Հայութիւնը Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Աւարտին
Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Երուսաղէմ, 25 Մարտ 2016
Երեք օր տեւած Եւրոպայի Հայերու Համագումարը, որ տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ Տուիզպուրկ քաղաքին մէջ, կարեւոր առաջընթաց մը արձանագրեց իր գործունէութեան շղթային մէջ։ Համագումարը տեղի ունեցաւ Մարտ 4-էն 6՝ ունենալով հինգ նիստեր, որոնց ընթացքին ելոյթներ ունեցան Եւրոպայէն, Հայրենիքէն, Մոսկուայէն, Ճաւախքէն (Վրաստան), Պոլիսէն, Իսրայէլէն եւ Լիբանանէն եկած մասնագէտներ ու պատուիրակներ։ Արբանեակային հաղորդման միջոցով շուրջ 45 վյրկ. ելոյթներ ունեցան եւ մեկնաբանութիւններ տուին Ալեք Ենիգոմուշեան եւ Յարութ Մեսրոպեան հայրենիքի ներկայ դրութեան, իշխանութիւններու եւ Նախախորհրդարանի գործունէութեան մասին։ Իւրաքանչիւր բանախօսութենէ կամ վերլուծումէ ետք տեղի ունեցան քննարկումներ եւ առիթ տրուեցաւ հարց ու պատասխանի։
Համագումարը իր կարկինը բաւական լայն բանալով հայկական աշխարհը յուզող խնդիրներու վրայ, վերջաւորութեան խմբագրուեցաւ յատուկ յայտարարութիւն մը (մանրամասնութիւնները կարդալ keghart.com վերջին թիւին մէջ:
Հայութիւնը Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Աւարտին
Երեք օր տեւած Եւրոպայի Հայերու Համագումարը, որ տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ Տուիզպուրկ քաղաքին մէջ, կարեւոր առաջընթաց մը արձանագրեց իր գործունէութեան շղթային մէջ։ Համագումարը տեղի ունեցաւ Մարտ 4-էն 6՝ ունենալով հինգ նիստեր, որոնց ընթացքին ելոյթներ ունեցան Եւրոպայէն, Հայրենիքէն, Մոսկուայէն, Ճաւախքէն (Վրաստան), Պոլիսէն, Իսրայէլէն եւ Լիբանանէն եկած մասնագէտներ ու պատուիրակներ։ Արբանեակային հաղորդման միջոցով շուրջ 45 վյրկ. ելոյթներ ունեցան եւ մեկնաբանութիւններ տուին Ալեք Ենիգոմուշեան եւ Յարութ Մեսրոպեան հայրենիքի ներկայ դրութեան, իշխանութիւններու եւ Նախախորհրդարանի գործունէութեան մասին։ Իւրաքանչիւր բանախօսութենէ կամ վերլուծումէ ետք տեղի ունեցան քննարկումներ եւ առիթ տրուեցաւ հարց ու պատասխանի։
Համագումարը իր կարկինը բաւական լայն բանալով հայկական աշխարհը յուզող խնդիրներու վրայ, վերջաւորութեան խմբագրուեցաւ յատուկ յայտարարութիւն մը (մանրամասնութիւնները կարդալ keghart.com վերջին թիւին մէջ:
Արհեստավարժօրէն կազմակերպուած եւ գործադրուած այս համագումարը կրնամ անվարան ըսել թէ յաջողութիւն մըն է, որ պատիւ կը բերէ Համագումարի կազմակերպիչներուն եւ կ՚ապացուցանէ թէ հիմնադիր անդամները որքա՛ն ճիշդ էին իրենց նախաձեռնութեան մէջ։ Ելոյթներու տեսերիզները կարելի է դիտել YouTube-ով:
Ուշադրութեան արժանի է գործադիր անդամներէն Ռաֆֆի Պետիկեանի այն հաստատումը թէ Համագումարը կ՚ընդգրկէ 2500 անդամներ, որոնք ունին ընտանիքներ ու հասուն զաւակներ, «եթէ չորսով բազմապատկենք», կ՚ըսէ Ռ. Պետիկեան, «ուրեմն մենք կ՚ունենանք շուրջ տասը հազար հետեւորդներ, այսինքն Գերմանահայ գաղութին մէկ չորրորդը ընդգրկուած է այս կառոյցին մէջ»։
Ուշագրաւ երեւոյթ մըն է նաեւ այն հանգամանքը, որ ժողովրդական լայն զանգուածներու նիւթական օժանդակութեան կը յենու Համագումարը, այլ խօսքով այս կամ այն մեծահարուստ հայու (մեր յարգանքները անշուշտ հայրենասէր եւ ունեւոր հայերու հանդէպ) մեծ նուիրատւութեան վրայ կռթնելով պէտքութիւն չզգար ենթարկուելու քմահաճոյքներու կամ անձնական նախասիրութիւններու։
Համագումարի նախագահ Պրն. Կարօ Յակոբեանի բացման խօսքը առաջին իսկ պահէն սկսելով սահմանեց ընթացող գիտաժողովի նպատակները։ Հարցը այն է որ հարիւրամեակներու անցեալ ունեցող բազմաթիւ խնդիրներ տակաւին չեն ուսումնասիրուած խորքային ու ժամանակակից գիտութիւններու լոյսին տակ։ Համագումարի նպատակներէն մէկն է բնորոշել հիմնախնդիրները, վերլուծել զանոնք եւ լուծումներ որոնել։
