«Խաչքար»ը Կ'արժանանայ Հ.Հ. Նախագահին Եւ Արուեստի Ու Մշակոյթի Աստղերու Բարձր Գնահատանքին
Համօ Մոսկոֆեան, Երեւան-Պէյրութ 7 Նոյեմբեր 2013
Վառ յուշերով Պէյրութ վերադարձան «Եփրեմ» Ոսկերչական Տան ներկայացուցիչները՝ Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Երեւան Շօ 2013» Ոսկերչութեան միջազգային ցուցահանդէսէն։
Հայ Ոսկերչական Միութեան (AJA) եւ Հայաստանի պետութեան կողմէ կազմակերպուած այս մեծ եւ բարձր գնահատելի արուեստ-արհեստի իրադարձութիւնը բախտաբեր եղաւ նաեւ «Խաչքար» բացառիկ ստեղծագործութեան համար, որուն հասոյթին մեծ մասը կը յատկացուի հայ չքաւոր ուսանողներու օգնութեան։
«Խաչքար»ը Կ'արժանանայ Հ.Հ. Նախագահին Եւ Արուեստի Ու Մշակոյթի Աստղերու Բարձր Գնահատանքին
Համօ Մոսկոֆեան, Երեւան-Պէյրութ 7 Նոյեմբեր 2013
Վառ յուշերով Պէյրութ վերադարձան «Եփրեմ» Ոսկերչական Տան ներկայացուցիչները՝ Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ
Հայ Ոսկերչական Միութեան (AJA) եւ Հայաստանի պետութեան կողմէ կազմակերպուած այս մեծ եւ բարձր գնահատելի արուեստ-արհեստի իրադարձութիւնը բախտաբեր եղաւ նաեւ «Խաչքար» բացառիկ ստեղծագործութեան համար, որուն հասոյթին մեծ մասը կը յատկացուի հայ չքաւոր ուսանողներու օգնութեան։
Ոսկեայ եւ ադամանդակուռ հայ ոսկերչութեան գլուխ-գործոց այս ապարանջան մեծ հիացմունքի եւ գնահատանքի արժանացաւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ու ընտանիքին կողմէ, որոնք ոչ միայն այցելեցին «Եփրեմ»ի տաղաւարը՝ Կարէն Տէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ, այլեւ քանի մը հատ «Խաչքար» գնելով, քաջալերեցին հայ ժողովուրդին ոսկերչութեան արուեստին եւ բարեսիրական նպատակներով զայն օգտագործելու վեհ նպատակները…։
Ինչպէս որ «Խաչքար»ը նուիրուած էր հայ ժողովուրդի երգարուեստի պարծանք, Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի
Նախապատրաստական աշխատանքներէ ետք, “ամենակարող” արուեստագիտուհին, զանգուածային լրատուական միջոցներու եւ հեռատեսիլի կայաններու նկարահանողներու ընկերակցութեամբ՝ ժամանեց մարզա-համերգային համալիր։ «Խաչքար»ի տուչութիւնը տեղի ունեցաւ ձեռամբ «Եփրեմ»ի ներքին ու արտաքին կապերու ու վաճառքի պատասխանատուներ՝ Լութֆիկ եւ Ժան Շխըրտմեաններու։ Հանրայայտ երգչուհին շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի հայութեան եւս, խոստանալով այս թանկարժէք նուէրով միշտ նեցուկ կանգնիլ Լիբանանի եւ աղիտահար Սուրիոյ՝ ու Մայր Հայրենիքի միջեւ կամուրջներու, փոխ-օգնութեան կազմակերպման։
“Մենք կը շարունակենք մեր առաքելութիւնը եւ կը ծրագրենք «Խաչքար»ով պարգեւատրել հայ թէ օտար այն անձնաւորութիւնները, որոնք կարեւոր ծառայութիւններ կը մատուցեն հայ մշակոյթին, արուեստին, երիտասարդութեան, նոյնիսկ մարզական կեանքին։ Կը ծրագրենք նաեւ Լիբանանի մէջ համերգներ կազմակերպել եւ ամբողջ հասոյթը նուիրել հայ կարօտեալ ուսանողներու
"Մինչ այդ՝ «Խաչքար»ը մեծ պահանջարկ սկսած է ունենալ ոչ միայն Միջին Արեւելքի ու Հայաստանի, այլեւ Եւրոպայի եւ Ամերիկաներուն մէջ, ուր ամէն հայ թէ հայասէր անձնաւորութիւն, կը ցանկայ ունենալ մեր ժողովուրդի անսասան ոգին ներկայացնող այս ոսկեղէն գոհարը…" ժպտալով մեզի իր տպաւորութիւնը փոխանցեց Պրն. Լութֆիկ Շխըրտմեան։
Այսպիսի ուրախալի լուրերով եւ նուաճումներով, նոր լիցք ու յուսատու ապագայ կը մաղթենք ինչպէս «Եփրեմ»ին, այնպէս ալ մեր տաղանդաշատ ժողովուրդին։