*****
Այլ յարակից նիւթեր
Armenian Church in Jerusalem Caught in Palestinian-Israeli Conflict (Part I)
Armenian Church in Jerusalem Caught in Palestinian-Israeli Conflict (Part II)
Armenian Church in Jerusalem Caught in Palestinian-Israeli Conflict (Part III)
Historian Krikorian No Longer with us
Repatriation of Armenian Cultural Treasure
Spitting on Jerusalem Christians a Recurring Scandal