Բոլոր ելոյթներն ալ պատրաստուած էին հիմնուած լուրջ հետազօտութիւններու եւ փաստերու վրայ։ Կը փափաքիմ անդրադառնալ անոնցմէ ամենէն այժմէականներուն, միշտ յուսալով թէ keghat.com-ի ընթերցողները կը դիմեն նշուած կայքէջին եւ ստանալ աւելի ընդարձակ տեղեկութիւններ։
«Ցեղասպանութիւն եւ պահանջատիրութիւն, քաղաքական-իրաւական դաշտում պահանջատիրութեան հարցի պարզաբանում եւ յստակեցում։ (Ի՞նչ ենք պահանջում եւ ինչպէ՞ս)» վարեցին Ռաֆֆի Պետիկեանն ու Երուանդ Խոսրովեանը։ Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Հայ իրաւաբաններու միութեան համանախագահ իրաւաբան Տիկ. Վերժին Տիւշէն (Ֆրանսա) «Հայկական պահանջատիրութիւնը միջազգային օրէնքի մէջ» թեմայով։ Նախ անդրադարձ մը կատարեց ան Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու աշխատանքները համակարգող խորհուրդի մասին, ապա խօսեցաւ միջազգային զանազան դատարաններու մէջ Հայկական հարցը արծարծելու շօշափելի հնարաւորութիւններու եւ ուղիներու, ինչպէս նաեւ իրենց առջեւ ծառացած դժուարութիւններու եւ արգելքներու մասին։
Յաջորդ իրաւաբանը՝ Մարդու իրաւունքների միջազգային դաշնութեան (F.I.D.H.) նախկին նախագահ, միջազգային օրէնքի մասնագէտ՝ Ռաֆֆի Քալֆայեան, մանրամասնօրէն բացատրեց միջազգային օրէնքի մէջ տեղ գտած փոխհատուցման եղանակներու, միջոցներու, պայմաններու և հնարաւորութիւններու մասին:
«Ցեղասպանութեան փոխհատուցում: Իրաւական հիմքեր, միջոցներ և մարտահրաւէրներ» թեմայով Ռաֆֆի Քալֆայեանը հայկական պահանաջատիրութեան ոլորտին մէջ ներկայացուց Թուրքիայէն հայապատկան կալուածներու անհատական և հաւաքական պահանջատիրութեան անհրաժեշտութեան մասին, բացատրելով թէ փոխհատուցման գործընթացները կարելի է առաջ մղել Թուրքիայի կողմէ Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումէն անկախ (ընդծումը մերն է-Մ.Գ.)։ Ան նշեց թէ այս գործընթացը կը պահանջէ զգուշութիւն, խոհեմութիւն և Հայաստան-Սփիւռք ամբողջական համագործակցութիւն:
Համագումարի խրասուսիչ յատկանիշներէն մէկն էր երիտասարդ մասնագէտներու մասնակցութիւնը, որոնցմէ է Վիեննայի համալսարանի իրաւագիտութեան բաժնին իր դոկտորականի վրայ աշխատող Գէորգ Յակոբեան։ Ան Հալէպահայ է, հայերէնի եւ արաբերէնի կողքին կը տիրապետէ եւրոպական միքանի լեզուներու։ Գէորգ Յակոբեան կը զբաղի սփիւռքի հայութեան վայելած իրաւունքներով թէ որքան մեր իրաւունքները եւ պահանջքները կը համապատասխանեն միջազգային օրէնքի մէջ տեղ գտած չափանիշներուն եւ արժէչափերուն։ Ան կը հաւատայ թէ պէտք չէ միշտ մեր նիւթական կարիքներուն համար դիմել մեր ունեւորներուն, այլ լաւ ուսումնասիրելէ եւ յստակեցնելէ ետք մեր պահանջքները կարելի դիմել բազմաթիւ ոչ-կառավարական (NGO) կազմակերպութիւններու, որոնք ունին նիւթական միջոցներ, որոնցմէ կարելի ստանալ մեր բաժինը։ Այս բնագաւառին ան կ՚ըսէ թէ մենք բաւական թերացած ենք։
Որպէս երիտասարդ ուսումնական եւ հետազօտող Գէորգ Յակոբեան ներկայացուց նաեւ իր տեսակէտը հայկական ինքնութեան մասին եւ արտայայտուեցաւ «Ո՞վ է Հայը» թեմային։ Ըստ իրեն մենք պէտք չէ ցոյց տանք կտրուկ եւ անառարկելի (տոկմատիկ) մօտեցում։ Այսօր օտար ափերու վրայ ապրող երկրորդ, երրորդ եւ չորրորդ սերունդի ոչ-հայախօս հայերու համար «հայ» նկատուիլը պերճանք մը չէ, այլ ընտրութիւն մը, հետեւաբար չվանենք զանոնք ու լուսանցքէն անդին չնետենք, այլ ընդունինք զանոնք իբրեւ մեր հարազատը։ Ամէն հայ Մեսրոպ Մաշտոց մը չէ, բայց օրինակի համար երբոր Քիմ Քարտաշեան մը ինքզինք հայ նկատէ, կամ առնուազն կ՚ընդունի իր հայկական արմատները, սիրով պէտք է ընդունինք այդպիսիները։
Խօսելով երիտասարդներու «անտարբերութեան» մասին, Գէորգ Յակոբեան չ՚ընդունիր այդ վերագրումը։ Երիտասարդները հրապարակ կ՚իջնեն երբ մթնոլորտը դէժ է եւ համայն հայութեան դէմ սպառնալիքներ, ուրեմն պէտք ուղղորդել մեր երիտասարդները եւ իրենց հետ «խօսինք» իրենց միջոցներով (զանգուածային ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներով – դիմատետր, թուիթըր եւ այլն)։
(Շարունակելի յաջորդ թիւին մէջ)
1 comment
Jerusalem
Bravo, Մինաս:
Comments are closed.